Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ-Յուշեր. «Ի Վերջոյ Թուրքը Թո՛ւրք Է` Արիւնարբու, Անբարեկարգելի Ու Վրէժխնդիր, Չի Փոխուիր», Կը Հաստատէ Հարպորտ 1919-ի Իր Տեղեկագիրին Մէջ. Հայրս Իր Յուշերուն Մէջ Կը Վկայէ Այս Վարքագիծը` 1937-ին, Թել Ապիատ

Մայիս 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հօրս` Գրիգոր Չէքիճեանին յուշերէն կ՛ամփոփեմ 1937-ին պատահած, Թել Ապիատի շոգեկառքի կայանէն սկսած եւ շոգեկառքին մէջ պատահած այս դրուագը, որ կը բացայայտէ «զարգացած» թուրք երիտասարդներուն օր ցերեկով, առանց ամչնալու, օտարներու առջեւ նոր հարսի մը սեռային ոտնձգութիւն կատարելը եւ` անոր համար ալ մրցակցիլը… Այսպէս կը սկսի յուշագրութիւնը.

1. Թել Ապիատ` Թուրքիա-Սուրիա սահմանին, Հալէպ, Իսկենտերուն` Ալեքսանտրեթ, Ռաքքա, Այնթապ, Քիլիս, Տէօրթեօլ, Քրքխան եւ Անտիոք:

«Բախտս բերաւ, որ 1937-ին Սուրիոյ Ռաքքա նահանգին Թել Ապիատ հայկական գիւղը հաստատուիմ, ամերիկեան «պալեա»` գործածուած հագուստի գործով զբաղելու համար: Շրջանին մէջ այսպիսի առաջին խանութն էր, եւ առաջին իսկ օրէն մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, աւանին բոլոր վաճառականներն ու երեւելիները խանութս այցելեցին, որոնց մէջ` համակրելի դիմագիծով երիտասարդ մը, որ ինքզինք ծանօթացուց իբրեւ գիւղին մէջ կեդրոն ունեցող քոմանտան տարմին (ֆրանսական հոգատարութեան շրջանային զինուորական հրամանատար*) քարտուղարը:

«Սկիզբէն ան իմացուց, որ գիւղին կլիման վատառողջ է եւ` մալարիայով վարակուած: Ապա յայտնեց, որ գիւղին մէջ կային շուրջ 200 ընտանիք հայեր, 15 ընտանիք հայախօս ասորիներ եւ 15 ընտանիք ալ սիւննի իսլամներ, բոլորն ալ` նահապետական աւանդութիւններով հին սերունդին պատկանող: Ուրեմն իսկապէս հայկակա՛ն գիւղ էր: «Ճգնաւորի մը նման կ՛ապրիմ, ցերեկին նոյնիսկ պառաւի մը չես հանդիպիր, գիւղացիները արեւուն հետ գործի կը վազեն եւ մայրամուտին իրենց տուներուն մէջ կը բանտարկուին: Ոչ մէկ ընկերային կեանք կայ իմ եւ քեզի նման օտարներուն համար: Վստահ եմ, որ եթէ գիտնայիր, այստեղ չէիր հաստատուեր», ըսաւ` յայտնելով, որ ինք ծագումով յոյն է Իսկենտերուն` Ալեքսանտրեթ ծնած: Հայրս անոր անունը չի նշեր, ուստի Խրիսթօ կոչենք զայն:

Գաղափար կազմելու համար կը մէջբերեմ նո՛յն տարուան գիւղի հայութեան մասին Յակոբ Չոլաքեանի* «Թել Ապիատ… Ջաղացքը գացեր էր, չախչախն ալ պիտի երթար» յօդուածէն հետեւեալը (1). «… Ըստ Բերիոյ թեմի վիճակագրութեանց, 1938-ին ունի 412, 1943-ին 412 անձ առաքելական հայութիւն: Հայրենադարձութեան պատճառով հայ բնակչութիւնը կը նօսրանայ, ու հետզհետէ կ’աւելնան քիւրտերը, արաբներն ու թուրքմենները: Այսուհանդերձ, քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ չեն լքեր գիւղը:… Թել Ապիատի Ազգ. Խորէնեան վարժարանը հիմնուած է 1925-ին, լրիւ նախակրթարան է. ունի մանկապարտէզ. 1936-1937 տարեշրջանին ունի 100 աշակերտ-աշակերտուհի…»:

3. Թել Ապիատի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբ մը, տարին նշուած չէ: 4. Թել Ապիատի շուկան այժմ:

ՀՄԸՄ-ի պատմութենէն` «Թել Ապիատի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը* հիմնուած է 1932-ին, իսկ 1942-ին նոր թափով վերսկսած է գործունէութիւնը: Ունեցած է ֆութպոլի զոյգ խումբեր, վոլէյպոլի խումբ մը եւ սկաուտական կազմ: Մասնաճիւղը իր կենսունակ գործունէութեամբ մինչեւ 1961 պահած է իր սեփական ակումբը» (2):

Հայրս կը շարունակէ. «Քանի որ ինծի տարեկից էր եւ համակրելի, այդ գիշեր ընթրիքի հրաւիրեցի զինք` յայտնելով, որ միասնաբար կրնանք մեր այստեղի կեանքը զուարճալի դարձնել: Իբրեւ այնթապցի` սմբուկով եւ կծու պղպեղով ձաւարով լիցք պատրաստեցի, եւ շիշ մըն ալ գինիով ախորժակով ընթրեցինք: Սենեակիս մէջ մանտոլինս նկատելով, Խրիսթօ տեղէն ցատկեց ու մանտոլինը ինծի տալով` խնդրեց, որ նուագեմ, յայտնելով, որ ինք մանտոլինը շատ կը սիրէր: Նուագել սկսայ յունական ազգային քայլերգով: Զարմացած` ան խանդավառութեամբ երգեց քայլերգը, ապա սկսայ յունարէն սիրային երգեր նուագել: Ուղղակի շշմած` ընդհատեց նուագս եւ հարցուց. «Դուն ուրկէ՞ սորված ես այս երգերը, որ յոյն նուագողի մը զգացումով կը նուագես»:

«Բարեկա՛մ, ես հինգ տարի Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանը ծերունի մեծահարուստ ամոլի մը տան մէջ սենեակ մը վարձած էի եւ հոն ալ ոսկերչութիւն կ՛աշխատէի: Մեր վերի յարկը անուանի յոյն նուագախումբ մը կը բնակէր, երկու եղբայր եւ երկու քոյր` իրենց կիներով եւ ամուսիններով, բոլորը` նուագող եւ պարող: Ամէն օր, կէս գիշերէն ետք, երբ խմած ու գլուխնին տաքցած տուն վերադառնային, միաբերան յոյն ազգային քայլերգէն սկսելով` սիրային ու գեղջկական երգեր կ՛երգէին ու կը նուագէին, ապա պարի եղանակներով մինչեւ արշալոյս կը զուարճանային:

«Այնքա՛ն սիրեցի յունական երաժշտութիւնը, որ բացի ձմեռէն, ամէն գիշեր գետնայարկ սենեակէս դուրս, բակի աւազանին մօտ կը նստէի ու անոնց երաժշտութիւնը կ՛ունկնդրէի: Իսկ ցերեկին, գործէն դադարի պահերուս մանտոլինով կը փորձէի նուագել այն, ինչ որ լսած էի գիշերը: Օր մը, յետմիջօրէին, երբ սկսայ նուագել գիշերը լսած նոր եղանակ մը, որ երկու մաս ունէր, չկրցայ երկրորդ մասը յիշել, եւ երբ քանի մը անգամ կրկնեցի առաջին մասը, վերի յարկէն տիկիններէն մէկը սուլելով երկրորդ մասը ինծի յուշեց: Այսպիսով, երկու տարիէն աւելի գլխուս մէջ յունական երաժշտութենէն մեծ պաշար ամբարեցի:

«Պարի եղանակներով շարունակեցի նուագել, եւ Խրիսթոն աշխուժով պարեց: Աւարտին Խրիսթոն ըսաւ. «Գրիգո՛ր, այս գիշեր ճգնաւորի կեանքէս նոր աշխարհ մը փոխադրեցիր զիս, կը խնդրեմ, որ եթէ ընդունիս, այս կերուխումը ամէն օր կրկնենք, փոխնիփոխ, օր մը ե՛ս ճաշը կը պատրաստեմ, օր մըն ալ դո՛ւն, սակայն` քու տանդ մէջ, քանի որ պաշտօնիս պատճառով անյարմար է տանս մէջ ամէն գիշեր երաժշտութիւն նուագել: Այսպիսով, մեր մտերմութիւնը զարգացաւ, եւ այս բարեկամութիւնը շարունակեցինք:

«1938-ին Ֆրանսան անակնկալօրէն Կիլիկիոյ Իսկենտերուն նահանգը, որ Սուրիոյ մէջ էր, Թուրքիոյ նուիրեց (խարդախուած հանրաքուէով*)… Մեր գիւղէն հազիւ մէկ քիլոմեթր հեռու կը գտնուէր երկաթուղիի կայարանը, որ թէեւ Սուրիոյ մէջ էր, սակայն Թուրքիոյ հսկողութեան յանձնուած էր: Այս առիթով կայանին թուրք զինուորներն ու պաշտօնեաները գիշեր ցերեկ տհոլ-զուռնայով եւ հրավառութեամբ քէյֆ կ՛ընէին: Իսկ մենք` վերապրող հայերս, կը սգայինք Իսկենտերունի յանձնումը թուրքերուն, այն համոզումով, որ շրջանին հայերը, որ 1919-ին վերադարձած ու վերականգնած էր իրենց տուները, պարտէզները եւ ասպարէզները, ճեպել մուսացի քաջարի ժողովուրդին նման, Անտիոքի, Քրքխանի, Աթըքի, Պէյլանի, Սողուք Օլուքի եւ այլ հայկական գիւղերը վերստին պիտի պարպուէին հայութենէն:

«Մեր բարեկամ կարծած «ասպետական» Ֆրանսան, որ 1921-ին Կիլիկիայէն նոյնպէս անակնկալօրէն հեռացաւ եւ պատճառ դարձաւ իրենց հայրենի հողը վերադարձած հայերուն քանիերորդ ջարդին ու տեղահանութեան:

«Այդ օրերուն գործով Հալէպ պէտք էր երթայի, իսկ Խրիսթոն` Իսկենտերուն: Ինք շոգեկառքով կ՛ուզէր ճամբորդել, սակայն ես, որպէսզի թուրքերուն ուրախութիւնը չտեսնէի, ինքնաշարժով: Շոգեկառքը կէս գիշերին կը հասնէր մեր կայարանը: Խրիսթոն կը խնդրէր, որ շոգեկառքով միասին ճամբորդէինք, մանտոլինս ալ` հետս առած, որ ուրախ ուղեւորութիւն մը ունենայինք: Երբ իմ թուրքերուն դէմ հաստատ կեցուածքս տեսաւ, ի զուր ջանաց համոզել, որ թուրքը նախկին վայրագ ազգը չէ, եւ թէ` Մուսթաֆա Քեմալը ուսեալ ու կրթեալ, «ազնուացած» նոր սերունդ մը մէջտեղ բերած է, որոնց հետ դուք` հայերդ, կրնաք լեզու գտնել եւ եղբայրաբար ապրիլ միասին եւ այլն, եւ այլն:

«Մեր շուրջ տարուան մը բարեկամութեան սիրոյն ի վերջոյ ընդունեցի, սակայն լրջօրէն իրեն ըսի. «Ես արհեստով ոսկերիչ եմ, եւ եթէ պատահի, որ քեզի պէս բարեկամ մը ոսկեզօծ եղած զարդեղէն մը բերէ ինծի` իբրեւ ոսկի ծախելու, զինք համոզելու համար, որ կեղծ է, փորձաքարի կը քսեմ զայն եւ քովը` իրական ոսկի, ապա թթու մը քսելով, իսկոյն կեղծին հետքը կ՛անհետանայ եւ կը մնայ ոսկիինը: Մեր` հայերուս, դարաւոր փորձառութիւնը սորվեցուցած է, որ թուրք ազգը չ՛ազնուանար: Նաեւ հետեւեալ օրինակը տուի անոր.

«Ժամանակին երկու գիտնականներ կը վիճէին, թէ կրթութիւնը ամէն ինչ կը փոխէ, իսկ երկրորդը կը պնդէր, որ ծագումը չի փոխուիր, եւ որուն իր տունը սուրճի կը հրաւիրէ առաջինը, որ «կրթուած» կապիկ սպասաւոր մը ունէր եւ իր տիրոջ զանազան հրամանները լաւագոյնս կը կատարէր: Երբ որ կապիկը խոհանոցէն սուրճը կը բերէր, հիւրը գրպանէն ափ մը կաղին հանելով` կապիկին առջեւ կը թափէ: Իսկոյն կապիկը սուրճը ափսէով միասին մէկդի կը շպրտէ ու կաղինները հաւաքելով` կը սկսի ուտել:

«Հետեւաբար ծագումը կարեւո՛ր է, բարեկա՛մ: Թուրքին ալ, երբ առիթը ներկայանայ ջարդելու, թալանելու եւ քանդելու, Մուսթաֆա Քեմալին «սորվեցուցածը» իսկոյն կը մոռնայ: Մեր փորձառութիւնը ա՛յս սորվեցուցած է մեզի: Մեր բարեկամութեան սիրոյն կ՛ընկերանամ քեզի, սակայն` առանց մանտոլինի: … Երբ կայարան մտանք, իսկապէ՛ս թրքական տօնախմբութիւն էր այնտեղ, չորսդին թուրք զինուորներ, սպաներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կը վխտային, որոնք տեսնելով Խրիսթոն, որ շուրջ 900 քմ Սուրիա-Թուրքիա սահմանապահ ֆրանսական բանակի հրամանատարին քարտուղարն էր, փութացին իր մօտ եւ բարեւի կենալով` իրենց յարգանքը յայտնեցին: Խրիսթոն ի՛նք կը վարէր սահմանային վէճերու հարցերը եւ իր այդ բարձր պաշտօնին գիտակից` թուրքերուն վրայ ինքզինք պարտադրող կեցուածք ու նկարագիր ունէր: Երբ շոգեկառքը հասաւ, թուրք սպայ մը իր  տասնապետին հրամայեց. «Օսմա՛ն, մեր յարգելի բարեկամը Հալէպ պիտի ճամբորդէ, դուն իրեն պիտի ընկերանաս եւ ի՛նչ որ հրամայէ, պիտի կատարես», Օսման բարեւի կեցաւ բարեկամիս դիմաց եւ «Հրամանիդ տակն եմ, էֆենտիմ», ըսաւ:

«Մեր շուրջ սպասող մեծաթիւ ճամբորդները, որոնք յայտնապէս թուրքեր էին, բոլորը միօրինակ, մաքուր զգեստով երեսուն տարիքի շուրջ երիտասարդներ էին: Երբ շոգեկառքը կանգնեցաւ, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց հարս ու փեսայ զոյգ մը, որ պիտի իջնէր: Չիջած` հարսը քննական ակնարկով ներկաները դիտեց, եւ երբ աչքերուս հանդիպեցաւ. «Այս երիտասարդը հայ է, անոր նստելիք խցիկին մէջ նստինք», ըսաւ ամուսինին եւ ձեռքէն քաշելով` քովս եկան յուզումի մատնելով զիս: Ես խարտեաշ եւ կապոյտ աչքերով, սովորական հայու մը տեսքը չունէի, ինչպէ՞ս մէկ նայուածքով հայ ըլլալս գիտցաւ…

«Այդ պահուն, երիտասարդներէն խումբ մը հարսին կողմը ուղղուեցաւ, անոնցմէ մէկը գէշ նպատակով փորձեց հարսին ետին անցնիլ. անդին հրեցի զինք, եւ ես անցայ հարսին ետին` միջոց մը պահելով թուրքերէն: Այս պահուն Օսմանը վազեց դէպի յաջորդ վակոնը եւ մէկը չմօտենայ` հրահանգելով, եւ  խօսքը ուղղելով Խրիսթոյին` ըսաւ. «Հոս հրամեցէք, էֆենտիմ», ըսաւ: Խրիսթոն դէպի այդ կողմ ուղղուեցաւ, ես ալ զգալի շարժումով մը հասկցուցի նորապսակ զոյգին, որ առջեւէս քալեն: Օսմանը զիս ալ կանչեց, սակայն դանդաղելով` հասկցուցի, որ հարս ու փեսան ինձմէ առաջ թող ելլեն, որ ընդունեց: Երբ փեսան հարսին ձեռքէն բռնելով` վեր պիտի հանէր հարսը, երիտասարդ մը սպրդելով քովէս, հրմշտուքով առջեւս անցաւ ու երկու ափերով հարսին յետոյքը սեղմելով` վեր հրեց: Ահաբեկուած` հարսը տեսաւ թուրքը, ու ես հարսին ետեւէն բարձրացայ:

«Օսմանը դատարկ խցիկ մը գտնելով` հոս հրամեցէք ըսաւ մեզի: Նախ Խրիսթոն մտաւ` գրաւելով դէպի առջեւ նայող անկիւնը, ես ալ առիթ տուի, որ հարս ու փեսան ինձմէ առաջ մտնեն, որպէսզի դիմացի անկիւնը գրաւեն, ես ալ Խրիսթոյին քով նստայ: Երբ փեսան հարսը Խրիսթոյին դիմացի անկիւնը պիտի նստեցնէր, ակնթարթի մը մէջ թուրք երիտասարդ մը հարսին թեւէն բռնելով, իր կողմը քաշեց` փեսան անկիւն հրելով, ինքն ալ հարսին քով բազմեցաւ: Հինգ անձի նստարանին` անոր քով երկու երիտասարդ եւս տեղ գրաւեցին, իմ քովս ալ` երեք: Օսմանը դրան մէջտեղ կայնած` փակեց մուտքը:

«Երբ շոգեկառքը յառաջանալու սկսաւ, հարսին քովի երիտասարդը սկսաւ հարսին ձեռք նետել, թեւը սեղմել, կոնքն ու սրունքը շոյել, դէմքը դէմքին մօտեցնել, եւ այլն եւ միւս երիտասարդներն ալ փողոցային լկտի ու լիրբ արտայայտութիւններով կը չարչրկէին զոյգը: Յանկարծ քովս նստող թուրքը ոտքի ցատկեց եւ հարսին քովի թուրքը փորձեց տեղէն հանել եւ ըսաւ. «Դուն ել, քիչ մըն ալ ե՛ս օգտուիմ բոզի լակո՛տ…»: Այս երկուքին կռիւի իրարանցումին մէջ, առիթը օգտագործելով, հարսին քովի թուրքին տեղէն հանելով գետին տապալեցի եւ ե՛ս նստայ հարսին քով:

«Թուրքը ոտքի ելլելով ինծի պոռթկաց. «Դուն ո՛վ կ՛ուզես եղիր, էֆենտիմ, իրաւունք չունիս տեղս գրաւելու, ել` տե՛ղդ նստէ, շան լակոտ» ու գազանային մոլուցքով մը ձեռքը երկարեց, որ զիս տեղէս հանէ: Սակայն արագ շարժումով երկարած ձեռքը ոլորեցի թեւը տեղէն հանելու ուժգնութեամբ եւ զինք դիմացի ընկերոջ վրայ նետեցի: Երբ աւելի կատղած վրաս պիտի յարձակէր, ես պատրաստ էի միւս թեւն ալ տեղէն հանել, որպէսզի երբե՛ք չհամարձակի հայու մը վրայ ձեռք բարձրացնել: Սակայն Խրիսթոն արդէն ոտքի ելլելով` գետին տապալեց զայն եւ Օսմանին, որ դուրսը` անցքին մէջ կեցած բանէ տեղեակ չէր, հրամայեց. «Այս երիտասարդները բոլորն ալ դուրս հանէ, մի՛այն ես, բարեկամս եւ նորապսակ զոյգը պիտի մնանք այստեղ»:

«Օսմանը հրամայեց բոլորին դուրս ելլել, սակայն գետին տապալած երիտասարդը ծաղրական եղանակով երբ ընդդիմացաւ, Օսմանը ատրճանակը հանելով` ըսաւ. «Հիմա ատրճանակին կոթով գլուխդ կը ջարդեմ հա՛, դո՛ւրս կորսուեցէք. ասիկա ֆրանսական բարձր պաշտօնեաներու խցիկն է, դո՛ւրս»… Այս լսելով` բոլորը դուրս ելան: Հրաշալի Իսկենտերունը իրենց նուէր տուած ֆրանսացիներուն վրայ ինչպէ՛ս կարելի էր ձեռք բարձրացնել…

«Պահ մը ետք Խրիսթօ փեսային հարցուց. «Ուրկէ՞ կու գաք եւ ո՞ւր կ՛երթաք»:

«Գամիշլիէն կու գանք եւ Հալէպ կ՛երթանք»:

«Խրիսթօ խստօրէն ըսաւ. «Սխալ ըրած էք այսպէս հարս ու փեսայի զգեստով ճամբորդելով»:

«Տարին հինգ-վեց անգամ այս ճամբորդութիւնը ըրած եմ եւ մի՛շտ առանձինս դատարկ խցիկ մը գտած ու մինչեւ Հալէպ քնացած եմ: Հարսնիքէն ետք հագուստ փոխելու ժամանակ չունեցանք, հազիւ կայարան հասանք: Սակայն ամէն կայարան, գրեթէ նոյն արտաքինով երիտասարդներ մտան` խճողելով շոգեկառքը», ըսաւ փեսան:

«Քիչ մը մտածելէ ետք, խօսքը տասնապետին ուղղելով` ըսաւ «Օսմա՛ն, այս միօրինակ տարիքի ու երեւոյթով երիտասարդները որո՞նք են, ուրկէ՞ կու գան եւ ո՞ւր կ՛երթան»:

«Օսմանը զգալի գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ ըսաւ. «Չէ՞ որ Ֆրանսան մեր Իսկենտերունը մեզի վերադարձուց, մեր այս թուրք երիտասարդները Թուրքիոյ բոլոր շրջաններէն ընտրուած, ուսեալ ու կրթեալ պաշտօնեաներ են, որոնք Իսկենտերունը պիտի կառավարեն»:

«Խորհրդածութեան մէջ թաղուեցայ` վերյիշելով Խրիսթոյին հետ վիճաբանութիւնս, թէ` թուրքը չի փոխուիր, իսկ ինք կը պնդէր, որ թէեւ հայերը բազմաթիւ շնորհներով օժտուած են, սակայն ճկուն դիւանագէտներ չենք ունեցած, որպէսզի Մուսթաֆա Քեմալին «կրթած» ազնուացած սերունդին հետ լեզու գտնելով` մեր արդար իրաւունքին տիրանայինք… Անշուշտ ես հակառակը, անկարելի է, որ թուրք ազգը ազնուանայ, եւ Իսկենտերունի մէջ կրկին տեղահանութեան եւ ջարդի պիտի ենթարկուինք, կը պնդէի:

«Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ հարսը փեսային քանի մը անգամ փսփսաց, որ ինծի հարցնէ, թէ հա՞յ եմ: Փեսան, սակայն, ի վերջոյ ըսաւ. «Չլսեցի՞ր, որ ֆրանսացիներ են», հարսը չգոհանալով, երբ կրկին պնդեց հարցնել, Խրիսթոն ինձմէ բարկացած` ըսաւ. «Չըսե՞ս հարս քոյրիկին, որ հայ ես», ապա հարսին ըսաւ. «Հա՛յ է, անունն ալ Գրիգոր է»: Հարսը յաղթական` փեսային ըսաւ. «Տեսա՞ր, որ հայ է եղեր»…

«Յուզումէս խեղդուած` կարողութիւնը չունէի բերանս բանալու եւ կը մտածէի, որ հակառակ շոգեկառքով ճամբորդելու իմ դժկամութեանս` նախախնամութիւնը զիս հոս առաջնորդեց, որ դժբախտ հայ զոյգ մը, հարսը հազիւ 15 տարեկան, իսկ «Խրիսթոն հետաքրքրուած` հարսին հարցուց. «Թել Ապիատի մէջ երբ շոգեկառքէն պիտի իջնէիր, ինչպէ՞ս գուշակեցիր բարեկամիս հայ ըլլալը, հակառակ անոր որ խարտեաշ է եւ աչքերը կապոյտ: Հարսը անմեղ մանուկի մը նման ըսաւ. «Երբ Գամիշլիի մէջ շոգեկառք ելանք, փեսաս զիս կեղտոտ մարդոցմէ հեռու պահելու համար զիս անկիւնը կը նստեցնէր, ինքն ալ քովս: Կայանէ կայան տեղերնիս կը փոխէինք, որպէսզի կեղտոտներէն ձերբազատուէինք, սակայն նորի մը ճանկը կ՛իյնայինք, ինչպէս տեսաք: Իմ փեսաս վախկոտ մէկը չէ, սակայն ես իրեն համբերէ կ՛ըսէի, քանի որ երբ հայ եւ թուրք որեւէ խնդիր ըլլայ, հայուն նախ երեք ամիս կը բանտարկեն ու կը չարչարեն եւ ետքը անոր դատին կը նային: Ուստի Աստուծմէ կը խնդրէի, որ դիմացնիս հայ մը հանէ, որպէսզի մեզի ապաւէն դառնայ: Աստուած աղօթքս լսեց ու նաեւ ինծի հայը ճանչնալու կարողութիւն տուաւ, ի՛նչ ալ ըլլան անոր աչքերուն գոյնը»…

«Երկու շաբաթ ետք, երբ Թել Ապիատ, տանս մէջ ընթրեցինք, Խրիսթոն անկեղծօրէն ըսաւ, որ երբ Իսկենտերուն կը հասնի, երկու քեռիները իրենց ընտանիքներով իրեն կ՛այցելեն: Անոնց մանրամասն կը պատմէ թուրքերուն մասին, թէ՛ մեր ունեցած վիճաբանութիւնը թէ՛ նաեւ ոսկիին եւ կապիկին օրինակները ու մանրամասնօրէն կը պատմէ շոգեկառքին մէջ պատահածը, որ եթէ մենք հոն չըլլայինք պիտի բռնաբարէին հարսը. եզրակացնելով, որ թուրքը չ՛ազնուանար, եւ երբ որ առիթը գտնէ, կը բռնաբարէ, կը ջարդէ, կը թալանէ ու կը քանդէ: Այս ճամբորդութեան ընթացքին ձեր մասին կը մտածէի, որ այնպիսի՛ վայրագ եւ գազանային զգացումով երիտասարդութիւն մը պիտի կառավարէ Իսկենտերունը, որ ո՛չ ձեր պատիւը, ո՛չ ալ ձեր կեանքը ապահով պիտի ըլլայ:

«Քեռիներս շուտով որոշեցին եւ Հալէպ հաստատուեցան, իսկ մայրս ու եղբայրս մէկ ամիսէն իմ քովս պիտի գան: Շատ ճիշդ ես, Գրիգո՛ր, այնպէս` ինչպէս ոսկերիչին չես կրնար խաբել, որ պղինձը ոսկի է, նոյնպէս ալ հայը չես կրնար խաբել, որ գազանաբարոյ թուրքը կ՛ազնուանայ:

Դժբախտաբար Հայաստանի այժմու դաւադիր ու թրքահաճոյ` հակահայ իշխանութիւնը ի՛նք կը փորձէ խաբել հայ ժողովուրդը, որ ծերունիներ գլխատող ու մորթող, քնացած պահուն հայը կացինահար ընող թուրքին հետ «խաղաղութեան դարաշրջան» պիտի կերտենք:

3 մայիս 2024
haroutchekijian.wordpress.com

———

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմս

  1. https://arevelk.am/am/articles/thel-apiat-jaghacqy-gacer-er-chakhchakhn-al-piti-erthar
  2. https://www.facebook.com/photo?fbid=234456080064987&set=a.175459219298007

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշուայ Բերդի Պարիսպին Դիմաց… (9 Մայիս 1992)

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Քիլիան Էմպափէ Վերջին Մրցումը Կատարեց Փարիզի Շապիկով

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?