Ի Յուշ Սանդուխտ Գասարճեան-Պալճեանի
ԺԱՆ ՊԱԼՃԵԱՆ Հոգիս յօժար է, մարմինս` տկար: Մօրս` Սանդուխտ Գասարճեան-Պալճեանի յաճախ արտասանած խօսքերէն է վերոնշեալը: Շուրջ մէկուկէս ամիսներ առաջ ան առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ: Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, հայրը` սիսեցի Արտաշէս Գասարճեան, մայրը` վահկացի Աղաւնի Մարգարեան: Փոքր տարիքէն ընտանեօք կը փոխադրուին Մեթնի շրջանի Պիքֆայա գիւղաքաղաքը, ուր մայրս կը յաճախէ տեղւոյն հայկական վարժարանը: Ըլլալով բացառիկ աշակերտուհի` կը խլէ դպրոցի առաջնութիւնը, որուն իբրեւ...




















