Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաշատ Բժիշկը (Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի Յիշատակին)

January 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժուար պիտի ըլլայ ամփոփ եւ պատշաճ ձեւով ներկայացնել տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը, որուն կեանքի երկարատեւ երթը կանգ առաւ  մօտ քառասուն օրեր առաջ:

Ան ծնած է Հալէպ, 1937-ին եւ յաճախած` Ալեփփօ ամերիկեան քոլեճը, որմէ ետք  բարձրագոյն ուսման իր աոաջին քայլերը առած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ` ստանալով պսակաւոր գիտութեան վկայականը: Ապա բժշկութիւն ուսանած է Գերմանիոյ նշանաւոր Հէյտելպերկ համալսարանին մէջ (հիմնուած` 1836-ին) եւ մասնագիտացած` սրտի հիւանդութեանց մէջ:

Տոքթոր Գարաճրճեան իր երկարատեւ ասպարէզը սկսաւ Լիբանանի մէջ, 1974-ին: Ան գործեց ձեռնհասութեամբ, եղաւ յաջող եւ վստահութիւն ներշնչող հանրածանօթ բժիշկ մը, որուն երախտապարտ եղան հիւանդներու բազմաթիւ սերունդներ:

Ազնիւ բժիշկը ասպարէզին մէջ չսահմանափակուեցաւ նեղ անձնական գործունէութեամբ: Երբ հիմնուեցաւ Լիբանանի սրտաբաններու միութիւնը, ան հանդիսացաւ անոր առաջին անդամներէն:

Մաս կազմեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտից միութեան եւ հիմնադիր անդամ հանդիսացաւ Հէյտելպերկ համալսարանի շրջանաւարտից միութեան:

Տոքթ. Գարաճրճեան  գործօն  ներկայութիւն էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ, բազմաթիւ անգամներ վարչութեան մաս կազմած էր: Ան իր կարծիքը միշտ ալ սիրով եւ աոարկայականօրէն ներկայացուցած էր եւ մնայուն կերպով բծախնդիր եղած էր ընդհանրական շահերուն նկատմամբ: Հակաոակ իր բազմազբաղութեան, դժուար որ բացակայէր միութեան ձեռնարկներէն, գիտէր արդարօրէն ու ողջմտօրէն արժեւորել եւ քաջալերել  կատարուած աշխատանքները: Ան 2018-ին պարգեւատրուեցաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպած յատուկ հանդիսութեան  ընթացքին` ձեոամբ Լիբանանի բժշկական սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղի, առ ի գնահատանք` կրկնակիօրէն  թէ՛ իբրեւ բժիշկ եւ թէ՛ իր հասարակական գործունէութեան համար:

Արդարեւ, տոքթ. Գարաճրճեանի դերակատարութիւնը չսահմանափակուեցաւ բժշկական մարզով: Ան մաս կազմեց Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին: Եղաւ Ռոթարի Սահել Մեթնի հիմնադիր անդամ: Ստանձնեց Լիբանանի Ազգային վարչութեան ատենապետութիւնը, ապա` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետութիւնը:

Ան իր կեանքի ճանապարհորդութեան մօտ 50 տարիներուն ընթացքին ականատես եղաւ քաղաքացիական պատերազմին, բայց եւ այնպէս, որոշեց չլքել երկիրը եւ մնալ Լիբանանի մէջ:

Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը գնահատուած էր իր կարողութեան  եւ հասարակական գործունէութեան մէջ ունեցած ներդրումին համար: Ան արժանաւոր ներկայացուցիչն էր լիբանանցի բժիշկին ընդհանրապէս եւ հայ բժիշկին` մասնաւորապէս: Իր հետքը եւ դրոշմը ձգած էր իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններուն մէջ:

Իր հիմնական արժանիքներէն մէկն էր նաեւ իր ընկերային բնաւորութիւնը եւ, հակառակ իր ստանձնած պաշտօններուն, համեստութիւնը, բայց ամէնէն կարեւորը անոր տածած յարգանքն է իր շրջապատին նկատմամբ:

Տոքթորը կը հաւատար հիւանդին եւ բժիշկին միջեւ զօրաւոր յարաբերութեան եւ միշտ կ՛ընդգծէր, որ թէեւ արհեստագիտութիւնը բժշկութեան մէջ կարեւոր է, բայց եւ այնպէս, կանխազգուշութիւնը եւ առողջ ապրելակերպը    հիմնական են եւ անփոխարինելի:

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հրդեհները Եւ «Լուռ» Թերացումներ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղը Յաջորդաբար 9-րդ Տարին Ըլլալով` Դարձեալ Ժողովուրդին Կողքին

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.