ՍԱՐԳԻՍ ՔԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Երեկոյեան ժամը ութ է:
Հաղորդավարին ձայնը
կը լեցնէ սենեակը –
պատերազմ,
փողի անկում,
յայտարարութիւններ,
բայց ո՛չ մէկը կը դիտէ:
Հայրս` բազկաթոռին մէջ,
երկա՜ր ձմեռ մը անցուցած,
հանգչող գարունի պէս քնացած:
Մայրս հին շալ մը կը նորոգէ
յուշ մը վերակենդանացնելու մարմաջով:
Իսկ ես
լռութեամբ կը լսեմ
իմ ներսէն բարձրացող հարցերը:
Հեռուստացոյցը կը շարունակէ
իր մենախօսութիւնը:
Մենք`
նոյն սենեակին մէջ, լուռ,
բայց կը ճանչնանք
իրարու շարժումները:
Ապրելու ձեւ մը եղած է –
մէկը միւսին քով,
առանց բեռ դառնալու:


