Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ծանօթ.- Յօդուածի առաջին մասը կու տար հրթիռաշինութեան պատմականը` մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտ: Տե՛ս «Ազդակ»,  8 դեկտեմբեր 2025:

Յետ «Սփութնիք» սիրողական հրթիռներու «ցունամի»-ն.- Պաղ պատերազմը սկսաւ Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք: Ստալինեան Խորհրդային Միութիւնը ընդարձակուած էր դէպի արեւելեան Եւրոպա: Չինաստան եւ Քուպա նոյն ճակատին կը պատկանէին, թէեւ` տարբեր երանգներով: Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրեց «Մաքարթիզմը», ուրեմն եւ` Պաղ պատերազմը: Այդ «պատերազմ»-ի թէժ օրերուն յանկարծ (4 հոկտեմբեր 1957) խորհրդային ձայնասփիւռի կայաններ (որոնց շարքին` ամէն երեկոյ մեր սպասած «Երեւանն է խօսում»-ը) սկսան սփռել «Սփութնիք 1» արբանեակի արձակած «պիփ-պիփ»-երը: Հնչեց ահազանգ. եթէ ռուսերը կարող էին հասնիլ անջրպետ, ապա եւ կարող էին անպատիժ հարուածել Նիւ Եորքը:

Կարճ ժամանակ ետք պարզուեցաւ, որ այդ լոկ պատրուակ մըն էր Միացեալ Նահանգներու «խոր պետութեան» համար, որպէսզի Քոնկրեսը ընդունի միլիառաւոր յաւելեալ տոլարներ յատկացնել հրթիռաշինութեան, իմա` հոյածաւալ ՆԱԶԱ-ի հիմնարկին (1):  Ամերիկեան անջրպետի ծրագիրը բնաւ ալ նուազ չէր ռուսականէն: Բ. Աշխարհամարտի աւարտական շրջանին, մինչ Խորհրդային Միութիւն գերմանական հողեր կը գրաւէր (եւ այդպիսով ստեղծուեցաւ Արեւելեան Գերմանիա), Մ. Նահանգներ, որ Բրիտանիոյ օգնութեամբ լայն տեղեկութեան տէր էր, գործադրեց «Paper clip» (թուղթի սեղմիչ) գործողութիւնը, արշաւեց ուղղակի դէպի Պերլին (եւ այդպիսով ստեղծուեցաւ Արեւմտեան Պերլինի «կղզին» Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ) եւ ձեռք անցուց աւելի քան հարիւր գիտնականներ, որոնց շարքին` ականաւոր Ֆոն Պրաուն, որ գլխաւորեց Ամերիկեան հրթիռի ծրագիրը: Շարք մը այլ գերման գիտնականներ նախընտրեցին փախչիլ եւ յանձնուիլ ամերիկացիներուն, քան` ռուսերուն, որովհետեւ կեանքի պայմանները անբաղդատելիօրէն աւելի ձեռնտու էին պատերազմի աւերէն հեռու մնացած Ամերիկայի մէջ, մինչդեռ Խ. Միութիւնը արիւնաքամ եղած էր:

ԱՄՆ-ը, ուրեմն շատ աւելի մեծ միջոցներ ունէր անջրպետի ծրագիր մշակելու, բայց քաղաքական պատճառներով այդ հնարաւորութիւնը ուղղած էր դէպի կարճ կամ միջին հեռաւորութեան վրայ հարուածող ռազմական հրթիռներ զարգացնելու` անտեսելով Ֆոն Պրաունի յանձնարարականը: Խ. Միութիւն իր գրաւած շատ աւելի լայն շրջաններու մէջ տիրացած էր հրթիռաշինութեան գործարաններու, հրթիռի մասերու եւ արհեստագիտական հմտութիւն ունեցող անձնակազմի: Անոր համար առաջնահերթ էր անջրպետի ծրագիրը քարոզչական նպատակով: Եւ իսկապէս «Սփութնիք»-ի եւ ապա Կակարինի պտոյտը երկրի շուրջ (1961)  իսկապէս որ հսկայ ցնցում եւ ակնածանք յառաջացուցին:

Արբանեակը.-  «Սփութնիք»`  կը նշանակէ ընկերակից, այսինքն` մոլորակի մը, ինչպէս` մեր լուսինը: Սարքը շատ պարզ էր: Շուրջ 50 սմ տրամագիծով գունդ մը, որ կը ծառայէր որպէս ջերմութենէ պահպանող «զրահ»: Գունդին մէջ կային ձայնասփիւռի փոքր հաղորդիչ մը եւ ելեկտրական բարդ մը: Արտաքին չորս պոչերը կը ծառայէին ե՛ւ որպէս ալեհաւաք, ե՛ւ ինքնիր առանցքին շուրջ պտտող սարքի ուղղութիւնը պահպանելու, ինչպէս` հրազէնէ արձակուած փամփուշտներ (2): «Պիփ»-երը շարունակուեցան շուրջ 22 օր, երբ բարդը սպառեցաւ: «Սփութնիք» շարունակեց 230 քմ բարձրութեան վրայ (ուր մթնոլորտը աւելի քան 10 միլիառ անգամ նօսր է) լուռ պտտիլ երկրագունդին շուրջ, երբ շփումի պատճառով դանդաղեցաւ եւ ինկաւ (3):

Տպաւորիչ իրադարձութիւնը ունեցաւ այլազան հակազդեցութիւններ: Կարեւորագոյնը ուսումնական ծրագիրի մարզն էր, որովհետեւ վճռական դեր ունեցաւ իմ եւ շատ մը այլ պատանիներու համալսարանական մասնագիտութեան ընտրութեան մէջ: Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը անմիջապէս այսօրուան գնողական արժէքով 9 միլիառ տոլար յատկացուց գիտութեան ուսուցման: Յատկապէս` բնագիտութեան եւ թուաբանութեան: Երեւան եկան Halliday & Resnick եւ Thomas-ի (հաստափոր) խնամքով կազմած գրաւիչ դասագիրքերը, որոնք կոչուեցան «Ոսկեղէն չափանիշներ» (gold standard), եւ որոնց յարատեւ նորոգուող վերահրատարակութիւնները շարունակուեցան որդեգրուիլ գրեթէ ԲՈԼՈՐ համալսարաններու մէջ: Հսկայական նպաստներ ստացան աւելի քան 7 հազար բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ, ներառեալ` Պէյրութի ամերիկեանը (4): Բնագիտութեան պսակաւոր (BSc) ստացողներու թիւը յաջորդ 5 տարուան ընթացքին աւելի քան կրկնապատկուած էր:

Երկրորդ իրադարձութիւնը հրթիռաշինութեան ցունամին (բլրալի՞ք) էր, զոր աշխուժօրէն կը հրահրէին հաղորդակցութեան միջոցներն ու շարժապատկերը: «Սփութնիք»-ի «զգայացունց անակնկալ»-էն աւելի քան 4 ամիս առաջ ականաւոր «Սայընթիֆիք Ամերիքըն» ամսագիրը հրատարակած էր Ֆոն Պրաունի հետ ԱՄՆ բերուած հրթիռագէտ բնագէտ Էրիքի դոկտ. K.A. Ehricke 1917-1984) ստորագրութեամբ յօդուած մը, որուն վերնագիրն էր` «Հրթիռ մը լուսնի շուրջ»: Նման հրթիռի մը ծիրը շատ աւելի լայն պիտի ըլլար, քան` «Սփութնիք»-ինը: Այլ խօսքով, մթնոլորտէն դուրս գալու ատակ հրթիռաշինութիւնը արդէն իսկ օրակարգի վրայ էր:

1960-ին արդէն իսկ հրատարակուած էր Bertrand R. Brinley-ի հեղինակած ոչ նուազ քան 384 էջանոց ձեռագիրքը (manual), որ հրթիռաշինութեան տեսական եւ գործնական մանրամասն ուսուցում կու տար: Ի դէպ, իր ժամանակին համար յոյժ ուսանելի գիրքը հասանելի է համացանցի վրայ (5): Կողքի նկարը ցոյց կու տայ գիրքին շապիկը եւ բացատրողական էջերէն նմուշ մը:

Վտանգաւոր շրջան.- Փոքր հրթիռներու մարմինը կարելի էր կազմել համեստ աշխատանոցներու մէջ: Հիմնական դժուարութիւնը վառելանիւթն էր: «Հրթիռի տղաք»-ը ընդհանրապէս կը պատրաստէին նախ «rocket candy» (շաքար) կոչուած խառնուրդ մը, որ բաղադրուած էր փոթասի փորոկաթէ (potassium nitrate KNO3) եւ շաքարէ: Ապա անցան «micrograin» (մանրա-հատիկ) կոչուող խառնուրդի մը, որ բաղադրուած էր ածխափոշիէ, ծծումբէ եւ զինկէ: Այդ շատ վտանգաւոր գործողութիւն էր, եւ շուտով սկսան պատահիլ բազմաթիւ արկածներ: Բարեմիտ անձեր սպիտակ սուտեր հնարեցին զգուշացնելու համար իրենց տղաքը: Իբր թէ երկու պատանիներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են վառելանիւթի ինքնագլուխ պատրաստութեան ընթացքին: Հաւանաբար նոյն մտահոգութեամբ կարգ մը օրաթերթեր տեղ տուին այդ առակին, որ այնքան վաւերական էր, որքան այն, թէ գայլը յօշոտած է Ստախօս Միհրանը:

Վաւերական էին, սակայն, բազմաթիւ արկածները: Իշխանութիւններ 1958-ին հրապարակեցին օրէնքներ` արգիլելու համար առանց պատշաճ արտօնագիրի հրթիռաշինութիւնը, ինչպէս եւ Հրթիռաշինութեան ազգային ընկերակցութեան (National Association of Rocketry NAR)  պատրաստուած կանոնագիրքը (Model Rocket Safety Code), որ յստակօրէն կը սահմանէր ապահով հրթիռաշինութեան պայմանները: Բացի այդ` ճարտարագիտական կարողութիւն ունեցող հաստատութիւններ սկսան արտադրել եւ վաճառել ապահով հրթիռներ:

Միջուկային ծրագրի (Manhattan Project) ողբերգական հետեւանքներէն ետք ակադեմականներ կը դժկամակէին մասնակցելու ակնյայտ ռազմական կարեւորութիւն ունեցող հրթիռաշինութեան: Միջուկային ռումբին նախապէս անդրադարձած եմ (6, 7): Համալսարաններ ընդհանրապէս հրթիռի ծրագիրներ չունեցան,  բայց իրենց ծրագիրներուն յաւելեցին տեսական նիւթեր (ինչպէս` հեղուկագիտութիւն եւ աստղագիտութիւն), որոնք կը ծառայեն թռիչքներու վերլուծումին: Իսկ այստեղ պատահեցաւ տխուր արկած, երբ անփորձ տղաք, առանց վերահսկողութեան, կը պատրաստէին վառելանիւթ, որուն թթուատողը ոչ թէ սիրողական մակարդակի էր (KNO3), այլ` ռազմական (KClO4), որ ի հարկէ աւելի ուժեղ, բայց միաժամանակ աւելի դիւրավառ է (8): Հարկ էր, որ ծրագրի ղեկավար դոկտ Մ. Մանուկեան  ծանօթ ըլլար ապահովութեան ցուցմունքներուն, որոնք հրատարակուած էին արկածէն ամբողջ վեց տարի առաջ: Ծրագիրի մանրամասնութիւնները կարելի է տեսնել լուսահոգի Յ. Չէքիճեանի յօդուածաշարին մէջ, որ այժմ որպէս գրքոյկ հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանին կողմէ: Հրթիռի շինութեան համար կ՛աշխատէին բանակային մասնագէտներ: Հրթիռի զանազան մասերը կը պատրաստուէին բանակի աշխատանոցներուն մէջ: Չափումները կը կատարուէին բանակի ռատարներով, բանակի փորձադաշտերուն վրայ: Ուսանողական խումբը կը զբաղէր վառելանիւթի պատրաստութեամբ: Wikipedia-ի արձանագրած  առաւելագոյն բարձրութիւնը շուրջ 11,5 քմ է, ինչ որ աւելի ռազմական է, քան` անջրպետային: 1967-ի պատերազմէն ետք փորձերը հասկնալիօրէն դադրեցան:

Հայկազեանի խանդավառ, նուիրուած եւ հնարամիտ եւ տղոց յոյժ գնահատելի երեւոյթը, սակայն, եզակի չէր: Հարկ է զայն տեսնել համաթեքսթի մէջ: Մեզմէ աշխարհագրական եւ հոգեկան առումով ոչ հեռու Սեւ ծովու ափին գտնուող Պանտըրմա աւանի քոլեճական տղաք 1959-ին հրթիռի ակումբ մը կը հիմնեն: Պոլսոյ մեքենական ճարտարագիտութեան բաժնի պաշտօնեայ հայազգի Գրիգոր Տիվարճի (տե՛ս կողքի լուսանկարը իր նախագիծին առջեւ) կը միանայ ակումբին եւ կը ստանձնէ այն դերը, զոր Մանուկեան կատարած էր այստեղ: Աւելի՛ն. ան իր նշանածին հետ իրենց ամուսնութեան համար խնայած 400 լիրան (կոկիկ գումար մը)  կը ծախսէ հրթիռաշինութեան ծրագիրին վրայ: Ինչպէս այստեղ, այնտեղ եւս շուտով բանակը գործնականապէս կ՛աջակցի եւ կը տրամադրէ հրաձգութեան դաշտ մը: 1962-ի սեպտեմբերին կ՛արձակուի առաջին յաջող հրթիռը, որ կը բարձրանայ 10 քմ: Գրիգոր Տիվարճիի հիմնական նպատակը հեղուկ վառելանիւթով հրթիռն էր, որուն ծրագրումն ու գործադրութիւնը չափազանց դժուար է: Անծանօթ պատճառով հրդեհ մը կը ծագի եւ կը մոխրացնէ անոր ծրագիրի թղթածրարները: Սրտաբեկ Գրիգոր կ՛անհետանայ: Ողբերգութիւն մը եւս: Մեկնաբանելի հրդեհին շուրջ հետաքննութիւն տեղի չ՛ունենար: Կարելի է ենթադրել, թէ հոգեբանական պատճառներով հրձիգը նոյնինքն բարոյալքուած Գրիգորն է, որ այնուհետեւ կը հեռանայ բեմէն:

Աշխարհագրական, ինչպէս եւ քաղաքական առումով, նոյնպէս մօտակայ Եգիպտոսի մէջ եւս  1959-1960 շրջանին Այն Շամս համալսարանի ուսանողներ իրենց պատրաստած (վստահաբար` ոչ հեղուկ)  վառելանիւթերով հրթիռներ կ՛արձակեն: Ինչպէս Լիբանանի եւ Թուրքիոյ, այնպէս եւ Եգիպտոսի մէջ բանակը արագ մուտք կը գործէ: Համացանցի վրայ կը նշուին շարք մը բարձրաստիճան բանակային եւ ակադեմական անուններ: Խանդավառ տղաքը կը մնան շուքի մէջ: Մամուլի մէջ տխուր արկածներ չեն յիշուիր, որովհետեւ նասերական վարչակարգը այդ չէր արտօներ: 1956 թուականին, Սուէզի պետականացումին յաջորդող եռակի յարձակումէն ետք Իսրայէլ չէր կրնար հանդուրժել իսկական վտանգ ներկայացնող նման ծրագիրի մը զարգացումը: Ինչեւիցէ, այդ այլ հարց է: Զանց կ՛առնեմ բազմաթիւ նման երեւոյթներ, որոնք տեղի ունեցան Արեւմուտքի եւ զանազան այլ երկիրներու մէջ:

Անջրպետային հաստատութիւններու հսկայ իրագործումներէն «անջրպետ նուաճող ռահվիրայ» դառնալու երազանքը փարատեցաւ: Լուրջ աշխատանքները այժմ կեդրոնացած են ոչ թէ մթնոլորտէն դուրս գալու, այլ անջրպետ ուղարկուած սարքերու միջոցով (ինչպէս` հզօր հեռադիտակներ եւ կամ «Արեւի խուզարկուն», որուն անդրադարձած եմ) միջոցով չափումներ կատարելու վրայ (9, 10): Այժմ ԱՄՆ-ի մէջ ահազանգ կը հնչէ չինական լուսնային ծրագիրներու կապակցութեամբ: Այդ հաւանաբար աւելի առնչուած է տնտեսական հակամարտութեան, քան` լուսնի: Վերլուծումը կը ձգեմ քաղաքագէտներու:

Բնագիտական յաւելուած` հետաքրքիր ընթերցողին համար.- Որպէս բնագիտութեան դասատու` հրթիռի մղիչ ուժին եւ շարժումի օրէնքները բացատրելու համար կը գործածէի ապահով եւ միաժամանակ հաճելի «ջուրի հրթիռներ»: Հոսուն նիւթը (հեղուկ կամ կազ) դուրս կը մղուի ոչ թէ այրումով կամ պայթումով, այլ` օդի ճնշումով:

Կրնայ տարօրինակ թուիլ, բայց այդ «Ջրթիռ» խաղալիքը այնուամենայնիւ շատ կարեւոր ընդհանրութիւն ունի «կարծր վառելանիւթ» գործածող հրթիռներու հետ: Երկու պարագային ալ վառելանիւթը կը սպառի շատ արագ, հրթիռի թռիչքի ընդհանուր ժամանակի մէկ տասներորդէն աւելի կարճ, որմէ ետք հրթիռը նման է արձակուած փամփուշտի: Այդ պարագային գերակշիռ ուժը ոչ թէ ձգողութիւնն է, այլ` օդի դիմադրականութիւնը: Ի գիտութիւն անոնց, որոնք տեղեակ չեն զէնքերու յատկութիւններէն, «Քլաշնիքով»-է մը արձակուած փամփուշտի մը սկզբնական արագութիւնն է 715-717 մեթր/երկվ, այդ կը նշանակէ, որ դատարկութեան մէջ 45 աստիճան անկիւնով արձակուած փամփուշտ մը կրնայ հասնիլ 54 քմ հեռաւորութեան (Range = V^2/g = 716^2 / 9,8 > 54 հազար) մինչդեռ իսկական հասողութիւնը նուազ քան 4 քմ է (եւ հետեւաբար կ՛իյնան մեր գլխուն, տե՛ս կողքի գծանկարը):

Մենք յաճախ տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս լուսատու կարմիր փամփուշտներ կը դանդաղին եւ կը մօտենան իրարու: Ծիրը շատ հեռու է «կոնական հատուած (parabola) ըլլալէ, ինչպէս ընթերցողը հաւանաբար տեսած է երկրորդական վարժարանի դասագրքի մէջ: Կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ կարծր վառելանիւթ գործածող սիրողական հրթիռի մը արագութեան փոփոխութիւնը: Նման հրթիռ մը դատարկութեան մէջ կրնայ հասնիլ 50 քմ հեռաւորութեան, ինչ որ ի հարկէ թոյլատրելի պիտի չըլլար ապահովական նկատառումներով:  Հրթիռի առաւելագոյն արագութեան տարազը  (գծապատկերին մէջ` vf) տրուած է բնագիտութեան առաջին տարուան բոլոր դասագրքերու մէջ: Ընթերցողը թերեւս զարմանայ, երբ իմանայ, որ հրթիռներու սկզբնական զանգուածի շուրջ 90 տոկոսը կը կազմէ վառելանիւթը: Այդ պատճառով նախքան թռիչք եւ կամ թռիչքէ անմիջապէս ետք պայթած հրթիռները կրնան աւերներ գործել:

Արձակուած կազերու (կամ ջուրի) արագութիւնը կարելի է հաշուել Պերնուլլիի օրէնքով, որուն քանի մը անգամ նախապէս անդրադարձած եմ (11): «Հրթիռ»-ը մասամբ կը լեցուի ջուրով, ապա հեծիկի կամ այլ մղիչով (pump) մնացեալ մասի ճնշումը կարելի է բարձրացնել մթնոլորտային ճնշումէն քանի մը անգամ աւելի: Նման «ջրթիռ»-ներու հասողութիւնը քանի մը տասնեակ մեթր է, բայց քանի որ առաջին փորձը կատարուած էր 6-րդ յարկէն, փոխանակ շրջափակին մէջ իյնալու` հրթիռը ինկած էր դիմակայ պատշգամ` առանց որեւէ աւեր գործելու: Նման երկու «հրթիռիկներ» հաւանաբար տակաւին երկարած են R700-ի պահարաններէն մէկուն դարակին վրայ:

  1. National Aeronautics and Space Administration Ազգային Օդանաւատկութեան եւ անջրպետի վարչութիւն: Ունի 17 հազար պաշտօնեայ եւ գործ կը հայթայթէ շուրջ 5 հազար հաստատութեան: Պիւտճէի հրապարակուած թիւն է շուրջ 25 միլիառ տոլար:
  2. Հրազէններու փողերը ունին պարուրաձեւ (spiral) գիծեր: Փամփուշտի պղնձեայ շապիկը մասամբ կը մխրճուի անոնց մէջ եւ պտոյտ կը պատճառէ (շուրջ 3 պտոյտ փողէն դուրս քալէ առաջ): Թաւալային թափը կը պահպանէ փամփուշտի ուղղութիւնը: Նոյն սկզբունքով կը բանին թաւալացոյցերը (gyroscope):
  3. Այդ բարձրութեան վրայ մթնոլորտը շատ նօսր է, բայց որպէսզի մնայ ծիրի մէջ, արբանեակը պարտաւոր է շարժիլ մօտ 8քմ/երկվ արագութեամբ (երկրագունդի շրջանը կը կատարէ նուազ քան 90 վայրկեանի մէջ): Այդ պատճառով օդի դիմադրութիւնը կարելի չէ անտեսել:
  4. Բնագիտութեան բաժանմունքը ունեցաւ չորս յառաջացած տարրալուծարան, առաւել հեղուկ օդ եւ ջրածին ստանալու հսկայ սարքեր, առաւել երեք աշխատանոց, առաւել ուսանողներու աշխատանոց, որմէ ստացած եմ երեք վկայագիր (տեղական բարբառով` թոռնօ, ֆրեզա եւ աժիսէօր: Այդ պարտադիր էր անոնց համար, որոնք ընտրած էին փորձառական աւարտաճառ:
  5. https://archive.org/details/RocketManualForAmateursByCapt.BertrandR.BrinleyBallantineBooks1960385s_201903
  6. «Սպառած իւրանիոմ եւ խնայասէր գործարարներ», «Ազդակ», 24 օգ. 2020:
  7. «Կորիզային կամ` օփընհայմըր Ա.», «Ազդակ» 30 հոկտ. 2023:
  8. Նիւթը ստացուած էր բանակի ճամբով, որովհետեւ նման նիւթեր կարելի չէ ներածել առեւտրական միջոցներով: Նաւահանգիստի պայթիւնը վկայ:
  9. Անջրպետի մէջ հեռադիտակներ անհամեմատ աւելի ճշգրիտ պատկերներ կրնան արձանագրել, որովհետեւ ազատ են մթնոլորտի կեղտէն եւ լոյսի բեկումին պատճառած ահռելի բարդութիւններէն:
  10. «Ամանորի արեգակնային խուզարկուն», «Ազդակ», 11 փետ. 2025:
  11. Տե՛ս «Անօդաչու թռչող սարքերու քաղաքական բնագիտութիւնը, «Ազդակ», 2 սեպտ. 2024, «Աղմկոտ պոչաւորներ», «Ազդակ», 24 սեպտ. 2024, «6-րդ զգայարանքներու բնագիտութիւնը» Ա. եւ Բ., «Ազդակ» 25 եւ 27 մարտ 2025:
Նախորդը

Ամէն Երեկոյ

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Նոյեմբերի Թիւը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.