Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիին Էջը

December 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Խօսքը

Սիրելի՛ պատանիներ, ընկերներ եւ գաղափարի նոր սերունդի ջահակիրներ,

Այս տարի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը դառնայ 135 տարեկան: Տարիներ, որոնք արգասաբեր են իրենց քանակով, որակով ու տեսակով: Սա լոկ մեր կուսակցութեան տօնը չէ, այլ անկիւնադարձային եզրի մը յիշատակումն է, որուն մէջ ամփոփուած են հայոց դիւցազնամարտը, հայամարտն ու գոյամարտը:

ՀՅ Դաշնակցութեան այս տարեդարձը հրաւէր է` հասկնալու, թէ ի՛նչ կը պարտադրէ մեզի ա՛յս պատմական կշիռը, ա՛յս անսասան ճանապարհը, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է շարունակենք ծածանեցնել անոր պատուաւոր դրօշը:

Դաշնակցութեան ծնունդը չեղաւ պայմանաւորուած իրողութիւն, այլ` անարդար ճակատագրի դէմ ապստամբութիւն:

Երբ օրէնք մը կը ջնջէր հայուն շունչը, երբ բռնութիւնը կը խեղդէր մեր սերունդները, ապա գտնուեցան մարդիկ, որոնք մերժեցին ձուլումը եւ ըսին` «Հայը պիտի ապրի` իր իսկ անունով, իր իսկ հողին վրայ, իր իսկ արժանապատուութեամբ»: Սա պարզապէս լոզունգ մը չէր, կեանք էր ու ճանապարհ` լի պայքարով, արեամբ, աքսորով, բանտով, առեւանգումներով ու սպանութիւններով եւ մանաւանդ` անշահախնդիր զոհողութեամբ: Եւ, այսօր այդ ուղիին մունետիկները դուք էք, սիրելի՛ պատանիներ:

Պատանեկան միութիւնները միշտ եղած են ոչ թէ ընթացիկ կառոյց մը, այլ` Դաշնակցութեան ամենազուլալ շունչը: Այստեղ կը ջամբուին ո՛չ միայն գաղափարախօսութիւն, այլ նաեւ` կամք, մաքուր տեսիլք, վճռական որոշում: Այստեղ է, որ պատանին կը սորվի ըսել` «Ոչ» անարդարութեան, «Ոչ» շեղումներուն եւ «Ոչ» անգիտակցութեան: Այստեղ է, որ կը սորվի ըսել` «Այո» զոհողութեան, ազգասիրութեան, արդար պայքարին եւ իր ինքնութեան ամբողջական պաշտպանման:

Այսօր, այս մեծ տարեդարձին առիթով, մենք չենք կրնար բաւարարուիլ գոհունակութիւններով եւ պարծանքով: 135 տարիները միայն պատմութիւն չեն, այլ` ծանր ելեւէջներ: Դաշնակցութիւնը յառաջ շարժեցաւ, քանի որ իւրաքանչիւր սերունդ պատուով ընդունեց իր պատասխանատուութեան բաժինը: Մեր սերունդը, այսօր դուք, պիտի կրենք նոյն այդ ջահը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը այսօր, աւելի քան երբեք, կը կարօտի գիտակից, վճռական, ինքնավստահ երիտասարդութեան, որ կը գիտակցի, թէ ինչո՛ւ կեցուածք պէտք է որդեգրէ, ինչո՛ւ կը պայքարի, եւ ինչո՛ւ չի կրնար լռել` ի տես սանձարձակութիւններու ու ոտնձգութիւններու:

Մենք այս օրը կը յայտարարենք ոչ թէ միայն տօնախմբութեան օր, աւելի՛ն, ուխտի վերանորոգման առիթ, որպէսզի դո՛ւք` նոր սերունդի ներկայացուցիչ պատանիներ, դառնաք սրբազան ուխտի նոր ջահակիրներ:

Ուխտ մը, որուն մէջ պատանին այլեւս դիտորդ չէ, այլ` պատասխանատու եւ արթնութեան ահազանգ հնչեցնող: Այս ուխտը կը պահանջէ, որ դուք ըլլաք` աւելի կազմակերպուած, աւելի խստապահանջ, աւելի պատասխանատու` ձեր շրջապատին մէջ, աւելի գործունեայ եւ աւելի համարձակ` ձեր խօսքին մէջ:

135-ամեակը առիթ է կանգնելու գրաւականի մը դիմաց, ուր դուք ձեր կեանքի բոլոր փուլերուն` սկսեալ դպրոցէն մինչեւ բարձր բեմեր ու հրապարակներ,  ըլլաք ծառայասէր եւ նոյնիսկ դժուար պահերուն չկորսնցնէք ձեր դաշնակցականի արժանապատուութիւնը, որուն դպրոցին մէջ աճիլն ու մեծնալը պատիւ է, որ տրուած չէ բոլորին:

Թող այս տարեդարձը դառնայ մեր բոլորիս ներշնչման աղբիւրը: Թող այս օրը դառնայ նոր էջ ու մեկնակէտ: Թող բոլորիդ մէջ արթննայ հին ու նոր ուժը` դարձնել ձեր միութիւնը ո՛չ միայն երիտասարդական ուժականութեան, այլ ազգային դիմադրութեան եւ վերածնունդի մշտարթուն ջահի:

Եւ վերջապէս, սիրելի՛ պատանիներ, յիշեցէք, որ դուք էք այն օղակը, որ պիտի միացնէք անցեալի հերոսները ապագայի առաջնորդներուն: Դուք էք Դաշնակցութեան յաջորդ 135 տարիներուն ամենայաղթ երաշխիքը:

Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Կեցցե՛ն ՀՅԴ պատանեկան միութիւնները:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

Դաշնակցութիւնն Ու Իր Դերը

Զինանշանը գծած է Ռիթա Նալպանտեանը (ՀՅԴ «Ռոստոմ պատանեկան միութիւն»

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն 135-ամեակը կը նշենք այս տարի, հայ ազգային-քաղաքական պատմութեան մէջ ունի բացառիկ տեղ` իբրեւ համաժողովրդական շարժում, որ իր գոյութեան առաջին օրերէն սկսեալ նպատակ ունեցաւ պաշտպանել հայ ժողովուրդի ազատութիւնը, ինքնութիւնն ու կենսական իրաւունքները:

Դաշնակցութիւնը ծնաւ դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայութիւնը կը դիմագրաւէր օսմանեան բռնապետութեան ճնշումները: Տարիներու ընթացքին այն դարձաւ կազմակերպուած ուժ, որ ոչ միայն զինեց ու ամրապնդեց հայ ժողովուրդի ապագայ կամքը, այլեւ տարածեց արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու համաժողովրդական իշխանութեան գաղափարները:

Այս օրերուն Դաշնակցութեան 135-ամեակը ոչ միայն պատմական յոբելեան մըն է, այլեւ առիթ` վերադարձնելու ա՛յն գաղափարները, որոնք դաշնակցական կենցաղին սիրտը համարուած են, ինչպէս` ծառայութիւն ազգին, պայքար յանուն ազատութեան եւ անընդհատ պարտաւորութիւն հայրենիքի հանդէպ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը համաշխարհային հայկական համայնքներուն մէջ` եւ Հայաստանի քաղաքական ու հասարակական կեանքին մէջ` պահպանելով այն յեղափոխական ոգին, որ իր ծննդեան տարիներէն ի վեր կը ջերմացնէ հայութեան միտքն ու սիրտը:

ԵՂԻԿ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ

Որպէսզի Գահին Տեսնենք Հայ Իշխան…

1890-ին Թիֆլիսի մէջ փոքր խումբ մը, իրար մօտ հաւաքուելով, հիմնեց հայ ազգի պատմութեան ամէնէն «տարօրինակ» կուսակցութիւնը: Այո՛, տարօրինակ, որովհետեւ ժողովուրդի ծոցէն ծնած էր եւ նման չէր այլ կուսակցութիւններու, որոնք լքեցին գօտեմարտը եւ կամ ալ պատմութեան մէջ անցան:

Դաշնակցութիւնը եղաւ ժողովուրդին սիրտը` ապրելու այն հոգիով, որ պէտք էր անպայման ողջ պահել հայ ժողովուրդը:

Յիշենք, որ Դաշնակցութիւնը պայքար մղեց երկու մեծ կայսրութիւններու` ռուսականի եւ թրքականի դէմ, ստեղծեց ֆետայական շարժումը, ապա դժբախտ ողբերգութենէն ետք կերտեց առաջին անկախութիւնը, որ արգիլեց հայութեան բնաջնջումը: Կազմակերպեց «Նեմեսիս»-ը, կազմակերպեց սփիւռքի պահպանումը` կառուցելով դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ եւ մարզական միութիւններ: Աւելի ուշ իր մեծ ներդրումը բերաւ Արցախի ազատագրական շարժման մէջ:

Կը հաւատամ, որ «Նեմեսիս» կազմակերպող կուսակցութիւնը այսօր ալ կարողութիւնը ունի հայրենիքը ազատելու դաւաճաններէն, որպէսզի տեսնենք ազատ եւ անկախ Հայաստան` գահին նստած հայ իշխանով:

Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

ԱՐԱԶ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Հայ Դատը Կը Կանչէ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակն է: Կուսակցութիւնը 1890-ին ծնունդ առաւ Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան կոչով եւ այսօր կը խորհրդանշէ հայու աննկուն կամքը եւ միացեալ Հայաստանի անխախտ ուխտը:

Դաշնակցութիւնը մնաց ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդի միաւորող ուժը, այլեւ Հայ դատի (ներառեալ` Սեւրի դաշնագրով ամրագրուած Արեւմտահայաստանի հողային պահանջատիրութեան) անընդհատ բարձրաձայնողը` պահպանելով ազգային իրաւունքի գաղափարը սփիւռքի մէջ:

Որպէս Դաշնակցական պատանի` դերս կենսական է: Ես պէտք է ամրապնդեմ կապս մեր պատմական հայրենիքին հետ` ջանալով խօսիլ, կարդալ ու գրել արեւմտահայերէնով, որպէսզի լեզուն դառնայ մեր նոր հայրենիքը եւ նոր կեանք տայ արեւմտահայ մշակոյթին ու աւանդոյթներուն զարգացման: Միաժամանակ ես կը գործածեմ թուային դարի միջոցները, որպէսզի ՀՅԴ-ի շարժումի ուսուցումները դառնան ճշմարտութեան քարոզիչը, ապահովելու մեր ազգային միասնութիւնը: Դաշնակցութեան 135 տարիները ուղղակի կը հաստատեն, որ կուսակցութիւնը հաւատարիմ է իր առաքելութեան, բայց Հայ դատի պայքարը դեռ չէ լուծուած, կիսատ է, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրէն կ՛ակնկալուի, որ գործնապէս մասնակցինք` ի խնդիր արդարութեան վերջնական յաղթանակին:

Դէպի 200 ամեակ:

ԱՐԷՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքներուն Պահապանը

Այս տարի կը նշուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակը: Կուսակցութիւն մը, որ հիմնադրուեցաւ 1890-ին` հայ ժողովուրդը պաշտպանելու, իրաւունքները պահպանելու եւ ազգային ազատագրութեան գործը առաջ տանելու նպատակով:

Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան ընթացքին եղած է ոչ միայն պայքարի ու դիմադրութեան խորհրդանիշ, այլ նաեւ կազմակերպած է Կիլիկիոյ, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններու բազմաթիւ պաշտպանական շարժումներ: Ան մեծ դեր ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ապացոյցները հաւաքելու, սփիւռքի կազմակերպման, մշակութային ու կրթական կեանքը հզօրացնելու, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ստեղծելու:

135 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը մնացած է համաշխարհային հայութեան ծառայող ուժը, որ կը շարունակէ ապրեցնել իր արժէքները` համազգային միասնութիւն, արդարութիւն, ազատութիւն եւ հայրենասիրութիւն:

Այս յոբելենական տարին առիթ մըն է` վերյիշելու անցեալի հերոսները, գնահատելու ներկայի գործը եւ ամրապնդելու ապագայի մեր պատասխանատուութիւնը: Հայ ժողովուրդը իր տեսլականը պահած է կենդանի` շնորհիւ այն կուսակցութեան, որուն անդամները իրենց կեանքը նուիրեցին ազգին յարատեւման ու Դատին համար:

ԳԼՕԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ

Արժանապատիւ, Ազատ Եւ Միացեալ
Հայաստանին Համար

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակը խորհրդանշական եւ պատմական  հանգրուան մըն է, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կազմակերպութիւնը երկար տարիներ ծառայեց հայրենիքին ու գաղթօճախներուն:

Դաշնակցութեան 135 տարիները վկայութիւնն են` նուիրումի, շարունակական աշխատանքի եւ գերագոյն զոհաբերութիւններու:

Դաշնակցութիւնը անվախ, անպարտելի ոգի կը ներշնչէ մեզի. ոգի մը, որ դարերու ընթացքին պահած է արդարութեան, ազատութեան եւ արժանապատուութեան լոյսը: Ամէն քայլ, ամէն սանձահարում եւ ամէն նուիրում դարաւոր ժառանգութեան վկայութիւն է, որ նոյնիսկ ժամանակի հոսանքին մէջ կը մնայ անփոփոխ եւ վառ: Այս յատկանշական պահը մեզի կը յիշեցնէ, որ անցեալն ու ներկան փոխկապակցուած են` իրարու ուժ եւ յոյս ներշնչելով:

135 տարիներ շարունակ Դաշնակցութիւնը վառ պահած է նուիրումի եւ միասնականութեան հզօր լոյսը, որ միշտ կը շարունակէ անմիջապէս ներշնչել սրտեր, բարձրացնել ոգի եւ լուսաւորել ապագայ սերունդները` անսահման հպարտութեամբ եւ անփոխարինելի փայլով:

135 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը եղաւ մեր ժողովուրդի ուժի, յամառութեան ու միաբանութեան խորհրդանիշը: Ան միշտ կանգնած է արդարութեան, անկախութեան եւ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան կողքին:

Դաշնակցութիւնը ոչ միայն յեղափոխական-քաղաքական կուսակցութիւն մըն է, այլ նաեւ շունչ մըն է, որ կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, ուր որ ալ գտնուի ան: Դաշնակցութեան 135 տարիները կը յիշեցնեն, որ կուսակցութիւնը երբեք չէ դադրած լոյս ըլլալէ հայ ժողովուրդին համար: Իր պայքարով պահած է մեր հաւատքը, մեր լեզուն եւ մեր ազգային ոգին, նոյնիսկ` ամենադժուար օրերուն:

Դաշնակցութիւնը ծնած է ժողովուրդի սրտէն եւ կը շնչէ ժողովուրդին հետ, որովհետեւ իր միակ նպատակը միշտ եղած է մէկ բան` ստեղծել Հայաստան մը, որ արժանապատիւ է, ազատ է եւ միացեալ:

ԳԱԼԻՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.