Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշուայ Բերդի Պարիսպին Դիմաց… (9 Մայիս 1992)

May 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ        

Երեսուներկու տարի առաջ, ճիշդ այս օրին, հայ ազատամարտիկի մտքին ու բազուկին, կամքին ու ռազմական հանճարին մէկ փայլուն արտայայտութիւնը լոյսին կու գար, երբ Քարինտակ գիւղէն դէպի վեր, ցից ժայռերը մագլցելով` հայ ֆետային անակնկալի կը բերէր թուրք-ազերի ստահակները եւ մուտք կը գործէր Շուշիի բերդ:

Օրին Արցախի զինուորական հրամանատարութիւնը թէեւ ծրագրած էր երեք ուղղութեամբ յարձակում գործել ու բարձրանալ Շուշի, այդուհանդերձ, Քարինտակէն դէպի Շուշուայ բերդ հասնելու եւ թշնամին թիկունքէն հարուածելու արարքը խորքին մէջ ուժգին հարուած մըն էր, որ կը տրուէր բուռ մը ազատամարտիկներու կողմէ:

Փաստօրէն, հերոսածին տղաները յանձն առած էին ամէն դժուարութիւն ու զոհողութիւն, այլապէս զինուորական գործողութեան առընթեր ցոյց տալու նաեւ տոկունութեան, վճռակամութեան եւ անկոտրում կամքի արժանիքներ, հասնելու սրբազան լերան գագաթին, Եռագոյնը ծածանելու Շուշիի բերդի պարիսպին վրայ, ու այդ հրաշալի բարձունքէն հայոց յաղթանակին լուրը արձագանգելու:

Հայրենի ցից լեռները մագլցած հայ ֆետայիներու խումբին հրամանատարը, որ ճանչցուած էր իր եզակի քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ, պահիկ մը, հանգչելէ ետք պարիսպին վրայ, իր սուր հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի հանդիպակաց լեռնաշխարհը, հպարտութեան եւ ուրախութեան արցունքը աչքերուն` կ՛ուխտէ նահատակ տղոց յիշատակը վառ պահել ու Շուշին անպաշտպան չթողնել այնքան ատեն որ կը շնչէ ու կ՛ապրի հայրենի հողին վրայ:

Քանի մը օր ետք լրագրողներ հարց կու տան հրամանատարին, թէ ինչպէ՞ս կրցած էին հասնիլ պարիսպի գագաթին ու ազատագրել բերդը, ան, ժպիտը դէմքին կը պատասխանէ. «Փա՜ռք Աստուծոյ, տղաք շատ լաւ կռուեցան»:

Ժամանակակից հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն արձանագրուած նման սխրանքի ու ազնուասիրտ հրամանատարի մը դրուագը ապացոյց է հայ մարդու տեսակի գերազանց մեծութեան, անսահման նուիրումին եւ հայրենասիրութեան:

Հրամանատարի մը ցոյց տուած նմանօրինակ համեստութիւնը բացառապէս հայ ազատամարտիկի անխառն հոգեկերտուածքին եւ ժուժկալ կերպարին փայլքն է, որ լոյսին կու գայ իր ոգեշնչող ներկայութեամբ եւ դաստիարակիչ ընկալումով:

Այդ հրամանատարին անունն էր` Բեկոր (Աշոտ Ղուլեան):

Այո՛, հրամանատար մը, որ արցախեան պատերազմի (1988-1994) տարիներուն, մինչեւ իր նահատակութիւնը, ան կը մասնակցի գրեթէ բոլոր ճակատամարտերուն եւ յաղթանակի դրօշը պարզած` ահ ու սարսափի կը մատնէ թշնամի հորդաներ:

Անզուգական Բեկոր, աւելի քան տասնմէկ անգամ վիրաւորուելէ ետք, կրկին կը վերադառնար մարտի դաշտ, դեռ բուժման մէջ գտնուելով հանդերձ, սպիները մարմնին վրայ ու հայրենիքը ազատագրելու կրակով խանդավառուած:

Այսօր Բեկորի ու իր ընկերներուն ազատագրած Շուշին բռնագրաւուած կամ ալ դաւադրաբար յանձնուած է թշնամի ազերիին: Հայոց թագուհի չքնաղ Շուշին, որ երեսուն տարի շարունակ ազատութիւն եւ անկախութիւն շնչած էր, այսօր գերի է ինկած թուրք հորդաներու ձեռքին: Երբեմնի հայոց լոյսի եւ յոյսի մայրաքաղաքը լո՜ւռ կը տանի իրեն վիճակուած գերեվարութիւնը եւ արտասուքը աչքերուն` կը սպասէ իր տէրերուն, որոնք, դժբախտաբար, պէս-պէս պայմաններու բերումով լքեցին զինք ու հեռացան, թուրքի երախին ձգելով աշխարհի գեղեցկագոյն բնութիւնը ունեցող բերդաքաղաքը, որուն պարիսպներուն դիմաց մերօրեայ հայ ազատամարտիկները եարխուշտա պարեցին ու հայրենատիրութեան իրենց ուխտը նորոգեցին:

Աւելի՛ն. արցախեան ազատագրական պայքարը դեռ իր լրումին չէր հասած, արդէն Շուշիի ազատագրումով` ամբողջ հայութիւնը կը տօնէր իր յաղթանակը, ցոյց տալով իր մարտունակութեան փայլքը, ոգեկան ուժը եւ հայրենի հող ազատագրելու վճռակամութիւնը:

Ճիշդ է, որ հայ գրիչն ու արուեստագէտը տարիներ շարունակ գրեց ու երգեց Շուշիի յաղթանակը: Տօնախմբութիւններ անպակաս էին մշակոյթի մայրաքաղաք Շուշիի բարձունքին, հայն ու օտարը կը սքանչանային ի տես անոր հրաշք բնութեան, ահա այսօր մելամաղձոտ ու «տժգոյն» է, ոչ թէ անոր համար որ այդպէս ուզեցին տեսնել մեր օրերու պետական այրերը, այլ անոր համար որ Հայաստանի բաբախող սիրտն է եղած Շուշին, հայոց ռազմավարական մտքին վաւերական փայլքը, ամբողջ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքը, մեր պետականութեան սահմաններուն անառիկութիւնը պահող բարձունքը, ազգային կողմնացոյցը` Արարատին հասնելու եւ անփոխարինելի կռուանը` հայութեան լինելութեան:

Կը հաւատանք, որ Շուշին պիտի մնայ մեր երազներուն թագուհին, ազգային  ապրումներու շնչերակը, ներազգային կեանքի ախտաւոր երեւոյթները խարազանող քրմապետը, հաւաքական կեանքին ուժ եւ կորով յանձանձող ամենավճիտ աղբիւրը:

Ո՛չ, Շուշին մեզ չի մեղադրեր, ի լրումն մեր տխեղծ եւ ամօթալի վերաբերումին, այլ անիկա փարոս է ինքնամեղադրանքի եւ հրաւէր` զգաստութեան:

 

Նախորդը

գաղութէ գաղութ

Յաջորդը

Անդրադարձ-Յուշեր. «Ի Վերջոյ Թուրքը Թո՛ւրք Է` Արիւնարբու, Անբարեկարգելի Ու Վրէժխնդիր, Չի Փոխուիր», Կը Հաստատէ Հարպորտ 1919-ի Իր Տեղեկագիրին Մէջ. Հայրս Իր Յուշերուն Մէջ Կը Վկայէ Այս Վարքագիծը` 1937-ին, Թել Ապիատ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.