Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Վահան Յովհաննիսեանի Յիշատակի Օրը 20 Երիտասարդներ Համալրեցին ՀՅԴ-ի Շարքերը
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները 28 դեկտեմբերին դաշնակցականի երդումը տալով` հաստատեցին, որ պատրաստ են լծուելու հայրենիքի փրկութեան եւ երկրի հզօրացման սուրբ գործին: Շուրջ 20 երիտասարդներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Դաշնակցութեան շարքերուն:
Երիտասարդներու երդման օրուան եւ վայրին ընտրութիւնը զուգադիպութիւն չէր: 28 դեկտեմբերը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, մտաւորական, պատմաբան եւ քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակի 10-րդ տարելիցն է:
Այս առիթով նորագիրներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան եւ անոր միանալու երդումի իւրայատկութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Վահան Յովհաննիսեան հմուտ գիտնականին եւ քաղաքական գործիչին մասին, որ ամէն ինչ ետին ձգած` մասնակցեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին:
Արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, իր կարգին, անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեանի նկարագրային գիծերուն` շեշտելով, որ ան օրինակելի հայ եւ դաշնակցական էր, որ կը կրէր ազգին ու հայրենիքին ծառայելու վճռակամութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը:
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելեցին Առաջնագիծի Զանազան Կէտեր
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին առաջնագիծի զանազան կէտեր, գրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:
«Կէս գիշերից անց միայն ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներով վերադարձանք Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնագծի տարբեր ուղղութիւններից: Տաւուշից մինչեւ Սիւնիք, աւանդոյթի համաձայն, մեր գործընկերների հետ, ՀՅԴ մարզային կառոյցների ներկայացուցիչների, բարձրագոյն հրամանատարական կազմի սպաների ուղեկցութեամբ, այցելել էինք մեր երկիրը պաշտպանող զինծառայողներին: Յայտնեցինք մեր երախտագիտութիւնը Հայաստանի ամենապատուաբեր առաքելութեան` հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց ներդրման համար: Տարբեր եղանակային պայմաններում, տարբեր ռազմավարական իրավիճակներում նրանք կատարում են իրենց ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ծառայութիւնը: Ջերմ զրոյցներ, երբեմն գործնական, առարկայական քննարկումներ դիրքերում, մարտական յենակէտերում` այս բոլորը դարձել են մեր խմբակցութեան գործընկերների համար առօրեայ կեանք: Հրաժեշտ տալուց բոլոր զինծառայողներին, նրանց ընտանիքներին յղում էինք ջերմ մաղթանքներ ու վստահեցնում, որ իրական ՀԵՐՈՍԸ նրանք են», իր գրութեան մէջ կ՛ըսէ Գեղամ Մանուկեան:
Ազրպէյճանի Իշխանութիւնը Հառիճավանքը Իբրեւ Ազրպէյճանական Ժառանգութիւն Կը Ներկայացնէ
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան ահազանգեց, որ Հայաստանը գրաւելու ծրագիր ունեցող Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, երկրորդ անգամն ըլլալով, Հառիճավանքը կը ներկայացնէ իբրեւ ազրպէյճանական ժառանգութիւն:
«Ազրպէյճանական իշխանական հեռուստաընկերութիւնը Հայաստանի Շիրակի մարզի Հառիճավանք վանական համալիրը պատմական փաստերու կեղծումով կը ներկայացնէ` իբրեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մշակոյթի մաս: Այս տեսանիւթին մէջ Հառիճավանքը կը ներկայացուի իբրեւ ալպանական կրօնական, մշակութային ժառանգութիւն: Փորձ կը կատարուի հերքելու հայերուն` իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ազգ ըլլալը: Տեսանիւթը հայերուն դէմ ցեղապաշտական եւ թշնամանքի ազրպէյճանական պետական քարոզի մաս է, որովհետեւ հետեւողական կեղծիքներով կը ստեղծուին Հայաստանի նկատմամբ յարձակումի հիմքեր: Հառիճավանքը Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ վանական համալիրներէն է, հիմնադրուած է վաղ միջնադարուն եւ պատմականօրէն եղած է ոչ միայն հայոց հոգեւոր կեդրոն, այլեւ` կրթական եւ մշակութային կարեւոր օճախ», գրած է Ա. Թաթոյեան:
Հայոց Եկեղեցին Ձեր Կողքին Է. Վեհափառը Ընդունած Է Արցախցի Երիտասարդ Ընտանիքները
Դեկտեմբեր 31-ին` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ, Գարեգին Բ: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց արցախցի երիտասարդ ընտանիքները` ուղեկցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի: Այս մասին յայտնեցին Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը եւ Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Մարկոս քհնյ. Մանկասարեանը:
Վրթանէս սրբազանը ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ այցելած են նորածին զաւակներ ունեցող արցախցի ընտանիքներ` ստանալու նորին սրբութեան օրհնութիւնը: Սրբազան հայրը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայոց հովուապետին` արցախահայերու նկատմամբ ցուցաբերուող հայրական խնամքին ու հոգածութեան համար:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, իր հայրական օրհնութիւնը յայտնելով հայորդիներուն, իր զօրակցութիւնը յայտնեց արցախցի ընտանիքներուն, յատկապէս` ներկայիս դժուարին պայմաններու մէջ, երբ անոնք յաղթահարեցին բռնի տեղահանութեան պատճառով իրենց առջեւ ծառացած դժուարութիւնները: Հայոց հայրապետը առանձնայատուկ կերպով կարեւոր նկատեց նաեւ արցախցի նորածին զաւակներու ներկայութիւնը Մայր Աթոռ` զանոնք համարելով կեանքի, յոյսի մարմանցում եւ ազգի յարատեւութեան գրաւական:
Կաթողիկոսը մաղթեց, որ ծնողներու խնամքին եւ սիրոյ ներքեւ իրենց զաւակները հասակ առնեն եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ օր մը վերադառնան իրենց հայրենի բնօրրան, հայրենական օճախներ:
Ան պատգամեց արցախցիներուն` ամուր պահել իրենց ոգին եւ հաւատքը զօրաւոր` հաւաստիացնելով, որ Հայ եկեղեցին իրենց կողքին է եւ զօրավիգ ու աջակից` իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման:
Աւարտին Գարեգին Բ. «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց արցախցի ընտանիքները:
Նոյն օրը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այցելեց Էջմիածինի բժշկական ծննդատուն, ուր տեսակցեցաւ նորածիններուն եւ անոնց մայրերուն հետ: Իր խօսքին մէջ կաթողիկոսը անդրադարձաւ մայրութեան աստուածապարգեւ շնորհին` վկայելով, որ մայրական նուիրեալ ու կենսապարգեւ սէրը կրնայ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, իսկ նորածին մանուկները կը դառնան ուժականութեան աղբիւր` զօրացնելով մեր ժողովուրդի պատասխանատուութեան ոգին` կերտելու սերունդներուն համար խաղաղ, բարօր եւ լուսաւոր հայրենիք: Վեհափառ հայրապետը այս առնչութեամբ գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ յառաջիկայ տարի Հայ եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ նախաձեռնումներուն առանցքին մէջ պիտի ըլլայ այս գիտակցութեան եւ ոգիի ամրապնդումը հայ ընտանիքներուն մէջ:
Այնուհետեւ նորին սրբութիւնը զրուցեց նաեւ բուժանձնակազմին հետ` իր գնահատանքը յայտնելով անոնց մատուցած ազգօգուտ ծառայութեան, նուիրումին եւ ծննդկան մայրերու առողջութեան ի նպաստ ներդրած ջանքերուն համար: Այս առիթով նորին սրբութիւնը ծննդատան նուիրեց Սուրբ Աստուածածինի սրբանկարը` մաղթելով, որ Աստուածամօր օրհնութիւնը մնայուն հովանի ըլլայ նորածին մանուկներուն եւ ծննդկան մայրերուն:
Այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին անունով Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակը բոլոր նորածիններուն ու անոնց մայրերուն բաշխեց ամանորեայ նուէրներ:
Զմիւռնիոյ Մէջ Տեղի Ունեցածը Հայերուն Դէմ Ցեղասպանութեան Քաղաքականութեան Շարունակութիւնն Է. Տեղի Ունեցաւ 1922-ի Դէպքերուն Մասին Պատմող Գիրքի Շնորհահանդէսը
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Թեհմինէ Մարտոյեանի` «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)» վերնագրով մենագրութեան շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Զմիւռնիոյ մէջ 1922 թուականին քեմալական Թուրքիոյ իրականացուցած աղէտը վերապրածներու ժառանգները:
Ցուցահանդէսին սկիզբը ներկայ գտնուող հիւրերը ողջունեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը` նշելով, որ Ցեղասպանութեան թեմային առնչուող գիրքերու շնորհահանդէսները, ընդհանրապէս, թանգարան-հիմնարկի գործունէութեան ամէնէն կարեւոր ուղղութիւններէն են:
«Այսօր այդ գործունէութեան գիտական արգասիքներէն մէկուն ցուցադրութիւնն է: Բոլորս գիտենք, որ թանգարան-հիմնարկը երկու կարեւորագոյն ուղղութիւն ունի` գիտացուցադրական եւ գիտական, որ կ՛ենթադրէ, թէ մենք կը զբաղինք նաեւ մեր գիտական հետազօտութիւններու տպագրութիւններով, որոնք իրենց արտացոլացումը կը գտնեն գիտական յօդուածներու եւ գիրքերու տեսքով», նշեց Գզոյեան` չափազանց կարեւոր նկատելով գիտական գործունէութիւնը, որովհետեւ այս կ՛օգնէ նաեւ խօսքը հասցնել աշխարհի տարբեր ծայրեր ու Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները հասանելի դարձնել աշխարհի գիտնականներուն:
Էդիտա Գզոյեանի խօսքով, Թեհմինէ Մարտոյեանի գիրքը, որ վերնագրուած է` «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում», կարեւոր կը նկատուի նաեւ այն հանգամանքով, որ ոչ միայն գիտական գործունէութեան արգասիք է, այլեւ գիտական համագործակցութեան արդիւնք` Երեւանի պետական համալսարանի հետ, որ եւս մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Գիրքի խմբագիր Աշոտ Հայրունի ողջունելով շնորհահանդէսի մասնակիցները` ըսաւ, որ Զմիւռնիոյ ինչպէս 1916 թուականի, այնպէս ալ 1922 թուականներու իրադարձութիւններու լուսաբանումը ոչ միայն գիտական նշանակութիւն ունի, այլեւ ընթերցողին կ՛օգնէ ամրապնդել պատմագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան մէջ երկար ժամանակ քննարկման առարկայ դարձած, շատ մը պարագաներու մէջ նաեւ շահարկուած տեսակէտներու վերաբերեալ հիմնաւորուած հետեւողական պարզաբանումները:
«Այն, ինչ տեղի ունեցաւ Զմիւռնիոյ մէջ 1922 թուականին, փաստեց, որ քեմալական վարչակարգը նոյնութեամբ կը շարունակէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը: Եթէ Քեմալը 1920 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակելէ ետք հայերու կոտորածները կրնար փորձել քողարկել ռազմական անվերահսկելի իրադրութիւններով, պայմաններով եւ այլն, ապա այս պարագային տեղի ունեցաւ հայերու եւ յոյներու դէմ իրականացուած կոտորած մը, երբ ռազմական որեւէ շարժառիթ չկար: Այսինքն այս յաջորդափոխութիւնը` ցեղասպանութեան վարչակարգէ վարչակարգ առանց որեւէ փոփոխութեան, կ՛ապացուցէ առաջին հերթին Զմիւռնիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններով, որոնց վերաբերեալ մենք գիտական ամբողջական լուսաբանութիւն մինչեւ վերջերս, ցաւօք, չունէինք: Բարեբախտաբար մենք այսօր հաւաքուած ենք` շնորհաւորելու մեզ, շնորհաւորելու այս արժէքաւոր գիրքին հեղինակը` Թեմինէ Մարտոյեանը», ընդգծեց Աշոտ Հայրունի` շեշտելով, որ Մարտոյեանի աշխատութիւնը շատ կարեւոր է պատմագիտութեան եւ ցեղասպանագիտութեան մէջ տեղ գտած այդ բացը լրացնելու տեսանկիւնէ:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժինի աւագ գիտական աշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)» գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ողջունեց ցուցահանդէսին ներկայ գտնուող Զմիւռնիոյ հայ համայնքի շարաւիղները եւ միւս մասնակիցները` մանրամասնելով, որ գիրքին հրատարակութիւնը եւ թեմային ընտրութիւնը պատահական չեն եղած:
«Ընդհանրապէս կեանքի մէջ ոչինչ պատահական չ՛ըլլար. իրանագիտութենէ անցում ցեղասպանագիտութեան տեղի ունեցաւ ընդամէնը 1 դիպուածի պատճառով կամ շնորհիւ: Շատեր ինծի կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ կապ ունիմ, արդեօք արմատներս այս հաւատաւոր քաղաքէն` Զմիւռնիայէ՞ն են: Անկեղծ ըսած, 10 եւ աւելի տարիներու ընթացքին ուսումնասիրութիւններս տակաւին չեն աւարտած, եւ տակաւին չեմ կրնար ըսել, թէ ի՛նչ կապ ունիմ այս նիւթին հետ, բայց կրնամ ըսել, թէ ինչպէ՛ս եղաւ այդ կապը: Տակաւին 2010 թուականին առաջին անգամ կը գտնուէի Յունաստան, Աթէնք, եւ կը զբաղէի Իրանի պատմութեան հարցերով, շատ պատահականօրէն Աթէնքի մթերային խանութներէն մէկուն մէջ տեսայ գիրքեր, բնականաբար զիս հետաքրքրեց այդ անկիւնը, եւ մօտեցայ, ուսումնասիրեցի գիրքերը եւ տեսայ գիրք մը, որ յոյն հեղինակի մը կը պատկանէր: Առաջին հերթին զիս գրաւեց գիրքին վերնագիրը` «Ազնիւը»: Գիրքը յունարէնով էր, բայց անմիջապէս մտածեցի, որ ամենայն հաւանականութեամբ, անիկա կապ ունի նաեւ մեր ժողովուրդին ու պատմութեան հետ եւ շատ արագ թերթելով` կարդացի բովանդակութիւնը եւ հասկացայ, որ Ազնիւը Հայոց ցեղասպանութենէն ականատես վերապրող մըն է, որ կը պատմէ իր յուշապատումը եւ այդ պահուն, առաջին բանը, որ եկաւ միտքս, անմիջապէս վերադառնալ Հայաստան եւ այցելել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Այդպէս ալ ըրի, եւ այստեղ ալ ամէն բան սկսաւ», հաղորդեց գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան:
Հեղինակին խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը կազմող դրուագ է նաեւ Զմիւռնիոյ հայերու եւ յոյներու պատմութիւնը:
Ան նաեւ աւելցուց, որ գիրքի շնորհահանդէսին օրը պատահական չէ ընտրուած. «Այսօր դեկտեմբեր 24 է, եւ ընդհանրապէս դեկտեմբերը` իբրեւ այդպիսին, պատահական ամիս չէ Զմիւռնիոյ հայ հաւատաւոր համայնքին ու քաղաքի պատմութեան մէջ: Զմիւռնիացի եպիսկոպոս Նիկողայոս Հայրապետը կամ Նիկողայոս Զմիւռնիացին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուի դեկտեմբերին: Զմիւռնիոյ մէջ յայտնի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որ հայերուն համար կարեւոր վայր էր, որովհետեւ Զմիւռնիոյ հայ համայնքը տարբերող էր եւ հաւատաւոր ու մինչեւ վերջ ալ մնաց այդ հաւատքին մէջ: Դեկտեմբեր 24-ը Հայ առաքելական եկեղեցին նաեւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան օր յայտարարած է, եւ ես հասկացայ, որ շատ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ այս օրը ընտրուեցաւ նաեւ իբրեւ շնորհահանդէսի օր», նշեց Թեհմինէ Մարտոյեան:
Անոր դիտարկմամբ, գիրքի լոյս ընծայման առաջարկը առաջին անգամ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Երեւանի պետական համալսարանի նախկին նախագահ, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախկին տնօրէն Արամ Սիմոնեանէն:
«Ընդհանրապէս այս նիւթին եւ այս համայնքին ներկայացուցիչներուն հետ շփումը շատ բան սորվեցուց, այսինքն այս աշխատանքը, կարելի է ըսել, սորվեցնելու եւ ստանալու հետաքրքրական գործընթաց մըն էր, եւ Զմիւռնիան շատ բան տուաւ ինծի` իբրեւ մարդու, իբրեւ անհատականութիւն: Ամէնէն կարեւորը, որ կ՛ուզեմ շեշտել, թէ՛ այս նիւթին ուսումնասիրութիւնը առաջին հերթին զօրացուց հաւատքս առ Աստուած, որովհետեւ այս համայնքին պատմութիւնը շատ հետաքրքրական թելերով կապուած է մեր ժողովուրդի բնաջնջման եւ հայութեան գաղափարին հետ», իր խօսքին մէջ նշեց գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով աջակցութիւն ցուցաբերեցին գիրքի ստեղծման եւ հրատարակման համար:
Ողջոյնի խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ Զմիւռնիոյ հայ համայնքի ժառանգներու պատմութիւնները եւ անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցները ներկայացնող ժապաւէնը:
Հայաստանի Ազգային Գրադարանը Դասախօսութեամբ Անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի 70-Ամեակին
Պոլսահայ լրագրող, Թուրքիոյ մէջ հայերէնով եւ թրքերէնով տպագրուող միակ ամսաթերթին` «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ծննդեան 70-ամեակին առիթով Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ դեկտեմբեր 20-ին ցուցադրուեցան պարբերական մամուլին մէջ հրապարակուած նիւթեր, «Ակօս»-ի տարբեր համարներ:
Ձեռնարկին պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նունէ Սարումեան ներկայացուց Տինքի կեանքի, գործունէութեան հետաքրքրական դրուագները: Հ. Տինք Թուրքիոյ մտաւորականներէն մէկն էր, որ յայտնի էր իր անվախ ելոյթներով, քաղաքական ամենախճճուած հարցերը մեկնաբանող համարձակ յօդուածներով:
Սարումեանի խօսքով, Հրանդ Տինք կը փափաքէր մարդոց հասանելի դարձնել այն գաղափարը, որ պէտք է փոխյարաբերութիւններ հաստատել, որպէսզի կեանքի, կեցութեան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուին այն տարածաշրջանին մէջ, ուր իրենց հայրենիքն է, բայց օտարի տիրապետութեան տակն է: «Որպէսզի այն օտարը, որ կը խօսի միայն թրքերէն, եւ այն հայը, որ ստիպուած է խօսիլ թրքերէն, ու թաքցնել ազգութիւնը, հասկնայ իր գաղափարները, անհրաժեշտ էր հրատարակել «Ակօս»-ը նաեւ թրքերէն: Այդ գաղափարներուն համար Տինք իր կեանքի եւ գործունէութեան ընթացքին կ՛ենթարկուի հետապնդումներու, կը բանտարկուի վեցամսեայ ժամկէտով, այնուհետեւ քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածով կ՛ենթարկուի վեց տարուան դատապարտումի, դատական գործընթացները տեղի կ՛ունենան 2002-է մինչեւ 2006 թուականը եւ միայն 2007 թուականին, Տինքի մահէն ետք, ան կ՛արդարացուի», յիշեցուց Սարումեան:
Ան պատմեց նաեւ, որ Հրանդ Տինքի ընկերներուն մէջ եղած են հայեր, որոնք նշած են` միայն ծագումով հայ են, սակայն թուրք են: Տինքի գաղափարներուն ծանօթանալով, անոր հետ մտերմանալով` այդ մարդիկը աստիճանաբար ընդունած են, որ ե՛ւ ծագումով հայ են ե՛ւ` բնոյթով:
Տինք ըսած է. «Կան թուրքեր, որոնք չեն ընդունիր, որ իրենց նախնիները ցեղասպանութիւն գործած են, սակայն, եթէ նայինք, կը հասկնանք, որ այդ մարդիկը ուղղակի բարի, հաճելի մարդոց տպաւորութիւն կը ձգեն… Բայց ամէն պարագայի: ինչո՞ւ անոնք չեն կրնար ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ անոնք կը կարծեն, որ ցեղասպանութիւնը վատ բան է, որ` իրենք երբեք չէին ցանկար ընել այդ, եւ այդ իսկ պատճառով անոնք չեն կրնար հաւատալ, որ իրենց նախնիները կրնային կատարել այսպիսի բան մը»:
«Խօսքը այն գաղափարական տեսակէտին մասին է, որ Տինք առաջ կը մղէ, որպէսզի ճանչնան 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ մէջ ապրելով` այսպիսի գաղափար զարգացնելը մեծ համարձակութիւն էր, եւ այդ իսկ պատճառով առաջին անգամ զինք բանտարկեցին, ապա դատապարտեցին: Տինքի սպանութեան պատճառներէն մէկը այն էր, որ ան «Ակօս»-ի էջերուն մէջ անդրադարձաւ Աթաթուրքի աղջկան հայ ըլլալուն: Աթաթուրք ունէր դուստր, զոր որդեգրած էր հայկական որբանոցէն: Տինք գրեց այդ մասին: Այդ պատճառով ան անընդհատ սպառնալիքներ ստացաւ», ըսաւ Նունէ Սարումեան եւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ ձախակողմեան թեւը սատարած է Տինքին, աջակողմեան թեւը դէմ եղած է անոր: Հրանդ Տինքի դատի ժամանակ թրքական իշխանութիւնները նոյնիսկ ստիպուած եղած են Տինքի փաստաբաններուն զինուորականներու վերահսկողութեամբ դատարանէն տուն տանիլ, որովհետեւ եղած են թուրքեր, որոնք յարձակած են անոնց վրայ, պախարակած` Տինքը, սակայն ան հաւատարիմ մնացած է իր գաղափարներուն` փորձելով կատարել կարելին, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Միջազգային հանրութիւնը աջակցած ու պաշտպանած է զինք: Հրանդ Տինք նոյնիսկ անդրադարձած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան այն մասին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ռազմական գործողութիւններու հետեւանք եղած է, ոչ թէ` մարդկութեան նկատմամբ կատարուած ոճրագործութիւն: Անոր խօսքը «Ակօս»-ի մէջ հրապարակուած է Տինքի մահէն ետք, որմէ ետք իշխանութիւնները ձերբակալած են Տինքի որդին, որ ստանձնած է «Ակօս»-ի խմբագիրի եւ անոր տեղակալի պարտականութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանը 2013 թուականէն ի վեր կը ստանայ «Ակօս»-ի հրատարակութիւնները: Գրադարանի ելեկտրոնային շտեմարանին մէջ կը տեղադրուի «Ակօս»-ի հայկական հատուածը, որուն կրնայ ծանօթանալ իւրաքանչիւր փափաքող: