Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անհամբերութեամբ Կը Սպասենք…

Յունուար 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարճ, ամփոփ եւ պարզ էր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիէրի ամանորեայ շնորհաւորական նամակ-ուղերձը:

Կ’ըսէր, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ 2025 թուականը` Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ յառաջընթացին համար:

Մերթ երախտապարտ, մերթ դիւրայոյզ եւ դեռ քիչ մըն ալ ամբոխահաճոյ տիկին Քվիէր իր պարտականութիւնը, գէթ թուղթին վրայ, լի ու լի կատարած է, այդ ալ` ամենայն դիւրութեամբ եւ… խղճի հանգստութեամբ: Ի վերջոյ, ան իր երկիրը ներկայացնող դիւանագէտ մըն է եւ Հայաստանի մէջ ըստ էութեան իր երկրի իշխանութիւններուն տրամաբանութենէն բխող պարտականութիւն մը կը կատարէ, իսկ այդ տրամաբանութիւնը հաշուի կ’առնէ Հայաստանը անմիջական կերպով շրջապատող ու հեռու ինկող տարածքներ…

Ան կը շեշտէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ կապերը կը շարունակեն ամրանալ: Այս ամրացման մէկ ցայտուն օրինակը «Արծիւ գործընկեր» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձն է վստահաբար, որ յառաջիկայ ամառ պիտի կրկնուի:

Գաղտնիք չէ, որ այս ռազմափորձն ու նմանօրինակ քայլեր աչքի փուշի վերածուած են Մոսկուայի համար, մանաւանդ որ ռազմափորձը կ՛ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերու միջեւ կայունացման գործողութիւններ` բարձրացնելով միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխադարձ գործակցելիութեան մակարդակը: Ու դժուար չէ հետեւցնել, որ տասնամեակներ շարունակ մեծ ուժերու հետ որոշ հաւասարակշռութիւն եւ գործակցութիւն պահպանող վիճակը նոր խախտումի առարկայ կ’ըլլայ:

Մեր հայրենիքը ընդգրկող տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը դժնդակ է, մասնաւորաբար 2020-ին ռազմական գետնի վրայ ծանօթ պարտութենէն ու աւելի քան տարի մը առաջ ամբողջացած` Արցախի հայաթափումէն ետք. եւ հիմա դիւանագիտութիւնն է անտէր ու անտիրական, արդէն իսկ` յորձանուտի մէջ, կ’իյնայ անդունդէ անդունդ, եւ այդ անկումները վախճանի նախանշաններ չեն ցոլացներ, կը սպառնան հոն քաշել նաեւ մեր երկիրը:

Այս վիճակին մէկ հաստատումն ալ եկաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայէն, որ ամանորեայ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ամենայն անկեղծութեամբ եւ համոզումով շեշտեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, ինչպէս նաեւ Մինսքի խորհրդաժողովի միւս կառոյցները պէտք է լուծարուին, գնդակը պէտք է փոխանցել Պաքուին եւ Երեւանին:

Դժուար չէ հետեւութիւններ ընել. Զախարովա այդ եզրակացութեան յանգած է պարզ այն պատճառով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախը արդէն իսկ ճանչցած է իբրեւ Ազրպէյճանի անբաժանելի մասը: Զախարովայի դիտանկիւնէն, պարզ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խորհրդաժողովի համանախագահներու լիազօրութիւնն ու բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբը կորսնցուցած են իրենց այժմէականութիւնը, նաեւ` կազմաւորման իմաստը, հիմքը, այսինքն… Արցախը:

Ահաւասիկ` լաւապէս չափուած, ձեւաւորուած ու ծրարուած ամանորեայ նուէր մը, որ հասցէագրուած է ո՛չ միայն ինքզինք անգործութեան մատնած ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան, այլ նաեւ` երկրի ներկայ ձեռնունայն իշխանաւորներուն:

Վերադառնալով դեսպան Քվիէրի ուղերձին` տեղին է նշել դասական հաստատում մը, որ տօները հիանալի առիթ են միացեալ ձեռքբերումներու մասին խորհելու եւ գալիք տարին ծրագրելու համար:

Տարիներ շարունակ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ (ներառեալ` քայլերգը) քանդումն ու փլուզումը ապրող հայորդին ալ խորհելու եւ գալիք տարին (տարիները) ծրագրելու բաղձանք եւ պարտականութիւն ունի, որ բնականաբար տարբեր է արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին ի մտի ունեցած հորիզոնէն:

Այս բոլորը կարելի է իրագործել` ՄԻԱԿԱՄ ՊԱՅՔԱՐ մղելով, մէկդի դնելով անձնական թէ կուսակցական հաշիւները, աչքերը սեւեռելով հայրենիքի փրկութեան եւ վերականգնումին:

Եւ այս է, որ ԱՆՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ մե՛նք:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահը

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Լուծարման Անտեղի Պահանջը

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?