Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վերանորոգ Յանձնառութիւնը Թող Ամրապնդէ Մեր Կամքը

January 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկալեալ սովորութիւն է տարեփակի կամ ամանորեան թիւին մէջ մատնանշել հաւաքական կեանքը վերանորոգելու սպասումները: Մարդ անհատի, ինչպէս նաեւ հաւաքականութիւններու հոգեմտաւոր աշխարհը կը համակուի հինը ետին ձգելու ու նոր ծրագրումներով ճամբայ հարթելու խանդով, մանաւանդ երբ ստեղծուած ոգեւորութեան մէջ կը փորձենք բնորոշել նաեւ յստակ ծրագրումներու կամ գործնական քայլերու ուրուագիծը, ան նաեւ գօտեպնդիչ ներգործութիւն կ՛ունենայ սպասումներու իրականցման թափին վրայ:

Այս անգամ եւս թերթի առաջին թիւը կ՛անդրադառնայ տարեսկիզբի խոհերուն, երբ ժամանակը կը պարտադրէ տուեալ այս փուլին, զրուցելու եւ բաժնեկից դառնալու մտորումներու մասին, որոնք կը յատկանշեն տարբեր սկիզբ մը որոնելու ջանքը:

Սփիւռքեան կեանքը հաւաքական պայքարի մը փորձադաշտը կը շարունակէ ըլլալ: Հոն է, որ հայ մարդը դուրս կու գայ իր անհատական աշխարհէն` դառնալու համար կազմակերպուած հաւաքականութեան բաղադրիչ տարրը, որուն մէջ իւրաքանչիւր անհատի ներդրումն ու գործնական մասնակցութիւնը յառաջընթաց կը բերէ ազգային, քաղաքական, ընկերային, կրթական եւ հասարակական կեանքէն ներս:

Նաեւ, վերջին երեսնամեակին, սփիւռքահայ համայնքներու կեանքը առնչուած կը մնայ մեր հայրենիքի շօշափելի իրականութեան, անոր նուաճումներուն կամ տագնապներուն հետ: Հետեւաբար բազմաբեւեռ ուղղուածութեան մը խորապատկերին դիմաց, անգամ մը եւս կոչուած ենք մտահոգուելու մեր ընդհանրական կեանքով` ամէն մէկս անհատաբար եւ հաւաքաբար սատար դառնալու համար ապագայի իրագործումներուն:

Իրականութիւն է, որ հայաշխարհի վերջին երեսուն տարիներու կեանքը մեծ վերիվայրումներու ժամանակաշրջան մը հանդիսացաւ: Վերանկախացման նուաճումը եւ Արցախի վերատիրացման համազգային հրճուանքը փոխարինուած են մեր արծուաբոյնի կորուստով ու հայրենիքին սպառնացող աշխարհաքաղաքական վտանգներով:

Այսուհանդերձ, սփիւռքահայ մարդու գիտակցական աշխարհին մէջ պէտք է ամէն գնով ամուր պահել հայրենիքին հանդէպ հաւատքն ու պետութեան ամրապնդման նպաստող իւրաքանչիւր ճիգ: Վարչախումբերը ժամանակաւոր եւ գնայուն են, ձախող ղեկավարները պիտի յանձնուին հայ ժողովուրդի դատաստանին ու պատմութեան մոռացութեան: Սակայն կը մնայ հաւատարմութիւնը` հայ հողին ու պետական հիմնաշէնքին հանդէպ, որուն համար հայ ժողովուրդին կամքը արտայայտող քաղաքական գործօնները կոչուած են զայն ամուր պահելու հայու ոգեկան եւ իմացական գիտակցութեան մէջ:

Չի բաւեր միայն ապաւինիլ քաղաքական զօրաշարժին, այլ պէտք է անհատապէս սթափիլ հայրենիքի հզօրացման ուղղութեամբ` ի մտի ունենալով ամերիկացի վաղամեռիկ նախագահ Քենետիի դիպուկ բանաձեւումը` «Ամէն մէկը թող մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար դառնալ իր երկրի յառաջդիմութեան»:

Հայրենիքի օրրաններէն հեռու, սփիւռքահայ կեանքն ալ դիմագրաւեց մեծ մարտահրաւէրներ, որոնք առնչուեցան իր թիւի զգալի յաւելումին, ազգային դիմագիծի փոփոխութեան եւ սերունդներու կապուածութեան տկարացումին հետ: Առաջին ազդակը դրական որեւէ արդիւնք չտուաւ, որովհետեւ Հայաստանէն դուրս անցած զանգուածները դժուար թէ կարողացան ներգործական ուժ սրսկել սփիւռքեան կեանքէն ներս: Պատճառներն ու հետեւանքները տակաւին կը կարօտին ընկերաբանական եւ գիտական համապարփակ վերլուծումի, որ մինչեւ այսօր կը պակսի մեր իրականութեան մէջ:

Մեր ակնարկը մասնաւորելով յունահայ գաղութի կեանքին ու ապագայի հեռանկարներուն վրայ` հետեւեալ առաջադրանքները կը մնան մեր հիմնաշէնքի ամուր կռուանները.

– Ազգային ոլորտի վերարժեւորումը դարձած է հրամայական` յենելով նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Սփիւռքի տարուան» առիթով հրապարակուած պատկերացումներուն եւ մեր գաղութի անդամները ազգային ու հոգեւոր կեանքին կապելու անհրաժեշտութեան վրայ: Ըմբռնումներու, մօտեցումներու եւ գործելակերպի վերանայումը, ինչպէս նաեւ նոր մարդուժ կազմաւորելու նպատակը կը դառնան անհրաժեշտ ու խիստ ստիպողական:

– Հայակրթութեան մարզը կը պահանջէ հաւաքական զօրաշարժ` ոչ միայն անոր պատասխանատուութիւնը կրող գաղութային մարմիններուն կողմէ, այլ նաեւ` անհատական գիտակցութեան ուժեղացումով, պահելու համար հայ լեզուի ու հայկական նիւթերու ուսուցումը տիրական առաջնութեան մէջ:

– Երիտասարդութեան ներգրաւումը կը հանդիսանայ կենսական նախապատուութիւն: Անոր առջեւ ազգային եւ գաղափարական ուղիներ բանալու կողքին, հարկ է վերարժեւորել մեր երիտասարդներու իմացական աշխարհը եւ ամրապնդել հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան ոգին, զարգացնելով անոնց մէջ թէ՛ քաղաքական աշխարհայեացքը եւ թէ՛ ազգի պատմամշակութային գանձարանը:

– Միութենական կեանքը կը կազմէ խարիսխը մեր գաղութի համայնական զարգացման: Ի գին ամէն զոհողութեան` հարկ է կարգ մը երեւոյթներու առաջքը առնել, որպէսզի չխաթարուի կառոյցներու դիմագիծը, որ կրնայ առաջնորդել նպատակի շեղումին: Միաժամանակ, մեր կառուցային միաւորներու աւելի գործուն ներկայութիւնը հայ հաւաքականութիւններուն մէջ կը դառնայ անյետաձգելի:

Տեսական որեւէ արտայայտութեան դիմաց, գործնական քայլերու որդեգրումը կը պահանջէ ամուր կամք եւ գիտակցութիւն` հայ իրականութեան ներկայ իրավիճակին նկատմամբ: Հայութեան կազմակերպ գործօններու պարտականութիւնն է` ճամբայ հարթել, վերակենսաւորման յոյս ներշնչել, հաւաքական տեսլականներուն մէջ կազմաւորել հայ անհատի հայրենասիրութիւնն ու ստեղծագործական ոգին:

Բազմազան մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին դիմաց, անհատական եւ հաւաքական յանձնառութիւնը կը հանդիսանայ առաջին նախապայմանը մեր առաքելութեան յաջողութեան ճամբուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Մեկնարկ Եւ Անուանակոչութիւն

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.