Սփիւռքը Խաչմերուկի Վրայ. Համահայկական Վերածնունդի Ճանապարհը
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր պատմութեան մէջ կ՛ունենայ պահեր, երբ ստիպուած կ՛ըլլայ կենալ, շրջապատին նայիլ եւ ինքն իրեն հարց տալ` ո՞ւր կը գտնուինք, ո՞ւր կերթանք եւ ի՞նչ ճամբայ պէտք է ընտրենք: Երէկի լուծումները կորսնցուցած են իրենց արդիւնաւէտութիւնը, մինչդեռ նոր իրականութիւնը կը պահանջէ նոր մտածողութիւն: Այսօր սփիւռքահայութիւնը կը գտնուի այդպիսի փուլի մը առջեւ: Տասնամեակներ շարունակ մենք սփիւռքը դիտած ենք իբրեւ հզօր...


















