Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 31, 2024
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր Եւ Մանկան Առողջութեան Կեդրոն»-ին Մէջ Լոյս Աշխարհ Եկան 44-Օրեայ Պատերազմին Զոհուած Զինծառայող Միշա Յարութիւնեանի Զոյգ Եղբայրները

Հայ օգնութեան միութեան Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոն»-ին մէջ 23 յունուար 2024-ին լոյս աշխարհ եկան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայող Միշա Յարութիւնեանին զոյգ եղբայրները:

Զոյգերը ծնած են` մէկը 2300 քիլոկրամ ծանրութեամբ, 47 սանթիմեթր հասակով, իսկ միւսը 2,7 քիլոկրամ ծանրութեամբ 49 սանթիմեթր հասակով:

Կեդրոնին տնօրէնութիւնը եւ ամբողջ անձնակազմը կը շնորհաւորեն Յարութիւնեաններուն ընտանիքը` երեխաներու ծննդեան առիթով, մաղթելով անոնց անամպ երկինք, պայծառ ապագայ եւ անհոգ մանկութիւն:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Հոգեհանգստեան Պաշտօնը

Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Հայաստանի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 21 յունուար 2023-ին, Երեւանի Զօր. Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի նորոգ վախճանեալ, պաշտօնաւարտ 60-րդ առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանը, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, ազգայիններ, վաստակաւոր միութենականներ եւ վախճանեալ սրբազան հօր յիշատակը յարգող հալէպահայեր:

Արարողութիւնը կատարեցին Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ հայր սուրբը եւ Բերիոյ թեմէն ներս Սուրէն սրբազանին հետ ծառայած Հայկազ քհնյ. Մասոյեանը եւ Խորէն քհնյ. Պերթիզլեանը:

Արարողութեան ընթացքին խորհրդաւոր մոմերով աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած` սրբազանին հոգւոյն խաղաղութեան համար: Ապա տեղի ունեցաւ յուշ հաւաք:

Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Աւետիսեան ներկայացուց օրուան շարժառիթն ու յայտագիրը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ սրբազան հօր կենսագրութիւնը, ծաւալուն աշխատանքն ու Քարէն Եփփէ ազգ. ճեմարանին տածած անոր սէրն ու յարգանքը ներկայացնող տեսերիզ մը, զոր պատրաստած էին վարչութեան անդամ Ժիրայր Կարապետեանը եւ ճեմարանական Գալուստ Գալուստեանը:

Սուրէն արք. Գաթարոյեան իբրեւ մարդ եւ առաջնորդ ներկայացուց Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ ԱՔԵ Ճեմարանի խնամակալութեան նախկին ատենապետ տոքթ. Մանուկ Իսկէնտէրեանը:

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի նախկին ատենապետ Կարպիս Վարդանեան ներկայացուց սրբազան հօր արժանիքներն ու գործունէութիւնը: Ապա քահանայ հայրերը ուղղեցին իրենց սրտի խօսքերը:

Սուրէն սրբազանին անունը, իբրեւ շինարար եւ ամբողջանուէր առաջնորդ, դրոշմուած պիտի մնայ Բերիոյ հայոց թեմի եւ Ճեմարանի պատմութեան մէջ: Վախճանեալ Սուրէն սրբազանին պայծառ յիշատակը յաւերժացնող հաւաքը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Արմինէ Տիգրանեան Իր Ձեռք Բերած` Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Յուշարձաններու Ոչնչացման Փաստերը Ներկայացուց Միջազգային Դատարաններ

Մշակութաբան, «Բնօրրան» պատմամշակութային ՀԿ փորձագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս  Արմինէ Տիգրանեան միջազգային ամէնէն բարձր ատեաններէն մէկուն` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան եւ ոչ նիւթական արժէքներու հրատապ պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

Յունուարի 24-ին ան ծաւալուն զեկոյցով հանդէս եկաւ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան» համաժողովին:

Արմինէ Տիգրանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութեան ուղղութիւններուն, որոնցմէ են հոգեւոր արժէքներու ոչնչացումը եւ ինքնութեան օտարումը: Ան ոչ միայն ներկայացուց բուն կոթողներուն վտանգուած ըլլալու հանգամանքը, այլեւ` Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ոչ նիւթական արժէքներու, որոնց շարքին աւանդոյթներու եւ համայնքային կեանքի պահպանման կարեւորութիւնը:

Արմինէ Տիգրանեանի` «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը. պահպանութեան մեքանիզմները ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային համակարգում» գիրքերը Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ բաժնուեցան համաժողովի բոլոր մասնակիցներուն:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արմինէ Տիգրանեան ըսաւ, որ իր զեկոյցէն ետք միջազգային իրաւունքի մասնագէտներէն, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներէն համագործակցութեան առաջարկներ ստացած է:

«Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Փիեր Տաղժան, որ միջազգային դատարաններու մէջ կը ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան հարցերը, առաջարկեց, որ իմ ունեցած փաստագրական նիւթերս ներկայացուին միջազգային դատարաններ: Այսինքն սկսի իրապաշտ գործընթացը:

Եւրախորհրդարանին մէջ Հայաստանի հարցերով զեկուցող Անտրէ Կովաչեւը եւ այլ պատգամաւորներ մանրամասն լսեցին ազրպէյճանցիներու կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան աղուանացման քայլերու, պատմութիւնը կեղծելու մասին, խոստացան այս հարցը նորէն բարձրացնել», նշեց Ա. Տիգրանեան:

Ան յայտնեց, որ համագործակցութեան առաջարկ եղաւ նաեւ «Եւրոպա Նոստրա» միջազգային կազմակերպութենէն, որ նոյնպէս շատ կարեւոր է:  «Եւրոպա Նոստրա»-ի գլխաւոր քարտուղարը իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայաստանեան գործընկեր կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին «Բնօրրան» ՀԿ -ի հետ կը նախատեսուի մեծ խորհրդաժողով` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելով Դադիվանքի շուրջ 200 հայերէն արձանագրութիւններու եւ խաչքարերու պաշտպանութեան եւ աղուանացման դէմ պայքարին վրայ:

Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն յայտնեցին, որ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Միրիամ Լեքսմանի եւ Եւրոպական ժողովրդական խմբակցութեան անմիջական ջանքերով: Բանախօսներու շարքին մաս կազմեցին` միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր Փիեր Տաղժանը, Գարեգին վրդ. Համբարձումեանը, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանը, «Եւրոպա Նոստրա» կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սնեժկա-քուատվլիխ Միխայլովիչը:

Համաժողովին ներկայ գտնուեցան` Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, «Եւրոպա Նոստրա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Դեսպան Բալայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտման, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի ուժով տեղահանուած հայերու ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ` հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման յոյժ կարեւորութեան: Ան նշեց, թէ մինչեւ այն ատեն որ Ազրպէյճանը չի կրեր ծանր հետեւանքներ իր կործանարար եւ աղէտալի գործողութիւններուն համար, ապա Ալիեւի վարչակարգը պիտի շարունակէ խախտել միջազգային իրաւունքը, միջազգային իրաւական կարգը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր որոշումները: Դեսպան Բալայեան ներկայացուց իր հայրենի գիւղի եկեղեցւոյ նկարները, որ, ըստ արբանեակային նկարներու, քանդուած է ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ, եւ աւելցուց, որ անոնք կը միտին շարունակել այս աղէտալի քաղաքականութիւնը, որովհետեւ կը մնան անպատիժ:

Միրիամ Լեքսման մատնանշեց անպատժելիութեան աղէտալի հետեւանքները եւ անդրադարձաւ երկակի չափանիշին եւ եւրոպական արժէքները քաղաքական նպատակայարմարութեան զոհաբերելու անթոյլատրելիութեան:

Փիեր Տաղժան ներկայացուց հարցին իրաւական ասպեկտը եւ անդրադարձաւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ այս հարցին քննարկման մանրամասնութիւններուն եւ ազրպէյճանական կողմին հակադիր հայցերուն: Ան նշեց, որ Ազրպէյճանը որդեգրած է Հայաստանի հայցերուն հայելային սկզբունքով հակադարձելու քաղաքականութիւնը` նպատակ հետապնդելով շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը:

Հայր Գարեգին անդրադարձաւ հոգեւոր ժառանգութեան եւ կարեւոր նկատեց վերջինիս պահպանութեան հարցը: Ան նաեւ ներկայացուց շարք մը մշակութային կոթողներ, որոնք կա՛մ ոչնչացուած են, կա՛մ օտարացած, կա՛մ կանգնած են ոչնչացման վտանգին առջեւ:

«Եւրոպա Նոստրա»-ի գլխաւոր քարտուղարը խստագոյնս դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ցեղային զտումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ընդգծեց, որ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը բազմիցս ահազանգած է իրականացուող ոտնձգութիւններու մասին` շեշտելով Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան կարեւորութիւնը եւրոպական քաղաքակրթութեան համար: Ան նաեւ առանձնայատուկ շեշտեց, որ` «Հայկական ժառանգութիւնը նոյն եւրոպական ժառանգութիւնն է»:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանսուա-Քսաւիէ Պելեամին ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հայ ազգաբնակչութեան` իր պատմական բնօրրանը վերադառնալու իրաւունքի պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, նշելով Արցախ պատմական անունը, Ազրպէյճանի գործողութիւնները կոչուելով մշակութային ցեղասպանութիւն:

Պարոյր Սեւակի Ծննդեան Օրը Գրողներու Միութիւնը Տօնեց Բանաստեղծին 100-Ամեակը

Հայաստանի Գրողներու միութիւնը Պարոյր Սեւակի 100-ամեակը տօնեց անոր ծննդեան օրը` յունուար 24-ին, գրական ձեռնարկով մը, որուն ընթացքին բազմիցս կրկնուեցաւ, որ Սեւակը նոր խօսք, նոր լեզուամտածողութիւն բերաւ հայ գրականութեան:

Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի խօսքով, Սեւակի սերունդին կեանքը համընկեցաւ դժուար ժամանակներու հետ` ստալինեան բռնաճնշումները, պատերազմ եւ այլն: «Շատ ծանր առաքելութիւն ունէին Սեւակի սերունդի ստեղծագործողները: Չարենցի մահէն, Մահարիի աքսորէն եւ այլ գրողներու գրական ասպարէզէն հեռանալէն ետք գրականութիւնը ինկաւ աշուղներու ձեռքը: Այդ մոլեռանդ արշաւանքը  պատրաստ էր խեղդամահ ընելու հայ գրականութիւնը եւ այդ ժամանակ շատ կարեւոր էր գրողին` գրականութիւնը, պաշտպանելու հաւատամքը», ըսաւ Միլիտոնեան եւ աւելցուց, որ Սեւակը եւ անոր սերունդը այդ կատարեցին:

Ան յիշեցուց, որ Սեւակ իր առաջին բանաստեղծութիւնները կը գրէր տէրեանական, չարենցեան ոգիով: «1942-ին «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրին մէջ տպագրուեցան անոր առաջին ստեղծագործութիւնները, որոնք շատ հետաքրքրական էին: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ան ի՛նչ այլ գործեր կը գրէր, եթէ պահպանէր այդ ոճը», յայտնեց Միլիտոնեան:

Ըստ անոր, Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները ողնաշարային էին հայ գրականութեան մէջ չարենցեան գիծը շարունակելու գործին մէջ:

«Սեւակ «Մարդը ափի մէջ» գիրքով նոր խօսք ըսաւ` մարդուն կեդրոն համարելով, այնինչ ստալինեան ժամանակներու մէջ ոչ թէ անհատն էր գլխաւորը, այլ` հաւաքականութիւնը:  Ան նոր ու հետաքրքրական պատկերներ` կին եւ տղամարդ յարաբերութիւններու, բաց տեսարաններու մթնոլորտը նաեւ բերաւ: Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին պէտք է կարողանալ` լաւագոյնս արժեւորել զայն, ընդլայնել ընթերցողներու ճաշակը, ճանաչելի դարձնել ոչ միայն Սեւակի բանաստեղծութիւնը, այլեւ` բանաստեղծութեան մասին անոր  գրականագիտական յօդուածները, թարգմանութիւնները, որոնց քիչ անդրադարձած են գրականագէտները», հաւաստիացուց Միլիտոնեան:

Գրականագէտ Սամուէլ Մուրատեան յիշեցուց, որ Սեւակ իր կենսագրութեան մէջ խոստովանած է, թէ ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած եղած է սիզիփոսեան անպտուղ աշխատանքով: «Ինչ գրում էի այն ժամանակ, չէր կարելի, իսկ հիմա էլ անյարմար է ներկայացնել: Ես զբաղուած էի իմ ձայնը փոխելով», գրած է Պարոյր Սեւակ:

«Սեւակ Ազգային գրադարանին մէջ բացատրած է  «Նորից քեզ հետ» վերնագրի խորհուրդը: Ան նշած է, որ «Քեզ» ըսելով` դիմած է ժողովուրդին, որովհետեւ երկար տարիներ զբաղած եղած է իր ձայնը փոխելով եւ ժողովուրդին հետ չէ եղած, իսկ 20-րդ համագումարէն ետք  նորէն ժողովուրդի կողքին ըլլալու կարելիութիւն ստացած է», պատմեց Մուրատեան եւ աւելցուց, որ եղած են տարիներ, երբ Հայաստանի տաղանդաւոր գրողներէն  ոչ մէկը կրցած է Երեւանի մէջ գիրք տպագրել: Այդ յաջողուած է Պարոյր Սեւակին եւ Հրանդ Մաթեւոսեանին` Մոսկուայի մէջ ունեցած լայն կապերուն շնորհիւ: Անոնց որոշ գիրքերը նախ հրատարակուած են Մոսկուայի, յետոյ Երեւանի մէջ:

Գրող Սաթենիկ Մկրտչեանի խօսքով ալ Պարոյր Սեւակ վառ գրող էր, որ ոչ միայն մտաւորական էր, այլեւ հոգի, սիրտ ու շունչ կը դնէր իր գրականութեան մէջ: «Ինչպէս յախուռն ստեղծեց իր գրականութիւնը, այդպէս ալ գնաց: Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք է ըսել Սեւակի մասին, որ շատ քիչ չթուի», շեշտեց ան:

Հայաստանի Գրողներու միութիւնը Բանաստեղծութեան միջազգային օրը, որ կը նշուի մարտ 21-ին, պիտի նուիրէ Պարոյր Սեւակի յոբելեանին:

Համազգայնականներ Այցելեցին «Դիզակ Արտ» Մանկապատանեկան Կեդրոն Եւ Ներկայ Գտնուեցան Կեդրոնի Սաներուն Համերգին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թամար Տէր Պետրոսեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւ  Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան այցելեցին Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ գործող «Դիզակ արտ»  մանկապատանեկան կեդրոն եւ ներկայ գտնուեցան կեդրոնի սաներուն հաշուետու համերգին:

Կեդրոնը նաեւ Երեւանի մէջ ունի իր մասնաճիւղը, որ կը գործէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք` իր շուրջը համախմբելով Հադրութի մանուկները եւ նպաստելով բարբառի պահպանման:

Սաներուն գեղեցիկ ներկայացումէն ետք իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Համազգայինի ընկերուհիները եւ համեստ նուէրներ յանձնեցին կեդրոնի սաներուն:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայերը Բնիկ Տարր` Պաքուի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?