Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էջ» Հարթակը Եւ Զրոյց Մը Հրայրին Հետ

Յունուար 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

2020 թուականին «Էջ» հարթակը տակաւին գաղափար մըն էր եւ ծրագիր մը, որ գոյութիւն ունէր միայն անոր հիմնադիրներուն մտքին մէջ: Իսկ այսօր ան արդէն ունի կոկիկ բովանդակութիւն մը, որ կրցած է ուշադրութիւնը գրաւել տարբեր տարիքի եւ սերունդի դիտորդներու: Զայն կարելի է գտնել Դիմատետրի վրայ «Էջ» անունով, ինչպէս նաեւ Ինսթակրամի վրայ` @etch.platform:

Այս հարթակի հիմնադրման կենսագրականը քանի մը տողերով ամփոփելու փորձ մը ընեմ:

2020 թուականի փետրուարին, այն ժամանակ, երբ ամբողջ աշխարհը տարուած էր համաճարակով, իսկ ընկերային կեանքը համարեա՛ սառած` «Քորոնա» ժահրի պատճառով, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի Հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը: Ծրագիրը կը նպատակադրէր արեւմտահայերէնին` որպէս արտայայտչամիջոցի, աւելի տարածում տալ ընկերային ցանցերու վրայ` արուեստի տարբեր տեսակներ կիրարկելով: Ընդհանուր 17 դիմում կատարուած ծրագիրներէ ընդունուեցան թիւով տասը միայն, որոնցմէ մէկը եղաւ «Էջ» հարթակը, որուն համահիմնադիրներն էին լիբանանահայեր Հրայր Գալեմքերեանն ու Հերմինէ Նիւրբեթլեանը:

Հարթակը իր անունը առաւ պարզ եւ միաժամանակ խորքային իմաստէ մը:

«Էջ» հարթակ…

Հրայրն ու Հերմինէն ընտրեցին երկու տառերէ բաղկացած հայերէն այս գոյականը, որովհետեւ ան կը ներկայացնէր որեւէ մէկ ծրագրի մը նախաքայլը, քանզի ծրագրի մը գրաւոր մշակման առաջին քայլը պարապ եւ սպիտակ «էջ» մը առնելն էր եւ թուային ծրագրինը` շատ հաւանաբար նոր «էջ» մը հիմնելը համացանցի վրայ: Այդպիսով կարելի կը դառնայ ծրագիրը մշակել, պատրաստել, ներկայացնել եւ ուղղել:

«Էջ»-ը կը բաղկանայ գլխաւոր երեք բաժիններէ. «Դիտէ՛», «Լսէ՛» եւ «Եկո՛ւր»:

«Լսէ՛» բաժնին մէջ պիտի հանդիպինք փոտքասթներու եւ երգերու վերարտադրումներու:

«Դիտէ՛» բաժինը ընդհանրապէս յատկացուած է տեսերիզներու եւ ժապաւէններու:

Իսկ «Եկո՛ւր»-ը պիտի ըլլայ աշխատանոցային եւ լսարանային ծրագիր մը, մարդիկ ի մի բերելու բաժին մը:

«Էջ»-ին նպատակը պարզ է. դառնալ այն հարթակը, ուր մարդիկ կրնան իրենց անձնական փորձառութիւնը բերել եւ այնտեղ գեղարուեստական ձեւով ներկայացնել արեւմտահայերէնով` անկախ անոր նիւթին տեսակէն եւ բովանդակութենէն:

Էջին առաջին բաժինը «Ես, հոս, հիմա»-ն էր, որ սկսաւ ներկայացուիլ 2021-ի յունիսին: Աւելի քան տասնեակ մը լիբանանահայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ պատրաստուած տասնվեց տեսերիզներու շարք մըն էր այս մէկը, որ ունէր չորս ենթավերնագիրներ, եւ իւրաքանչիւրը կ՛ընդգրկէ չորս բանաստեղծական կտոր: «Ինքնութիւն», «Քաղաք», «Ժամանակ», «Կարօտ»` այդպէս կը կոչուէին այդ ենթավերնագիրները, որոնց նուիրուած էին ստորագրուած քերթուածները:

Հրայրը գեղարուեստական եւ Հերմինէն վարչական բաժիններու պատասխանատուները ըլլալով` հեռու էին Լիբանանէն: Ամբողջ աշխատանքը առցանց կը կատարուէր, ինչ որ դժուար էր օրին, նոր էր իր տեսակով, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ մէկը դարձաւ աշխատանքին հիմքը, եւ համաճարակն իսկ պարտադրեց այդ մէկը, եւ ցայսօր յաճախ այդպէս է, որ կը գործէ հարթակը:

Աւելի ուշ, նոյն տարուան հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ, հարթակի վրայ սկսաւ հրատարակուիլ Գուրգէն Փափազեանի «Ղարպիյէ» վաւերագրական ժապաւէնը, զոր նաեւ հովանաւորած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը: Ժապաւէնը կը խօսի արեւմտեան Պէյրութի հայութեան եւ անոնց շրջաններուն մասին, կը շեշտէ անոնց տեղն ու դերը անցեալին մէջ ու ներկայիս:

Իսկ 2022-ի օգոստոսին Հրայր իր նոր գաղափարը ի գործ դնելու դրամաշնորհը ստացաւ. շնորհողը դարձեալ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի Հայկական բաժանմունքն էր: Այս գործը նաեւ լոյս պիտի տեսնէր հարթակին վրայ` որպէս վաւերագրական ժապաւէն եւ պիտի կոչուէր «Հայկական ոստան»` նուիրուած իր եւ իրեն պէս շատ մը լիբանանահայերու հարազատ միջավայրին` Պուրճ Համուտին…

***

Վերջերս քիչ մը աւելի երկար ժամանակով Ամանորեան արձակուրդով մը Հրայրը Լիբանան վերադարձաւ:

Երբ համաձայնեցանք հարթակի աշխատանքներուն, մասնաւորաբար իր վերջին ժապաւէնին մասին զրուցելու եւ լուսարձակի տակ առնելու տարուած աշխատանքը, նախընտրեց հանդիպման վայրը իր հարազատ տեղերէն ըլլար: Մէկը` Պուրճ Համուտի տասնեակ այն սրճեփներէն, որոնց կը հանդիպինք անոր գռիհներուն մէջ: Հոն, ուր նաեւ նկարահանուած էր իր ֆիլմաշարի դրուագներէն մին: Յաւելեալ խորհրդաւորութիւն մը տալու քա՞յլ մըն էր այս մէկը. թերեւս, բայց սխալ ընտրութիւն մը չէր:

«Նպատակս Պուրճ Համուտի համապարփակ պատմութիւնը ներկայացնել չէր, այնտեղ կարծիքներու բախումներ եւ թիւրիմացութիւններ կրնան տեղի ունենալ: Դժուար ու ծանր աշխատանք մըն է այդ մէկը իրագործելը, աւելի՛ն, ընդհանրապէս իմ ուզածս չէր: Ինծի համար աւելի հարազատ եւ սրտի մօտ պիտի ըլլար ներկայացնել անմիջական, անձնական փորձառութիւններ, որոնց մէջ կարելի է տեսնել Պուրճ Համուտը, ուր ապրած եմ նաեւ ես»:

Այս բառերով արտայայտուեցաւ ան, երբ հարց տուի վաւերագրական այս տեսակի ժապաւէնի իր ընտրութեան պատճառին մասին:

Հրայրին արմատներուն մէջ կարելի է գտնել Պոլիսը: Հայրը` Թորգոմ Ջանանը, իր ընտանիքին հետ օրօք Պոլիսէն Լիբանան եկաւ, ուրկէ կ՛ուզէին Հայաստան անցնիլ, սակայն տեղական քաջալերական պայմանները եւ հայեցի մթնոլորտը այստեղ ապրիլ եւ մնալ տուին: Հետագային Պուրճ Համուտի մէջ Թորգոմ հանդիպեցաւ իր ապագայ կողակիցին, ունեցաւ երկու զաւակներ` Հրայր եւ Նարէ, ու կազմեց ընտանիք մը:

Հրայր ապրեցաւ ու հասակ առաւ Պուրճ Համուտի մէջ. ամբողջ մանկութիւն մը, պատանեկութիւն մը եւ երիտասարդութեան մէկ բաժինը անցուց այստեղ: Այս իրողութիւնը, իր բառերով, արտայայտեց այսպէս. «Հոսկէ եղած է իմ մուտքը թատրոնի աշխարհ, այստեղ առաջին անգամ ըլլալով մաս կազմեցի հայկական երգչախումբի, Պուրճ Համուտի մէջ սիրահարուեցայ, ուրախացայ եւ կիսեցի նեղութիւնս շատերու հետ»:

Ան հօրը հետ տարիներ շարունակ քննարկած է Պուրճ Համուտին նուիրուած պատմական յիշողութիւններ ընդգրկող վաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութիւնը: Սովորութիւն էր իրեն համար հօր հետ Պուրճ Համուտի թաղերուն եւ շուկաներուն մէջ պատահած դէպքերու մասին ասուլիս կատարելը: Շրջապատի ընկերներ եւ բարեկամներ յաճախ կը պատմեն տարօրինակ ու իւրայատուկ արկածներ, յատկանշական դէպքեր, ծիծաղելի եւ հետաքրքրաշարժ դրուագներ` Պուրճ Համուտի այս կամ այն ծայրէն: «Անդրադարձայ, որ ժապաւէնիս ոճը հարազատ պահելու լաւագոյն ձեւը լսողական ձեւն էր. մարդիկ խօսէին, եւ ես լսէի», այսպէս նշեց ան:

2022-ի երկրորդ կիսուն Հրայր երկու շաբաթով Լիբանան եկաւ այս աշխատանքին համար նկարահանումներ կատարելու, այդ աշխատանքին նաեւ իր օժանդակութիւնը ցուցաբերեց Հերմինէն` իր գործակիցը:

Դիւրին չէր այդ ժամանակ աշխատանք տանիլը, շրջանին մէջ ելեկտրականութեան սահմանափակուած ժամերը կը դժուարացնէին սարքերու տեղափոխումը, օգտագործումը, բայց ըստ իրեն` «Այդ բոլորը հաճելի էին, որովհետեւ ձեւով մը իմ ալ կեանքս էր. ապրած եմ այդ բոլորը»:

Ժապաւէնէն կարճ տեսերիզներ տեղադրուած են հարթակի ինսթակրամի եւ Դիմատետրի էջերուն վրայ, ուր կ՛երեւին մասնակից դէմքերը: Իսկ ժապաւէնի ամբողջական տեւողութիւնը մօտաւոր քսան վայրկեանի կը հասնի: Ժապաւէնը կոչուած է «Հայկական ոստան»:

«Ժապաւէնի անուան ներշնչումը Զոհրապ Եագուպեանի «Պուրճ Համուտ 78» թատերախաղի երգն էր, որուն վերջին տողն էր` «Ապրի՛ր Պուրճ Համուտ, հայկական ոստան» կոչը», ըսաւ Հրայր զրոյցին ընթացքին եւ նշեց, որ ժապաւէնին դէմքերէն մէկն է նաեւ ի՛նք` որպէս ներկայացուցիչ սերունդի մը, որ միշտ չէ, որ համակարծիք է իր նախորդող սերունդին:

Պատմեց, որ դիւրահաղորդ շրջապատ մըն էր իրը: Այդ մարդիկ շուտով ընդառաջեցին զիրենք նկարահանելու առաջարկին, որովհետեւ անոնց ներկայացնելիքը սրտի մօտ է եւ իրենց յիշողութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ:

Դժուար էր այդ մարդոց ներկայ պայմաններու մասին խօսիլ տալը, որովհետեւ անոնք շատ հաւանաբար պիտի նշէին իրենց տարրական ու կենսական դժուարութիւնները, առօրեայ հոգերը, սակայն երբ խօսքը ըլլար տարածաշրջանի, կամ մանկական-պատանեկան յիշողութիւններու մասին, արտայայտուիլն ու պատումներ կատարելը աւելի դիւրին, հաճելի ու հեզասահ պիտի ընթանար:

Իր կարծիքով, այս պատմութիւնները կը պատկանին սերունդի մը` պուրճհամուտեան այն շերտին, որ յաճախ իր ներկան կ՛ապրի անցեալը յիշելով:

«Նպատակս պատմական գործ մը բերել էր, սակայն, ոչ հեռու անցեալէն, խոր կամ գոյութենական բովանդակութեամբ, այլ` անհատական պատմութիւններ, որոնցմով նաեւ կը ներկայանայ Պուրճ Համուտը հանրութեան կամ իր բնակիչներուն»:

Անոր նպատակը սիրած գործը, պատմութիւն մը եւ բանաւոր յիշողութիւն մը բաժնել էր, զայն արխիւացնելն ու պահելը, սակայն ի յայտ եկաւ, որ Պուրճ Համուտի մօտէն եւ հեռուէն առնչուած մարդիկ հարազատութեան եւ կարօտի զգացումներով սկսան տարուիլ: Եւ այդ մասնակցութիւնն ու ապրումակցումը կարօտաբաղձութեան տարազը հագցուցին վիտէոներուն:

«Երկուութիւն մը կար հետեւողներուն մէջ: Մարդիկ գիտէին, որ խօսուածին մեծ մասը այսօր գոյութիւն չունի: Անոնք կ՛ափսոսային: Սակայն ուրիշներ յիշեցին, որ այս պատմութիւններուն վրայ հիմնուած Պուրճ Համուտ մը կայ: Եւ դէպքերն ու վայրերը այսօր եթէ չկան, այդ մարդիկ կան սակայն»:

Ըստ իրեն, վաւերագրական այս ժապաւէնի յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը անոր նիւթն էր` Պուրճ Համուտը: Այլ շրջանի մը պարագան այսքան տարածում եւ ժողովրդականութիւն թերեւս չվայելէր, որովհետեւ նաեւ այն մարդիկ, որոնք Լիբանան չեն գտնուած կամ լիբանանահայութեան հետ շփում չեն ունեցած, գաղութը միշտ ալ տեսած են Պուրճ Համուտի ոսպնեակէն:

Անձնական դիտանկիւններէ կը ներկայանայ ժապաւէնը, եւ հետաքրքրականութիւնը նիւթին եւ քաշողականութեան գաղտնիքը անոր այդ պարագային մէջ իսկ կը գոյանայ: Այդ մարդիկ բոլորն ալ սինեմա գացեր են, թատերախաղի մը ներկայ գտնուած են, Արաքսի թաղերէն անցեր են, կամ հոն ապրած են: Ոմանք այլ ծրագիրներ ունենալով հանդերձ, հոս հասնելով` հաստատուած են:

Որպէս վերջին հարցում` Հրայրէն խնդրեցի նկարագրել Պուրճ Համուտը իր բառերով ճիշդ այնպէս, ինչպէս պիտի ներկայացնէր մէկու մը, որ ոչ մէկ գաղափար ունի անոր մասին:

Պահ մը տատամսելէ եւ խորհելէ ետք սկսաւ խօսիլ. «Դիւրին է նման հարցումի ժամանակ ուղղակի կարծրատիպի մէջ մտնելը եւ հարազատ չգտնուիլը: Սա միայն հագուստեղէնի եւ ուտեստեղէնի, կամ ոսկերիչներուն շրջանը չէ: Այստեղ ամբողջ կեանք մը կայ ապրուած: Այլ խօսքով, ինքնին աշխարհ մըն է ինքնաբաւ, որ նոյնիսկ եթէ դուրս չելլես հոնկէ, կրնաս գոյատեւել: Հոն ամէն ինչ ու ոք ունիս: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Շահանդուխտ ժապաւէնին մէջ տեղ մը ըսաւ. «Հոս ծնած եմ, հոս ապրած եմ, կարծեմ հոս ալ պիտի մեռնիմ»: Պուրճ Համուտէն դուրս չելլելով` կարծես շատ բան չես կորսնցներ»:

Ան այսպէս ամփոփեց իր խօսքը. «Այս ժապաւէնը իրականութեան մէջ ինծի եւ հօրս գոհացում տալու նպատակին պիտի ծառայէր. մեր կեանքը պահ մը վերաքաղելու, տեղ մը պահելու փորձառութիւն մը պիտի ըլլար: Յաճախ մէկու մը անդարձ մեկնումէն ետք է, որ կը մտածեմ, թէ կարելի էր անկէ բան մը քաղել ու պահել, եւ այդ մարդիկ միշտ ալ իրենց հետ պատմութեան մէկ մասնիկ մը անդարձ կը տանին: Տխուր իրականութիւն մըն է այս մէկը, սակայն ազդանշան մըն է, որ քեզ կը մղէ ստեղծագործելու: Այս բոլորին զուգահեռ, սակայն, մեծ ուրախութիւն է ինծի համար, որ ուրիշներ ալ սիրեցին այս գործը: Աշխատանք մը ասկէ աւելի իր նպատակին չի կրնար ծառայել»:

Հրայրին նպատակը իր վաւերագրական ժապաւէնը եւրոպական եւ ամերիկեան փառատօներու հասնցնել է, ուր մարդոց համար փոքրամասնութիւններու, վտանգուած մշակոյթներու եւ լեզուներու նիւթը հետաքրքրաշարժ է եւ տեղ ունի պահուած:

***

Զրոյցը աւարտած էր, բայց Եուսուֆը` սրճեփը, ետեւի սեղանը նստած` տակաւին չէր կրցած խօսակիցին քիթը իր գործին մէջէն հանել:

Իրենց ձայները մեղմացան մեր հեռանալով, իսկ մենք կարճ շրջապտոյտ մը կատարեցինք Արաքսէն Պուրճ Համուտի հրապարակ` Զաւէնին խանութը որպէս կայարան ընտրելով, ուր նոր դրուագ մը ինծի կը սպասէր Պուրճ Համուստի մասին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

«Զաւարեան Մատենաշար»-ի Վեց Նոր Հատորներու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?