Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչեր Հերկելեան (ԻԶ.) Երդման Զօրութիւնը

Յունուար 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ  

Այնճար,1977, դեկտեմբերի վերջը

Իմ սիրելի՛ եւ պարտաճանաչ ընթերցող,

Գասատուրինց Խիչէյր

Որովհետեւ պատերազմական դաժան օրեր էին, Նոր տարուան արձակուրդներուն Երեւանէն Այնճար հասայ… առանց կարենալ սկիզբէն լուր տալու ծնողներուս: Միայն մայրս տունն էր: Իմացայ, որ երկու եղբայրներս` Փոլն (Պօղոսը) ու Պետիկը Պէյրութ են… («Ազդակ» կ՛աշխատէին), իսկ հայրս (Որսորդ Սըդդանը)` ակումբ: Որոշ չափով կազդուրուելէ ետք շտապեցի ակումբ, ուր տեղեկացուցին, թէ հայրս հաւանական է, որ «Օդաչու Քեռիին» (Պետրոս Տումանեան) տունը ըլլայ, որովհետեւ երէցները  հոն կը մնային` իբրեւ փորձառու եւ պահեստային ուժ: Գացի, հոն էին` հայրս, Խաչեր Ամմոն, անոնց ընկերներէն Պետրոս Շաննագեանն ու Օդաչու Քեռիին տղան` Պատանի Սեւակը: Պետրոս Շաննագեանը անմիջապէս սկսաւ հարցաքննել զիս, թէ ի՞նչ կ՛ուսանիմ, մուսալեռցի իրենց բարեկամներէն որո՞նց կը տեսնեմ եւ առհասարակ որոշ մանրամասն տեղեկութիւններ կ՛ուզէր իմանալ հայրենիքի մասին: Հայրս եւ հօրեղբայրս այդ բաները գիտէին, երբ երկարեցաւ խօսակցութիւնը, հօրեղբայրս ընդհատեց մեզ ու ըսաւ.

Այնճարի առաջին քաղաքապետական կազմը. Նստած ձախէն աջ` Ա. Աբրահամեան,
Մ. Իբրաճեան Խ. Հերկելեան, Պ. Ճուհարճեան, Մ. Պոյաճեան, Ս. Շերպեթճեան եւ Գ. Գրգեան

– Նայէ՛, տղա՛ս, շատ վտանգաւոր եւ դժուարին օրեր կ՛ապրինք: Այս երկրի ո՛չ ներկան եւ ո՛չ ալ ապագան յստակ է: Պատերազմը դաժան է եւ անկանխատեսելի: Նման պարագաներու «գապատայութիւնը» (տղամարդկութիւնը) զէնք շալկելուն մէջն է: Ցերեկով կը հանդիպինք, ուզածիդ չափ կը զրուցենք ու մեր կարօտը կ՛առնենք: Տես, երբ ես Սեւակին չափ պատանի մըն էի լերան վրայ 1915-ին, թռուցիկ խումբերէն մէկուն մէջն էի, ջուր, հաց, փամփուշտ կամ լուր կը տանէինք դիրքէ դիրք: Սեւակը (Օդաչու Քեռիին մանչը), տասը տարեկան չեղած, թէեւ կը ծառայէ մեզի, սակայն արդէն «խաղալիքը» մէջքին է: Մենք այսպէս ապրած ու գոյատեւած ենք Մուսա Լերան վրայ… Կեանքի դարաւոր փորձառութիւնը այդպէս աւանդած է մեզ: Հիմա թէյը խմէ, ապա զէնքը վերցուր ու ՀՄԸՄ-ի ակումբը (որ գիւղի գլխաւոր պահակատեղերէն մէկն էր) անցիր… ընկերներուդ մօտ…

Աջէն երկրորդը՝ Խաչեր Հերկելեան իր կուսակցական ընկերներու հետ. լուսանկարուած Պիթիասի եկեղեցւոյ բակը 1937-ին

«Ազդակ», Զոքաք էլ Պլաթ,1983 (?), ձմեռ

Իմ հաւատարի՛մ ընթերցող,

Թէեւ տարին ճիշդ չեմ յիշեր, սակայն ի հարկին կարելի է ճշդել, որովհետեւ այդ նոյն տարին էր, որ ես սկսայ «Ազդակ»-ի մէջ Ծիրանի ստորագրել` փոխան Հերկելեանի: Այդ շրջանին «Ազդակ»-ը արդէն իսկ ութ էջով կը հրատարակուէր, եւ մէջտեղի գրական ու արուեստի էջերը վստահուած էին եղբօրս` Պետիկին եւ ինծի: «Ազդակ»-ի «նկուղ»-ն էինք:  Ուրբաթ օրերը կ՛երթայի գրական ու արուեստի էջերը խմբագրելու եւ ձեւաւորելու: Երբ մէջտեղի էջերուն փորձը բերին սրբագրելու համար, Պետիկը ըսաւ.

Ձախէն աջ՝ Յակոբ Խ. Հերկելեան, Մեր Նահապետը, Մովսէս Ս. Հերկելեան եւ Պօղոս (Փոլ) Ս. Հերկելեան

– Տես` Մովսէս Հերկելեան, Պետիկ Հերկելեան: Երկու Հերկելեան քով-քովի քիչ մը շատ չէ՞: Չե՞ս կարծեր, թէ մեզմէ մէկուն անունը պէտք է որ փոխենք:

– Իսկ դուն չե՞ս կարծեր, որ Խաչեր Ամմոն պիտի նեղանայ եւ թոյլ պիտի չտայ:

Խաչեր Ամմոն Հերկելեան գերդաստանի նահապետն էր եւ շատ հպարտ էր, որ երկու Հերկելեաններ «Ազդակ»-ի մէջ կը գրէին: Գերդաստանի հետ առնչուող որեւէ հարց իրմով կը վերջանար: Ասկէ մեկնելով` Պետիկը ըսաւ.

– Այդ պարագային պէտք է որ ազնուական անուն մը գտնենք, որպէսզի համաձայնի…

Ծածկանունին ազնուական ըլլալը կարեւոր էր, որովհետեւ ինք կը հաւատար, որ մենք` Հերկելեաններս, աւելի ճիշդը` բիւզանդական Հերակլեան տոհմը մեզմէ սերած է: Երբ անոնք Անտիոքի շրջանէն մեկնած են դէպի Կապադովկիա, հաւանական է, որ Մուսա իշխանը մնացած է Մուսա Լեռ: Թէեւ մենք իր այս կարծիքը կատակով կ՛ընդունէինք, սակայն ինք կը պնդէր, որ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ կարդացած է, որ բիւզանդական Հերակլեան տոհմը Անտիոքի շրջանէն մեկնած են դէպի Կապադովկիա: Երբ յատուկ իր մօտը գացինք, Պետիկը բացատրեց կացութիւնը եւ առաջարկեց, որ Մովսէսը Հերկելեանի փոխարէն «Ծիրանի» ստորագրէ. ան բարկութեամբ ըսաւ.

– Ուրիշ անուն չգտա՞ք, բանջարեղէնի անուն մը դնէիք` աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար:

Պետիկը բացատրեց.

– Խօսքը ոչ թէ «մշմուշի» (ծիրան պտուղի), այլ որդան կարմիրէն հանուած`  ծիրանի գոյնի մասին է, որով միայն արքաներու կամ կաթողիկոսներու պատմուճանները կը ներկէին: Թագաւորներու եւ կաթողիկոսներու յատուկ ազնուական գոյնն է ծիրանին…

Ձախէն աջ՝ Թովմաս Հապէշեան, Հայպետ Շաննագեան, Պետրոս Գարագաշեան, Խաչեր Հերկելեան եւ Վանիս Հաւաթեան

Պետիկը դիտմամբ կաթողիկոսներն ալ յիշեց, որովհետեւ Խաչեր Ամմոն հաւատացեալ էր եւ ոչ միայն Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնարկէքի սիւներէն մէկուն կնքահայր եղած էր, այլ նաեւ իր հինգ երեխաներէն մէկը` Պօղոսը (այժմ` Վարուժան արք. Հերկելեան) վանքին նուիրած էր Աստուծոյ ծառայելու համար: Բաւական մտածելէ ետք ան իր համաձայնութիւնը տուաւ, պայմանաւ որ Պետիկը շարունակէր Հերկելեան ստորագրել: Եւ այսպէս, ես իրաւունք ստացայ «Ծիրանի» անունը օգտագործելու:

Այնճար, 1984, սեպտ.

Ձախէն աջ՝ Վանիս Հաւաթեան, Թովմաս Հապէշեան, հայր Վարուժան Հերկելեան (այժմ՝ արքեպիսկոպոս)
Պետրոս Գարագաշեան եւ Խաչեր Հերկելեան

Երբ արդէն բաւականին մտերմացած էի Էլոյին հետ եւ խօսք տուած էինք  մեր մայրերուն, որ պիտի ամուսնանանք, ըսի իրեն.

– Նայէ՛, Այնճար պիտի երթանք ու պիտի ծանօթացնեմ քեզ ազգականներուս, սակայն ամէնէն կարեւորը պէտք է որ հօրեղբօրս` մեր նահապետին քով տանիմ, որպէսզի իր համաձայնութիւնը տայ ու օրհնէ մեզ:

– Չհասկցայ, ի՞նչ ըսել է ատիկա:

– Ատիկա կը նշանակէ, որ եթէ քեզ չհաւնի ու իր օրհնութիւնը չտայ, մենք չենք կրնար ամուսնանալ…

Էլոն լռեց, իսկ ես շարունակեցի.

– Մտահոգուելու պէտք չունիս, ես հաւներ եմ, ինքն ալ կը հաւնի: Պոյով ես, ներկայանալի… գրող ու բանաստեղծուհի ես նաեւ…

– Լա՛ւ, թէեւ այդ տեսակ ձեւական բաներու չեմ հաւատար, բայց իբրեւ յարգանք` երթանք:

– Ասիկա ձեւականութիւն չէ, այլ` աւանդութիւն, որ հինէն կու գայ եւ Այնճարի կարգ մը ընտանիքներու մօտ տակաւին կը պահպանուի: Երբ ծանօթանաս իրեն եւ առհասարակ գիւղին ու գիւղացիներուն, պիտի տեսնես, որ Խաչեր Ամմոն ոչ միայն մեր` Հերկելեաններուն համար յարգանքի արժանի է, այլ նաեւ` առհասարակ գիւղին մէջ կշիռ ունեցող անձնաւորութիւններէն մէկը:

Գացինք, ան ոչ միայն լաւ տպաւորուեցաւ ու օրհնութիւնը տուաւ մեզի, այլ նաեւ, երբ էլոն սկսաւ զրուցել Ծաղիկ քոյրիկին եւ միւսներուն հետ, ան մեր բարբառով ըսաւ ինծի.

– Աղուիր այշկայն մը գտոյրս… հալուլ թըղ ըննու քի (Աղուոր աղջիկ մը գտեր ես… արժանի ըլլայ քեզի…):

Ձախէն աջ՝ փոքրիկն Սեւակ Տումանեան, Պետրոս Շաննագեան
եւ Խաչեր ու Սեդրակ Հերկելեան եղբայրներ

– Այնճար-Խտրպէկ, 1985, օգոստոս.

Այդ տարին չորս նշանուած զոյգեր կային Հերկելեան եւ Տումանեան գերդաստաններուն մէջ: Որովհետեւ հօրեղբօրս կողակիցը` Վիքթորիան, Տումանեան էր, մեր նահապետը անոնց վրայ ալ հեղինակութիւն ունէր: Բացի Էլոյէն եւ ինձմէ, եթէ չեմ սխալիր, միւսները հետեւեալներն էին. Յակոբ (Ժագ) Թ. Հերկելեանն ու Նորա Աշգարեանը, Նարեկ Տումանեանն ու Ցոլինէ Ներսէսեանը, Ազատիկ Տումանեանն ու Ժագ Տաղլեանը: Հերկելեաններուն բոլոր խրախճանքներն ու յատկապէս հարսանիքները պէտք էր որ տեղի ունենային իրենց բակը ցանուած սօսիի ծառին տակ:

Իմ աւանդապա՛հ ընթերցող, որպէսզի ըմբռնես, թէ ինչո՛ւ անպայման սօսի ծառին տակ, պէտք է որ բացատրեմ: Մուսա Լերան Խտրպէկ գիւղին մէջ կայ սօսի ծառ մը` այնքան մեծ, որ զայն գրկելու համար շուրջ քսան հոգիներու կարիքը կը զգացուի: Ըստ աւանդութեան, այս ծառը 7000 տարեկան է, եւ Նոյ նահապետը տնկած է զայն, իսկ ըստ հայկական աւանդութեան, Մեծն Տիգրանը ցանած է զայն, որ երկու հազարէն աւելի տարիք պէտք է ունեցած ըլլայ: Այնուամենայնիւ, եթէ անոր տարիքին հանդէպ որոշ վերապահութիւններ կային, ապա  անոր սրբութեան ոչ ոք կը կասկածէր: Խտրպէկի սօսին (որուն մասին նոյնիսկ յատուկ երգ յօրինած է Բարսեղ Կանաչեանը, եւ Եդ. Պոյաճեանն ալ բանաստեղծութիւն նուիրած` անոր յիշատակին)  կը խորհրդանշէր Մուսա Լերան տոկունութիւնն ու անմահութիւնը: Երբ 1939-ին Սուէտիոյ ժողովուրդը Մուսա Լեռը  կը լքէր, հօրեղբայրս` (Գասատուրենց Խաչերը)  շիւղ մը կը կտրէ անկէ, հետը կը բերէ ու Այնճարի «Խտրպէկ» թաղին իրենց տան բակը կը տնկէ` իբրեւ յիշատակ ու վերապրելու խորհրդանշան մը: Սակայն շիւղը երկար ժամանակ ճամբաները մնալով ու  թորոմած ըլլալով` չի բուսնիր: Տարիներ ետք մեր վաւերական նահապետը սօսիի տունկ մը կը ճարէ, կը բերէ ու կը ցանէ իրենց տան բակը` նոյն տեղը, առ ի մեծարանք ու առ ի յիշատակ Մուսա Լերան հազարամեայ սօսիին: Այդ սօսին թէեւ բաւականին մեծցած է ու իր արմատներով սկսած է սպառնալ տան հիմերուն, սակայն զայն կտրելը արգիլուած է, որովհետեւ «խորհուրդ» կը պարունակէ իր մէջ: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ նահապետական հրաւէրը կազմակերպուած էր այս խորհրդանշական սօսիի շուքին…

Յակոբ Պարոնեանի «Պէզիկի խաղը»։ Ձախէն աջ՝ Մովսէս Ս. Հերկելեան,
Մովսէս Խ. Հերկելեան(բեմադրիչ) եւ Զաւէն Թաշճեան, 1968

Իմ համբերատա՛ր ընթերցող, ժամանակ եւ տեղ խնայելու համար մէկ անգամէն ներկայացնեմ Գասատուրենց Խաչերին նահապետական պատգամը… ուղղուած` զոյգերուն:

– Դուք կը պատրաստուիք ընտանիք կազմելու… Ընտանիքը սրբութիւն է: Վա՜յ անոր, որ պատճառ կ՛ըլլայ այդ սրբութիւնը ոտնահարելու եւ քանդելու ընտանեկան համերաշխութիւնը: Ազգի հիմքը ընտանիքն է: Դուք պարտաւոր էք, թէկուզ` փոխադարձ զիջումներու եւ զրկանքներու գնով, ընտանիք պահելու եւ նուազագոյնը չորս երեխայ բերելու… դաստիարակելու ու մեծցնելու… ոչ թէ ձեզի, այլ ազգին համար: Ասիկա ոչ միայն աստուածային պատգամ է, այլ նաեւ` ազգային պարտականութիւն…

Այնճար, 1986, ապրիլ

Պայծառ ու ջերմ օր մըն էր: Քառասուն օրեր առաջ նահատակ ընկերոջ մը մարմինը յանձնած էինք հողին: Անոր հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ընկերներով հաւաքուած էինք վերոյիշեալ նոյն սօսիին շուքին… Զաւէն Թաշճեանի կորուստին վէրքը տակաւին խորն էր ու բաց… Ցաւի ու ափսոսանքի արտայայտութիւններէն ետք զրոյցը կ՛ընթանար երկու թեմայի շուրջ. ո՞վ կանգնած էր այս քստմնելի ոճիրի ետին եւ ինչո՞ւ… Զաւէնը ոչ միայն քաղաքացիական պատերազմի ողջ ընթացքին եղած էր Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան հերթապահը, այլ նաեւ ան աշխուժօրէն մասնակցած էր գիւղի մշակութային, յատկապէս` թատերական կեանքին` թէ՛ իբրեւ դերասան եւ թէ՛ իբրեւ բեմադրիչ ու ասմունքող: Այս առումով, Վահէ Աշգարեանն ու Մովսէս Խ. Հերկելեանը (նահապետի անդրանիկ ուստրը), որոնք եղած էին Զաւէնի թատերական անմիջական գործակիցները, ուղղակի կ՛ողբային անոր կորուստը: Անձնապէս ընկերութիւն ըրած եմ հետը` իբրեւ մշակոյթի գործիչ, որովհետեւ ես ալ իմ հերթին, որոշ դերեր ստանձնած էի իր խաղացած ու բեմադրած կարգ մը թատերախաղերու մէջ, ինչպէս` Իփսենի «Ծովուն տիկինը», Շիրվանզադէի «Չար ոգին», Լ. Շանթի «Եսի մարդը», պարոնեանական որոշ գործերու եւ այլն: Մեր զրոյցի ընթացքին մեր նահապետը` Խաչեր Ամմոն, նստած էր տան պատուհանին տակ, խսիրէ հիւսուած աթոռակի մը վրայ ու  մտորումներու մէջ կը թուէր ըլլալ: Ան յանկարծ ոտքի ելաւ, մօտեցաւ մեզի ու յանդիմանական առոգանութեամբ հարց տուաւ.

– Վերջացուցի՞ք ձեր ողբը…

Բոլորս զարմացած իրեն նայեցանք ու… լռութիւն տիրեց: Ան յանդիմանական հայեացք մը պտտցնելէ ետք մեր վրայ, շարունակեց.

– Հիմա հո՛ս նայեցէք, Զաւէնը երդում ըրած էր ի հարկին արեան գնով պաշտպանելու ազգն ու հայրենիքը: Անոր բախտը բերաւ ու պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկաւ: Դուք անոր մարմինը հողին յանձնեցիք հերոսի արժանապատուութեամբ ու «երգով» հրաժեշտ  տուիք անոր: Հերոսներու կորուստը չեն ողբար, այլ կ՛երդնուն անոնց կիսատ ձգած գործը շարունակել… Աւետարանի ու զէնքի վրայ երդումը Աստուածային զօրութիւն ունի, ազգային ու կուսակցական ըլլալէ առաջ, մարդկային  յանձնառութիւն կը պարունակէ իր մէջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ «ո՞վ յանձնարարեց սպաննել Զաւէնը», ապա յիշեցէք, որ մենք միայն մէկ ոխերիմ թշնամի ունինք… թուրքը, որ միշտ փորձած է ոչնչացնել  իրեն համար վտանգ ներկայացնող`  արժանաւոր ու զօրաւոր առաջնորդները…

Այնճար, 1991, յունուար 10, առաւօտեան ժամը 4:00

Այդ ժամուն նահապետի ընտանեկան պարագաները հաւաքուած էին իր սնարին շուրջ, որովհետեւ ան կը պատրաստուէր առյաւէտ կեանքէն բաժնուելու: Վերջին վայրկեաններուն, երբ արդէն դժուարութիւն ունէր խօսելու, ձեռքի նշաններով հայր Վարուժանին կը հասկցնէ, որ թուղթ ու մատիտ բերէ իրեն: Վերջին ուժերը կը հաւաքէ ու դողդոջուն ձեռքով թուղթին վրայ կ’արձանագրէ.

«Սիրելի՛ս, դուն տարիքով թէեւ պզտիկ ես, բայց իբրեւ կղերական` պէտք է որ դուն տիրես այս գերդաստանին»:

կը ստորագրէ` Խաչեր Հերկելեան:

Այս փաստաթուղթէն ետք Վարուժան արք. Հերկելեանը ընդունած ենք իբրեւ մեր վաւերական նահապետը…

Բայց,

Իմ արդարամիտ ընթերցող,

Որպէսզի այն տպաւորութիւնը չունենաս, թէ միայն Հերկելեաններն են, որ ունեցած են նմանօրինակ նահապետ, իմացիր, թէ այդ տարիներուն այնճարաբնակ մուսալեռցի գերդաստաններէն գրեթէ բոլորը ունէին իրենց նահապետները, որոնք ոչ պակաս հայրենասէր էին, եւ ոչ ալ` պակաս աւանդապահ ու սկզբունքի տէր: Ինչպէս` Անտոնեան, Շաննագեան, Պալապանեան, Պոյաճեան, Սգայեան, Պօղիկեան, Թաշճեան, Լագիսեան, Գարագաշեան, Տուտագլեան, Հաւաթեան, Աբրահամեան, Հապէշեան, Հանտեան, Պիտանեան, Տէր Գալուստեան, Ճանպազեան, Քենտիրճեան, Թասլագեան եւ այլն, եւ այլն…

Ի դէպ, երբ մենք կորսնցուցած ենք մեր պետականութիւնը, եկեղեցիի կողքին,  «նահապետական աւանդութիւնն» է, որ մեզ պահած է դարերու ընթացքին` սկսեալ Ախալքալաքէն, Արցախէն ու Սիւնիքէն մինչեւ Զէյթուն, Քեսապ ու Մուսա Լեռ…

Մոնրէալ, 2024

Նախորդը

Հայաստանը, Արցախը, Հայութիւնը, Կազան Եւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարման Անմարդկային` Կատարեա՛Լ Բարոյական Անկումը

Յաջորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?