Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103-րդ Տարեդարձին Առիթով Նոր Ջուղա Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 103-ամեակին առիթով Սպահանի մէջ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Հանրապետական մաղթանք: Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեան իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ 1918-ին Հայաստանի անկախութեան կերտումը հեզասահ պայմաններու մէջ տեղի չէ ունեցած, աւելցնելով, որ իմաստուն ղեկավարութեան շնորհիւ` սխրագործ հայ...















