Բանակը հայրենիքը պաշտպանելու համար է: Տղայ գնում են, տղամարդ վերադառնում. կոփուած, թրծուած: Ժամանակին երեք զաւակ ճանապարհեցի հայոց բանակ, այսօր` թոռնիկս կը ճանապարհեմ: Հպարտ եմ:
ՅԱՍՄԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
(ԶԻՆՈՒժ – 13.1.2024)
Եօթանասունամեայ տատիկի այս խօսքերը միայն պատիւ ու հպարտութիւն կը ներշնչեն բոլորիս: Սրբազան խօսքեր են անոնք` մխիթարութեամբ յագեցած ու աղօթքի համազօր: Հայրենասէր հայու սրտէն ու հոգիէն ճառագայթող մտածումներ են անկասկած, որոնք լիացած են հաւատարմութեամբ, ազգային ըմբռնումներով, ազգին նուիրուելու եւ հերոսաբար ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ:
Արդարեւ, որքա՜ն ալ այս օրերուն հայու սիրտն ու միտքը ալեկոծ ըլլան, կան պահեր, ինչպիսին է` զօրակոչիկներ ճանապարհելը, որոնք խորքին մէջ պատուախնդիր հայ ծնողքի ու հարազատի համար, սապէս, ոգեշնչող հանդիսութիւն կը նկատուի` այն պարզ բացատրութեամբ, որ հայ մայրն ու հայրը` գերազանցապէս գիտակից իրենց զաւակին ծառայութեան կարեւորութեան, բարձր տրամադրութեամբ զայն կը ճամբեն հայոց բանակ` հայրենիք պաշտպանելու առաքինի կեցուածքին ընդառաջ:
Միւս կողմէ, ճիշդ է նաեւ, որ հայութիւնը կ՛ապրի բարոյալքումի վիճակներ, խոր են յուսալքումի եւ անտարբերութեան երեւոյթները, այդուհանդերձ, պարտաւոր ենք ազգովին ամոքել ազգային ցաւերը, վէրքերը ու լծուիլ ինքնարժեւորման, կամքի ու հաւատամքի վերաբոցավառումին:
Փաստօրէն, այդքան ալ դիւրին չէ սեփական աչքերով տեսնել ու ապրիլ հայրենի ազատագրուած հողի կորուստը, հայոց բանակի աննման տղաներու նահատակութիւնը, հազարաւոր հայերու բռնագաղթն ու սարսափելի կացութիւնը ու այս բոլորին սահմռկեցուցիչ ազդուութիւնը` իւրաքանչիւր հայու վրայ:
Այդուհանդերձ, հայրենի ժողովուրդը իր ունեցած կորուստին առընթեր, կրկին ոտքի կանգնեցաւ, հաւատաց իր սեփական ուժին ու լծուեցաւ վերակենսաւորման աշխատանքին: Այլ խօսքով` հայութիւնը չզլացաւ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել հայոց բանակին, աւելի՛ն. սեղմելով ատամները` սիրտ ու եռանդ, շունչ ու կորով մատուցեց, որ կարենայ ազգը վերապրիլ` առաւել ուռճացնելով հայոց բանակին կարողութիւնն ու ուժը, կամքն ու դիմադրողականութիւնը:
Արդ, պահ մը, քաղաքական մթնոլորտէ ու վերլուծութենէ ձերբազատ, արդար է ընդգծել, որ ամէն հայու ակնկալութիւնն է տեսնել ուժեղ եւ զարգացած հայոց բանակ, որ պիտի կարենայ պաշտպանել ազգն ու հայրենիքը ամէն տեսակի թշնամի յարձակումներէ:
Այս առումով` հպարտութիւն առթող նուաճումներ են հայոց բանակի առօրեայ կեանքին մէջ կատարուած բարեկարգումները:
Փաստօրէն, ակադեմական ծրագիրներու, զինական ու կառուցուածքային ձեռքբերումներու, երկրաչափական, պաշտպանական, արհեստագիտական եւ այլ ոլորտներու զարգացումը էական ազդակներ են բանակաշինութեան ծրագիրի յաջող յանձանձումին, մանաւանդ որ նորագոյն սպառազինութեամբ բանակ ունենալը աւելի քան հրամայական պահանջ է ու պարտադրանք:
Ժամանակակից պատերազմները ճարտարագիտութիւն-արհեստագիտութիւն, զօրքերու համալրում, մարտավարական ճկունութիւն եւ գիտահետազօտական լուրջ կարելիութիւն եւ մարդուժի ունակութիւն կ՛ենթադրեն:
Այլ խօսքով` հայոց բանակի հզօրութիւնը համահունչ պէտք է ըլլայ առկայ վտանգներու դիմակայումին, ընդունակ թշնամին բնաջնջելու, բայց մանաւանդ օժտուած` ռազմավարական անակնկալ հարուածներ հասցնելու կարողութեամբ:
Ընդունուած է ըսել, որ այնքան ատեն որ բանակը հեռու է քաղաքական ներքին վերիվայրումներու, ցնցումներու եւ բարբաջանքներու ազդեցութենէն, պիտի կարենայ իր ուժը, հմայքն ու հեղինակութիւնը պարտադրել եւ պաշտպանել պետութիւնը:
Ինչպէս որ հայոց բանակը անփոխարինելի ապաւէն է հայութեան, նոյնպէս ալ նժդեհեան վճիտ գաղափարախօսութեան ընկալումն ու գործադրութիւնը` եզակի զրահ է հայոց բանակին: