Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցունք Բերաւ Աչքերէս Սրբազանին Պատկերը…

Մայիս 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Սրբապատկեր ըլլար… Գալստանեան արքեպիսկոպոսը միս մենակ, հարթ գետնի վրայ ծունկի եկած, կուրծքը վահան դարձուցած, կը փորձէ պաշտպանել հայրենի հողը` ազդու պատգամ մը ուղարկելով այդ հողերը աճուրդի հանած հայանուն դասալիքներուն եւ այդ հողերը հեշտօրէն խլելու պատրաստուող արիւնարբու թշնամիին: Եւ հայութիւնը հարուածող այս բոլոր դժբախտութիւններուն մենակատարը «առատաձեռն» մեր վարչապետն է, որ քաղաքական մարդու մը համար անընդունելի միամտութիւն կը սնուցանէ` կարծելով, որ հայրենի հողերը անսակարկօրէն թշնամիին յանձնելով` պիտի յագեցնէ թուրք-ազրպէյճանցի բորենիներու անյագ ախորժակը: Պարո՛ն վարչապետ, եղբայրաբար ձեզի հարց կու տանք, այս ձեր անհաշիւ տալու մոլուցքը ո՞ւր պիտի հասցնէ մեզ, արդեօք ձեր առատաձեռնութեան դիմաց ցարդ մէկ թիզ հող զիջեցա՞ւ հակառակորդը… Ինչո՞ւ կ՛աճապարէք եւ որո՞ւ հաշուոյն յանձն առած էք ներկայ զիջողականութիւնը: Հայը, հայրենիքի ու սփիւռքի տարածքին, երբեք դէմ չէ եղած իր դրացիներուն հետ լեզու գտնելու եւ խաղաղ ապրելու գաղափարին: Իսկ այն գործարքը, որուն ականատես կը դառնանք, անհաշիւ տալու ձեր բնազդին հետեւանքն է…

Տակաւին, կատարեալ հեշտութեամբ Եւրոպայի եւ մասամբ մըն ալ ՕԹԱՆ-ի գիրկը մտնելու ձեր աճապարանքը, տար Աստուած, որ ռուսը եւ իր գործընկերները լաւ աչքերով դիտեն ու վարագոյրի ետեւէն վրէժխնդրութեամբ չվարուին մեր երկրին հետ` կանանչ լոյս բանալով թուրք-ազրպէյճանցի վոհմակներուն առջեւ: Կը մաղթենք, որ Ռուսիոյ սխալ լարին չդպչի հայրենի ներկայ ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը, ու ան լայնախոհութեամբ մօտենայ Փաշինեանի դիւանագիտական ծեքծեքումներուն: Եւ ամէնէն տարօրինակը մենատիրութիւնն է… Ձեզի համար ո՛չ «փարլամենթ» գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ իր ձայնը լսելի դարձնող հայրենի ժողովուրդ: Եղբա՜յր, այս ի՜նչ առատաձեռնութիւն է… Մոռցէ՜ք սփիւռքը… Մենք ո՜վ ենք, որ ձեզի դիւանագիտութիւն պիտի սորվեցնենք: Դուք ի վերուստ առաքուած էք տիրելու` առանց հայ հաւաքականութիւններու հաշիւ տալու: Նորի՛ն վսեմութիւն, սփիւռքահայերս ալ մեր մորթին վրայ եւ մեր էութեան մէջ կը զգանք հայրենի հողի կորուստն ու անոր պատճառած կոտտացող, ահռելի ցաւը: Երէկ հապճեպով, առանց քաղաքական հոսանքներու հետ խորհրդակցելու, Ղարաբաղը յանձնեցիք: Այդ ի՞նչ իրաւունքով դուք 120.000 հայորդիներ վաչկատուն, աներդիք դարձուցիք: Հարցին առանցքային բուն էութիւնը` ինչո՞ւ պարոն վարչապետը քաղբանտարկեալներուն հարցը չի բարձրացներ ու ջանք չի թափեր` օր առաջ զանոնք ազատելու ազրպէյճանական անմարդկային կալանքէն: Ու չի պայմանաւորուիր` նախ եւ առաջ ապահովելու Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ապահով վերադարձը հայրենի տուն, ապա` արդարադատութեամբ առաջ տանելու սահմանազատումը:

Իսկ ի՞նչ բանը ինծի կը թոյլատրէ պահանջատէր կանգնիլ հայրենի հողին: Տեղին է, որ ձեզի օրինակ մը բերեմ սփիւռքեան ներուժին բերած օգնութեան Ղարաբաղի գոյապայքարին: Ասկէ 30 տարի առաջ այնտեղ տարուող մահու կենաց կռիւներուն, մեր համեստ բաժինը բերելու համար, երկու մանչերուս հետ, գործ բան թողած, հայրենիք առինք մեր շունչը: Միայն անդրանիկս` Հրաչ-Ռաճըրը կրցաւ Ղարաբաղ մեկնիլ, «Եղնիկներ»-ու խումբին մաս կազմելու: Մէկ ուսը հրացան, միւսին` քամերա` ան իր մասնակցութիւնը բերաւ գոյապայքարին եւ նկարահանեց Արցախի պատերազմը եւ Dark Forest in the Mountain անուան տակ վաւերագրական ժապաւէնով ցնցեց Հոլիվուտը:

Կրտսերը արտաքին գործոց նախարարութիւն ընդունուեցաւ «կռուող շատ ունինք, սակայն անգլերէն իմացող չունինք» ըսելով: Իսկ այս «փերուշան»-ն ալ ետ Ամերիկա ուղղուեցաւ` Ղարաբաղի կռուողներուն համար դրամահաւաք կազմակերպելու: Կարճ ըսած, ահա իմ ընտանիքիս բերած համեստ օգնութիւնը Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարին: Իսկ դուք ալ ելաք, առանց հայ ժողովուրդին կարծիքը առնելու, սրբազան այդ հողերը թշնամիին նուիրեցիք: Պարո՛ն վարչապետ, առանց ինքնագովութեան` նշեմ, որ գերդաստանս միշտ ալ գործած է ազգային գիտակցութեամբ: Դեղագործ մեծ հայրս Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն հայերէն սորվեցուցած է: Անոնց հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած է կամաւոր կերպով: Հայրս, իր կարգին, իբրեւ 15 տարու պատանի, Երուսաղէմի կաթողիկէ որբանոցը Ճեմալ փաշային դիմաց կանգնած, Պեթհովենի ջութակի «քոնչերթօ»-ն նուագած է փրկելու համար մահուան դատապարտուած հայ բանտարկեալներու կեանքը: Իսկ Ալեքսանտրեթի մէջ, որպէս ֆրանսական քաղաքապետարանի նուագախումբի ղեկավար, ան հայ երիտասարդներ մարզած է: Նոյնը ըրած է` Պուրճ Համուտի ֆանֆարի խումբը հիմնելով ու անվճար երիտասարդ հայեր մարզելով, կարդինալ Աղաճանեանի խնդրանքին տեղի տալով: Իսկ համեստ այս գրողը` իբրեւ հիւսիսային Ափրիկէի Հայ դատի վարիչ, բարձր մակարդակով ծանօթացուցած է Ցեղասպանութիւնն ու մեր հողային պահանջատիրութիւնը դիւանագիտական մարմիններուն ու մտաւորական շրջանակներուն… Կոպիտ ըսած, իր կարողութենէ վեր գումարներ ծախսած է այդ մէկը իրագործելու համար:

Ղարաբաղի շրջափակման վերջ տալու համազգային արշաւախումբի մը կազմութեան վերաբերեալ հայ կղերին յղած իմ սրտբաց կոչը անտեսուեցաւ: Ափսո՛ս, ուշացաւ մեր կղերը, չանսաց հայրենապաշտ հայ գրողի կանչին: Գուցէ այդ երթը կազմակերպելով` ձեռքէ չտայինք Արցախը, ինչպէս ներկայիս Գալստանեան արքեպիսկոպոսը, ժողովուրդին գլուխը անցած, կը կատարէ աստուածահաճոյ այդ գործը…

Ձեզի կը թողում դատելը:

 

 

Նախորդը

Տիպար Մօր Մը Դերն Ու Ազդեցութիւնը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Իր Ըսելիքը Ունի, Երբ Վտանգը Կը Սպառնայ Հայաստանի Եւ Հայ Ժողովուրդի Գոյութեան (*)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?