Կամաւորական Շարժումէն Եւ Սարդարապատէն
Մինչեւ Արցախեան Ազատամարտ` Դաշնակցութիւնը
Առաջնորդող Ուժ Հայրենիքի Ազատութեան
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ առաջնորդուած է հայրենիքի ազատագրութեան նպատակով:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին` 1914-ին, Դաշնակցութիւնը ձեռնամուխ եղաւ կամաւորական շարժման կազմակերպման` ռուսական բանակի կողքին կռուելու եւ Արեւմտեան Հայաստանը թրքական լուծէն ազատագրելու առաջադրանքով:
Սկզբնական շրջանին կազմաւորուեցան կամաւորական չորս գունդեր, որոնց հրամանատարներ եղան Անդրանիկ, Դրօ, Համազասպ եւ Քեռի: Հետագային կազմակերպուեցան երեք այլ գունդեր:
Հայ կամաւորները կռուեցան մեծ քաջութեամբ: Անդրանիկի հրամանատարութեամբ առաջին գունդը Դիլմանի ճակատամարտին գլխովին ջախջախեց թրքական բանակը եւ կանխեց թուրքերու ներխուժումը Արարատեան դաշտ: Խափանուեցաւ նաեւ կենաց մահու գօտեմարտեր մղող Վանի հայութեան դէմ կռուող թրքական զօրամասին օգնական ուժեր հասցնելու ցեղասպանական ծրագիրը:
Խանասորայ Վարդանի հրամանատարութեան տակ գործող Արարատեան գունդն էր, որ առաջինը մտաւ Վան: Այսպիսով մէկ ամիսէ ի վեր օրհասական հերոսամարտ մղող Վասպուրականի 200 հազար հայութիւնը փրկուեցաւ բնաջնջուելէ:
Հայ կամաւորները այնուհետեւ շարժեցան դէպի Բաղէշ եւ Մուշ եւ ազատագրեցին ցեղասպանութեան զոհ դարձած ու ամայացած հայրենի բնագաւառները:
Ռուսիոյ մէջ 1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն եւ ռուսական զօրքերու հեռացումէն ետք հայ կամաւորները` արիւնահեղ մարտեր մղելով, Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութեան հետ շարժեցան դէպի Արարատեան դաշտ:
Թրքական զօրքերը մօտեցան Արարատեան դաշտին: Հայութեան գլխուն կախուեցաւ ի սպառ բնաջնջման վտանգը:
Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը ստանձնեց Դաշնակցութեան գլխաւորած Երեւանի Ազգային խորհուրդը: Արամ Մանուկեան հռչակուեցաւ դիկտատոր:
Հայ մարտիկները 1918 մայիսին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն կասեցուցին թրքական յառաջացող բանակները եւ նահանջի մատնեցին զանոնք:
Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերէն ետք կազմաւորուեցաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը եղաւ պետութեան ղեկավար ուժը:
Ցեղասպանութենէ վերապրած մեծաթիւ գաղթականները, սովն ու համաճարակը հազիւ յաղթահարուած, ռուս-թրքական մերձեցման պայմաններուն տակ, թրքական յարձակման պատճառով Հայաստան ծանր պարտութիւն կրեց եւ պարտադրաբար խորհրդայնացաւ:
Սփիւռքեան պայմաններուն տակ, տասնամեակներ շարունակ Դաշնակցութիւնը մնաց Հայ դատի հետապնդման առաջնորդող ուժը:
Արցախեան շարժման եւ Հայաստանի վերանկախացման պայմաններուն տակ Դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ հայրենիքի մէջ եւ գործօն դերակատարութիւն ստանձնեց Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթական երթին մէջ:
Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ազգային արժէքներու պահպանման, հայրենի հողի ազատագրման, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայը հայ պահելու դրօշակը բարձր պահած է: 135 տարիներու հարուստ աւանդով եւ նուիրեալներու կտակով Դաշնակցութիւնը պիտի դիմաւորէ նոր ամեակներ` միշտ կանգնելով հայութեան ու հայրենիքի կողքին:
Շնորհաւորութիւններ ՀՅԴ 135-Ամեակին Առիթով
Եւ Վկայութիւններ` ՀՅԴ–ի Մասին
Դաշնակցութիւնը վճռորոշ ուժ եղած է հայ ժողովուրդի ինքնորոշման, արդարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային համերաշխութեան բնագաւառին մէջ մղուած պայքարին ընթացքին:
Հայաստանը կայունութեան եւ խաղաղութեան ճամբուն վրայ կարեւոր փուլի մէջ է: Մեր կուսակցութիւնը կը հետեւի այս զարգացումներուն, կը յորդորէ իր կառավարութիւնն ու միջազգային հանրութիւնը` աջակցիլ բոլոր քայլերուն, որոնք երկարատեւ եւ արդար խաղաղութեան լուծումը պիտի դարձնեն իրականութիւն: Այս գործընթացին մէջ կարելի չէ մոռնալ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն իրաւունքները: Այս գործին մէջ կրնաք յենիլ մեր աջակցութեան վրայ:
ՍԵԹՐԻՔ ՎԵՐՄՈՒԹ
Զուիցերիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան
համանախագահ
Հիմնադրութեան 135-ամեայ տարեդարձին առիթով կը մաղթեմ, որ Հայաստանի քոյր ընկերվարական կուսակցութեան պայքարը յաջողութեամբ պսակուի` շարունակելու իր հետեւողական պայքարը Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու հայ ժողովուրդի ընկերային արդարութեան համար:
ՆԻՔՈԼԱՍ ԱՆԱՍԹԱՍԻՈՒ
Կիպրոսի ԷՏԵԿ ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ
Բարձր կը գնահատենք ՀՅԴ-ի նուիրուածութիւնն ու անոր երկարամեայ ներդրումը Հայաստանի անցեալի, ներկայի եւ ապագայի ձեւաւորման մէջ: Կը հաւաստիացնենք, որ կրնաք յոյս դնել Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան վրայ` խթանելու եւ պաշտպանելու մեր ընդհանուր ընկերվար-ժողովրդավարական արժէքները:
ՇՏԵՖԱՆ ԼԷՈՎէԱՆ
Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահ
Ձեր քաղաքական ուժը հայ իրականութեան հնագոյն քաղաքական ուժերէն է` Հայաստանի պետականութեան, անոր ապահովութեան եւ բարեկեցութեան կայացման կարեւոր դերակատար: Մեր միջեւ համագործակցութիւնը միջկուսակցական յարաբերութիւններու լաւագոյն օրինակ է: Վստահ եմ, որ պիտի կարենանք յաղթահարել ներկայ ժամանակաշրջանի բարդութիւնները եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակենք ծառայել ռուս-հայկական յարաբերութիւններու լիարժէք վերանորոգութեան եւ զարգացման:
ՍԵՐԿԷՅ ՄԻՐՈՆՈՎ
Արդար Ռուսիա ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ
Այսօր, երբ Հայաստանը քաղաքական եւ հասարակական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ-ի բոլոր ջանքերուն, որոնք ուղղուած են երկրին մէջ ժողովրդավարական գործիքակազմերու եւ հաստատութիւններու կայացման:
Մենք կը գնահատենք ձեր շարունակական նուիրուածութիւնը այդ սկզբունքներուն եւ կարեւոր կը նկատենք երկրի հանրային կեանքին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը:
ՓԱՈՒԼԱ ՔԱՐՎԱԼԻՕ
Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան
միջազգային քարտուղար
Հայաստանի անկախութեան ու անվտանգութեան աջակցութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր ժխտման քրէականացումը, արցախահայութեան` իրենց նախնիներու հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը պայքարի այն գործնական ոլորտներն են, զորս մենք պատրաստ ենք կիսել Դաշնակցութեան հետ:
ՕԼԻՎԻԷ ՖՕՐ
Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան
առաջին քարտուղար
Այսօր ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, աւելի քան երբեք, պահանջուած է: Մենք` իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն, ժողովրդավարութեան, արդարութեան, հաւասարութեան, կայուն զարգացման, խաղաղութեան եւ մեր քաղաքացիներու բարեկեցութեան պաշտպաններն ենք:
Կը շնորհաւորենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ շարունակական յաջողութիւն կը մաղթենք անոր:
ԹԵՐԷ ՇԵՄԷՅՔԱ
Ֆինլանտայի ընկերվար-ժողովրդավարական
կուսակցութեան միջազգային քարտուղար
Այս նշանակալի յոբելեանը ՀՅԴ-ի պատմական դերակատարութեան, ընկերային արդարութեան եւ ձեր սկզբունքներուն նկատմամբ աներեր յանձնառութեան վկայութիւնն է:
Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Պաքուի մէջ պահուող 23 հայ բանտարկեալներու, ներառեալ` Ընկերվարական միջազգայնականի 26-րդ քոնկրեսի մասնակից Դաւիթ Իշխանեանի անյապաղ ազատ արձակման:
ՇԱՆԹԱԼ ՔԱՄՊԻՎԱ
Ընկերվար միջազգային գլխաւոր համակարգող




