ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գահիրէի մէջ 2024-ին լոյս տեսաւ «Գրախօսականներ եւ անդրադարձներ Պերճ Թերզեանի գիրքերուն մասին եւ իրեն հետ եղած հարցազրոյցներ» գիրքը, բաղկացած` 278 էջերէ:
«Եգիպտահայ հայեացքներ» (արաբերէն) գրութեան մէջ գիրքը ներկայացնելով` դոկտ. Մոհամէտ Ռէֆաաթ Իմամ կ՛ըսէ, որ հեղինակը` Պերճ Թերզեան, իր անձնական դիտանկիւնէն մեկնելով ունի միաձուլուած յատկանիշներ, որոնք իրենց դրոշմը տարածած են հրատարակուած յօդուածներուն վրայ:
Պարոյր Աղպաշեան կը նշէ, որ Թերզեան իր գրութիւններուն տուած է ինքնատպութիւն մը` հեռու հրապարակագրական մակերեսայնութենէ, միշտ մնալով անաչառութեան սահմաններուն մէջ:
Գէորգ Եազրճեանի կարծիքով հեղինակը յաջողած է արաբ ընթերցողը համոզել հայկական հարցի արդարացիութեան:
Թորոս Թորանեան դիտել կու տայ, որ հայու տառապանքն ու յաջողութիւնները արաբ ընթերցողին պատշաճօրէն ներկայացնելը Թերզեանի աւագ մտածումն է:
Փրոֆ. Գէորգ Պ. Պարտաքճեան կը գրէ, որ հատորը խիստ նշանակալից է, բազմաթիւ առումներով` ուղի հարթող ճիգ է: Հայոց ցեղասպանութիւնը, Արցախը եւ հայ-արաբական յարաբերութիւնները հանգամանալից կերպով քննարկուած են:
Անդրանիկ Տագէսեան կը նշէ, որ գիրքը կը ներկայացնէ հայկական ըմբռնումը եւ մեկնաբանութիւնը հայկական եւ ոչ հայկական հարցերու մասին, նաեւ կը գծէ հայուն, մանաւանդ եգիպտահայուն դիմանկարը:
«Յետադարձ անդրադարձ» գիրքին մասին դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան կը վկայէ, որ ժողովածուի նիւթը շատ ընդգրկուն է: Յօդուածներուն մեծ մասը նուիրուած են եգիպտահայ կեանքի բոլոր խնդիրներուն: Մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ համահայկական հարցերը:
Երուանդ Ազատեան եւ համաձայն, գիրքին հիմնական թեմաներէն մէկը Հայ դատն է, որ տրուած է բազմաթիւ երեսներով ու պատմական խորքով:
Երան Գույումճեան կը յայտնէ, որ Թերզեանի մտահոգութեանց գլխաւոր առանցքը յայտնապէս հայ վարժարաններն են, որպէսզի անոնք մնան հայապահպանման ու հայակերտման դարբնոցներ:
Վարդի Քէշիշեան դիտել կու տայ, որ հատորը իր ամբողջութեան մէջ կը ցոլացնէ հողէն կտրուած սփիւռքի մարդուն աշխարհընկալման, բարոյահոգեբանական չափանիշները:
«Արեւ»-ի արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածին մասին դոկտ. Ալբերտ Խառատեան կը նշէ, որ ուսանելի պէտք է համարել Թերզեանի արաբերէն յաւելուածի բովանդակային կողմի, ամսօրեայի լրագրողական քաղաքականութեան հիմնահարցը:
Տարբեր առիթներով տրուած հարցազրոյցներու ընթացքին Պերճ Թերզեան կ՛ըսէ, որ եգիպտահայ գաղութը արտասահմանի հնագոյն եւ կազմակերպուած գաղութներէն է: Հայութիւնը պետութեան կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ կրօնական համայնք: Բազմաթիւ հայեր ստանձնած ու վարած են կարեւոր պաշտօնններ:
Եգիպտահայ գաղութը իր մտաւորական, տնտեսական եւ թուական բարձրակէտերը հասած էր Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, որմէ ետք դէպի Հայրենիք ներգաղթը, 1952-ի Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը եւ տնտեսութեան ազգայնացումը պատճառ դարձան եգիպտահայութեան արտագաղթին:
Պերճ Թերզեան կը նշէ նաեւ, որ երիտասարդութիւնը հայրենիքին կապելը հարկ է, որ ունենայ համազգային առաջնահերթութիւն: