Դաշնակցութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ
Յետանկախութեան Ժամանակաշրջան`
Գաղափարական Պայքարի Տարիներ
Լիբանանի անկախութեան յաջորդող տասնամեակները ներգաղութային մակարդակի վրայ հանդիսացան գաղափարական պայքարի տարիներ` մէկ կողմէ` ՀՅ Դաշնակցութեան, իսկ միւս կողմէ` խորհրդային իշխանութիւններուն զօրակից հայ քաղաքական ուժերու միջեւ: Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանն էր, որ իր խոր եւ ժխտական ազդեցութիւնը ձգեց լիբանանահայ գաղութին վրայ` պառակտելով զայն: Պառակտումի եւ երկփեղկումի այս վիճակը իր գագաթնակէտին հասաւ 1958-ին: Ներհայկական դժբախտ դէպքերը, որոնք այդ թուականին տեղի ունեցան, զուգադիպեցան նոյն Պաղ պատերազմին պատճառով օրուան նախագահ Քամիլ Շամունի իշխանութեան դէմ ծաւալած յեղափոխութեան: Ներգաղութային երկփեղկումի զանազան երեսներէն մէկն էր նաեւ եկեղեցական տագնապը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններն ու ամբողջ կշիռը ի սպաս դրաւ` պաշտպանելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անկախութիւնը` խորհրդային իշխանութիւններու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու միջամտութիւններէն:
Թէեւ երկփեղկումի այս մթնոլորտը իր բացասական ազդեցութիւնը ձգեց լիբանանահայութեան վրայ, սակայն տարիներու ընթացքին գաղափարական նախկին պայքարին թափը մեղմացաւ, եւ ընդհակառակն, հայ ազգային կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բացառիկ դրուագներ արձանագրուեցան: Այս բացառիկ դրուագներէն մէկն է Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի նշումը, երբ աւելի քան 85.000 հայորդիներ համախմբուեցան Պէյրութի Մարզական աւանին մէջ` հայ հոգեւոր երեք պետերուն եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն գլխաւորութեամբ ոգեկոչելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:
Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը անկիւնադարձ մըն էր, որովհետեւ Երեւանէն սկսեալ մինչեւ Պէյրութ եւ մինչեւ սփիւռքի բոլոր ծագերը այդ թուականէն սկսեալ ապրիլ 24-ը դադրեցաւ լոկ սգատօն ըլլալէ: 50-ամեակը անկիւնադարձ էր այն իմաստով, որ այդ թուականէն սկսեալ հայ քաղաքական միտքին մէջ խարսխուեցաւ հայկական պահանջատիրութեան անժամանցելիութեան գաղափարը:
Արաբական երկիրներուն մէջ այդ թուականներուն տիրած քաղաքական անկայունութեան եւ տագնապներուն պատճառով Լիբանանը հետզհետէ դարձաւ դաշնակցական մտաւորականութեան միախմբման վայրը: Պէյրութը վերածուեցաւ ՀՅԴ-ի բիւրոյանիստ քաղաքին: Այդ հիման վրայ ալ 1969-ին, երկար դադարէ ետք, Պէյրութի մէջ վերսկսաւ հրատարակուիլ ՀՅԴ-ի կեդրոնական պաշտօնաթերթը` «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անուանումով, վարիչ խմբագիր ունենալով տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը, իսկ խմբագիր` Սարգիս Զէյթլեանը: Անկէ առաջ, 1962 թուականին, սկսաւ հրատարակուիլ «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսը, որ իր շուրջ համախմբեց սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորական ընտրանին: Դաշնակցութեան կեդրոնական պաշտօնաթերթին կից ստեղծուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը, որ բացառիկ դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ ՀՅԴ պաշտօնաթերթին ու մամուլին գաղափարաբանական ու քաղաքական բնոյթի նիւթ մատակարարելու եւ թէ՛ մտաւորական մարդուժ պատրաստելու իմաստով: ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին շուրջ հաւաքուած տարրերը գլխաւորաբար Դաշնակցութեան Լիբանանի շրջանէն մտաւորական հակումներ ունեցող ընկերներ էին: 1974-ին Լիբանանի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, որ մինչեւ իր փակումը 2005 թուականին` պատրաստեց մասնագիտական մարդուժ հայ գրականութեան եւ Հայոց պատմութեան մարզերուն մէջ: Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն շրջանաւարտներուն թիւը հասաւ շուրջ 150-ի: Հետագային ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի, Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի եւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի կուսակցական դպրոցի պատրաստած մարդուժը համագաղութային առումով մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ այդ մարդուժի ներկայացուցիչները ստանձնեցին ուսուցչական, խմբագրական, հասարակական եւ կուսակցական-կազմակերպական պատասխանատուութիւններ: 1970-ական թուականներէն սկսեալ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կուսակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւնները` ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը եւ Համազգայինը սկսան օժտուիլ համագաղութային կառոյցով: Այս կազմակերպութիւններուն համագաղութային կառոյցներու վերածուիլը մեծապէս նպաստեց սփիւռքի տարածքին անոնց գործունէութեան մեծ թափ հաղորդելու, ինչպէս նաեւ` անոնց միջոցով ՀՅ Դաշնակցութեան վարկը բարձրացնելու: Ուղեկից կազմակերպութիւններու համագաղութային կառոյցներու վերածման աշխատանքին մէջ անուրանալի է ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի դերակատարութիւնը, որովհետեւ այդ կառոյցներու կեդրոնական վարչութիւններու անդամներուն զգալի մէկ բաժինը լիբանանահայեր էին, գոնէ` ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի պարագային, անոնց կեդրոնատեղիները կը գտնուէին եւ տակաւին կը գտնուին Լիբանանի մէջ:
Ներհայկական միասնականութեան եւ համագործակցութեան բացառիկ դրսեւորումներէն մէկը 1970-ին թրքական կառավարութեան կողմէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի եւ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատն էր, որ ցնցեց ամբողջ լիբանանահայ գաղութը եւ ժողովրդային զօրաշարժ ստեղծեց` ի պաշտպանութիւն երկու թերթերուն: Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ երկու թերթերուն դէմ բացուած դատին պատճառն էր 24 ապրիլ 1970-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 55-ամեակին առիթով հակաթուրք յօդուածներ հրատարակելը եւ «Լիբանանի բարեկամ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը անարգելը»:
Դատավարութեան օրը` 20 մայիս 1970-ին, բազմահազար լիբանանահայեր հաւաքուեցան դատարանին առջեւ եւ խաղաղ ցոյց մը ըրին: Դատավարութիւնը վերածուեցաւ հայկական պահանջատիրութիւնը Լիբանանի մէջ յառաջ մղելու բացառիկ առիթի, եւ տեղական հասարակական կարծիք ձեւաւորուեցաւ` ի նպաստ Հայ դատին: Այս առիթով «Ազդակ» 20 մայիս 1970-ին կը գրէ. «Արդարութիւնը այսօր պիտի ըսէ իր խօսքը: «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» այսօր պիտի ներկայանան Մամլոյ վերաքննիչ ատեանին` պատասխանելու համար իրենց դէմ եղած թրքական ամբաստանութեան: Այս առտու Արդարութեան պալատին մէջ մեզի հետ պիտի ըլլայ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Մեզի հետ պիտի ըլլան ո՛չ միայն Լիբանանի մեր հայրենակիցները, այլ նաեւ` բովանդակ գաղթաշխարհի հայութիւնը, որովհետեւ հայ մամուլին ընդմէջէն մեր ժողովուրդին ձայնը լռեցնելու այս դաւը ուղղուած է բոլորին, մեր բոլոր արտայայտութիւններուն եւ պահանջատէրի մեր իրաւունքներուն դէմ: Ընդվզումը խոր է ժողովրդային բոլոր շրջանակներու եւ խաւերու մէջ: Երէկուան եւ այսօրուան մեր թիւերով տրուած նամակները, որոնց տակ ստորագրած է մեր ժողովուրդի ապագայի յոյսը հանդիսացող երիտասարդութիւնը, ինքնին պերճախօս արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ այն կորովի եւ գիտակից կեցուածքին, որ մեր ժողովուրդը ունեցաւ այս կարեւոր խնդիրին առիթով»: Երկու օր ետք «Ազդակ» կը հաղորդէ, որ լիբանանեան բոլոր թերթերն ալ լայն կերպով արձագանգ հանդիսացան «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դատավարութեան եւ 20.000 հոգիով այն հսկայ ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ Արդարութեան պալատին առջեւ` ընդգծելով, որ պալատը նման բազմութիւն չէր տեսած մինչ այդ: Թէ՛ արաբատառ եւ թէ՛ ֆրանսատառ թերթերը ընդարձակ հատուածներ հրատարակած էին պաշտպան փաստաբան Մոհսեն Սլիմի պաշտպանողականէն` առաւելաբար ծանրանալով Ցեղասպանութեան եւ թրքական ջարդերու մասին անոր կատարած յայտարարութիւններուն վրայ: «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» անպարտ յայտարարուեցան դատի աւարտին: Ասիկա լիբանանեան մամուլի պատմութեան մէջ մեծագոյն յաղթական դատերէն մէկն էր:
1972-ին Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ` իր որդեգրած «Վերադարձ յեղափոխական աւանդներուն» կարգախօսով: Աշխարհի տարածքին ամէնուրեք թափ առած էին ազգային-ազատագրական պայքարներն ու յեղափոխական շարժումները, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ պաղեստինեան դատը իր վրայ սեւեռած էր հասարակական կարծիքի ուշադրութիւնը: Այդ ժամանակաշրջանէն սկսեալ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ սկսան ներմուծուիլ յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման կարգախօսները: Այլեւս դասական գործելակերպերը չէին հետաքրքրեր հայ յանձնառու երիտասարդութիւնը, որ նորարարութիւն կը փնտռէր Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Եւ նորարարութիւն ըսելով` այդ երիտասարդութիւնը կը հասկնար ուժական եւ ցուցական պայքարի ձեւերը: Թերեւս այդ ներքին պոռթկումին առաջին արտայայտութիւններէն մէկը հանդիսացաւ 24 ապրիլ 1971-ին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած հուժկու քայլարշաւը` Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանէն մինչեւ Անթիլիասի մայրավանք: Քայլարշաւը իր զուտ պահանջատիրական բնոյթով սկսաւ 30.000 հոգիով, իսկ այդ թիւը Անթիլիասի մէջ բարձրացաւ աւելի քան 50 հազար հոգիի:
Լիբանանահայ Երիտասարդը`
Միշտ Պատնէշի Վրայ
Յեղափոխականացման եւ քաղաքականացման կարգախօսներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ եւ մասնաւորաբար ՀՅԴ-ի համար երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու նպատակով, 1973-ին ստեղծուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը: Լիբանանի դաշնակցական երիտասարդական միութեան ստեղծումը պարտադրեց, որ վերատեսութեան ենթարկուի երիտասարդական-պատանեկան կառոյցը: Այսպէս, պատանեկան միութիւններու անդամակցութեան առաւելագոյն տարիքը նուազեցաւ 17-ի, իսկ մինչ այդ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան զուգահեռ գործող ՀՅԴ Զաւարեան աշակերտական միութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր բարձր կարգերու դպրոցական աշակերտութիւնը, այդ թուականէն սկսեալ գործելէ դադրեցաւ: Այսպիսով, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը համախմբեց աշակերտ եւ աշխատաւոր դաշնակցական երիտասարդները: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը տարբեր պարբերականութեամբ հրատարակեց իր պաշտօնաթերթ «Ռազմիկ»-ը:
Յեղափոխականացումի եւ քաղաքականացումի կարգախօսներով տարուած դաշնակցական երիտասարդութիւնը շուտով` 1975-էն սկսեալ, ինքզինք գտաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան պատնէշներու առաջնագիծին վրայ, լիբանանեան քաղաքացիական 15-ամեայ պատերազմին բռնկումով: Բայց «Յեղափոխական աւանդներուն վերադարձ»-ի գաղափարը աւելի շեշտակիօրէն դրսեւորուեցաւ 1970-ական եւ 1980-ական թուականներուն թափ առած հայկական ուժական-զինեալ պայքարին ընդմէջէն: Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ եւ Հայ յեղափոխական բանակ գաղտնի կազմակերպութիւնները թրքական կառոյցներուն դէմ կատարած իրենց գործողութիւններով վերակենդանացուցին հայկական ազգային-ազատագրական պայքարի աւանդները: Այստեղ յիշենք մասնաւորաբար 27 յուլիս 1983-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ Հայ յեղափոխական բանակի մարտիկներու գործողութիւնը` թրքական դեսպանատան դէմ ուղղուած: Այդ գործողութիւնը, մանաւանդ` գաղափարական առումով, ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ դաշնակցական յանձնառու երիտասարդութեան համար:
1981-ին Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողովը շեշտեց անհրաժեշտութիւնը Դաշնակցութեան ծրագիրին, կազմակերպական կանոններուն եւ պատմութեան վրայ խարսխուած միատեսակ դաստիարակութիւն ջամբելու:
(Շար. 5 եւ վերջ)



