Կիրակի առաւօտ էր, նստած էի հիւրասենեակի բազկաթոռին վրայ: Հանդարտութիւն կը տիրէր` տնեցիները տակաւին կը ննջէին:
Պատուհանէն դուրս գեղեցիկ տեսարան մը պարզուած էր դիմացս, ընդարձակ կանաչապատ ծառաստան մը, ապա` լայն պողոտայ մը, իսկ անոր ետեւը կ՛երեւէր անծայրածիր փերուզագոյն ծովը, որ կ՛երթար հորիզոնին վերջաւորութեան միանալու երկինքի վտիտ կապոյտին: Դիւթիչ էր տեսարանը, իսկապէս հրապուրիչ:
Պահուն կախարդանքը մեծ էր:
Ինքնաբերաբար սուզուեցայ ներաշխարհիս մէջ, մտքով եւ զգացումներով փոխադրուեցայ ծննդավայրս` Պէյրութ, երկար տարիներ առաջ:
Երեւոյթին տարրերը գրեթէ նոյն էին, հոն ալ դիմացս գեղեցիկ ծառաստան մը կար, ապա լայն պողոտայ մը եւ անոր կողքին` կապոյտ ծով, այն տարբերութեամբ, որ ծովը Միջերկրականն էր, իսկ վայրը` Մար Մըխայէլ եւ ոչ թէ` Ապու Տապի:
Կը սիրէի մանկութեանս տունը: Հոն բնակեցանք քանի մը տարիներ` նախքան Էշրեֆիէ փոխադրուիլը: Ընդարձակ էր մեր մանկութեան տունը, լայն եւ կիսաշրջանակաձեւ պատշգամ մը ունէր: Մեր դիմաց ունէինք ընդարձակ պարապութիւն մը, որ կը կոչուէր Թիյեաններու դաշտը: Թաղին մէջ կային խանութներ, որոնց սեփականատէրերը հայեր էին: Քանի մը ուրիշ ճեմարանական ծանօթ աշակերտներ կը բնակէին նոյն շրջանին մէջ: Հոն կը գտնուէր նաեւ վաստակաւոր եւ հանրածանօթ գրող Անդրանիկ Ծառուկեանի բնակարանը: Մենք նաեւ ունէինք շոգեկառքի երկաթուղին, որուն վրայէն շոգեկառքը ֆշշալով մերթ ընդ մերթ կ՛անցնէր` շրջանի բոլոր մանուկներուն մեծ հրճուանք պատճառելով:
Այո՛, ճիշդ է, որ այդ շէնքերը եւ շրջակայքը նուազ շքեղ էին, քան` Ապու Տապիի շէնքերը, կ՛ընդունիմ նաեւ, որ մեր թաղը շատ աւելի աղմկոտ էր, մանաւանդ երբ սայլ մը կ՛անցնէր իշուն կապուած, որուն վրայէն սայլորդը կը գոռար` «լիրա, լիրա, լիրա», ապա ուրիշ մը` «քազ, քազ, քազ», թաղին երբեմնի անդորրը խախտելով եւ ինծի նման մանուկներու արտասովոր թուելով, բայց այնուամենայնիւ ան ունէր տարբեր համ մը եւ վրաս ձգած էր իր տարբեր դրոշմը, պարզապէս որովհետեւ շրջապատուած էի ընտանեկան սիրով եւ գուրգուրանքով: Բազմանդամ էր մեր ընտանիքը. նաեւ բախտը ունէինք մեզի հետ ունենալու մեծ հայրս եւ մեծ մայրս:
Գեղեցիկ էին մանկութեանս այդ օրերը…
Աւա՜ղ, արդէն իսկ մօտ կէս դար անցած է այդ նկարագրած պահերէս: Որքա՜ն արագ անցաւ ժամանակը:
Ի՞նչ է կեանքը, եթէ ոչ շարք մը` յարափոփոխ աննախատեսելի պատահարներու: Կարծես թէ ըլլար ովկիանոս մը, որուն մէջ կը թիավարենք` փորձելով մեր մակոյկը ապահով ծովափ մը հասցնել: Յաճախ` փոթորիկի հանդիպելով, բայց փորձելով միշտ կայմը կայուն պահել: Շատեր կը հասնին ծովափ, իսկ բազմաթիւ ուրիշներ դժբախտաբար չեն հասնիր:
Շատեր կ՛ըսեն, որ ճակատագիրը պատահականութեան հարց է եւ ոչ թէ` ընտրութեան, իսկ ուրիշներ կ՛ըսեն, որ ճակատագիրը ընտրութեան հարց է եւ ոչ թէ` պատահականութեան:
Այսօր, երբ շուրջս կը նայիմ, մեծ ցաւով կը զգամ բացակայութիւնը շատ մը սրտակից անձերու, որոնք ներաշխարհիս սիւներէն էին, ինչպէս` մեծ հայրս, մեծ մայրս, անշուշտ նաեւ` անզուգական հայրս, որոնք դժբախտաբար այս աշխարհին մէջ չեն այլեւս: Բայց տակաւին ունիմ իմ սիրելի մայրս, անցեալի երազային մանկութեան միակ ապացոյցը, որ, ինչպէս ամէն մայր, մեր տան սիրոյ եւ գուրգուրանքի աղբիւրն է: Այո՛, թէպէտեւ տարիքով յառաջացած է եւ առողջութեամբ փխրուն, բայց տակաւին մեր տան սիւնն է մեր սիրելի մայրը: Ինչպէս ամէն մայր, ան անհամար գիշերներ լուսցուցած է, իր առողջութիւնը մաշեցուցած է, որպէսզի մենք ըլլանք ուրախ: Արդեօք աշխարհի մէջ աւելի գեղեցիկ եւ իմաստալից բառ մը կա՞յ, քան` «մայր» կամ «մայրիկ» բառը: Այսօր, մայիս ամսուն, շատ մը երկիրներու մէջ մայրերու տօնն է, բայց մեզի համար ամէն օր մայրերու տօն է, ամէն օր պէտք է ըլլայ մայրերու գնահատանքի եւ փառաբանանքի օր: Միտքս կու գայ մանկութեանս սորված երգ մը, որուն բառերը այսպէս կը սկսէին.
«Թռչէի մտքով տուն, ուր իմ մայրն է արթուն…
Ախ իմ մայր թանկագին, տուն կու գամ ես կրկին,
Կը սփոփեմ քո հոգին համբոյրով, սրտագին
Կը սեղմեմ քեզ իմ կրծքին»…
Նստած տեղէս պատուհանէն դուրս կը դիտէի, յանկարծ կարծես թէ դուրսը երկինքը մռայլեցաւ ու ամպոտեցաւ մայիս ամսուն, եւ կաթիլ-կաթիլ արդեօք անձրե՞ւ սկսաւ տեղալ… Չէ՛, շուարած էի, անձրեւ չէր գար, բայց մօրս կարօտէն պանդուխտի աչքերս էին արցունքով թրջուած:
Շնորհաւո՛ր Մայրերու տօն:
Մայիս, 2025