Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն`
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103-րդ Տարեդարձին Առիթով
Նոր Ջուղա
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 103-ամեակին առիթով Սպահանի մէջ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Հանրապետական մաղթանք:
Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեան իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ 1918-ին Հայաստանի անկախութեան կերտումը հեզասահ պայմաններու մէջ տեղի չէ ունեցած, աւելցնելով, որ իմաստուն ղեկավարութեան շնորհիւ` սխրագործ հայ ժողովուրդը ոչ միայն կրցած է վերածնիլ եւ վերականգնել, այլեւ` հիմնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Սրբազանը նշելով, որ այսօր դարձեալ կը կրկնուի պատմութիւնը, հաստատեց, թէ իւրաքանչիւր անձ իր ներաշխարհին մէջ ունի` հաւատք, յոյս, համազգային իսկական գաղափարներ ու արժէքներ, յարգանք, միասնութիւն եւ վճռակամութիւն, եւ կոչ ուղղեց, որ բոլորը պատմութենէն դասեր քաղելով` աշխատին իրավիճակը բարեփոխել ու փրկել հայրենիքը:
Ազգային մարմիններուն անունով ելոյթ ունեցաւ Թեմական խորհուրդի անդամ Սոնիկ Բաղումեանը, որ անդրադառնալով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան լուրջ ձեռքբերումներուն, ինչպէս` հայկական բանակի եւ հայկական դրամի ստեղծում, Երեւանի մէջ առաջին համալսարանի հիմնադրում, խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացում եւ երկամեայ ժամանակահատուածին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային տարածքի զգալի աճ, հաստատեց, որ ներկայիս մեր հայրենիքը կրկին ալեկոծուած է նոյն սպառնալիքով, աւելցնելով, որ թրքական եւ մեծապետական ծրագիրները մեզ հարուածի տակ առած են թէ՛ ներքին ճակատին վրայ` ազգային շահը, ազգի եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը խաթարող, ազգային բոլոր արժէքները կասկածի ենթարկող, օտարածին ուժերու եւ հոսանքներու հովանաւորելով, թէ՛ արտաքին ճակատին վրայ` ռազմական ու քաղաքական հսկայ արշաւով: Ան հաստատեց, որ Սպահանի հայոց թեմը կառչած մնալով հայրենիքին զօրակցելու իր յանձնառութեան, հայոց պետականութեան, հողային ամբողջականութեան, սահմաններու անխախտելիութեան նպաստող բոլոր գործողութիւններուն օժանդակելու եւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կրած վէրքերու ամոքման նպաստելու ուղղութեամբ, յատկապէս կը շարունակէ նոր թափ տալ համայնքային կեանքէն ներս` հայ սերունդներու մէջ հոգեւոր հաւատամքի, մշակոյթի ու հայրենասիրութեան ոգիի դաստիարակութեան եւ տարածման աշխատանքներուն:
Միացեալ Նահանգներ
30 մայիսին Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մատուցեց ս. պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ 28 մայիս 1918-ի յաղթապանծ ոգին` շեշտելով, որ հակառակ մեր ազգի կեանքէն ներս զանազան փորձութիւններու ներկայութեան, Աստուած ճամբայ ցոյց տուաւ մեր ժողովուրդին, որպէսզի ոտքի կանգնի եւ քալէ դէպի առաջ ու տեսնէ ազատ, անկախ իր հայրենիքը` Հայաստանը, որ ամբողջ դարեր դրացի պետութիւններու թշնամական յարձակումներուն ենթակայ եղած է, բայց մեր ժողովուրդը մնայուն կերպով իր արեան գնով պաշտպանած է իր հողը, որուն համար զոհուած են մեծ թիւով հայորդիներ, որոնց նահատակուած կեանքին շնորհիւ այսօր մենք ունինք Հայաստան անուն հայրենիք սրբութիւնը:
Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը նաեւ ոգեկոչեց յիշատակը մայիսեան յաղթանակի կերտիչ, ղեկավար Արամ Մանուկեանի, որ համայն հայութիւնը ոտքի հանեց ընդդէմ թրքական բանակներու եւ հիմը դրաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան: Ունեցանք ազատ, անկախ Հայաստան, ունեցանք եռագոյն դրօշ, որ ոչ միայն ծածանեցաւ ձողերու վրայ, այլեւ իւրաքանչիւր հայ մարդու եւ ընտանիքի, ընկերութիւններու եւ միութիւններու մէջ եւ յատկապէս` սփիւռքեան կեանքէն ներս:
Շարունակելով իր քարոզը` առաջնորդը անդրադարձաւ նաեւ արցախեան վերջին պատերազմին եւ նշեց, որ թէեւ բազմահազար հայորդիներ իրենց արիւնը հեղեցին Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն վրայ, սակայն անհաւասար այս կռիւը աւարտեցաւ հայկական կողմի պարտութեամբ եւ հողային կորուստով: Ան յորդորեց ներկաները` համախմբուելու սուրբ դրօշի օրհնութեան ներքեւ, որպէսզի կարենանք մեր ուժերը միացնել ու լարել զանոնք մեր թշնամիին դէմ եւ ազատագրել ազերիաթրքական կողմին խլած հողերը, պաշտպանել հայ ժողովուրդը եւ որպէս հայ մարդ, ազգ ու հայրենիք` վերստին տէրը կանգնիլ մեր դարաւոր սրբութիւններուն:
Յունաստան
30 մայիսին Յունաստանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս սուրբ պատարագին, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն` 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերու ընթացքին զոհուած հայոց բանակի քաջամարտիկներու հոգիներուն համար:
Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագը մատուցեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Հայաստանի վերանկախացումը, հայրենի եռագոյն դրօշն ու օրհներգը եւ պետականութիւնը հայ ժողովուրդին տուին ինքնութիւն, պատկանելիութիւն` աշխարհի ազգերու կարգին: Ոչ միայն հայրենի ժողովուրդը ազգային զարթօնք եւ ազգային գիտակցութեան բիւրեղացում ապրեցաւ, այլեւ սփիւռքի հայութիւնը իր ապրած օտար միջավայրին մէջ, համայնքային կարգավիճակի տարտամ գաղափարին փոխարէն, ստացաւ պետականութիւն ունեցող երկրի մը յստակ ազգային պատկանելիութիւն:
Անդրադառնալով վերանկախացման տօնին առթիւ եկեղեցիներէն ներս հանրապետական աղօթքին` սրբազանը շեշտեց, որ քրիստոնէական մեր հաւատքի դաստիարակութիւնը մեզի կը թելադրէ պահել եւ պաշտել սրբութիւնները, աւելցնելով, որ Աստուած երկնային սրբութիւն է, հայրենիքը երկրային սրբութիւն է: Հաւատք ունենալ եւ այդ հաւատքի արտայայտութիւն եղող գործեր չունենալը անիմաստ է: Հետեւաբար հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը եթէ միայն զգալով ըլլայ, թերի է, անոր պէտք է միանան հայրենիքի պահպանման, զարգացման համար մատուցուած արդիւնաբեր գործեր եւ իրագործումներ:
Ան շեշտեց, որ 28 մայիս 1918-ին հայութիւնը եղաւ ազգ ու պետութիւն, աշխարհի քարտէսին վրայ ունեցաւ իրաւացի հող եւ հայրենիք ու ազգերու խճանկարին մէջ ունեցաւ իրեն յատուկ եռագոյն դրօշը եւ համայն հայութեան դարձեալ պարգեւեց հայ ըլլալու ազգային հպարտութիւնը, շեշտելով, որ ներկայիս այս տօնը համայն հայ ժողովուրդը կը գտնէ մռայլ եւ մտահոգիչ պայմաններու մէջ: Անցնող տարուան սեպտեմբերին Արցախի պատերազմին անփառունակ եւ նուաստացուցիչ պատերազմի հետեւանքները շշմեցուցած են հայ ժողովուրդը, յատկապէս` սփիւռքահայութիւնը, որ վերանկախացման 30 տարիներու ընթացքին միշտ լիաբուռն ընդառաջեց Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցութեան բոլոր կոչերուն ու մանաւանդ վերջին 44-օրեայ պատերազմին: Քաղաքական մակարդակի վրայ շարունակուող անկայուն եւ մտահոգիչ կացութիւնը, որուն ժխտական հետեւանքները կը վտանգեն նոյնինքն Հայաստանի կայունութիւնը եւ ապագայի գոյատեւումը, մենք` իբրեւ սփիւռքի հայութիւն, Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին զարգացումներուն անմիջականօրէն մասնակից չըլլալով հանդերձ, Հայաստանի հանդէպ մեր ցուցաբերած պարտականութեանց դիմաց իրաւունքը ունինք ընտրական գործընթացին հետ կապուած մեր լոզունգը, կարգախօսը բարձրաձայնել` ըսելով, որ հայրենասէր եւ հայրենաշէն ղեկավարներ կը փնտռուին, որովհետեւ Հայաստանի գոյութիւնը, անսասանութիւնը կենսական կարեւորութիւն ունին սփիւռքահայութեան սերունդներուն համար, որպէսզի օտար հովերու եւ հոսանքներու ենթակայ պայմաններու մէջ կարենանք պահել մեր ինքնութեան հիւսիսը ցոյց տուող կողմնացոյցը:
Սրբազանը շեշտեց, որ ազգային տօները անցեալի յուշերու եւ դէպքերու յիշատակում չէ, այլ` պատմակերտ կարեւոր իրադարձութեանց ազգային յորդորն ու պատգամը կենդանի ապրում, առօրեայ զգացում պահել իւրաքանչիւր սերունդի կեանքին մէջ, աւելցնելով, որ մայիս 28-ն, մեզ կը գօտեպնդէ, որպէսզի յարատեւենք ազգային մեր ինքնութեան եւ ժառանգութեան տէր տիրական մնալու, ինչպէս նաեւ` յանձնառու մնալու մեր ազգային պարտականութեանց:
Թեհրան
30 մայիսին Թեհրանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք, եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի եւ այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտերուն հայ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատարագին նախագահեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Իր քարոզին մէջ սրբազանը ընդգծեց, որ Հանրապետական մաղթանք կատարուեցաւ հայրենիքի ազատութեան ամրապնդման, սահմաններու ապահովութեան եւ ժողովուրդի բարօրութեան ու բարեկեցութեան համար: Ան նշեց, որ ներկայիս մտահոգութիւններ կան եւ անորոշ վիճակ մը ստեղծուած է, ընդգծելով, որ հողը այն թանկագին իրականութիւնն է, որով ժողովուրդները կը ճանչցուին եւ անոնք կը գոյատեւեն այն չափով, որքանով որ հաւատարիմ են իրենց հայրենիքին եւ հայրենական արժէքներուն: Սրբազանը ցաւով յայտնեց, որ վերջին երեք տարիներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեամբ, դժբախտաբար, մեր հայրենիքը սկսաւ նահանջել եւ այսօր Հայաստանի քաղաքացին յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հանգիստ չէ եւ մտահոգ է, որովհետեւ թշնամին ամէն քայլափոխի իր աչքերը յառած է մեր հողերուն, մեր երկրին եւ կը փորձէ մեր ժողովուրդը ստրկացնել, մեր հողերը մեր ձեռքէն խլել, եւ ասիկա մեր արժանապատուութիւնը վիրաւորող իրականութիւն է, երբ չենք կրնար պաշտպանել մեր հայրենիքը ոխերիմ թշնամիին դէմ: Սրբազանը յորդորեց ներկաները` հաւատարիմ մնալ մեր հողերուն, նաեւ չյուսահատիլ եւ մեր արեան գնով պայքարը շարունակել ի սէր եւ ի պաշտպանութիւն մեր այսօրուան եւ վաղուան ամբողջական հայրենիքին:
———————
Յունաստան
ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյց` Ազրպէյճանի Դեսպանութեան Առջեւ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան, 26 մայիսին Աթէնքի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք մը` դատապարտելու համար Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները:
ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները յաջորդաբար յոյն հանրային կարծիքին առջեւ ներկայացուցին Սիւնիքի մէջ Ազրպէյճանի ներխուժման փորձերը եւ անոր շարունակական յարձակողապաշտութիւնը Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդին դէմ, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի սահմաններէն ներս Ազրպէյճանի ռազմական ուժերու ներխուժումը եւ պահանջելով հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը: Անոնք անդրադարձան նաեւ` Ազրպէյճանի ոճրագործութիւններուն, Արցախի ու Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքներուն, միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներուն եւ հայութեան դէմ անվերջ սպառնալիքներուն:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օրեր առաջ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին որդեգրուած բանաձեւին եւ անկէ բխող ազդարարութիւններուն, որ Եւրոպական խորհրդարանը ուղղած է Ազրպէյճանին:
Ցոյցի ամբողջ տեւողութեան ուժական ոճով եւ պահանջատիրական լոզունգներով պահանջուեցաւ հայ գերիներու ազատ արձակումը, որ անյապաղ գործադրելու պարտաւոր է Ազրպէյճանը:
Թիֆլիս
Երդման Արարողութիւն
Վերջերս Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի հայ գործիչներու պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Թիֆլիսի սկաուտներու երդման արարողութիւնը: ՀՄԸՄ աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքը համալրուեցաւ 50 նոր սկաուտներով:
Արարողութենէն Ետք ՀՄԸՄ-ական սկաուտները երթով քալեցին դէպի Ս. Գէորգ եկեղեցի` նշելու համար Սայաթ Նովայի տօնը` Վարդատօնը, վարդեր զետեղելով մեծ աշուղի շիրիմին վրայ եւ յարգելով անոր յիշատակը:
Ապու Տապի
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դիւանագիտական Դպրոցը Հրատարակեց Մհեր Սահակեանի Աշխատութիւնը
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Անուար Գարգաշ»-ի անուան դիւանագիտական դպրոցը հրատարակեց «Չինաստան-Եւրասիա» քաղաքական եւ ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար, Աւստրիոյ Խաղաղութեան հիմնարկի խորհրդականներու խորհուրդի անդամ, Հոնկ Քոնկի համալսարանի «Ասիա կլոպալ» հիմնարկի անդամ Մհեր Սահակեանի աշխատութիւնը, որ կը վերլուծէ փոփոխութիւն կրող աշխարհակարգի պայմաններուն մէջ Արեւմուտքի (ԱՄՆ, ԵՄ) եւ Արեւելքի (Չինաստան եւ Ռուսիա) միջեւ ընթացող պայքարը Կեդրոնական Ասիոյ համար: Հեղինակը ներկայացուցած է Թուրքիոյ, Իրանի, Հնդկաստանի, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրներուն վարած քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Սահակեան անդրադարձած է նաեւ արցախեան պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութեան եւ անոր ունեցած ազդեցութեան` Կեդրոնական Ասիոյ եւ Չինաստանի Սինծիանի անվտանգութեան վրայ: