Շատ մը հայեր Միսաք Մանուշեանին մասին գաղափար չունէին: Գիտենք, որ շատ ֆրանսահայեր պայքարեցան ֆրանսական բանակին հետ եւ մանաւանդ ֆրանսական դիմադրութեան ընթացքին ֆրանսական Վիշի կառավարութեան դէմ, որ գերմանացիներուն հետ կը գործակցէր եւ նացի Գերմանիոյ միացած էր:
21 փետրուար 2024-ին շատ մը հայեր աշխարհի ամէն կողմերէն մեծ հպարտութեամբ եւ զգացմունքով հետեւեցան ֆրանսական պատկերասփիւռի կայաններէն Միսաք Մանուշեանի աճիւններու պանթէոն փոխադրութեան հանդիսութեան, իր կնոջ` Մելինէի հետ, հակառակ այդ ցաւալի դէպքին, որ պատահեցաւ 21 փետրուար 1944-ին:
Միսաք Մանուշեանին եւ Մելինէին մասին հայերուն մեծամասնութիւնը շատ տեղեկութիւններ չունէր, ընդհանրապէս ֆրանսացի հայերն էին, որոնք աւելի տեղեկութիւն ունէին անոնց հերոսական պայքարին եւ զոհողութեան մասին:
Միսաք Մանուշեան ծնած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1 սեպտեմբեր 1906 թուականին, Ատիաման գիւղը, Մամուրեթ Ալ Ազիզ վիլայեթ, Չէլէպի թաղին մէջ եւ ապրած` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերը. կորսնցուցած էր հայրը` Գէորգը, որ կը պայքարէր հայ հերոսներուն հետ, թրքական բանակին դէմ. իր մայրը` Վարդուհի Քասեան, կարճ ժամանակ ետք հիւանդութենէ մահացած էր, եւ ինքն ու իր 2 եղբայրները` Կարապետ եւ Յովիկ, տեղաւորուած էին քիւրտ ընտանիքի մը քով, որ իրենց հոգ տարած էր, ապա փոխադրուած էին Ճիւնիի ֆրանսական որբանոցը, 1919 թուականին… ուր սկսած էր սորվիլ ֆրանսերէն լեզուն:
Միսաք կ՛որոշէ Ֆրանսա երթալ: Բոլոր գաղթականներուն տրուած իրենց նանսենեան անցագիրով, եղբօրը` Կարապետին հետ, կը մեկնի Մարսէյ ֆրանսական նաւով մը, որ «Քորտիլեր» կը կոչուէր…
Երբ Ֆրանսա կը հասնի, Միսաք իր տարիքը 3 տարիով կը մեծցնէ, որպէսզի, ըստ օրէնքի, իրաւունք ունենայ աշխատելու. 1925-ի ամրան 2 եղբայրները կ՛որոշեն փոխադրուիլ Փարիզ, ուր աշխատանք կը գտնեն «Gevelot» ընկերութեան մէջ, որ զինամթերքի արտադրութեամբ կը զբաղէր եւ կը գտնուէր Իսի Լէ Մուլինօ թաղամասին մէջ:
Եղբօրը հետ սենեակ մը կը վարձէ 11 Ֆիզօ պողոտային վրայ, որ մօտ էր իրենց աշխատատեղիին եւ իրենց շահած դրամի խնայողութեամբ, իրենց եղբայրը` Հայկը, որ մինչ այդ Հալէպ կը բնակէր, կը բերեն Ֆրանսա:
Կարապետ եղբայրը, որ Լիբանանէն թոքախտ հիւանդութեամբ վարակուած էր, կը հիւանդանայ եւ Փարիզի մէջ հիւանդանոց մտնելով` 1927-ին կը մահանայ: Միսաք շատ ծանր կ՛ազդուի եղբօրը մահէն եւ երկար ատեն ընկճուածութիւն կ՛ունենայ:
Մինչ այդ, ֆրանսական գրականութիւնը շատ հաւնած ըլլալուն, գործէն ազատ ժամերուն բանաստեղծութիւններ կը գրէր եւ ֆրանսական ու ռուսական բանաստեղծներու գիրքեր կը կարդար` Վիքթոր Հիւկօ, Ալեքսանտր Տիւմա, Ալեքսանտր Պուշկին, Մաքսիմ Կորքի, Տոսթոյեւսքի:
1933-ին ֆրանսական կառավարութեան կը ներկայացնէ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումը, սակայն կը մերժուի:
1934-ին, կը յաճախէ Հայ օգնութեան կոմիտէին եւ կ՛անդամակցի այդ հաստատութեան Փարիզի Քարթիէ Լաթեն թաղամասի կոմիտէին: Այդ թուականին է, որ կը հանդիպի Մելինէ Ասատուրեանին, որ նոյնպէս Հայ օգնութեան կոմիտէին մէջ կ՛աշխատէր, սակայն Փարիզի այլ թաղամասի մը` Պելվիլի մէջ:
Մելինէ Ասատուրեան, որ նոյնպէս ջարդէն փախուստ տուած եւ նոյն ձեւով տառապած հայուհի մըն էր, Հայ օգնութեան կոմիտէին կազմակերպած` Փարիզի միջմասնաճիւղային տարեկան կալա-պարահանդէսին, առաջին անգամ ըլլալով, կը հանդիպի Միսաքին եւ այդ տօնակատարութեան ընթացքին առիթը կ՛ունենան միասին պարելու:
1 տարի ետք երկուքը Հայ օգնութեան կոմիտէին կողմէ կը նշանակուին եւ միասնաբար կ՛աշխատին նոյն գրասենեակին մէջ: Միսաք կը նշանակուի նաեւ տնօրէն` Հայ օգնութեան կոմիտէի «Զանգու» թերթին, որ Երեւանի գետերէն մէկուն անունով կոչուած էր:
«Զանգու» թերթը կարեւոր դեր ունէր կուսակցական եւ մշակութային գետնի վրայ` հակառակ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութիւնը կառավարեց 1918-1920, մինչեւ խորհրդային դառնալը:
Ամէն տարի ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը տօնէր 28 մայիսը` իբրեւ անկախութեան օր, մինչ Հայ համայնավարները` պոլշեւիկները եւ «Զանգու» թերթը, կը տօնէին 29 նոյեմբերը (նոյեմբեր 1920)` Խորհրդային Հայաստանի անկախութիւնը: Միսաքն ու Մելինէն համոզմունքով կը պատկանէին Համայնավար կուսակցութեան, անոնք 1936 թուականին կը պսակուին եւ շատ մօտ բարեկամներ կը դառնան Ազնաւուրեան ընտանիքին, որ իրենց կուսակցական հոսանքին մօտ էր:
19 հոկտեմբեր 1939-ին Միսաք Մանուշեան կը մտնէ ֆրանսական բանակ` իբրեւ կամաւոր, եւ 12 յունուար 1940-ին դարձեալ կը ներկայացնէ քաղաքացիութեան իրաւունք ստանալու դիմումը, սակայն դարձեալ կը մերժուի… Կ՛ըսուի, թէ համայնավար ըլլալուն պատճառով…
Միսաք եւ Մելինէ շատ սերտ կապեր կ՛ունենան Շարլ Ազնաւուրի ծնողներուն` Միշէլի եւ Քնարի հետ, որոնք համայնավարներու համակիրներ էին:
Երբ Ֆրանսա կը կորսնցնէ Գերմանիոյ դէմ պատերազմը, եւ Ֆրանսայի նոր կառավարութիւնը, որ Վիշի կառավարութիւն կը կոչուի, դաշինք կը կնքէ նացի Գերմանիոյ հետ, Միսաք կը ստիպուի ֆրանսական բանակին մէջ զինուոր մնալ եւ Գերմանիոյ կողքին` շարքերուն հետեւիլ… Հոն է, որ իր զինուորական տարազը հանելով` կը փախչի եւ Մելինէին հետ կը պահուըտի Ազնաւուրեաններուն տունը, ան իր զինուորական տարազը պատռտելով` կտորներու կը վերածէ եւ կասկած չարթնցնելու համար քիչ-քիչ աղբի տոպրակներուն մէջ կը զետեղէ, իսկ Շարլ Ազնաւուր ամէն օր աղբին հետ հեռու թաղերու մէջ կը թափէ…
Այն ատեն Շարլ Ազնաւուր 18 տարեկան էր եւ գիշերները Միսաքի հետ ճատրակ կը խաղար:
1941-1943 Միսաք Մելինէին հետ կ՛ապրի Ազնաւուրեաններուն տունը` 22 Պողոտայ, Նաւարին-Փիկալ, Միշէլ, Քնար եւ Շարլ Ազնաւուրի հետ:
Միշէլ 9 ամիս Սպանիոյ սահմանը պատերազմած է համայնավար զինեալներուն հետ, աջակողմեաններուն դէմ, ապա ստիպուած` վերադարձած է Փարիզ, որպէսզի հոգայ իր 2 զաւակներուն եւ կնոջ ապրուստն ու ծախսերը եւ աշխատած է ճաշարանի մը մէջ` իբրեւ սպասարկող:
Նոյն ատեն ֆրանսական եւ գերմանական ոստիկանութիւններէն փնտռուած քանի մը հրեայ եւ ռուս երիտասարդներ կ՛ընդունուին եւ ապաստան կը գտնեն Ազնաւուրեաններուն տունը:
1943-ին Մանուշեան կը միանայ Դիմադրութեան, որ «Հայ Խումբ» կը կոչուէր, ուր կային` հայեր, ռուսեր, լեհեր, հունգարացիներ եւ հրեաներ, այս խումբին ղեկավարն էր Ժոզեֆ Էփսթայն (Joseph Epstein), որ Փարիզի շրջանին պատասխանատուն էր:
28 սեպտեմբեր 1943-ին կը յաջողին սպաննել գերմանացի գնդապետ Յուլիոս Ռիթըրը (Julius Ritter) եւ Փարիզի մէջ կը կատարեն 30-է աւելի մահափորձեր եւ զանազան յարձակումներ` 1943-ի օգոստոսէն մինչեւ նոյեմբերի կէսը եւ կը յաջողին սպաննել նաեւ զօրավար Ս. Ս. Վոն Շոմպըրկը:
16 նոյեմբեր 1943-ին Մանուշեան կը ձերբակալուի Ժոզեֆ Էփսթայնի հետ, Տեւրի Փըթի Պուրկ շոգեկառքի կայարանին մէջ:
Մելինէ, որ մինչ այդ տակաւին պահուըտած էր Ազնաւուրեաններուն քով, կը յաջողի փախչիլ, Միսաք բանտին մէջ չարչարանքներու կ՛ենթարկուի եւ իր ամբողջ խումբը, որ 23 բարեկամներ էին եւ կը կոչուէին 23-ի հաւաքածոյ (group des 23), կամ Մանուշեանի խմբակ (Groupe Manouchian), ֆրանսական ոստիկանութիւնը կը յանձնէ Կեսթափոյին, որ Հիթլերի օրերուն գերմանական գաղտնի նացիական ոստիկանութիւնն էր, եւ որ զիրենք կը դատէ «Քոնթինենթալ» պանդոկին մէջ, Փարիզ:
Կարմիր որմազդը (Affiche Rouge), որ կը ներկայացնէ 23-ի խմբակէն զատուած 10 անձերու նկարներ, ուր ֆրանսական ոստիկանութիւնը եւ Կեսթափոն կը յիշեն զիրենք` որպէս ոճրագործ խումբ, եւ 15.000 որմազդ կը փակցնեն Փարիզի բոլոր պատերուն վրայ, իւրաքանչիւր նկարի տակ գրուած` անոր կատարած ոճիրները: Միսաքի նկարին տակ գրուած էր` «Հայ է… ոճրագործներու մեծն է… 56 ոճիր գործած է, որոնց պատճառով արձանագրուած են 150 մեռեալ եւ 600 վիրաւորներ…»:
Այս որմազդները, որոնք նացիական կազմին եւ Վիշի կառավարութեան քարոզչութիւն պիտի ըլլային, հակառակ ազդեցութիւն եւ արդիւնք ունեցան Ֆրանսայի ժողովուրդին մօտ, եւ չճանչցուած անձ մը հերոս դառնալով` Դիմադրութեան խորհրդանիշ հանդիսացաւ:
«Քոնթինենթալ» պանդոկին դատարանը որոշում տուաւ եւ ձերբակալուած 23 անձերը մահուան դատապարտեց:
21 փետրուար 1944-ին 22 անձեր գնդակահարուեցան Փարիզի Մոն Վալերիեն կոչուած վայրին մէջ:
Խումբին միակ կինը` Օլկա Պանչիք, կը փոխադրուի Գերմանիա եւ Շթութկարթի բանտին մէջ 10 մայիս 1944-ին կը գլխատուի:
Մանուշեան, իր վերջին արտօնուած նամակին մէջ իր գնդակահարումէն քանի մը ժամ առաջ իր կնոջ` Մելինէին կը գրէ, թէ ինք կը նահատակուի իբրեւ զինուոր ֆրանսական ազատագրութեան բանակին եւ կը յիշէ, որ կը ներէ բոլոր իրեն վատութիւն ընողներուն, բացի անձէ մը, որ Ժոզեֆ Տաւիտովիչ կը կոչուէր եւ իր անձնական կեանքը ազատելու համար իրենց դաւաճանած եւ չարչարանքներու տակ խոստովանած էր… Ան միեւնոյն ատեն չէր ուզեր ներել նաեւ այն անձերուն, որոնք «ծախուած» էին Վիշիի կառավարութեան, որ կը գործակցէր նացի Գերմանիոյ հետ: Մանուշեան կը նշէր, որ ինք ոխ չունի Գերմանիոյ ժողովուրդին հանդէպ…
Այսպիսով, Միսաք Մանուշեան կը նահատակուի` իբրեւ հերոս, եւ Ֆրանսայի մէջ հպարտօրէն կը յիշուի իր մեծ զոհողութիւնը, մանաւանդ որ իր անձը զոհած էր Ֆրանսայի ազատութեան եւ անկախութեան համար, ֆրանսական քաղաքացիութիւն չունենալով հանդերձ:
80 տարիներ ետք, այժմու Ֆրանսական կառավարութիւնը, նկատի առնելով այս հերոսական դէպքերը եւ ընդունելով, որ Միսաք Մանուշեանին ոչ մէկ վարձատրութիւն տրուած էր (նոյնիսկ ֆրանսական քաղաքացիութիւն 2 անգամ մերժուած էր), որոշում տուաւ պատուել Միսաքն ու անոր կինը` Մելինէն եւ իր հետ զոհուած 22 պայքարողները, անոնց աճիւնները ընդունելով Պանթէոն, ուր կը հանգչէին նշանաւոր անձեր, որոնք զոհուած էին Ֆրանսայի համար:
Ես անձամբ Միսաք Մանուշեանի մասին շատ տեղեկութիւն չունէի… լսած էի իր մասին, բայց մանրամասնօրէն տեղեակ չէի իր հերոսութեան եւ զոհողութեան:
21 փետրուար 2024-ին, երբ հեռատեսիլի կայանէն մեծ հպարտութեամբ հետեւեցայ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան ամոլին աճիւններուն Պանթէոն փոխադրութեան հանդիսութեան եւ նկատի ունենալով, որ իրենց պատանի տարիքին ահռելի չարչարանքներու եւ զոհողութիւններու ենթարկուած են, ականատես եղած են իրենց հարազատներուն տառապանքին եւ մահուան, եղբայրներով մնացած են որբ… չկրցայ արցունքներս զսպել…
Շատ յուզուած եւ զգացական` հետեւեցայ այդ ֆրանսական հանդիսութեան, իսկ երբ ֆրանսացի զինուորներու կողմէ շալկուած 2 ճերմակ դագաղները մտան Պանթէոն, ուր Ֆրանսայի հերոս-հերոսուհիները կը հանգչին… արցունքներս չդադրեցան այտերէս վար հոսելէ… բարեբախտաբար մինակ կը դիտէի…
Վստահաբար այդ գիշեր Ֆրանսա կամ աշխարհի տարածքին գտնուող բազմաթիւ հայեր հետեւեցան այդ հանդիսութեան եւ հպարտութեան զգացում ունեցան… եւ այդ գիշեր իրենց հայ ըլլալով հպարտ` հանգիստ քնացան:
2024