ՇԱՂԻԿ Մ.
«Գիրքեր սիրելի» կը կոչուի Մ. Իշխանի վերջին բանաստեղծական ժողովածուին` «Իրիկնալոյս ռումբերու տակ» հատորին մէջ տեղ գտած, իր գրադարանի գիրքերուն ակնարկող բանաստեղծութիւնը: Այդ հատորը տպուած է յետմահու, Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին կողմէ, 1990-ին:
Հատորի սկզբնական «Երկու խօսք»-ին մէջ կը կարդանք` «Իրիկնալոյս ռումբերու տակ» հատորի սրբագրութեամբ զբաղած էր Մուշեղ Իշխան, երբ մահացաւ 12 յունիս 1990-ին, կէսօրէ ետք: Ծունկերուն վրայ էր ձեռագիրը, բացուած` «Գիրքեր սիրելի» բանաստեղծութեան վրայ, որուն «դուք պիտի մնաք, ես պիտի մեկնիմ» տողը նուիրական շեշտ մը պիտի պահէ առյաւէտ»:
«Դուք պիտի մնաք, ես պիտի մեկնիմ»… Այս խօսքերը բանաստեղծութեան սկիզբին` կը վերաբերին գրագէտին մահուան դիմաց գտնուելու իրողական փաստին. կը հետեւին գիրքերու եւ բանաստեղծին մտերիմ կապը յուշող տողեր. գիրքերը բանաստեղծի առօրեան կառուցող կենդանի՛ իրեր են, անոնց հետ կապը անմիջական է, ամբողջակա՛ն, կը մասնակցին մարմինն ու հոգին. այսպէս, անոնք բանաստեղծին կու տան «լոյս», «հաց», «կայծ ու կրակ»: Բանաստեղծութեան վերջաբանը, սակայն, առաւել քան մթագնած է մտատանջութեամբ. իր մահէն ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ գիրքերուն ճակատագիրը` «Ո՞վ պիտի բանայ ձեր էջերը մունջ». պատասխանը աներկբայ է`
«Ձեզ որբ կը ձգեմ ու կ՛երթամ անյագ,
Հայոց դպրութեան դուք հա՛յ մատեաններ,
Պիտի դուք, աւա՜ղ, մնա՛ք անժառանգ…»:
Եւ հիմա` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան «Հայ գրքի համահայկական ցուցահանդէս», «փառատօ՛ն»: Իրաւամբ. «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը լեցնող սեղաններու երկար շարքերը ծածկուած են հայրենի եւ լիբանանահայ հրատարակչատուներու հարիւրաւոր գիրքերով. մանուկը, պատանին, հասուն մարդն ու տարեցը պիտի գտնեն հոն իրենց այլազան ճաշակներուն համապատասխանող բազմաթիւ տիտղոսներ: Այս կը նշանակէ, որ կենսունա՛կ է հայ գիրքի հրատարակութեան մարզը ո՛չ միայն Հայաստանի, ինչ որ զարմանալի պիտի չթուէր, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ: Շլացնող է ինքնին այդքան մեծաթիւ հայերէն գիրքերու ցուցադրութիւնը, բայց ինչ որ խրախուսիչ է, այդ գիրքերուն վրայ իրենց գլուխները հակած մարդոց մեծ թիւն է եւ մանաւա՛նդ` հայկական վարժարաններու աշակերտներուն խոստացուած եւ կազմակերպուած այցելութիւնը յառաջիկայ օրերուն:
Իր աշակերտներուն, լիբանանահայ իր բազմաթիւ մտաւորական բարեկամներուն այնքան ծանօթ, ներողամիտ ժպիտով, ուղղուած` այս անգամ ինքն իրեն, պրն. Մուշեղը պիտի ըսէր թերեւս` «Կարծես սխալեր եմ…»:
Պէյրութ, 10-12-2025


