Մայրերու օրը նուիրական տօն մըն է քաղաքակիրթ ազգերու կեանքին մէջ, որովհետեւ մայրութիւնը նուիրական կոչում մըն է: Կենդանական եւ մարդկային կեանքի մէջ մայրութիւնը գեղեցիկ հմայք մը ունի: Մայրեր իրենց մարմինը պատսպարան կը դարձնեն ծնելիք էակներուն, ծնունդ կու տան անոնց, կը գուրգուրան անոնց վրայ եւ կը խնամեն զանոնք:
Սակայն հարկ է անմիջապէս հաստատել, որ մայրանալ, ծնունդ եւ սնունդ տալ բաւական չեն լիիրաւ մայր ըլլալու համար: Մայրութիւնը վսեմ եւ աստուածային կոչում մըն է: Այն մայրը, որ այդ կոչումով կ՛ապրի, առաքինի մայր մըն է: Գիտակից մայրը սիրոյ, նուիրումի եւ զոհաբերութեան մարմնացումն է: Անոր սիրտը աստուածային սիրոյն հայելին է, որ սիրով կը բաբախէ, անկէ կը յորդի սէր մը, որ անընկճելի զօրութիւն մը ունի, որ` ոչ մէկ ուժ կրնայ նուաճել զայն:
Գիտակից մայրը կը նմանի արբանեակի մը, որ իր լոյսը կը ստանայ լուսոյ աղբիւր արեգակէն եւ կը ցոլացնէ զայն: Գիտակից մայրը իր սէրը կը ստանայ սիրոյ աղբիւր եղող Աստուծմէ եւ զայն կը ցոլացնէ իր մանկան վրայ: Ան կը հետեւի իր հոգեհատորի կեանքի քայլերուն` անոր սաղմային հանգրուանէն մինչեւ այն, օրը երբ դեռ իր սիրտը կը բաբախէ:
Գիտակից մայրը այն ազնուական կինն է, որ Աստուածաշունչը ձեռքին, կուրծքին սեղմած իր զաւակը` զայն կը մեծցնէ աղօթքով եւ Աստուծոյ շունչով: Ան միշտ կը զոհէ եւ կը զոհուի, անսահման սիրով, գուրգուրանքով եւ համբերութեամբ կը նուիրէ իր կեանքը համակ:
Գիտակից մայրը իր զաւկին առաջին եւ մեծագոյն դաստիարակն է` կեանքի առաջին դպրոց եղող տան մէջ: Անոր խաղացած դերն ու ազդեցութիւնը խիստ բախտորոշ եւ ճակատագրական են, մանաւանդ` կեանքի կազմաւորման տարիներուն: Եթէ իրօք կեանքի ամէնէն տպաւորիչ դասերը կ՛աւանդուին մանկական մատղաշ տարիներուն, այն ատեն անվարան կարելի է ըսել, թէ գիտակից մայրերն են, որ իրենց ձեռքերուն մէջ կը կրեն մարդկային ընկերութեան ճակատագիրը:
Գիտակից մայրերը իրազեկ են այն իրողութեան, որ իրենց զաւակները հին դարերէն ներկայ ժամանակներու երկարող շղթայի մը օղակներն են, եւ իրենց կոչումն ու առաքելութիւնն է ընտիր նկարագրի տէր, բարոյական եւ հոգեւոր սկզբունքներով օժտուած զաւակներ պատրաստել ազգին ու մարդկութեան: Յարգանքի եւ մեծարանքի արժանի են այն բոլոր գիտակից մայրերը, որոնք իրենց զաւակներուն ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացումին կը սատարեն:
Մայրերու օրուան առիթով կը խոնարհինք մեզմէ մարմնապէս անդարձ մեկնող մայրերու յիշատակին առջեւ եւ յարգանքի, սիրոյ եւ որդիական ջերմ զգացումներով կ՛ոգեկոչենք անոնց անմեռ յիշատակը:
Մայրերու օրը նաեւ դիպուկ առիթ մըն է մեր անխառն յարգանքի եւ սիրոյ տուրքը ընծայելու ապրող բոլոր առաքինի մայրերուն, որոնք գիտակից են իրենց մայրութեան կոչումին:
Մայրերու օրը, ինչպէս նաեւ` տարուան ամէն մէկ օրը, երախտապարտ զաւակներ, այրեր եւ ընտանիքի անդամներ իրենց յարգանքն ու սէրը մատուցելու են եւ «երանելի» կոչելու են այն անձնդիր, զոհաբերող եւ գիտակից էակը, որ կը կոչուի ՄԱՅՐ: