Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

May 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկու շառաչուն ապտակ ստացաւ երկու երեսներէն` իբրեւ արդիւնք Քանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Իշխանութիւնը պահող վարչապետը` ազատական Մարք Քառնի, եւ անոր մրցակիցը` պահպանողական Փիեր Փոլիեւ, գրեթէ նոյն բառերով պատգամներ ուղղեցին «նարնջագոյն մարդ»-ուն: Առաջինը յայտարարեց, որ Թրամփ կը փորձէ պառակտում ստեղծել քանատացիներուն միջեւ ու կոտրել անոնց դիմադրականութիւնը, որպէսզի տիրանայ երկրի հողին, հարստութիւններուն եւ ամէն բանի, իսկ երկրորդը աւելի կարճ-կտրուկ բառերով ըսաւ. «Թրա՛մփ, ձեռքդ ե՛տ քաշէ Քանատայէն»:

Քանատացիք երկուշաբթի, 28 ապրիլին քուէատուփ գացին ընտրելու համար նոր խորհրդարան մը: Ընտրապայքարը մօտաւորապէս 3 ամիս տեւած էր` սկսելով այն օրէն, երբ ժողովրդականութիւն փոշիացուցած ազատական վարչապետը` Ճասթին Թրուտօ, կորսնցուց աթոռը, եւ զինք առժամաբար փոխարինեց նոյն կուսակցութեան անդամներէն Քառնի: Հոս նպատակ չունինք երկար-բարակ քննարկելու, թէ անցեալին լայն ժողովրդականութիւն վայելող Թրուտօ ինչո՞ւ վարկաբեկուեցաւ, քաղաքական կեանքին մէջ քիչ ծանօթ Քառնի մը ինչպէ՞ս դարձաւ ժամանակաւոր վարչապետ ու ինչպէ՞ս յաջողեցաւ ընդդիմադիրներուն վայելած յստակ առաւելութիւնը շրջել այս կարճ ժամանակամիջոցին, շահիլ խորհրդարանի աթոռներուն մեծ մասը: Քանատայի քաղաքական ներքին կեանքին կը վերաբերին նաեւ այն մեկնաբանութիւնները, որ ան բացարձակ մեծամասնութիւն չունի ու պէտք է կազմէ համախոհական (քոալիսիոն) կառավարութիւն, եւ նման շատ բաներ: Կարեւորը այն է, որ Թրամփի վարչամեքենան բացայայտ սպառնալիք դարձած է Քանատայի (եւ այլ երկիրներու) համար` տարածքային, տնտեսական եւ այլ գետիններու վրայ, սակայն քանատացիք, անկախ իրենց աջ-ձախ գաղափարական տարազումներէն, ֆրանսական-բրիտանական արեւելումներէն, միասնականութիւն կը ցուցաբերեն իրենց երկրին պաշտպանութեան իմաստով:

Բոլոր մեկնաբաններն ալ համաձայն են մէկ կէտի շուրջ. Թրամփի ստեղծած սպառնալիքը գլխաւոր դեր ունեցաւ ընտրապայքարին ու արդիւնքին մէջ, բոլոր մրցակիցներուն կեցուածքներն ալ կիզակէտ ունեցան Թրամփի «բարի առաջարկներուն» (51-րդ նահանգ դառնալ, տնտեսական բարօրութիւն դիմաւորել եւ այլն) դիմադրելը: Մարդիկ վստահաբար կը մտածեն, որ իրենք անցեալին անկախ դառնալու համար պայքար մղած են (նոյնը ըրած են ամերիկացիք), սակայն ահա իրենց անկախ պետութիւնը, ինքնիշխանութիւնը ինկած են կորուստի վտանգին տակ, որովհետեւ Թրամփ մը աշխարհի արեւմտեան կիսամասին մէջ երազներ կը հիւսէ… փանամերիկեան կայսրութիւն մը ստեղծելու հեռանկարով, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կ՛ընէ Էրտողան մը (եւ Ալիեւ) արեւելեան կիսագունդին մէջ` փանթուրանական կայսրութիւն մը վերականգնելու երազով: Տարբերութի՞ւնը. ամերիկեան կայսրութեան ծրագիրը ամէն տեղ իր դիմաց կը գտնէ մերժում, Թրամփ գործակիցներ չի գտներ Քանատայի, Կրինլանտի, Մեքսիքայի, Փանամայի մէջ ու այլուր, մինչդեռ թուրք-ազերի ծրագիրը կամաւոր գործակիցներ ունի… Հայաստանի մէջ:

Հաւանաբար մտածող ըլլայ, թէ կարելի չէ Հայաստանը բաղդատել Քանատայի (եւ միւսներուն ) հետ: Ճի՛շդ է` կան հսկայական տարբերութիւններ: Սակայն կայ մէկ հիմնական կէտ. երբ երկիրդ ենթակայ կը գտնես (իրական կամ շինծու-երեւակայածին) սպառնալիքներու, վտանգներու, քեզի կը մնայ միացեալ կեցուածքով մերժել հրապոյրները, մէկդի ձգել գաղափարական եւ այլ տարակարծութիւններ եւ միաբերան ըսել` Ո՛Չ:

… Մինչ այդ ամերիկացիք արդէն երկար հաշուեկշիռներ կը պատրաստեն` տեսնելու, թէ Թրամփի իշխանութեան առաջին 100 օրերը ինչպիսի՜ պատուհասներ բերած է նախ նոյնինքն իրենց երկրին, ապա նաեւ` դրացիներուն ու… ամբողջ աշխարհին: Ընտրապայքարի օրերուն տրուած բարի խոստումները, յոխորտանքները տժգունած փուչիկներու պէս կը պայթին մէկ առ մէկ, տնտեսութիւն ու առեւտուր կը ցատկեն քաոսէ քաոս. խաղաղասիրութեան հաւաստիքներու փուչիկներն ալ կրնան մատնուիլ պայթողներուն ճակատագիրին, անկախ անկէ, թէ աշխարհը ամբողջ սրտով կը ցանկայ, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ հարցերը մտնեն բարեշրջման ուղի: Հոն ալ կայ մէկ յստակ բան. խաղաղասիրութիւնը, ըստ էութեան, ընտրովի է, որովհետեւ չի տարածուիր Կազայի, Լիբանանի կամ ափրիկեան արիւնող շրջաններու վրայ: Սպիտակ տան պետին բարձրացուցած դրօշները կարծէք թէ առաւելաբար կապուած են նախորդ իշխանութիւնները դրժելու, սակայն նաեւ… շահ ապահովող «ճաշացուցակներու» (օրինակ` Ուքրանիոյ բնական հարստութիւններու տիրացում):

Ժամանակակից աշխարհին մէջ նորացուած հին տրամաբանութիւնը կ՛աշխատի պարտադրել ինքզինք, այսինքն` մասնակի ու զուտ նիւթական շահը գերադասել խաղաղութեան ու ժողովուրդներու բարօրութեան, համերաշխ գոյակցութեան ապահովման: Նման փուլեր ունեցած են որոշ տեւողութիւն, ահաւոր վնասներու ենթարկած` երկիրներ ու ժողովուրդներ, սակայն վտանգին իրազեկ դառնալը ի վերջոյ իմաստութիւն եւ դիմադրականութիւն ներարկած է պայքարող ժողովուրդներուն, տուժողներուն ձեռքերը մօտեցուցած է իրարու:

Մենք դուրս չենք այս յորձանուտէն, ստիպուած ենք հաւաքաբար դիմադրել վտանգներուն եւ զայն մեր գլխուն բերողներուն, վար չդնել յաղթահարելու կամքը: Եւ սա աննախընթաց բան չէ մեր կեանքին մէջ: Ընդունելի չէ մտածել, թէ Քանատան, Փանաման կամ Կազան մեր ինչո՞ւն են պէտք:

29 ապրիլ 2025

 

 

Նախորդը

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.