Յօդուածներ

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն ծնած է Թուրքիա, 1889-ին: Ան ականատես եղած է թուրքերուն ձեռքով կատարուած Ատանայի ջարդերուն` 1895-ին: Ան Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1898-ին եւ ապրած է Մասաչուսեց նահանգին մէջ: 1912-ին, ան եղած է առաջին հայ ուսանողուհին, որ յաճախած է Tufts համալսարանի Բժշկական դպրոցը: Ան աւարտած է Բժշկական դպրոցը 1916-ին եւ վկայուած է համապատասխան վկայականով: Վկայուելէ ետք ան...

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկու շառաչուն ապտակ ստացաւ երկու երեսներէն` իբրեւ արդիւնք Քանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Իշխանութիւնը պահող վարչապետը` ազատական Մարք Քառնի, եւ անոր մրցակիցը` պահպանողական Փիեր Փոլիեւ, գրեթէ նոյն բառերով պատգամներ ուղղեցին «նարնջագոյն մարդ»-ուն: Առաջինը յայտարարեց, որ Թրամփ կը փորձէ պառակտում ստեղծել քանատացիներուն միջեւ ու կոտրել անոնց դիմադրականութիւնը, որպէսզի տիրանայ երկրի հողին, հարստութիւններուն եւ ամէն բանի, իսկ...

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Իրանը ՉԺՀ-ի համար խոշոր տարանցիկ երկիր է` Ծոցի երկրների, միջինասիական եւ հարաւկովկասեան հանրապետութիւնների հետ յարաբերութիւնների զարգացման ճանապարհին: Թեհրանը Չինաստանը  դիտում  է իբրեւ  դրամագլխի եւ արհեստագիտութիւնների ներգրաւման այլընտրանքային աղբիւր, ինչպէս նաեւ` իր ազգային շահերի պաշտպանի: Սա էականօրէն օգնում է Չինաստանին` տարածաշրջանում իր շահերն առաջ տանելու հարցում, յատկապէս` ԱՄՆ-ի հետ անխուսափելի մրցակցութեան պարունակում: Այս առնչութեամբ արդիական է մնում ՉԺՀ նախկին...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Այժմու Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ռուսական կիսապաշտօնական քաղաքական մարտավարական հիմնարկին` «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբի 7 մարտ 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը (1): Հեղինակը` ռուս, Սերկէյ Մարքետոնով (2), պատմութեան դոկտ. «Յետխորհրդային պետութիւններու նոր դերը» ծրագիրի ղեկավար, MGIMO միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող եւ «Միջազգային Վերլուծաբանութիւն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրն է: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` իմ կողմէս ճշդումներով (աստղանշան* եւ շեղագիր): Նախ` Վալտայի նախաբանը. «Տարածաշրջանին...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններու Դժուար Ընթացքը, Իսրայէլ Եւ Հայաստան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները այժմ կը գտնուին նոր հարցականներու առջեւ: Իրանեան կողմի մայիսի 2-ին եւ 3-ին նախատեսուած հանդիպումները մէկ կողմէ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ միւս կողմէ` ԱՄՆ-ի հետ վերջին պահուն յետաձգուեցան Ուաշինկթընէն հնչող հակասական յայտարարութիւններու պատճառով: Յստակ է, որ Իրան մեծապէս զգուշ է, որ բանակցային գործընթացը յանկարծ իր բնոյթը չփոխէ... Հարցը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Կիրակի առաւօտ էր, նստած էի հիւրասենեակի բազկաթոռին վրայ: Հանդարտութիւն կը տիրէր` տնեցիները տակաւին կը ննջէին: Պատուհանէն դուրս գեղեցիկ տեսարան մը պարզուած էր դիմացս, ընդարձակ կանաչապատ ծառաստան մը, ապա` լայն պողոտայ մը, իսկ անոր ետեւը կ՛երեւէր անծայրածիր փերուզագոյն ծովը, որ կ՛երթար հորիզոնին վերջաւորութեան միանալու երկինքի վտիտ կապոյտին: Դիւթիչ էր տեսարանը, իսկապէս հրապուրիչ: Պահուն կախարդանքը մեծ էր: Ինքնաբերաբար սուզուեցայ...

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Մայրերու օրը նուիրական տօն մըն է քաղաքակիրթ ազգերու կեանքին մէջ, որովհետեւ մայրութիւնը նուիրական կոչում մըն է: Կենդանական եւ մարդկային կեանքի մէջ մայրութիւնը գեղեցիկ հմայք մը ունի: Մայրեր իրենց մարմինը պատսպարան կը դարձնեն ծնելիք էակներուն, ծնունդ կու տան անոնց, կը գուրգուրան անոնց վրայ եւ կը խնամեն զանոնք: Սակայն հարկ է անմիջապէս հաստատել, որ մայրանալ, ծնունդ եւ...

Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը

Հերոսածին Մայրեր

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Արեւմտեան աշխարհի եւ արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, մայիսեան գարնանային արեւի շողերուն եւ Աստուածամօր նուիրուած աղօթքներուն ու ձօնուած ծաղիկներուն առընթեր, կոչուած ենք մեծարելու մեր մայրերը: Մարդկային արարածներու եւ աստուածային ստեղծագործութեան անգերազանցելի երեւոյթն է մայրութիւնը, որուն կը պարտինք մեր կեանքն ու երջանկութիւնը:  Փոխադարձաբար մեր մայրերու երջանկութիւնը իրենց աշխարհ բերած զաւակներու  բարօր կեանքի եւ յաջողութեան մէջ կը կայանայ: Աշխարհի բոլոր...

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՊՊԱ Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնս (ԱՊՊԱ) խոր կսկիծով իմացաւ, որ հինգշաբթի, 1 մայիս 2025-ին, Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ԱՊՊԱ-ի հիմնադիրներէն, ազգային բարձր գիտակցութեան տէր, չինական քոնկ ֆու մարտարուեստն ու փիլիսոփայութիւնը  իւրացուցած, միաժամանակ սերունդներու մարզական մշակ` վարպետ, ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեան: Մենք զինք ճանչցած ենք իբրեւ ընկեր Վագօ` պարկեշտ, համեստ, նուիրեալ, հաւատաւոր, մարտարուեստի մեր վարպետը: «Առողջ մարմին»,...

Ազնուահոգի Բարերարի Մը Մահը  (Ֆրանսահայ Տիգրան Ճիէրճեանի Յիշատակին)

Ազնուահոգի Բարերարի Մը Մահը (Ֆրանսահայ Տիգրան Ճիէրճեանի Յիշատակին)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Մեզմէ շատեր այն համոզումը ունին թերեւս, թէ ամէն բարերար անպայման ու ի բնէ «ազնուահոգի» կ՛ըլլայ: Կը մտածենք, որ եթէ բարերար անձը ազնիւ ու ծառայակամ չէ, կրնա՞յ բարեգործութիւններ կատարել շարունակ, կրնա՞յ անսակարկ պատրաստակամութեամբ ընդառաջել ազգային շրջանակներէ իրեն ուղղուած դիմումներու, կրնա՞յ անվարան ու անտրտունջ գոհացում տալ մեծ ու փոքր նիւթական խնդրանքներու… Անշո՛ւշտ որ բարերարութիւնը նկարագրի ազնիւ գիծ մը, հոգիի վեհանձնութիւն...

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ «Սիրիական գարուն»-ը եւ չինական դիւանագիտութեան աշխուժութիւնը Թէեւ կարող է թուալ, որ Սիրիայում Չինաստանը մեծ շահեր չունի սակայն, այդ երկրում հակակառավարական շարժման սկզբից եւեթ Փեքինը յամառօրէն պնդում էր, որ նախագահ Պաշշար Ասատը պէտք չէ Արեւմուտքի հարկադրանքի տակ հրաժարուի իշխանութիւնից: Չինաստանը բազմիցս յատուկ բանագնացներ ուղարկեց տարածաշրջան` Սիրիայի եւ հարեւան պետութիւնների միջեւ բանակցութիւններ վարելու միջոցով հակամարտութեան շահագրգիռ կողմերի հետ կապերի հաստատման...

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուների Խորհրդի Անդամ Նազարէթ Սապունճեանի Ընտանիքին Ցաւով տեղեկացայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի անդամ, լիբանանահայ գործարար Նազարէթ  Սապունճեանի մահուան մասին: Շուրջ մէկ տասնամեակ լինելով հոգաբարձուների խորհրդի անդամ` Նազարէթ Սապունճեանը նշանակալի աւանդ է ունեցալ Հիմնադրամի ծրագրերի կազմակերպման եւ իրականացման գործում: Միեւնոյն ժամանակ, անգնահատելի են յայտնի գործարարի բարեգործական նախաձեռնութիւնները, որոնք լուսաւոր հետք են թողել բազմաթիւ հայորդիների կեանքում: Նազարէթ Սապունճեանի...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Նազարէթ Սապունճեանի Ընտանիքին Խորը վշտով ստացանք պարոն Նազարէթ Սապունճեանի մահուան բօթը: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ անձամբ իմ անունից ընդունէք անկեղծ ցաւակցութիւններ, կարեկցանքի եւ զօրակցութեան խօսքեր պարոն Սապունճեանի վախճանի կապակցութեամբ: Բարձր ենք գնահատում նրա նուիրուածութիւնը հայրենիքի հանդէպ, մասնաւորապէս` երկար տարիների նրա Աւանդը Հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի կազմում: Ցաւակցում ենք նրա ընտանիքին, հարազատներին, բարեկամներին եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամներին: Նրա յիշատակը միշտ վառ կը...

Կոչ

Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրոն խոր վիշտով իմացաւ ընկեր Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը: Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, սգակիր ընկերներուն եւ բարեկամներուն: Ընկեր Նազարէթ Սապունճեան երկար տարիներ եղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձութեան անդամ` իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ: Բիւր յարգանք վաստակաշատ ընկերոջ յիշատակին: ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշի՛, Պիտի Մնաս Մեր Երազներուն Թագուհին (9 Մայիս 1992)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Կա՞յ աւելի սրտառուչ հմայք, քան արկածախնդրութիւնը լեռնականներուն, որոնք մահուան վրայ կը յարձակին ահաւոր գեղեցկութեամբ»: Յակոբ Օշական Սոփեստ հայեր յաճախ կը մեղադրեն, որ մինչեւ ե՛րբ երազային պահուածքի ու զգացականութեան զոհերը պիտի մնանք հաւաքաբար` պարզապէս խուսափելով առարկայական, իրատես մօտեցում եւ կեցուածք ցուցաբերելէ: Նման տեսակի խօսքերու եւ յորդորներու լսողացն ենք ամէնուրեք սփիւռքի թէ հայրենիքի տարածքին: Տեղին է նշել նաեւ, որ մտածումի...

Քարին Վրայ

33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերազմի յաղթական աւարտին, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման: Արցախահայութեան եւ ընդհանուր առմամբ հայոց ազատագրական կամ հայրենական պատերազմի պատմութեան համար ամէնէն փայլուն եւ մեծագոյն նուաճումը եղաւ Շուշիի ազատագրումը: Շուշիի ազատագրումը` 1992-ին, իրականացաւ համազգային համախմբուածութեան եւ հերոսական սխրանքներու շնորհիւ: Շուշիի մէջ ազրպէյճանցիք մեծաթիւ զօրք եւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք կեդրոնացուցած...

Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Ժան Հալլաճեան Յուշագրութիւնը կարելի է սահմանել իբրեւ յուշապատում` կապուած անձնական կամ հանրային յիշատակագրութիւններու, որոնք կու գան լրացնելու հասարակութեան հետաքրքրութիւնը տուեալ անձի կամ ժամանակահատուածի մը իրադարձութիւններուն շուրջ` լուսարձակի տակ առնելով դէպքերու զարգացման ուժականութիւնը, գնահատականներ արձանագրելով` ականատեսի պրիսմակէ դիտուած կամ լսողացի հանգամանքով: Այդ բոլոր յիշատակութիւնները կ՛արձանագրուին առանց շօշափելի առարկայական փաստաթուղթերու առկայութեան, եւ այդ փաստաթուղթերուն բացակայութիւնը հարցականի տակ չ՛առներ նկարագրուած դէպքերու հաւաստիութիւնը: Ընդհանրապէս յուշապատումի մը վաւերական հանգամանքի ընկալումը կը մնայ ընթերցողի...

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Պիզնես Ինսայտր» կայքը հրապարակած է Մարիա Նոյենի յօդուածը` ներկայացնելով ցաւը բրիտանական գիւղի մը նուազ քան 300 բնակիչներուն, որոնք Բ. Համաշխարհային պատերազմին կառավարութեան որոշումով տարհանուած են եւ չեն վերադարձած: Անշուշտ ցաւալի երեւոյթ մըն է, սակայն անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ աւելի քան 80 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այդ ողբերգութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնուի, իսկ աւելի ծանր կշռող ժամանակակից տառապանքը կ՛անտեսուի:   Ն....

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԷ.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԷ.)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. ԺԳ.- Բրտութենէն «Ան-Բան» Չմնալ... I.- Թէօլէօլեան տարբեր առիթներով յայտնած է, որ իր ուղղուիլը դէպի սփիւռքագիտութիւն` մեկնակէտին ունէր Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին հետեւած ահաբեկչական արարքներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Խորհած, թէ անիկա Հայոց ցեղասպանութեան սփիւռքեան քաղաքականութենէ մը աւելի` էապէս ինքնութեան կամ ինքնապատկերացման տագնապ կը պատմէ: Կամ, իր բառերով, անոր «գոյութիւնը, յարատեւումն ու ընդարձակումը` 1973-էն ի վեր, հայ սփիւռքի ներքին կեանքի...

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ «Լիպիական գարուն». մարտահրաւէր ՉԺՀ-ի չմիջամտութեան քաղաքականութեանը Լիպիան «Արաբական գարուն»-ի յորձանուտում յայտնուած հիւսիսափրիկեան յաջորդ պետութիւնն էր, որի հակակառավարական ելոյթների սկզբնական շրջանում ՉԺՀ-ը փորձում էր ձեռնպահ մնալ որեւէ գնահատականից` սահմանափակուելով միայն հակամարտող կողմերին ուղղուած հաշտութեան յորդորներով, եւ, ի տարբերութիւն Արեւմուտքի, չարտայայտուելով յօգուտ իշխանութիւնից Քազզաֆու հեռացման: Փետրուարի 22-ից մինչեւ մարտի 5-ն ընկած ժամանակահատուածում Փեքինը կազմակերպեց Լիպիայից ցամաքային, ծովային  եւ  օդային  ուղիներով ...

Page 108 of 1110 1 … 107 108 109 … 1,110

Արխիւներ