Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Օր Մը Մարսէյի Մէջ

December 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ

Ան, որ Մարսէյ քաղաքը կ՛ապրի, գիտէ եւ կը տեսնէ, թէ քաղաքին իշխող բարձունքի մը վրայ կառուցուած է հսկայ պազիլիք մը, որ կը կոչուի Notre Dame de la Garde եւ արդէն դարձած է Մարսէյի խորհրդանիշը:

Այս պազիլիքը փոխարինած է 8-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցի մը, որ շատ աւելի փոքր էր: Շինարարութիւնը տեւած է 11 տարի` 1853-1864, եւ բարձր գմբէթին վրայ զետեղուած է Սուրբ Աստուածածնայ արձանը` Յիսուս մանուկը գրկած: Արձանը ոսկեզօծ է, անոր համար ալ հայերս զայն կը կոչենք «Ոսկի արձան»: Իսկ ֆրանսացիք զայն կը կոչեն «La bonne mère»:

Այս ոսկեզօծ արձանը ճիշդ 10 մեթր բարձրութիւն ունի եւ այն ատեն կառուցուած է Փարիզի «Christofle» գործարանին մէջ, որ նշանաւոր էր դանակ, պատառաքաղ, բաժակներ եւ տարբեր խոհանոցային արծաթեղէնի շուկային մէջ: (Մինչեւ օրս ալ գոյութիւն ունի):

Շատ հետաքրքրական ձեւերով այն ժամանակ կարողացած են արձանը բարձրացնել եւ զետեղել: (Եթէ հետաքրքրուած էք, համացանցին վրայ կրնաք փնտռել):

Տակաւին նոր լրացաւ արձանի վերանորոգման աշխատանքը, եւ ես Մարսէյի միակ հայն էի, որ նորոգութեան աւարտին կարողացայ վեր բարձրանալ եւ մօտէն տեսնել. անշուշտ յատուկ շինարարական յենարաններով պատուած էր, եւ մենք խումբով յատուկ գլխարկներ դրինք: Ոսկեզօծման համար օգտագործուեցան 27.000-էն քիչ մը աւելի շատ բարակ ոսկեայ թերթիկներ (մօտաւորապէս 530 կրամ ), որոնք յատուկ ձեւով արձանին վրայ փակցուեցան:

Այսքանը կ՛ըսեմ, որպէսզի գիտնաք Մարսէյի համար այս մեծ պազիլիքին կարեւորութիւնը:

Հիմա անցնինք բուն նիւթին… Մարսէյի մէջ կ՛ապրի Օհան Հեքիմեան անունով անձ մը, որ քաղաքին տարբեր շրջաններուն մէջ խաչքար, կոթող, վերջերս Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրին զետեղելու գաղափարները ունեցած էր, եւ աջ ու ձախ պետական մարդոց դիմելով` յաջողած է: Վերջին անգամ, երբ միասին Հայաստան էինք, կը խօսէր այս Notre Dame de la Garde-ին շրջափակին մէջ հայկական եւ լատինական խաչերու զետեղման մասին… եւ լուռ կը գործէր պատկան մարմիններու մօտ, ինչպէս նաեւ` Մարսէյի եւ շրջաններու ֆրանսական կաթողիկէ եպիսկոպոսին` Cardinal Jean Marc Aveline-ի հետ, որուն անցեալ ապրիլին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ հանդիպում մը կազմակերպեց (ես ալ անարժանաբար ներկայ էի):

Աւելցնեմ, որ ամէն տարի հոկտեմբերի վերջին կիրակին Մարսէյի հայ կաթողիկէ համայնքը ուխտագնացութիւն եւ հայկական ս. պատարագ մը կը մատուցէ այս պազիլիքին մէջ:

Օրը հասաւ, խաչերը պատրաստ եւ արդէն զետեղուած էին պազիլիք տանող ճամբուն վերջին անկիւնը` ընդհանուր 6 թոն ծանրութեամբ…

Մարսէյ այցելող Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետը, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեանի, ինչպէս նաեւ` բոլոր քաղաքներու քահանայից դասին, եւ հրաւիրեալներու ներկայութեամբ, օծեց այս խաչքարերը, որոնց մէջտեղը անմահութեան ծառի կոթող մըն ալ կար, վրան ալ` Արարատ լեռը փորագրուած:

Այսպիսով, Մարսէյի կարեւորագոյն եւ զբօսաշրջային վայրի մը մէջ զետեղուեցաւ հայկական խաչքար` խորհրդանշելով հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, ինչպէս որ հայոց հայրապետն ու ֆրանսացի կարտինալը յիշեցին իրենց խօսքերուն մէջ` գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ:

Ստորեւ` նկարներ այս բոլորի մասին, ինչպէս նաեւ` ոսկի արձանին նորոգութեան վերջին փուլին, որ ելայ…

Առ ի յիշեցում` վեհափառ հայրապետը երկու օրուան համար Մարսէյ կը գտնուէր եւ այցելեց պետական եւ հայկական զանազան հաստատութիւններ:

 

Նախորդը

Նշմար. Դուք Ալ Լապտեր Կ՛ուզէ՞ք…

Յաջորդը

«Գիրքեր Սիրելի»

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.