Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը, Արցախը, Հայութիւնը, Կազան Եւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարման Անմարդկային` Կատարեա՛Լ Բարոյական Անկումը

Յունուար 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ 2 յունուար 2024-ին Իսրայէլի կողմէ շէնքի մը յարկաբաժինին մէջ անօդաչու սարքի մը միջոցով Համասի ղեկավարի մը ահաբեկչական սպանութիւնը կը փաստէ, որ Իսրայէլի նպատակը Կազայի բնակչութեան ոչնչացումն է` ցեղասպանութիւնն է եւ Արցախի նման տեղահանութիւնը, այս պարագային` դէպի Եգիպտոս, եւ ո՛չ թէ` Համասի անդամներուն ոչնչացումը, ինչպէս Իսրայէլ կը ձեւացնէ, կը ստէ:

Եթէ Պէյրութի մէջ գիտեն, թէ` Համասի անդամները ո՛ւր կը գտնուին, վստահօրէն գիտեն նաեւ, թէ Կազայի մէջ անոնք ո՛ւր կը գտնուին, եւ կրնան մի՛այն զանոնք թիրախաւորել եւ ոչ թէ` հրէշային կերպով եւ ամերիկեան օժանդակութեամբ, այս դարուս, աշխարհի աչքին առջեւ ցարդ սպաննել 22 հազարէն աւելի անմեղ մարդիկ, մեծ ու մանուկ եւ պատճառել շուրջ 90 հազար վիրաւոր ու անհետ կորսուած, անխնայ ռմբակոծելով բնակարանային համալիրներ եւ շէնքեր, իբր թէ` «անուղղակի զոհեր» պատճառելով… Ամերիկեան «օրէնքի վերածուած» գազանային հնարքը` «collateral damage»-ի պատրուակով:

1.- Կազայի ժողովուրդին վրայ Իսրայէլի անխնայ ռմբակոծումը` ցեղասպանութիւն
2.- Համասի պատասխանատուներէն Սալեհ ալ Արուրիի իսրայէլեան ահաբեկչական սպանութիւնը Պէյրութի մէջ:

Նախ շատ հարեւանցի, քանի մը բառով ակնարկ մը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակակից եւ մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմ` Միացեալ Նահանգներու կարգ մը նախագահներուն մասին:

Սեւրի դաշնագիրով, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Իրաւարար վճիռով սահմանը ճշդած նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն (1), (2), դեմոկրատական, նախապէս Փրինսթըն համալսարանի նախագահը` ցարդ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն աւելի տեսլական ունեցող եւ բարոյական բարձր արժանիքի տէր, արդար եւ բարեպաշտ նախագահը եղած է` 1913-1921: «Ժողովուրդներու ինքնորոշման» գաղափարին եւ եզրին հեղինակը եղած է ան, ՄԱԿ-ը նախորդող Ազգերու լիկային հիմնադիրը, եւ արժանացած` 1919-ի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին: Իր նախաձեռնութեամբ նաեւ, 1920-ին ամերիկացի կիները քուէարկելու իրաւունք ստացան: Հզօր եւ առաքինի նախագահ մը, որուն նմանը երբե՛ք չտեսանք:

3.- Նախագահ Ուիլսընի յունուար 1918-ի աշխարհի խաղաղութեան 14 պայմանները (10):
4.- Ամերիկայի 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն:

Ուիլսընին յաջորդած է կանխահաս մահացած, միայն երկու տարի` 1921-1923, նախագահութիւն վարած, հանրապետական Ուորըն Հարտինկը, որ գրեթէ կրաւորական անձնաւորութիւն մըն էր, կը հաւատար, որ նախագահութիւնը արարողական պաշտօն մըն է: Անոր կը յաջորդէ փոխնախագահ Կալուին Քուլիճը, 1923-1929, որ գրեթէ յատկանշական ոչինչ կատարած է (3): Ապա` հանրապետական Հըրպըրթ Հուվըրը (4), որուն ժամանակ սկսաւ Ամերիկայի տնտեսական մեծ ճգնաժամը` the Great Depression, որ տեւեց գրեթէ մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը:

Ահա պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կնիքն ու ստորագրութիւնը կրող Սեւրի այս Իրաւարար վճիռը, որ ըստ Ամերիկայի սահմանադրութեան, օրէնքի ուժ ստացած եւ ցարդ ի զօրու է` «what the (US) Constitution calls «the supreme Law of the Land»» (5), որ ցարդ չէ մերժուած (6), այս որոշումը չհետապնդեցին եւ չգործադրեցին յաջորդող նախագահները, սակայն անոնք մի՛այն մարդասիրական եւ որբախնամի գործերը շարունակեցին:

Ամերիկացի ժողովուրդին համար Հայաստանն ու տառապող հայ ժողովուրդը իրենց առօրեային մաս կազմած են: Նախագահ Հըրպըրթ Հուվըր (1874-1964) իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Հաւանաբար 1919-ի ամերիկացի դպրոցական երեխան Հայաստանի մասին Անգլիայէն միայն քի՛չ մը նուազ տեղեակ էր: Կապակցութիւնը Արարատ լերան, Նոյին եւ այս հաւատացեալ քրիստոնեաներուն, որոնք պարբերաբար կը ջարդուէին մահմետական թուրքերուն կողմէ, նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի աւելի քան յիսուն տարիներու հանգանակութիւնները` թեթեւցնելու համար անոնց տառապանքը, այս բոլորը կուտակուելով` Հայաստան անունը դրոշմեցին ամերիկացիին միտքին մէջ»: Շարունակելով` կ՛ըսէ. «… Հարեւանցի ակնարկով մը, հայութեան մէկ մասը հին Ռուսիոյ (ցարական) մէջ էր, ուր երբե՛մն պաշտպանուած էր, իսկ միւս մասը` հին Թուրքիոյ մէջ, ուր կանոնաւոր կերպով կը ջարդուէին (7): Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 1917-ին Հուվըրը Ամերիկեան նպաստամատոյցի վարչութեան վարիչ (American Relief Administration) նշանակած էր:

Ամերիկայի տնտեսական Մեծ Ճգնաժամը վերջ գտաւ, երբ` «Երեւութապէս Համաշխարհային Բ. պատերազմը, կարծես, նշեց մեծ ճգնաժամին աւարտը: Պատերազմի ընթացքին (շուրջ 130 միլիոն բնակչութեան*) յաւելեալ աւելի քան 12 միլիոն ամերիկացիներ զինուոր դարձան, եւ նոյն թիւով մարդիկ պաշտպանութեան մարզի արտադրութեան աշխատանքներուն լծուեցան: Պատերազմի այդ աշխատատեղերը 1939-ին, կարծես, հոգացին 17 միլիոն անգործներուն պէտքերը: Ուստի շատ մը պատմաբաններ պատերազմի ժամանակ զանգուածային այս ծախսերը կը նկատեն Մեծ Ճգնաժամի աւարտին պատճառը» (8):

Համաշխարհային Բ. պատերազմն էր, որ փոխեց ամէն ինչ եւ իրողապէս վերջ դրաւ որեւէ նշոյլի մը, եթէ երբեք կար, ուիլսընեան «քաղաքական բարոյականութեան»: Նախագահ Այզընհաուըրի (1953-1961) նշած Ռազմական արդիւնաբերական համալիրը` Military industrial complex, այդ օրերէն սկսաւ տիրապետել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան (9): Այժմ, իրողապէս, այս համալիրը կ՛որոշէ Միացեալ Նահանգներուն եւ այլոց տեղի ու անտեղի պատերազմները մի՛այն ու մի՛այն այդ համալիրին սեփականատէրերուն տնտեսական շահերուն համար: Նախագահներ եւ կառավարութիւն անոնց խամաճիկները դարձած են:

Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ներգրաւումը Հայկական Հարցին մէջ:

Ուիլսըն` բարոյական բարձր արժանիքի տէր անձնաւորութիւն մը, կը հաւատար, որ բարոյականութիւնը պէտք է իշխէ քաղաքականութեան վրայ: Իբրեւ նախագահ 1913-1921 տարիներուն` ականատես եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան: Ան խաղաղութեան ջատագովը եղած է, սակայն միայն 6 ապրիլ 1917-ին է, որ Գերմանիոյ դէմ (ո՛չ թէ Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ դէմ) պատերազմ յայտարարեց, երբ վերջինս դրժեց իր խոստումը եւ հիւսիսային Ատլանտեանի մէջ մարտանաւեր եւ սուզանաւեր տեղակայեց, ճամբորդատար նաւեր խորտակեց ու փորձեց Մեքսիքան Ամերիկայի դէմ լարել:

8 յունուար 1918-ին նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն Քոնկրեսին առաջարկեց համաշխարհային խաղաղութեան 14 պայմանները (10): Այս կէտերը հետագային Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին խաղաղութեան բանակցութիւններուն իբրեւ հիմք ընդունուեցան:

«Մեր փափաքն ու նպատակն է, որ երբ խաղաղութեան գործադրութեան սկսին, անոնք ըլլան բացարձակապէս բացայայտ եւ թոյլ չտան այսուհետեւ որեւէ գաղտնի ըմբռնումի: Աշխարհակալութեան ու մեծարման օրերը անցած են, նմանապէս` գաղտնի ուխտերու օրերը, որոնք կնքուած են ի շահ առանձին կառավարութիւններու, եւ, հաւանաբար որեւէ անհասկնալի պահուն կը խաթարեն աշխարհի խաղաղութիւնը» գրած է Ուիլսըն իր խաղաղութեան 14 պայմաններուն նախաբանին մէջ:

Հաւանաբար 2017-2018-ի որոշումով մը Միացեալ Նահանգները զոհեցին Արցախը, Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը` պարզապէս Ռուսիան Կովկասէն հեռացնելու եւ Իրանին հիւսիսը ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան տեղաւորելու համար, կոխկրտելով հայութիւնը եւ ճամբայ հարթելով փանթուրանական երազին: Ի՜նչ մարդկային իրաւունքներ… Ի՜նչ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք… Ռազմական արդիւնաբերական համալիրին իսկական նպատակն էր հրահրել Ռուսիա-Թուրքիա պատերազմ մը, որ Ուքրանիոյ զուգահեռ, մաշեցնէ Ռուսիոյ կարողութիւնները եւ ինք զինամթերք հասցնէ, ծախէ Թուրքիոյ:

5.- Ռուսական Սու 24 հալածիչը վար կ՛առնուի թրքական Էֆ-16 հալածիչի մը կողմէ 2015-ին: 
6.- Մեւլութ Ալթունթաշը կը սպաննէ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը, 2016-ին:

Փաստօրէն Ռուսիոյ հետ պատերազմի մը առաջին կայծը տուաւ Թուրքիան 24 նոյեմբեր 2015-ին, երբ Սուրիոյ օդային տարածքին վար առաւ Սուխոյ Su-24 տիպի ռուսական հալածիչը (11): «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անձամբ հրամայեց վար առնել ռուսական հալածիչը», գրեց Փրաւտա «Erdogan personally ordered to shoot down Russian Su-24» (12): Ռուսիան Թուրքիոյ դէմ տնտեսական պատիժներով բաւականացաւ:

Երկրորդ մարտահրաւէրը տեղի ունեցաւ 19 դեկտեմբեր 2016-ին, երբ թուրք ապահովութեան ուժերու անդամ Մեւլութ Ալթունթաշը Անգարայի մէջ, գոռալով, բեմին վրայ ատրճանակով սպաննեց Ռուսիոյ դեսպան` Անտրէյ Քարլովը (13): Երրորդը` 9 նոյեմբեր 2020-ին Նախիջեւանէն, ուր թրքական ուժեր կեդրոնացած էին, վար առին ռուսական Mil Mi-24 ուղղաթիռը (14): Եւ վերջինը` Արցախի մէջ, 20 սեպտեմբեր 2023-ին ազերի ռմբակոծումէն զոհուեցան 5 ռուս խաղաղապահներ, որոնց շարքին` Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրամասի հրամանատարի տեղակալ Իւան Քովկան:

Վերոնշեալ գրգռութիւններուն Ռուսիան դիւանագիտութեամբ պատասխանեց` առիթ չտալով Թուրքիոյ հետ զինեալ բախումի մը, որուն պատճառով նաեւ միշտ տուժեց հայկական կողմը, որ իր կարգին 2018-էն ի վեր արդէն ամերիկեան հակառուս օրակարգով իշխանութեան հասած էր այժմու վարչախումբը:

Միա՛յն հզօր Հայաստանն ու 6500-է աւելի պատերազմներ տեսած ու հայրենիքը պաշտպանած մարտունակ ու հնարամիտ, քաջասիրտ հայ ժողովուրդն է, որ պիտի թօթափէ պարտուողական ներկայ ընթացքը, եւ նկատի առնուի: «Ազգ-հայրենիք-պետութիւն-հզօր բանակ» գաղափարն ու կարգավիճակը պէտք է վերականգնենք, որպէսզի իբրեւ լիիրաւ ու անկախ պետութիւն եւ ժողովուրդ վերստին մեր աշխարհաքաղաքական դիրքին համապատասխանող տեղը գրաւենք:

6 յունուար 2024

haroutchekijian.wordpress.com

Յաջորդիւ` Հայաստանի անկախութեան Ամերիկեան յանձնախումբը

————————

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

  1. https://haroutchekijian.wordpress.com/2020/08/09/սեւրի-դաշնագիր-100-ամեակ-1920-2020/
  2. https://en.wikipedia.org/wiki/Woodrow_Wilson
  3. https://en.wikipedia.org/wiki/Calvin_Coolidge
  4. https://en.wikipedia.org/wiki/Herbert_Hoover
  5. https://www.senate.gov/about/powers-procedures/treaties.htm
  6. https://www.senate.gov/legislative/RejectedTreaties.htm
  7. «The Memoirs of Herbert Hoover: Years of Adventure 1874–1920.», Herbert C. Hoover, The Macmillan Company, New York, 1951,«Armenia» Էջ 385:
  8. https://fee.org/articles/what-ended-the-great-depression/
  9. https://en.wikipedia.org/wiki/Military%E2%80%93industrial_complex
  10. https://www.archives.gov/milestone-documents/president-woodrow-wilsons-14-points#transcript
  11. https://en.wikipedia.org/wiki/2015_Russian_Sukhoi_Su-24_shootdown
  12. https://english.pravda.ru/world/144123-su_24/
  13. https://en.wikipedia.org/wiki/Assassination_of_Andrei_Karlov

14. https://en.wikipedia.org/wiki/2020_Russian_Mil_Mi-24_shootdown

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 143

Յաջորդը

Խաչեր Հերկելեան (ԻԶ.) Երդման Զօրութիւնը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?