Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշի՛, Պիտի Մնաս Մեր Երազներուն Թագուհին (9 Մայիս 1992)

Մայիս 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Կա՞յ աւելի սրտառուչ հմայք, քան արկածախնդրութիւնը լեռնականներուն, որոնք մահուան վրայ կը յարձակին ահաւոր գեղեցկութեամբ»:

Յակոբ Օշական

Սոփեստ հայեր յաճախ կը մեղադրեն, որ մինչեւ ե՛րբ երազային պահուածքի ու զգացականութեան զոհերը պիտի մնանք հաւաքաբար` պարզապէս խուսափելով առարկայական, իրատես մօտեցում եւ կեցուածք ցուցաբերելէ:

Նման տեսակի խօսքերու եւ յորդորներու լսողացն ենք ամէնուրեք սփիւռքի թէ հայրենիքի տարածքին:

Տեղին է նշել նաեւ, որ մտածումի ազատութիւնն ու տարբեր կարծիք ունենալու երեւոյթը յառաջադէմ ժողովուրդներու եւ երկիրներու իրաւացի պատկերն է այն առումով, որ քաղաքակրթութիւններ կը զարգանան բացառաբար ժողովրդավար, ազատ եւ անկաշկանդ կեանքի թէ քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն ունենալու մթնոլորտին մէջ:

Արդ, ընդունելով հանդերձ վերոնշեալ ընդգծումի ճշմարտացիութիւնը, արդար է նշել հարցի, մետալի միւս երեսը, որ նոյնքան էական է եւ նոյնպէս կը վերաբերի ազգային մեր պարունակին, պատմութեան, արժէքներուն, հաւաքական իտէալներուն եւ տեսլականին:

Աւելի՛ն. ո՞վ իրաւունք տուեր է բոլոր անոնց, որ, այսպէս ըսած, քաղաքական հասունութեան պիտակին տակ խծբծեն, քամահրեն, բանսարկեն, սնոտի պատգամ ու տխեղծ թելադրանք բաշխեն բոլոր անոնց, որոնց մէջ շեշտուած է սեփական ազգի արժեհամակարգը, կ՛ապրին ու կը շնչեն պատմութեան դարաւոր խորհուրդներն ու առասպելները, սխրանքներն ու խոյանքները, այլապէս ըմբռնումներով` նոյնինքն պատմութեան էջերուն արձանագրուած տխուր պատումները, մահացու սխալները, հաւաքական աններելի թերացումներն ու խաղքութիւնները:

Փաստօրէն, մարդկային հազարամեակներու պատմութիւնը յարացոյց տուեր է կեանքի ամէնէն գեղեցիկ ու յաւերժահունչ իմաստութիւնը, որ ժողովուրդներ կը գոյատեւեն շնորհիւ իրենց ինքնութեան, տեսակին, մշակութային պարունակին, քաղաքակրթական նուաճումներուն եւ ամէնէն էականը` պետականութիւն կերտելու պայքարի ոգիին:

Եթէ երբեք, հայոց պարագային, երազային պահուածքն ու զգացականութիւնը, որ դարեր շարունակ մեզ ուղեկցեր է, այլեւայլ պատճառներով ու կեանքի տխուր պարտադրանքներով մթագներ է մեր ազգային մտածողութիւնը, արգելք հանդիսացեր է, որ քաղաքական միտք, հասունութիւն, կամք ու կորով զարգացնենք, սա չի նշանակեր երբեւէ, որ ազգային մեր շտեմարանը ծնունդ չէ տուած, հայոց թագաւորութիւններու օրերէն ի վեր, ազգային ու մարդկային յատկանիշներ ունեցող ղեկավարութիւն, որ ունակ եղած է քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ռազմավարական ուժեղ գործընթացներու որդեգրումին եւ ազգային դիմագիծի պահպանումին:

Միթէ վերեւի ընդգծումին ամէնէն պատուական ու հմայիչ ապացոյցը Շուշիի ազատագրումը չէ՞ր արցախեան հերոսամարտերու ժամանակ, երբ Արցախի օրուան զինուորական հրամանատարութիւնը, մանրազնին քննարկումներէ ետք, կ՛որոշէր ազատագրել Շուշուայ բերդը եւ հայոց Եռագոյնը ծածանել անոր գագաթին:

9 մայիս 1992:

Դեռ ամբողջ Արցախը ազատագրուած չէր, երբ հրամանատարութեան սեղանին էր արդէն «Հարսանիք լեռներում» ռազմական ծրագիրը` Շուշիին հասնելու վճռակամութիւնը: Ու ահա, շնորհիւ վաստակաւոր զինուորական-հրամանատարին (Արկադի Տէր Թադեւոսեան) եւ իր օգնականներուն, հայոց ռազմավարի փայլուն միտքն ու աննկուն կամքը ի գործ կը դնէր յարձակումի ծրագիրը եւ յաջողութեամբ կը պսակէր զայն:

Աննման տղաները, տարբեր ուղղութիւններէ ընթացք առնելով, կ՛ուղղուին դէպի բարձունք` Շուշի, ազատագրելու հայոց մշակոյթի եւ լոյսի դարաւոր ամրոց-քաղաքը` ուժգին հարուած հասցնելով ազերի հորդաներու, որոնք դէմ յանդիման գտնուելով հայ առիւծասիրտ տղոց վճռակամ կեցուածքին, ռազմական ունակութեան եւ ի գին մեծ զոհողութեան` հասնելու բարձրաբերձ ժայռերուն, սարսափի եւ խուճապի մատնուած կը փախչին` տալով զոհեր եւ լքելով ռազմական մեծաթիւ սարքեր:

24 ժամուան դաժան ու անհաւասար ռազմական գործողութիւններէ ետք, հայ ֆետայիները մուտք կը գործեն Շուշի եւ արեամբ կ՛արձանագրեն ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն պանծալի սխրանքներէն մէկը:

Փաստօրէն, Շուշիի ազատագրումով հայութիւնը կը վերականգնէր իր ազգային ինքնավստահութիւնն ու ռազմական բազուկին անփոխարինելիութիւնը:

Ու կը պատահէր անըմբռնելին, ողբերգականը, ուժգին հակահարուածը:

Աւելի քան երեսնամեայ հպարտութենէ ետք, Շուշին դարձեալ կը բռնագրաւուի, դաւադրաբար կը յանձնուի, ինչպէս`ամբողջ Արցախը, հակառակ թափուած արեան, քրտինքին ու անասելի զոհողութեան: Հայութիւնը իր ստացած ծանր հարուածին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին կը սկսի մտածել:

Անցնող հինգ (2020-2025) տարիները հայոց կեանքին մէջ փոխանակ լրջութեան եւ խոր ինքնաքննարկումի պատեհ առիթներ ըլլային, ընդհակառակն` պառակտումի, բարոյալքումի եւ ատելավառ կեցուածքներ հրահրելու ծառայեցին:

Ազգային պարտութեան եւ Արցախի կորուստի պատճառը, ըստ շատերու, աշխարհաքաղաքական դաւադրութիւնը, խօլ մրցակցութիւնը, հայ քաղաքական մտքի (հին թէ նոր) խեղճութիւնն ու բոպիկութիւնը նկատուեցան, ուրիշներ եսակեդրոն ու շահախնդիր պետական այրերու ապիկարութիւնը ընդգծեցին, իսկ անհոգի ու անտարբեր հայերու համար պատահածը սոսկ հայոց կեանքին մէջ արձանագրուած սովորական օրագրութիւն էր:

Ու այս բոլորին հետեւանքով բարոյալքուեցաւ ու ջլատուեցաւ հայոց բանակի մարտունակութիւնը, կամքն ու թշնամիին դէմ դնելու վճռակամութիւնը:

Արդ,

Կատակաողբերգական երեւոյթ մըն ալ այն եղաւ, որ թշնամին լաւապէս սերտելէ ետք իր երբեմնի պարտութիւնը, այս անգամ աւելի մարզուած եւ պատրաստուած, Շուշի մուտք կը գործէր այն ճանապարհներէն, որոնցմէ օրին մեր տղաքը քալած ու գրաւած էին ամրոցը:

Այսօր Շուշին իր ապառաժեայ կամքով ու միայնակ կը դիմակայէ թշնամիին տեսակաւոր պղծումները, մշակութային սպանդը, եւ իբրեւ ականատեսի վկայութիւն կը պատգամէ, որ հայութիւնը պէտք է ուշքի գայ, սթափի իր թմբիրէն, քաղաքական ու գաղափարական իմաստութեամբ կառուցէ իր ազգային պարունակը, ձերբազատի իրար ամբաստանելու եւ մեղաւորներ փնտռելու խաղքութենէն եւ անյապաղ լծուի վերահայանալու ազգային ու պետական գործընթացին:

 6 մայիս 2025

Նախորդը

33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Օքլահոմա 87 Կէտ Նշանակեց Ա. Կիսախաղին

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?