Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Շուէտի Առանձնակի Կոմիտէի

Ապրիլ 14, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կառչած հողատու իշխանութիւնները, իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչները վերջերս հանդէս կու գան «տարածաշրջանային համագործակցութիւն» Թուրքիոյ հետ, «չթշնամանք»-ի եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը նսեմացնելու յայտարարութիւններով` մինչեւ իսկ կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական տարածքներու պատկանելիութեան իրողութիւնը:

Վերջերս աւելի յստակ կը դառնայ, որ արցախեան երրորդ պատերազմի մեղքի եւ ամօթի սեւ խարանը իրենց ճակտին կրող այդ խմբակը, բացայայտօրէն ժխտելով Արցախը` որպէս հայկական հողատարածք, ի գործ դրաւ նոյեմբեր 9-ի անձնատուական համաձայնութեան իր մութ պայմանաւորուածութիւնները, որոնց հետեւանքը եղան` արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ողբերգական ելքը, 5000 նահատակները, հարիւրաւոր գերիները եւ հազարաւոր անօթեւանները, որոնք լքեցին իրենց հայրենի օճախները, Հայաստանի եւ Արցախի որոշ տարածքներ այսօր կը գտնուին ազերի եւ թուրք զինուորներու սպառնալիքի տակ: 5000 նահատակներու արիւնը դեռ չչորցած` աթոռին կառչած այս իշխանութիւնները կը բարբաջեն համագործակցութեան ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու մասին, ինչ որ դժուար ըմբռնելի է ոեւէ հայու հասկացողութեամբ:

Քանի մը օր ետք կը թեւակոխենք 24 ապրիլը, որ իւրաքանչիւր զտարիւն հայու մտքի եւ խղճի մէջ ոչ միայն յիշատակելի պարզ օր մըն է, այլ նաեւ` պայքարի, պահանջատիրութեան օր: Սակայն երբ հակահայ արշաւի յորձանքը դիմակայելու առաքելութեան հաւատարիմ Հայ դատի յանձնախումբերը ամէնուր անհաւասար պայքար կը մղեն թուրք ազերիական քարոզարշաւի մեքենայի դէմ, անդին` իմքայլական իշխանութեան ներկայացուցիչները թշնամիին քծնող եւ ազգադաւ ելոյթներով կը փորձեն լուրջ հարուած հասցնել տարիներու հետեւողական ճիգով ձեռք բերուած Հայ դատի նուաճումներուն եւ օտարման սեպ կը խրեն Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ:

Առաւել, անոնք լրջագոյն սպառնալիք կը հանդիսանան մեր հայրենիքի ազգային անվտանգութեան: Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը մոռացութեան տալով «իրապաշտութիւն» խաղալու նման փորձերը կը սասանեն Հայաստանի գոյութիւնը: Այս բոլորով հանդերձ, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի սեմին կու գանք հաստատելու, որ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք միասնութեան վրայ հիմնուած մեր պայքարը աննահանջ է, ու մեր իրաւունքները անժամանցելի են, որքան ալ Հայաստանի ներկայ վարչակազմը Ցեղասպանութեան գծով համակերպութեան եւ զիջումներու միտող աններելի թրքահաճոյ յայտարարութիւններով հանդէս գայ:

Շուէտի հայութիւնը իր բոլոր միութիւններով եւ մարդուժով պիտի ծառայէ Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւններու ամրապնդման ու ամրակայման` յաղթահարելու պատերազմէն ետք ծագած դժուարութիւնները:

Շուէտի ՀՅԴ կառոյցը կը վերահաստատէ` ամբողջական ներուժը ի գործ դնել Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ իր յանձնառութեանց իրականացման նպատակին:

ՀՅԴ ՇՈՒԷՏԻ ԱՌԱՆՁՆԱԿԻ ԿՈՄԻՏԷ

09.04.2021

Նախորդը

Եկէք` Յիշենք, Թէ Ի՛նչ Կատարուեց 1915 Թուականին. Ժողովրդին Զինաթափեցին, Յետոյ Եղաւ Ցեղասպանութիւն

Յաջորդը

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Նոր Բրիտանիոյ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ 100-Ամեակի Նշում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?