Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լոնտոն Հայկական Ժառանգութիւնը Իբրեւ Ազրպէյճանական Ներկայացնող Լոնտոնի Պաստառները Վերցուեցան Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ տեղւոյն հայ համայնքի ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է վերցնել տալ Լոնտոնի մէջ տեղադրուած ազրպէյճանական այն պաստառները, որոնք հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը ներկայացնեն իբրեւ ազրպէյճանական: Պաստառները Լոնտոնի գետնուղիի (մեթրօ) կայարաններէն հանուած են «Թրանսփորթ ֆոր Լոնտոն» ցանցին կողմէ: Հայ դատի...




















