Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Փետրուար 1, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Սուրիա

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Ցաւակցութեան Ընդունում Բերիոյ Հայոց Թեմի Նախկին Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով

Կիրակի, 28 յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետ Սուրբ պատարագին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, Բերիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ հոգելոյս Սուրէն արք. Գաթարոյեանի վախճանման քառասունքին առիթով:

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Արմէն աբղ. Գալաճեան:

Սրբազան Հօր հայրական պատգամին մէջ հրաւիրել մօտենալու Քրիստոսին` կեանքի հացին, եւ հոգեւոր կեանքի աստիճաններէն վեր բարձրանալու:

Ան պատուիրեց, որ հոգեպէս պատրաստուած ներկայանանք Ս. Սեղանին, որպէսզի Ս. հաղորդութեան ճամբով Քրիստոս որպէս կենդանի հաց եւ գինի ներգործէ մեր սրտերուն մէջ, միաւորուի մեզի հետ, զօրացնէ մեզ, եւ մենք` արժեւորելով մեր կեանքը, զայն ի սպաս դնենք հայրենիքին, ազգին, եկեղեցւոյ եւ մեր ընկերութեան բարօրութեան:

Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Ամենակալը խաղաղութիւն պարգեւէ ննջեցեալներու հոգիներուն եւ Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը պարգեւէ սգաւորներուն, որպէսզի` ննջեցեալներուն հետ կապը պահելով,  շարունակենք մեր կեանքի պայքարը մղել:

Յաւարտ պատարագին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ հոգելոյս Սուրէն արք. Գաթարոյեանի վախճանման քառասունքին առիթով:

Այնուհետեւ, «Ա. Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգային իշխանութիւնը ցաւակցութիւն ընդունեցին հոգելոյս Սուրէն արք. Գաթարոյեանի վախճանման քառասունքին առիթով:

Ներկաները պաստառի վրայ հետեւեցան հոգելոյս սրբազան հօր թեմակալ առաջնորդութեան 27 տարիներու ծառայութենէն քաղուած փունջ մը լուսանկարներու ցուցադրութեան:

Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամ, գրող, Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Բերիոյ հայոց թեմի գաւազանագիրքին 60-րդ տեղը գրաւած նախկին առաջնորդին 27 տարիներու անսակարկ ծառայութեան:

Ան ըսաւ. ««Ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» նշանաբանը իր հոգեւորականի կեանքին ու հոգեւոր ծառայութեան ուղեգիծ ընտրած այս անձնդիր եկեղեցականը, զարմանալի ներդաշնակութեամբ յաջողեցաւ նոյնացնել իր անձն ու առաքելութիւնը, ամբողջական գիտակցութեամբ ընդունիլ կոչումին երբեմն յուսադրիչ, բայց յաճախ սպառիչ պարտաւորութիւնները հաւասարապէս, եւ ինքնաբաշխումի պերճագեղ օրինակով մը նոր գոյն ու դիմագիծ տուաւ Բերիոյ հայոց պատմական թեմին, երբ համայնքի կեանքին այլաբնոյթ բնագաւառներուն վերածաղկումի, ինչու չէ վերազարթօնքի նորագոյն պատումները արձանագրուեցան իր պաշտօնավարութեան շրջանին»:

Ան յայտնեց, որ Հալէպի զաւակ Սուրէն արք. Գաթարոյեան ճանչցուեցաւ իբրեւ հաւատաւոր եւ աւանդապահ հոգեւորական, հոգեւոր եւ ազգային հովիւ, յարաբերութեան մարդ եւ շինարար առաջնորդ:

Աւարտին, սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին` մէջ` անդրադառնալով հոգելոյս սրբազան հօր առաջնորդական տարիներու ծառայութեան, յայտնեց, թէ անոր կեանքը յատկանշուեցաւ ամբողջական զոհողութեամբ, նուիրումով եւ գիտակցութեամբ: «Հոգելոյս սրբազանը ծրագրաւորուած աշխատանքի հաւատացող անձ էր, եւ անոր սիրտը կը տրոփէր հայրենիքի սիրով` Հայաստանով, Արցախով, եկեղեցական, կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներով: Ան այդ մարդն էր, որ կը շնչէր, կը գործէր, կը ստեղծագործէր, կը տագնապէր եւ կը մտածէր: Ան հետեւորդը հանդիսացաւ իր հաւատքի հիմնադիրին` Քրիստոսին եւ մեր սրբազան հայրերուն, նահատակներուն, մարտիրոսներուն` ըլլան անոնք եկեղեցականներ թէ աշխարհականներ: Իր մէջ խորունկ կերպով արմատացած էր եկեղեցական եւ ազգային դաստիարակութիւնը եւ ըմբռնումը, որ` մէկ էութիւն կազմած, զինք առաջնորդեց ամբողջ իր կեանքին ընթացքին»:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ Սուրէն սրբազանը իսկապէս արժեւորեց իր կեանքը եւ ապրեցաւ ժողովուրդին, թեմին, գաղութին, հայրենիքին, իրմէ վեր եւ բարձր արժէքներու համար:

Սրբազան հայրը հայոց բանակի կազմաւորման 32-րդ ամեակին առիթով աղօթեց, որ Աստուած հաստատուն պահէ մեր բանակի զինուորները, հրամանատարներն ու սպաները եւ իմաստութիւն ու զօրութիւն պարգեւէ անոնց, որպէսզի կարենան հայրենիքի պաշտպանութիւնը եւ ժողովուրդի պահպանութիւնը ի կատար ածել:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր

22 յունուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց պաշտօնական այցելութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Նաուապ Նուրիին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան:

Պատուիրակութեան անդամները շնորհաւորեցին սրբազան հայրը եւ թեմի ժողովականութիւնն ու ժողովուրդը` նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով:

Փոխգործակցութեան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակն ու ճնշող դժուարութիւնները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս տեղի ունեցող փոխադարձ յարաբերութիւններուն:

Սրբազան հայրը ցաւակցութիւն յայտնեց հիւպատոսին, անցնող օրերուն Դամասկոսի պայթումին զոհ գացած նահատակներուն համար, եւ ընդհանրապէս երկու ժողովուրդներու բոլոր նահատակներուն համար, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար իրենց արիւնը կը հեղեն:

Այցելուները սրբազան հօր նուիրեցին պարսկական ոճի ձեռակերտ յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ պատկերագիրք մը, ուր նկարագրուած է Իրանի նախկին հոգեւոր առաջնորդին այցելութիւնները` քրիստոնեայ եւ յատկապէս հայ նահատակներու ընտանիքներուն:

Սրբազան հայրը այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց հիւպատոսին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան եւ թեմի ժողովուրդին ու ժողովականութեան անունով ջերմագին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց անոնց:

Քանատա

Մոնրէալի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Նշուեցաւ ՀՅԴ 133-Ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան», «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, կիրակի, 28 յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի «Փաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 133-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւն:

Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ականներու կողմէ դրօշակներու մուտքով` փողերախումբին մասնակցութեամբ եւ Քանատայի, Հայաստանի ու Արցախի օրհներգներով, ապա հնչեց ՀՅԴ-ի քայլերգը, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին մեր բոլոր նահատակներուն անմար յիշատակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Տունկեան Տողրամաճեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի ամեակի նշումը սոսկ ոգեկոչում կամ տօնախմբութիւն չէ, այլ մեր ժողովուրդի ազգային ազնուագոյն զգացումներուն եւ անոնց իրականացման յաղթերգութիւնն է եւ յախուռն ու վճռական երթի իրապաշտ բացայայտումը: «Մեր ժողովուրդէն ծնած եւ հաւատարմօրէն անոր ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ազգային ազատագրական պայքարը գլխաւորող մեծ կազմակերպութեան օրն է այսօր», ըսաւ ան:

Զոյգ կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան ատենապետ Արա Գաթարոյեան եւ ըսաւ. «Կասկած չկայ, որ այսօր Դաշնակցութեան հիմնադրութեան նշումը տօնական չէ: Այսօր Արցախի կորուստն ու ամբողջական հայաթափումը կարծէք ստեղծած ըլլան 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայութեան իրավիճակը յիշեցնող նմանօրինակ պայմաններ` հսկայական կորուստներ, ըլլան անոնք մարդկային թէ հողային, քայքայուած բանակ, համատարած յուսալքում, զանգուածային գաղթ, սահմաններուն կանգնած թշնամի զօրքեր եւ այլն. բայց այս ճակատագրական կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար, իրաւունքը չունինք անտարբեր կամ ձեռնածալ մնալու` թոյլ տալով որ թուրք-ազերիական վարչամեքենան, Հայաստանի այսօրուան գործակալ իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ, մեզի պարտադրեն խաղաղութեան կեղծ օրակարգ մը ընդունիլ, մեր պատմական հողերուն եւ իրաւունքներուն հաշուոյն: Դաշնակցութիւնը եւ անոր շուրջ համախմբուած ողջ հայութիւնը պէտք է եւ պիտի գտնէ ներուժը, կամքն ու վճռակամութիւնը փլատակներուն տակէն վերստին ոտքի կանգնելու եւ առաջնորդելու մեր ազգը դէպի նորանոր յաղթանակներ:

Յուսահատիլ չկայ»:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան ՔԵՄ-ի անդամներ` «ՀՅԴ-ի ծնունդ» ներկայացումով, ապա ցուցադրուեցաւ «ՀՅԴ պատմութիւն» տեսերիզ մը: Ապա կրկին խումբ մը ՔԵՄ-ականներ ներկայացուցին «ՀՅԴ կազմաւորում» բեմադրումը:

Ելոյթ ունեցան Ռուբինա Քիւբէլեան` ասմունքով, եւ Նժդեհ Պոտրումեան` «յեղափոխական երգերով:

Երիտասարդական շարքեր փոխանցուեցան խումբ մը պատանիներ. ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան  այս առիթով պատանիներուն ըսաւ. «Միանալով Մոնրէալի եւ Լաւալի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն, մեր փափաքը պիտի ըլլայ, որ անսահման զոհաբերութեամբ մօտենաք ձեր միութենական աշխատանքներուն, ըլլաք տիպար դաշնակցականներ եւ ձեր անձնական օրինակով վարակէք հայ երիտասարդութիւնը եւ առաջնորդէք զանոնք դէպի Հայ դատի արդար լուծման պայքարի ճամբան»: Ապա տեղի ունեցաւ խոստումն ու փոխանցումը, որմէ ետք խումբ մը ՔԵՄ-ականներ կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին ՀՅԴ-ի զինանշանը:

Օրուան պատգամաբերն էր Մհեր Գարագաշեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 134-րդ ամեակը կը թեւակոխենք` Արցախի անկումէն չորս ամիս ետք: Անցնող տարուան վերջին քառորդին, ազգովին կրկի՛ն անգամ ապրեցանք տեղահանութեան ու կորուստի ցաւը, կրկի՛ն անգամ ցեղասպանութեան ուրուականը մթագնեց հայոց աշխարհը, ու մեր ամրոց-Արցախը ինկաւ կարճ բայց հերոսական դիմադրութենէ մը ետք: Ինկաւ ներքին ու արտաքին դաւադրութեանց իբրեւ արդիւնք, ինկաւ մեր մէջ բոյն դրած անտարբերութեան, համակերպման ու պարտուողական վարակին իբրեւ հետեւանք, ինկաւ վերջապէս` փանթրքական ծաւալապաշտական նկրտումներուն իբրեւ թիրախ, անգամ մը եւս հայաթափելով մեր հայրենիքի բազմադարեան մէկ օճախը»: Անդրադառնալով այս ճգնաժամէն անյապաղ դուրս գալու անհրաժեշտութեան` ան յայտնեց. «Ընդգծենք, որ ճակատագրական այս փուլին էականը գահավէժ անկումը կանգնեցնե՛լն է, վերջին հինգ տարիներուն դիտումնաւոր սրուած ներազգային բեւեռացումի եւ պառակտման ճեղքերու վերացո՛ւմն է, մեր երկրէն ու մե՛ր իսկ մէջէն թրքական Տրովադայի ձին դուրս շպրտե՛լն է, ամէն տեսակի մակաբոյծներէ ու վարձկաններէ ձերբազատի՛լն է: Եթէ այս մէկը ոմանք պիտի մեկնաբանեն իբրեւ միասնականութեան դէմ կոչ, թող այդպէ՛ս ըլլայ: Արդէն ուշ են, արդէն կե՛ղծ է այդ բռնազբօսիկ «միասնականութիւն»-ը ու կործանիչ: Կարելի չէ համատեղել ախտն ու մարմնի դիմադրողականութիւնը` ու միասնութիւն ձեւացնել: Այս բոլորին դիմաց` ազգային առողջ ուժերու միահամուռ եւ այս անգամ` արտակա՛րգ լարումով կրկին անգամ լծուիլ է պէտք մեր պետականութեան փրկութեան ու ազգային անվտանգութեան վերականգնման դժուարին բայց անյետաձգելի՛ գործընթացին»:

Եզրափակելով իր խօսքը` Մհեր Գարագաշեան ըսաւ. «Մեզի կը մնայ ոգի ի բռին, ձե՛ր աջակցութեամբ, պատռելո՛ւ ելլել այս քարտէսները, որովհետեւ Արցախը, թէեւ ինկած է այս պահուս, բայց մեզի համար իր կորուստը վերջնական չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ ու պիտի չմնա՛յ այդպէս: Ու որպէսզի խօսքը չդառնայ մեռեալ, բոլորո՛վ պարտինք լծուիլ նպատակասլաց, յանդուգն ու անտեղիտալի՛ դաշնակցական գործի: Ուրեմն ի գո՛րծ, սիրելի՛ ընկերներ եւ համակիրներ, ի գո՛րծ` թէկուզ եւ երկարաշունչ ըլլայ մեր պայքարը, ի գո՛րծ` յանուն մէկ ու ամբողջական հայրենիքի, յանուն մէկ ու ամբողջական հայութեան»:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ խօսք առաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, որ շեշտեց. «Միակամ եւ միասնակամ, Հայաստան թէ սփիւռք, նոր ռազմավարութեամբ մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը: Պայքարը կը շարունակուի ու պէ՛տք է շարունակուի, յանուն մեր արժանապատուութեան, յանուն մեր հայրենիքի ամբողջականութեան, յանուն մեր ժողովուրդի յարատեւ գոյութեան»:

Նշենք, որ նախքան պաշտօնական ձեռնարկին սկսիլը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ ՀՅԴ «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան ատենապետ Հրակ Գայայեանի ձեռամբ, տեղի ունեցաւ ՔԵՄ-ի կողմէ պատրաստուած արցախեան պատերազմներուն բոլոր նահատակներուն նուիրուած յուշատախտակի բացում, որուն ընթացքին նաեւ խօսք առաւ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մոսիկ Արզումանեան եւ ըսաւ. «Հողը թեթեւ գայ ձեր վրայ անձնուրաց մարտիկններ, ննջեցէ՛ք հպարտ: Դուք,  որ ձեր զոհողութեամբ մարմնաւորեցիք դաշնակցականի մը անձնաւորութեան իտէալը, նոր սերունդին սորվեցուցիք կաղնիի մը նման ոտքի մնալ եւ արմատանալ հայրենի հողին մէջ` անբաժանելի մասը դառնալով այդ սուրբ հողին»: Յիշենք, որ նշեալ յուշատախտակը պիտի տեղադրուի Մոնրէալի Հայ կեդրոնի ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու հաւաքավայրին դիմաց:

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդը Եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեցին Արցախահայութեան Ներկայացուցիչները

Ազգային Վարժարանները 50,000 Տոլարով Դարձեալ Կը Զօրակցին Արցախահայութեան

Կիրակի, 28 յունուարի առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընդունեց Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը եւ մարդկային իրաւունքներու գծով քաղաքագէտ Գեղամ Ստեփանեանը` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւօ Քէշիշեանի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Հայ իրաւաբաններու ընկերակցութեան ատենապետ Սթիւ Տէտէեանի եւ անդամներու:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան արցախահայութիւնը յուզող հարցեր` յուսալով, որ տեղահանուած արցախահայութեան տագնապները բարւոք լուծումներու յանգին` համապատասխան մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն եւ ի նպաստ մեր ազգի վիրաւոր հատուածին:

Այս ծիրին մէջ, ներկաները արտայայտեցին իրենց միտքերը եւ փոխանակեցին կարծիքներ, իսկ առաջնորդ սրբազանը եզրափակեց հանդիպումը` հաւատալով, որ Արեւմտեան Ամերիկան` իբրեւ կազմակերպ գաղութ, եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը` իր եկեղեցիներով եւ դպրոցներով, պիտի շարունակեն եզակի աշխատանք տանիլ` արցախահայութեան համար անհրաժեշտ կարգ մը ծրագիրներ հովանաւորելով ու զանոնք կեանքի կոչելով:

Հանդիպման աւարտին` իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ յանուն ազգային վարժարաններու` այս նպատակին համար հանգանակուած 50.000 տոլար գումար մը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով շուտով պիտի տրամադրուի արցախահայութեան` ի խնդիր արցախահայութեան` որոշ կարիքներու բաւարարման:

Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Վերջերս, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, այցելեց Լաս Վեկասի ծխական համայնքը` Լաս Վեկասի Հայաստանեայց առաքելական առաջին եկեղեցւոյ` Ս. Կարապետի անուանակոչութեան տօնին առիթով:

20 յունուարի երեկոյեան ան գլխաւորեց «Քուճաքեան» սրահին մէջ կազմակերպուած սիրոյ սեղանը: Այս առիթով, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան ողջունեց առաջնորդ սրբազանը եւ անոր ընկերակցող շքախումբը եւ վեր առաւ եկեղեցւոյ ընտանիքին ու շրջանի հայութեան ապրած խանդավառութիւնը` առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ համայնքին ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ դէպի Լաս Վեկաս կատարուած առաջնորդական այցելութիւններուն համար:

Գնահատելով նաեւ ծխական համայնքին գործունէութիւնը` առաջնորդ սրբազանը անսպառ կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց իւրաքանչիւր հայ անհատի, ընտանիքի եւ համայնքի հոգեւոր, կրթական ու ազգային կեանքի բոլոր նուիրեալներուն:

Կիրակի, 21 յունուարին առաջնորդ սրբազանը Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցեց Ս. պատարագ եւ իր քարոզին ընդմէջէն դիտել տուաւ, որ մենք Աստուծոյ բարիքները կը վայելենք ո՛չ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ` Աստուծոյ ողորմածութեան շնորհիւ եւ հրաւիրեց հաւատացեալ բազմութիւնը բարի ու օգտաշատ ներկայութիւն դառնալու համայնքի կեանքին մէջ` շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Յետ արարողութեան, առաջնորդ սրբազանը ժողովական հանդիպում ունեցաւ շրջանի ազգային երեսփոխաններուն հետ` մասնակցութեամբ  Ազգային վարչութեան անդամներուն:

Առաջնորդարանի Տնօրհնէք Ու Ս. Ծննդեան Հիւրասիրութիւն

Շաբաթ, 6 Յունուարին տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի աւանդական Սուրբ Ծննդեան հիւրասիրութիւնն ու  տնօրհնէքը։

Բացման խօսքին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան յիշեցուց ներկաներուն, որ այս աւանդութիւնը սկսած էր հոգելոյս Մեսրոպ արք. Աշճեանի առաջնորդութեան շրջանին։ Ան նաեւ անդրադրաձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան եւ վերանորոգութեան ու մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութեան, ինչպէս բանաձեւուած է վեհափառ հայրապետին 2024-ի հռչակագիրին մէջ։ Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն՝ առաջնորդարանին եւ ծուխերու հանդէպ ցոյց տուած աջակցութեան եւ նուիրումին համար։

Տնօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան։ Ներկայ էր Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքին մէջ գտնուող Շահան Գանտահարեան՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր։ Տնօրհնէքէն ետք ներկաները վայելեցին հիւրասիրութիւն մը։

Յունաստան

Տեղեկատուական–Քարոզչական Հաւաք Փիրէայի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն, 27 յունուարի երեկոյեան, Փիրէայի կեդրոնական քաղաքապետական թատրոնի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ քարոզչական յատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին մեծ թիւով հայ երիտասարդներ եւ պատանիներ, իրենց պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, տեղեկատուական թռուցիկներ բաժնեցին Արցախի հայութեան հիմնախնդիրներուն մասին: Երիտասարդականի եւ պատանեկանի անդամները զետեղեցին մեծադիր պաստառներ, իսկ բարձրախօսին միջոցով տուին կարեւոր տեղեկութիւններ` Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն եւ Արցախի հայաթափման մասին: Անոնք բազմաթիւ անգամներ բացատրութիւններ տուին անցորդներուն եւ յաւելեալ տուեալներ ներկայացուցին «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» համաեւրոպական շարժումին մասին:

Իտալիա

Էմմանուէլ Ճգնաւորեան` Միլանի Սիմֆոնիք  Նուագախումբի Երաժշտական Ղեկավար

Վերջերս վիեննաբնակ յայտնի ջութակահար եւ խմբավար Էմմանուէլ Ճգնաւորեան, որ զաւակն է  յայտնի երաժշտագէտ եւ խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանի, նշանակուեցաւ Միլանի սիմֆոնիք նուագախումբի նոր երաժշտական ղեկավար:

28 տարեկան Ճգնաւորեան ունի հիանալի ուսումնական գիտութիւն, նաեւ` որպէս ջութակահար: Անցեալ տարի ան Չայլիի հետ միասին բացումը կատարեց Լա Սկալայի ֆիլհարմոնիք եղանակին:

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Հայկական Ճաշարանը «Տը Կարտիըն»-ի Ցանկին Վրայ

Յաջորդը

Պատանիներու Խոստման Արարողութիւն Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?