Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը

April 14, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող վարչակարգը, որ հեղինակը հանդիսացաւ արցախեան վերջին պատերազմին ամօթալի պարտութեան, վերջերս հայ ժողովուրդին կը ներկայանայ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացման, ինչպէս նաեւ այդ պետութիւններուն հետ սահմաններու բացման կոչերով` անտեսելով Հայաստանի ժողովուրդին ու պետականութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հայ ժողովուրդին սպառնացող գոյութենական վտանգը` ուրանալով Արցախի Հանրապետութիւնը եւ սասանելով հայկական պետականութեան հիմքերը:

Այս անխոհեմ վարչակարգը, Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, ցուցաբերեց քաղաքական եւ ռազմական տհասութիւն, որ հասաւ դաւաճանութեան մակարդակի, երբ յատկապէս վարչապետ Փաշինեան ստորագրեց անձնատուութեան եւ հայ ժողովուրդին ու անոր հնագոյն քաղաքակրթութեան ստորացման համաձայնագիրը:

Իշխանութեան հասած այս խմբակը առաջին օրէն իսկ ու շարունակաբար որդեգրած է ուղեգիծ մը, որուն շարունակականութիւնը անառարկելիօրէն պիտի աւարտի Հայաստանի կործանումով, հայ ժողովուրդի ինքնութեան քայքայումով ու անոր քաղաքակրթութեան ոչնչացումով: Քաղաքական այս ուղեգիծը յառաջ կը մղուի հայոց պատմութեան նենգափոխումով, ինչպէս նաեւ` հայկական մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան աղաւաղումով եւ կը միտի հայ ժողովուրդը մղել հրաժարելու Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ ժողովուրդի հատուցման, Արեւմտեան Հայաստանի հողային եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան պահանջներէն:

Այս իշխանութեան կողմէ Արցախէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հայութեան արդար պահանջներէն ձերբազատելու գաղափարը վերածուած է քարոզչական առարկայի` իբր թէ հասնելու Հայաստանի եւ իր ժողովուրդի յարատեւ բարգաւաճման եւ ապահովութեան` խաղաղութեան հաստատման Հայաստանի գործընկերներ համարելով թշնամի Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը:

Այս բոլորը կը ներկայացուին, երբ տակաւին չէ ցամքած այդ թշնամիներուն կողմէ հեղուած հայուն արիւնը:

Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նման կոչեր ապարդիւն եւ վտանգաւոր են Հայաստանի ու սփիւռքի մեր ժողովուրդին եւ հայրենի մեր պետականութեան համար:

Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչերը այսօր հայ ժողովուրդին դէմ դաւադրական ծրագիրներու ծառայող դրսեւորումներ են պարզապէս, կոչեր, որոնք հովանաւորուած են մեր ժողովուրդին բարիք չցանկացող մեծապետական կարգ մը ուժերէ: Ուստի մեր ժողովուրդը զգուշ պէտք է ըլլայ նմանատիպ սադրանքներէ:

Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը մերժէ եւ կը դատապարտէ անձնատուական կոչերը` վերահաստատելով, որ պիտի շարունակէ պայքարը հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ ամբողջական արդարութեան հաստատման համար, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապրի արժանապատիւ ու ազատ` իր նախնիներու հողին վրայ:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

10 ապրիլ 2021

Նախորդը

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Շուէտի Առանձնակի Կոմիտէի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.