Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

May 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն ծնած է Թուրքիա, 1889-ին: Ան ականատես եղած է թուրքերուն ձեռքով կատարուած Ատանայի ջարդերուն` 1895-ին: Ան Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1898-ին եւ ապրած է Մասաչուսեց նահանգին մէջ:

1912-ին, ան եղած է առաջին հայ ուսանողուհին, որ յաճախած է Tufts համալսարանի Բժշկական դպրոցը: Ան աւարտած է Բժշկական դպրոցը 1916-ին եւ վկայուած է համապատասխան վկայականով: Վկայուելէ ետք ան հաստատած է իր սեփական դարմանատունը Պոսթընի մէջ: Ան 1922-ին աշխատած է New England հիւանդանոցի մանուկներու եւ կիներու բաժանմունքին մէջ, ուր տեսած է հիւանդներ, որոնք կը տառապէին սրունքներու խոցերէ եւ ընդլայնած երակներէ (varicose veins):

Ան դարմանած է այս հիւանդները` գործածելով առաջին անգամ ըլլալով ներերակային սրսկում, յատուկ դեղով մը: Այս դարմանամիջոցը մեծ ընդունելութիւն գտած է ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ սկսած է լայնօրէն գործածուիլ ամերիկացի բժիշկներուն կողմէ:

Այս դարմանամիջոցը ազատած է հազարաւոր հիւանդներ, որոնք անցեալին դատապարտուած էին սրունքներու հատումով (amputation):

Բժշկուհի Մելքոն մասնագիտացած է վիրաբուժութեան մէջ: Կատարած է հարիւրաւոր բարդ վիրահատումներ:

1971-ին ան հիմնած է բժշկական ուսանողներու կրթաթոշակի հիմնադրամ մը` նիւթապէս կարօտեալ եւ յաջողակ ուսանողներու համար:

Բժշկուհի Մելքոնի անունով կոչուած է Tufts համալսարանի սրահներէն մէկը:

Ան առաջին հայ կին բժշկուհին եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն մահացած է 89 տարեկանին, Պելմոնթի մէջ, Մասաչուսեց:

Աղբիւրներ

1.- Eliza A. Melkon, M.D., Allergic Manifestations after the Injection Treatment of Varicose Veins, The New England Journl of Medecine, June 19, 1947.
2.- Eliza Melkon, M.D., Anunner.com – Ճանաչենք Հայ Մեծերին:
3.- Eliza Melkon, M.D., Treatment of Varicose Veins by the Injection Method, The New England Journl of Medecine, April 4, 1929.
4.- Eliza Melkon Obit Boston Globe, Sep. 17, 1978.

Նախորդը

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Յաջորդը

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.