Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններու Դժուար Ընթացքը, Իսրայէլ Եւ Հայաստան

Մայիս 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները այժմ կը գտնուին նոր հարցականներու առջեւ:

Իրանեան կողմի մայիսի 2-ին եւ 3-ին նախատեսուած հանդիպումները մէկ կողմէ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ միւս կողմէ` ԱՄՆ-ի հետ վերջին պահուն յետաձգուեցան Ուաշինկթընէն հնչող հակասական յայտարարութիւններու պատճառով: Յստակ է, որ Իրան մեծապէս զգուշ է, որ բանակցային գործընթացը յանկարծ իր բնոյթը չփոխէ…

Հարցը ԱՄՆ-ի գործադիր իշխանութեան ներքին երկուութիւններն են: Իրան կ՛ակնկալէ, որ Թրամփի սկզբնական հաւաստիքները մնան ի զօրու: Կողմերու միջեւ ցարդ ձեւաւորուած համախոհութեան հիմնական եզրը կը յենէր շատ յստակ առաջադրութեան մը վրայ: Մէկ կողմէ Իրան կ՛ընդունէր իր միջուկային ծրագիրը հեռու պահել որեւէ ռազմականացումէ եւ զայն սահմանափակել զուտ ուժանիւթային զարգացման կարիքներու ոլորտին մէջ: (Բա՛ն մը, որ Իրան արդէն վաղուց ընդունած էր որպէս պաշտօնական քաղաքականութիւն եւ,  առ այդ, իր ծրագիրը դրած` միջազգային վերահսկողական կառոյցներու տրամադրութեան տակ) Միւս կողմէ` ապահովել ԱՄՆ-ի անուղղակի հովանաւորութիւնը միջուկային իր ծրագրի ոչ ռազմական մարզերու զարգացման համար:

Չմոռնալ, որ Իրան ստորագրած է միջազգային NPT դաշնագիրը` 1970-ին ինքզինք յանձնառութեան տակ դնելով իր ծրագրի ապառազմական բնոյթի պահպանման կապակցութեամբ: Ճիշդ է,  որ Իրանի վիճակացոյցը այս մարզին մէջ տեւաբար եղած է վիճարկման ենթակայ: Եւ սակայն նման վէճերը միշտ մնացած են հակակշռելի: Եւ բնական է, որ նման խնդիրներու քննութիւնը մաս կազմէ այսօր Մասքաթի բանակցութիւններու օրակարգին: Ասոնք բանակցային գործընթացի հերթական խնդիրներն են եւ Թրամփի ցարդ արձանագրած յաջողութիւնը Մասքաթի մէջ այս վիճելիները սեղանի վրայ պահելու կարեւոր գրաւական մըն էր բանակցային գործընթացը ԱՄՆ-ի ազդեցութեան ծիրին մէջ ամրակայելու տեսակէտէն:

Դժուարութեան աղբիւրը պէտք է փնտռել բոլորովին այլ տեղ: Զայն պէտք է փնտռել Իսրայէլի մէջ: Ճիշդ է, որ Թրամփ ցարդ կարողացաւ Իսրայէլի առաւելապաշտ յաւակնութիւնները Իրանի նկատմամբ յաջողապէս զսպել, բայց այդ մէկը զուտ մարտավարական հողի վրայ ձեւաւորուած համախոհութիւն մըն էր: (Եւ անշուշտ Իսրայէլ փութաց «փոխարժէք»-ը ստանալ Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ:) Ակնյայտօրէն վարչապետ Նեթանիահու չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը Իրանի վերաբերմամբ: Իսրայէլեան թեզը կը շարունակէ մնալ նոյնը: ԱՅՆ Է` ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԼՈՒԾԱՐԵ՛Լ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ: ԼՈՒԾԱՐԵԼ ՆՈՅՆԻՍԿ ԻՐԱ՛ՆԸ` ՈՐՊԷՍ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՈՒԺ: Յամենայն դէպս միջուկային զարգացման ոլորտէն բոլորովին դուրս բերել Իրանը եւ նախընտրաբար` ռազմական միջամտութեա՛մբ: Եւ անշուշտ նախընտրաբար` ԱՄՆ-ի զէնքերով…

Այս ծայրայեղական թեզը մաս կը կազմէ Իսրայէլի ներկայ իշխանութեան կողմէ ձեւաւորուած եւ բացէ ի բաց յայտարարուած Իսրայէլի լինելիութեան վարդապետութեան: Միաժամանակ կասկած չկայ, որ այս թեզը փակուղային է եւ արկածախնդրական: Ան խոտոր կը համեմատի ԱՄՆ-ի տարածաշրջանային քաղաքականութեան սկզբունքներուն: Խոտոր կը համեմատի ԱՄՆ-ի գերագոյն շահերուն: Ճիշդ է, որ ներքաղաքական իրավիճակի տրամադրութիւններու լոյսին տակ թրամփեան խօսոյթը յարձակողական կը հնչէ, բայց ան չի դադրիր նրբութիւններու հպատակելէ: Այո՛, ան ունի սպառնական բնոյթ: Ան կը պահանջէ, որ յաջորդ երկու ամսուան ընթացքին Իրան համաձայնագիր ստորագրէ ԱՄՆ-ի հետ, այլապէս… Բայց ԱՄՆ-ի առաջնահերթ խնդիրը շատ հեռու է հարցին ռազմական լուծում տալու այլընտրանքէն: ԵՒ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԻՐԱՆԻ ԳՐԱՒՆ ԱԼ ԱՅՍ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՐԲՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ Է, ՈՐ ԽԱՐՍԽՈՒԱԾ Է: Այնքան ատեն որ նախատեսուած համաձայնագիրը Իրանի կարմիր գիծերը չի բռնաբարեր, Իրան պատրաստ կը թուի ԱՄՆ-ի հետ լայնօրէն գործակցելու: Ճիշդ կամ սխալ` Իրանի ղեկավարութիւնը իր գրաւը դրած ըլլալ կը թուի Թրամփին վրայ… Ան կը յուսայ Թրամփը ունենալ` որպէս իր իրական երաշխիքը Իսրայէլի ծաւալապաշտութեան դէմ: Հետեւաբար կարեւոր է գիտնալ, թէ որո՞նք են Իրանի կարմիր գիծերը այսօր:

Իրան պատրաստ կը թուի համախոհութեան գալու ԱՄՆ-ի հետ միջուկային անվտանգութեան մարզին մէջ: Ան պատրաստ է չափագրելի եւ ստուգելի երաշխիքներ հայթայթելու իր միջուկային ծրագրի ապառազմական բնոյթի պահպանման մարզին մէջ` ի դիմաց նոյնքան շօշափելի ամերիկեան եւ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու: Յստակ է, որ Իրանի բանակցային ռազմավարութիւնը այս ոլորտին մէջ է, որ կ՛ուզէ գործել: Իրան կը յուսայ, որ այս ապառազմական ոլորտին մէջ իր միջուկային ծրագիրը մեծ թափով կը յառաջդիմէ` օգտուելով Արեւմուտքի արհեստագիտական նոր հմտութիւններէն եւ ուժականութիւններէն: Ասիկա հսկայ շրջադարձ մըն է Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Բայց այս մէկը երբեք չի նշանակեր, որ Իրան պատրաստ է իր միջուկային ծրագիրը «զոհելու»: Իրան նոյնիսկ կը յիշեցնէ աշխարհին, որ իւրանիոմի վերամշակման գծով իր իրաւունքները լիովին երաշխաւորուած են NPT միջազգային դաշնագրի տրամադրութիւններով, նոյնիսկ եթէ Իրան երկկողմ համաձայնութիւն կնքէ իր այդ իրաւունքները ինքնակամօրէն առկախելու (ինչպէս ըրած է օրինակ` Պրազիլը):

Այս կէտին վրայ Իրանի բանակցային խնդիրն է նոր յստակացում ապահովել Թրամփի դիւանագիտական խմբակէն: Յստակացո՛ւմ,   որ ԱՄՆ-ի սկզբնակէտը չէ փոխուած… Իրան կը հաւաստիացնէ, որ ինք պատրաստ է բանակցային գործընթացը պահելու դրական մթնոլորտի մէջ` ակնկալելով նոյնը Արեւմուտքի ուժերէն: Նոյնպիսի տպաւորութիւն մը (թէեւ` շփոթ բառապաշարով) կարելի է քաղել Թրամփի վերջին ելոյթներէն: Եւ սակայն յստակ է, որ Սպիտակ տունը վէճի մէջ է այս հարցով: Եւ հարց է, թէ նախագահը ի՛նք ի վերջոյ ի՞նչ դիրքերու պիտի յանգի:

Իրականութիւնը այն է, որ Նեթանիահու արդէն կրցած է Թրամփի բերդէն ներս մտքերու պառակտում յառաջ բերել: Ի՞նչ է ԱՄՆ-ի յստակ պահանջը Իրանէն… Լիովին լուծարե՞լ Իրանի միջուկային ծրագիրը: Վստահելի երաշխիքնե՞ր ձեռք ձգել ծրագրի ապառազմականացման խնդրով: Իւրանիոմի վերամշակման հարցով յանգիլ միջին եզրի՞ մը: Տարածաշրջանի անվտանգային խնդիրներու ոլորտին մէջ հասնիլ ընդհանուր համաձայնութեա՞ն: Այս կէտին վրայ խաղաքարտերը խառնուած կը թուին ըլլալ: Թրամփի դիւանագէտները ի՞նչ առաջնահերթութիւններով պիտի առաջնորդուին բանակցութիւններու յաջորդ փուլին մէջ:

Այս բոլորին մէջ անուրանալի է Ուաշինկթընի եւ Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ իսրայէլամէտ լոպիի դերակատարութիւնը: Անոր զուգընթաց` նաեւ թրքական եւ ազրպէյճանական լոպիներու ճնշումը: Պէտք չէ բացառել նաեւ Մոսկուայի հաւանական մասնակցութիւնը Իրանի կապակցութեամբ Թրամփի քաղաքականութիւնը խոչընդոտելու ընդհանուր ճիգին… Տապալե՛լ իրանեւամերիկեան բանակցային գործընթացը` կը նշանակէ Թրամփի քաղաքականութիւնը պատանդ վերցնել Կովկասի գերզգայուն բեմին վրայ… Ո՞վ պիտի չուզէր այդ բանին հասնիլ: Եւ ուրեմն` չզարմանա՛լ, որ, առաջին հերթին, ԱՄՆ-ի «բարեկամ»-ներու դաշտէն գայ այդ սպառնալիքը:  Առաջին հերթին` Նեթանիահու-Ալիեւ շահերու վտանգաւոր սերտակցութենէ՛ն… եւ որուն առաջին թիրախը բնականաբար Հայաստանն է միշտ:

5 մայիս, 2025

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Այժմու Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?