Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Արշիլ Կորքի» Կերպարուեստի Ուսումնարանը Վերաբացաւ Իր Դռները
Սուրիոյ մէջ ծայր առած եւ տասը տարիներու վրայ երկարած պատերազմին իբրեւ հետեւանք փակուած Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանին դռները վերաբացուեցան 7 մայիս 2021-ին, Համազգայինի նորակառոյց «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Ուսումնարանը հիւրընկալեց արուեստասէր պատանիները, եւ սկսաւ դասաւանդութիւնը:
Կերպարուեստի յանձնախումբը ակադեմիայի գործունէութեան ճիւղերը աստիճանաբար պիտի ընդլայնէ` ներառելով քանդակագործութեան, ձեռային աշխատանքներու եւ նկարչութեան տարբեր տեսակներու առնչուող դասընթացքներ:
Համազգայինի Աշուղական Համոյթի Ելոյթ
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, գործակցութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ), «Վահան Նաւասարդեան» (Լաթաքիա) եւ «Համօ Օհանջանեան» (Քեսապ) մասնաճիւղերուն, 1 մայիսին,` Լաթաքիոյ մէջ, իսկ 2 մայիսին` Քեսապի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի Աշուղական համոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Րաֆֆի Ապէճեանի:
Համերգներու աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան, որ հաստատեց, թէ համոյթը արհեստավարժ խումբի որակ նուաճած է եւ յաջողած բարդ երգեր ներկայացնել ներդաշնակ կատարումով, մենակատարներու տպաւորիչ ու հարազատ երգեցողութեամբ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութիւններուն, համոյթի անդամներուն եւ հանդիսականներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ պատերազմի պայմաններուն պարտադրած, տարիներու բացակայութենէ ետք, հատել աշխարհագրական հեռաւորութիւնները եւ գործակցաբար հայ աշուղական արուեստի գեղեցիկ խճանկար մը հրամցնել ժողովուրդին:
Լաթաքիոյ մէջ խօսք առաւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին` վեր առնելով մշակութային ձեռնարկներուն կարեւորութիւնը լաթաքիահայ կեանքին մէջ:
Քեսապի մէջ սրտի խօսք արտասանեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան, որ բարձր գնահատեց համազգայնականներու եռանդն ու գործակցութիւնը` դիտել տալով, որ համոյթին Հալէպէն Քեսապ ժամանումին եւ հաճելի յայտագիր մը հրամցնելուն շնորհիւ քեսապահայութիւնը բերկրալի պահեր ապրեցաւ:
Գամիշլիի ՍՕԽ–ի «Արցախ» Մասնաճիւղը Նշեց Համբարձման Տօնը
Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ- ի Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, 13 մայիսին տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Հիմօ գիւղի Սուրբ Ֆապրոնիա կոյսի ուխտավայրը:
ՍՕԽ-ականները դիմաւորեցին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ . Եղիայեանը, Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը, թաղականութեան եւ դպրաց դասի անդամները, որոնք միացան ուխտագնացներուն եւ երեկոյեան Աստուածամօր աղօթքը կատարեցին Հիմոյի եկեղեցւոյ մէջ:
Այնուհետեւ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր կատարուեցաւ «Անդաստան»-ի աղօթքը:
Լեւոն վրդ . Եղիայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համբարձման տօնի նշանակութեան եւ անոր կապուած աւանդութիւններուն` շեշտելով մեր աւանդութիւնները պահելու անհրաժեշտութիւնը, յարգելու եւ յիշելու մեր սուրբերը: Ան գնահատեց ՍՕԽ-ի աշխատանքը` մաղթելով յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր մը եւ վիճակաձգութիւն:
Քանատա
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքներու Խթանման Եւ Օթթաուայի Շէնքին Գնման Նուիրահաւաքէն Ցարդ Գոյացած Է 683 Հազար Տոլար
16 մայիս16-ին սփռուեցաւ «Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոն» բարեսիրական կազմակերպութեան առցանց նուիրահաւաքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ մայրաքաղաք Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մէջ ՄՀՀԱԿ-ի գնած նոր կալուածին եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն խթանման ի նպաստ առցանց հանգանակութեան մեկնարկը:
ՄՀՀԱԿ այս առիթով յատուկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած էր, որ նոր կալուած-շէնքի մէկ մասնաբաժնին մէջ պիտի տեղակայուի Քանատայի ամէնէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կազմակերպութեան` Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նոր գրասենեակը:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ ՄՀՀԱԿ-ի Օթթաուայի շէնքի գնման համար ցարդ հանգանակուած գումարը հասաւ 683 հազար քանատական տոլարի:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը, Քանատայի տարածքին գործող ամէնէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Քանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով աշխուժ աշխատանք կը ծաւալի աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր:
25 ապրիլ 2006-ին բացումը կատարուած էր Օթթաուայի Հայ դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ մինչեւ օրս հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ 15 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական ազդեցիկ կեդրոն:
Իր նոր կեդրոնատեղիէն Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր հայրենասիրական առաքելութիւնը` պաշտպանելով Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները` քանատական քաղաքական բեմին վրայ:
Առցանց միջոցառման ընթացքին, յանձնախումբի առաքելութիւնը կիզակէտ ունենալով, յատուկ պատգամներ փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` Րաֆֆի Տօնապետեան, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ` Բաբգէն արք. Չարեան, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի փոխ ատենապետ` Սարօ Տէր Պետրոսեան, Քանատայի Հայ դատի Յանձնախումբի ատենապետ` Հրակ Տարագճեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի փոխատենապետ` Շահէն Միրաքեան, ինչպէս նաեւ յատուկ զօրակցական ուղերձ փոխանցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ տնօրէն` Արամ Համբարեան:
Նուիրահաւաքը կը շարունակուի եւ ի մօտոյ կը յայտարարուի հանգանակութեան վերաթարմացուած գումարը:
Միացեալ Նահանգներ
Համազգայինի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան «Մինաս Եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակ 2021
Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ բացուած է «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 թ. մրցոյթը: Նախորդ մրցոյթներուն նման, նախատեսուած են երկու մրցանակներ, մին հայերէնով եւ երկրորդը` անգլերէնով գրուած գործերու համար:
Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակցին` հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: «Համազգային»-ի հիմնական նպատակն է այս մրցանակի միջոցով քաջալերել ու լայն հանրութեան հասցնել հայերէն լեզուով կամ հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներուն: Գրութիւնները կրնան ներկայացուիլ գրական որեւէ ձեւով` բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատրերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ եւ գրական վերլուծութիւններ: Նիւթերը կրնան ըլլալ ցարդ անտիպ, կամ տպագրուած 2019-2020 թուականներուն: Մրցոյթը շահող երկու յաղթողներէն իւրաքանչիւրը կը պարգեւատրուի 1,500 տոլարով:
Դատական կազմի անդամներն են. դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), պրն. Կարէն Ջալլաթեան (Քալիֆորնիա), Անուշ Ակներեան (Մոնրէալ) եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան (Քալիֆորնիա): Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 2021- ին:
Դիմողներու (PDF) ստեղծագործութիւնները պէտք է մեզի հասած ըլլան մինչեւ 15 յուլիս 2021` հետեւեալ հասցէին. [email protected]
Դիմորդները պարտին ամբողջացնել մրցոյթի դիմումնագիրը, որուն հայերէն եւ անգլերէն տարբերակները, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան կանոնները զետեղուած են համացանցի հետեւեալ էջին վրայ. http://bit.ly/167vSsM
Այս մրցանակի նիւթական յատկացումը կ՛իրագործուի սան ֆրանսիսքոյաբնակ տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու առատաձեռնութեան շնորհիւ:
Դեսպան Բայբուրդեանի Հանդիպումը Սան Տիէկոյի Նոր Քաղաքապետին Հետ
5 մայիսին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Բայբուրդեան առցանց հանդիպում ունեցաւ Սան Տիէկոյի նոր քաղաքապետ Թոդ Քլորիայի հետ: Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ քաղաքի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու տնօրէն Ռիտա Ֆերնանտէզ:
Դեսպանը շնորհաւորեց Քլորիայի քաղաքապետի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին համագործակցութեան հեռանկարներ եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան ոլորտներու առնչուող հարցեր: Որպէս առաջնահերթութիւն` որոշում տրուեցաւ սկսիլ հնարաւոր համագործակցութեան քանի մը ծրագիրներու:
Բայբուրդեան նշեց, որ Սան Տիէկոյի մէջ կը բնակին շուրջ եօթը հազար հայեր, եւ այդ թիւը աստիճանաբար կը մեծնայ: Ան նաեւ գոհունակութեամբ յայտնեց, որ 15 հոկտեմբերին նախատեսուած է Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ բացումը եւ կարեւոր նկատեց այդ հանդիսութեան քաղաքապետ Քլորիայի ներկայութիւնը:
Իր հերթին, քաղաքապետը` հաստատելով իր մասնակցութիւնը նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ բացման, Սան Տիէկօ հրաւիրեց Բայբուրդեանը` մօտէն հետեւելու քննարկուած հարցերուն:
Արեւմտեան Թեմի 94-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով
Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 7 մայիսին գումարուեցաւ թեմի 94-րդ Պատգամաւորական առցանց ընդհանուր ժողովը:
Ատենապետութեամբ Վարուժան Ալթըպարմաքեանի, փոխատենապետութեամբ Վահրամ Բիրիջիքի եւ քարտուղարութեամբ Սարգիս քհնյ. Պետոյեանի սկիզբ առած ժողովին օրուան խորհուրդը ներկայացուց առաջնորդ սրբազանը` մաղթելով, որ Պատգամաւորական ժողովը հոգեւոր վերածնունդի առիթ դառնայ: Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ «Քորոնա» ժահրէն տուժողներու համար մարդասիրական օգնութիւն կազմակերպելու, Արցախի մէջ տեղահանուածներու օժանդակութիւն տրամադրելու եւ այլ բարենպաստ ծրագիրներու, որոնք հարկ է շարունակական ըլլան: Սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց Վազգէն քհնյ. Մովսիսեանը, որ արժանացած է «Արեւմտեան թեմի տարուան հոգեւորական» կոչումին:
Սրբազանը ժողովականներուն տեղեկացուց Սան Տիէկոյի եւ Սաքրամենթոյի նոր եկեղեցիներու կառուցման ընթացքին մասին, ինչպէս նաեւ կարգ մը համայնքներուն մէջ, ինչպէս` Կոստա Մեսայի Ս. Մարիամ Աստուածածին, Կրեսցենտա հովիտի Ս. Առաքելոց, Արիզոնայի Ս. Աբգար, Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նոր կառուցապատումներու վերաբերող մանրամասնութիւններ տուաւ:
Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ քահանայական թեկնածուներ պատրաստելու, խնամակալութեան ծրագիրի, Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարի վերանորոգութեան նուիրահաւաքի ընթացքի մասին:
Այնուհետեւ կայացան Թեմական խորհուրդի ընտրութիւնները: Թեմական խորհուրդի նոր կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէ. Դերիկ Ղուկասեան (նախագահ), Վահէ Իսքէնտէրեան (փոխնախագահ), Արա Տէր Սարգիսեան (գանձապահ), եւ խորհրդականնԵր` Սիլվա Խաչիկեան, Սասուն ծ. վրդ. Զմրուխտեան, Սերովբէ քհնյ. Ալանճեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Վազգէն քհնյ. Պոյաճեան, Կոմիտաս քհնյ. Զոհրապեան, Ալեքսէյ սրկ. Եսիպով, Մայքըլ Միսակեան, Վարդան Նազիրեան, Մարթա Տաքէսեան, Փամելա Ապաճի, Րաֆֆի Յակոբեան: