Մշակութային եւ Այլազան

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Խորհրդային Հայաստան` Գերիշխան Հանրապետութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բացայայտումը Հայրենիքի Մէջ

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Հայաստան` Գերիշխան Հանրապետութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բացայայտումը Հայրենիքի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային ուժերը 1990-ին գարնան խստացուցած էին արցախցիներու դէմ իրենց «պատժամիջոցները»: Շրջանէ շրջան երթեւեկը չափազանց սահմանափակուած էր, իսկ կրակմարի ժամերը երկարած էին: Կրճատուած էին նաեւ համագործակցականներու եւ ճաշարաններու աշխատանքի ժամերը: Արցախ իրարմէ մեկուսացած քանի մը գօտիներու բաժնուած էր: Հայ զինեալները կը յաջողէին մէկ գօտիէն միւսը անցնիլ, սակայն ժողովուրդը չէր կրնար մէկ շրջանէն միւսը անցնիլ: Ամբողջութեամբ մեկուսացած Արցախի մէջ հայկական...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Կատակների Արքան. Պոլոզ Մուկուչ

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ «Հայաստանի աղն ես, Գիւմրի, Դու խօսքաշէն, սրամիտ, Ճշմարտութեան մաղն ես, Գիւմրի, Դու իմաստուն, միամիտ»: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ Թէ՛ պարզ քաղաքացիները, թէ՛ մեծանուն ստեղծագործողներ Գիւմրին Հայաստանի աղն են համարել: Պատճառը քաղաքային կենցաղին, բնակչութեան բնաւորութեանը բնորոշ մի շարք իւրայատկութիւններն են: Օրինակ` հումորի սուր զգացողութիւնն ու կատակելու առանձնայատուկ ընդունակութիւնը Հայաստանում սովորաբար գիւմրեցիներին են վերագրում: Գիւմրիում դեռ հին ժամանակներից կարեւոր տեղ են...

Արհեստագիտութիւնը Մարդո՞ւն Կը Ծառայէ, Թէ՞…

Արհեստագիտութիւնը Մարդո՞ւն Կը Ծառայէ, Թէ՞…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ բոլոր տեսակի նորարարութիւններու խճանկարին եւ քաոսին մէջ շատ ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ կ՛աճին ու կը տարածուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնց լաւ եւ տեղին օգտագործումը բնականաբար մեր յարատեւ պայքարին նոր եւ ազդու թափ կու տայ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները սրընթաց կ՛աճին գլխու պտոյտ պատճառող կշռոյթով: Նոյն ալիքին վրայ կրնա՞նք դրական մնալ:   Ն. «Ուաթսափփ»-ի Ժողովրդականութիւնը Նորագոյն ուսումնասիրութիւն մը կը...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Խորհրդային Ուժեր Պաքուի Մէջ

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Ուժեր Պաքուի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ Կամաւորներու Հաւաքագրում Եւ Հերթապահութիւն Սահմանամերձ Գիւղերուն Մէջ Հիւսիսային Արցախի հայկական բանակավայրերուն վրայ ազերիներու իրերայաջորդ յարձակումներու եւ Պաքուի հայերուն դէմ գործադրուող ջարդերու պայմաններուն տակ, խորհրդային բանակը 1990 յունուար 18-ին զօրակոչի ենթարկեց պահեստի ուժերը եւ նոր ուժեր առաքեց շրջան: Լեռնային Ղարաբաղն ու անոր հիւսիսային գօտին` Շահումեանի եւ Գետաշէնի շրջանները կ՛ապրէին ծանր օրեր: Արցախ-Շահումեան-Գետաշէն գօտին ամբողջովին մեկուսացած էր: Կապի միակ...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

«Չլինէր Երգը Տիեզերքում, Ցաւից Կը Պայթէր Տիեզերքը»

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Մասնագիտութեամբ շինարար, կոչումով` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, բնատուր տաղանդով` երգահան: Ստեղծագործող, ում երգերը ոչ թէ գրւում, այլ ծնւում են: Հեղինակ այնպիսի երգերի (բառեր, երաժշտութիւն, կամ երկուսը միասին), ինչպիսիք են «Դու հեռացար», «Մինչեւ էգուց», «Աշուղ Սայաթ Նովի նման», «Նարինէ», «Արագիլները», «Դու երկու տառ»: Նա երգեր է ստեղծել Օֆելիա Համբարձումեանի, Ռուբեն Մաթեւոսեանի, Ֆլորա Մարտիրոսեանի, Լեւոն Գաթրճեանի, Պապին Պօղոսեանի, Ռայիսա...

Կոյր Ուղեւորութիւն Ինքնութեան Մէջ

Կոյր Ուղեւորութիւն Ինքնութեան Մէջ

Թարգմանեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Լիբանանահայ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը վերջերս ներկայացուեցաւ Քաննի փառատօնի «Քննադատներու շաբթուան» բացման հանդիսութեան ընթացքին: Նախքան այդ, լիբանանեան «Տէյլի Սթար» թերթը 13 մայիսին տպած էր Ճիմ Քիլթիի հետեւեալ յօդուածը: Վաչէ Պուլղուրճեանի առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը` «Թրամոնթէյն», կը ներկայացնէ Ռապիհ անունով երաժիշտի մը պատմութիւնը: Հրաւէր մը` արտերկրի մէջ զանազան առիթներու ելոյթ ունենալու. իր առաջին անցագիրին դիմումնագիրը: Երբ Ռապիհ...

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Ազերիներու Իրերայաջորդ Յարձակումներ Հայկական Բնակավայրերու Վրայ Եւ Պաքուի Հայոց Ջարդն Ու Բռնագաղթը

«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիներու Իրերայաջորդ Յարձակումներ Հայկական Բնակավայրերու Վրայ Եւ Պաքուի Հայոց Ջարդն Ու Բռնագաղթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի յատուկ կառավարման յանձնախումբի լուծարքէն ետք, Խորհրդային Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչներու միացեալ որոշումով Խորհրդային Հայաստան եւ Արցախ միացեալ հռչակուած էին: Այս առիթով «Ազդակ», 4 դեկտեմբեր 1989-ի թիւով եւ «Հայ ժողովուրդը տուաւ իր ազատ որոշումը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ միացեալ հանրապետութեան հռչակման քայլը աննախատեսելի չէր, որովհետեւ անիկա իր լինելութեան կը հասցնէր...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Վերնիսաժը` Երեւանի Զարկերակը

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Վայր, որտեղ ժամանակի զգացողութիւնը կարծես անհետանում է, կաթիլ առ կաթիլ զօրացող անձրեւը գրեթէ չի նկատւում, իսկ գոյների եւ ձեւերի բազմազանութիւնը բոլորովին մէկ այլ աշխարհ է տեղափոխում մարդուն: Այնտեղից սովորաբար հեռանում են նորից եւ կրկին վերադառնալու ներքին որոշմամբ, յոյսով եւ փափաքով: Աշխարհի որեւէ անկիւնում անկարելի է գտնել մի վայր, որն ունենայ մեր հին ու նոր Վերնիսաժի իւրատեսակ գեղեցկութիւնն...

Ֆէյսպուք. Բարիք Եւ Չարիք

Ֆէյսպուք. Բարիք Եւ Չարիք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միջազգային մասնագէտներ, գիտնականներ եւ հոգեբաններ սկսած են աւելի  յաճախ անդրադառնալ ընկերային ցանցերու օգտագործման ազդեցութիւններուն: Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը վերջերս հրատարակեց  Ֆէյսպուքի առնչուած` Պելճիքայի ոստիկանութեան զգուշացումին, գիտական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքին, մասնագէտներու կարծիքներուն եւ հետաքրքրական փաստերու մասին հակիրճ յօդուածներ, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ: Ն.    10 Փաստեր Ֆէյսպուքի Մասին 1/10 Ամէն օր շուրջ 350 միլիոն նկարներ կը վերբեռնուին  (ափլոտ) Ֆէյսպուքի...

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Գ.- Որբերու Հաւաքական Յիշողութեան Վերականգնում Ծանօթ.- Յօդուածի Ա. եւ Բ. մասերը կը վերաբերէին «Յուշագիտութեան» ժամանակակից մօտեցումին եւ Շ. Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ»  վաւերագրական ժապաւէնին: 8 ապրիլ 2016-ին «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Հայկական ակումբը  ցուցադրեց Նիկոլ Պեզճեանի «Աֆթըր տիս տէյ» («Այսուհետեւ...») վաւերագրական ժապաւէնը (1): Ժապաւէնը վաստակած է հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակի 2014-ի նիւթական նպաստը: Հարթակը նախապէս ֆինանսաւորած էր Թուզլայի «Քեմփ Արմէն»-ի որբանոցին...

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ա.- «Յուշագիտութեան» Զարգացումը Զգուշացում.- Ներքեւի հատուածը կը վերաբերի վրդովեցնող իրողութիւններու, որոնք կը գործեն ի հեճուկս անիրաւուած եւ տառապահար անհատներու վկայութեան: Կան բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններ: Արեւմուտքը քաջատեղեակ է: Կը մնայ, որ հայ վաւերագիրներ գիտակցին եւ ըստ այնմ շարժին: Յիշողութեան խաղեր.- Վաւերագրական ժապաւէնը մնայուն ներկայութիւն ունի քարոզչական աշխատանքներու ծիրին մէջ: Ապրիլեան նախաձեռնութիւններուն մէջ մեծ բաժին կը յատկացուի վերապրողներու վկայութիւններուն: Եղեռնէն...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախի Հայկական Գիւղերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Ազերիական Բնակավայրերու Կառուցում

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Հայկական Գիւղերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Ազերիական Բնակավայրերու Կառուցում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայաստան եւ Արցախ կը շարունակէին շրջափակուած մնալ Ազրպէյճանի կողմէ, իսկ Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանը պահանջած էր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին միջամտութիւնը: Իր կարգին Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին վրայ գերիշխանութիւն հռչակելով` ոտնակոխեց Արցախի ժողովուրդին եւ Մոսկուայի որոշումները: Արդարեւ, Խորհրդային Ազրպէյճան 23 սեպտեմբեր 1989-ին որդեգրեց որոշում մը, որ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը կը վերահաստատէր Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Իր կարգին Քրեմլինի ղեկավար Միխայիլ...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Հայկական Ժապաւէնները` Որպէս Ժառանգութիւն

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ «Մութ Ամպերը» Հայկական բայց ոչ հայաստանեան առաջին եւ ամենատպաւորիչ Ժապաւէնը որ մի քանի տարի առաջ դիտեցի, «Երջանկութեան արցունքները»-ն էր: Անշուշտ ներկայացուած էր գեղեցիկ յուզական պատմութիւն, սակայն ինձ հիացնողը աւելի ժապաւէնի դասական, մաս-մաքուր հնչողութեան արեւմտահայերէն լեզուն էր եւ այդ լեզուով կատարուած երգերը: Ինձ համար անզուգական եւ նոր էր նաեւ Մանուէլ Մենենկիչեան երգիչը: երբ արտասահմանում այս ժապաւէնը ստեղծուեց, 1970-ականների...

Քաղաքական Քարոզչութեան Արուեստը

Քաղաքական Քարոզչութեան Արուեստը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Քարոզչութիւնն ու արուեստը ձեւով մը իրարու հակադիր են: Արուեստի մէջ քարոզչութիւնը վնասակար տարր է, չըսելու համար, որ եթէ քարոզչութիւն է, ուրեմն արուեստ չէ: Իսկ արուեստի մէջ քաղաքական քարոզչութիւնը առաւել խանգարիչ է: Սակայն կը պատահի, որ քաղաքական ղեկավարներ եւ ուժեր երբեմն դիմեն արուեստի օգտագործումով քաղաքական քարոզչութեան: Այդ պարագային, եթէ արուեստը բարձրորակ է, տպաւորութիւնն ու ազդեցութիւնը այլ կ՛ըլլան: Թէեւ...

«Ազդակ»` Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ,  Հայաստանի Եւ Արցախի Շրջափակումը Ազրպէյճանի Կողմէ Ինքնապաշտպանութեան Խմբակներու Կազմակերպում

«Ազդակ»` Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ, Հայաստանի Եւ Արցախի Շրջափակումը Ազրպէյճանի Կողմէ Ինքնապաշտպանութեան Խմբակներու Կազմակերպում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի իրողական վիճակն ու կացութիւնը կը շարունակէին մնալ լարուած, գործադուլներն ու դասադուլները կը շարունակուէին, իսկ կրակմարի դրութիւնը կը մնար անփոփոխ: Միայն Շուշիի շրջանին մէջ գործադուլ տեղի չէր ունենար: Կիրակի, 11 յունիս 1989-ին հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ. խօսք առնողները վերարծարծեցին ժողովուրդին պահանջները: Անոնք շեշտեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային եւ տնտեսական հարցերը միայն քաղաքական լուծումով կարելի է հարթել:...

Հողը` Արիւնով. Երկու Պատմութիւն (Շուշիի Ազատագրման 24-Ամեակին առիթով)

Հողը` Արիւնով. Երկու Պատմութիւն (Շուշիի Ազատագրման 24-Ամեակին առիթով)

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Իր Բաժինը... Երկրորդ շարքին մէջ ձախէն աջ երրորդը՝ Աւետիս Օհանեան, իսկ չորրորդը՝ Արտեոմ Մարգարեան «Ընտանիքում չէի ասել, որ գնում եմ Արցախ, յետոյ իմացան: Իրենց համար շատ ծանր էր միտքը, որ հնարաւոր է` այլեւս չտեսնեն ինձ: Ի՞նչ պէտք է անէին: Համակերպուեցին որոշմանս հետ»: «Ազդակ»-ի հետ զրոյցում պատմեց ազատամարտիկ Արտեոմ Մարգարեանը, ով 1992 թուականին ընդամէնը 19 տարեկան էր, երբ գաղտնի...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ «Արեւոտ» Ջրերը Լճի արծաթափայլ հայելու մէջ լողում էր օգոստոսեան արեւը` օդի այրող տաքութիւնից կրակէ գունդն էր կարծես հալւում կապոյտ եւ սեւ ջրերում: Մի՞թէ լճի մակերեսին արեւի արտացոլանքը այսքան հրաշալի կարող է լինել: Ինչ-որ հանճարեղ գեղանկարչի կտաւի՞ց էր հրաշքով կեանք առել, թէ՞ գունազարդ ու կախարդական հեքիաթի գրքից, դժուար էր ասել: Ես ոչ մի տեղ չէի տեսել նման գեղեցկութիւն: Ձկնորսութեան...

Էրտողան` Երգիծանքի Թիրախ

Էրտողան` Երգիծանքի Թիրախ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Իսկապէս ժողովրդավար, պարկեշտ, հայրենիքին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան ծառայող  ղեկավարները կարելի չէ երգիծանքի առարկայ դարձնել եւ ծիծաղելի կերպով ներկայացնել: Անոնք հանրութեան վնաս պատճառող թերութիւններ չունին, որպէսզի կարելի ըլլայ շեշտել, չափազանցել եւ ծիծաղ յառաջացնել: Ոչ ոք իրաւազրկուածը, հալածուածը ներկայացուցած է  երգիծանքով եւ երգիծանկարով: Սակայն իրաւազրկողը, հալածողը, մէկ խօսքով` բռնատէրը, միշտ ալ կարելի եղած է խծբծել, ծաղրել, հեգնել եւ, անշուշտ,...

Հայաստանեան Անկիւն.  Արձանացած Բարութիւն` Կարաբալա

Հայաստանեան Անկիւն. Արձանացած Բարութիւն` Կարաբալա

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ   Տունը` Փողոց Աբովեան «Կարծես ծնուել է ծերացած` ծաղկէ զամբիւղը ձեռքին, կեանքը գինով է ծաղկեցրել բարի ժպիտը դէմքին»: Պապին Պօղոսեանի երգից մի հատուած է`  նուիրուած յայտնի երեւանցուն, ով սիրում էր գինի, բայց առաւել` ծաղիկներ: Սերունդներ առաջ մարդկային իր առանձնայատուկ տեսակով Երեւանում հանրայայտ էր երգի ու մեր պատմութեան հերոս ծաղկավաճառ Կարաբալան: Եթէ ժամանակին ճանաչուած եւ սիրուած էր նրա անձը,...

Հայաստանեան Անկիւն.  «Ուրուական» Դարձող Բերդ-Ամրոցը

Հայաստանեան Անկիւն. «Ուրուական» Դարձող Բերդ-Ամրոցը

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ «Ընդհանուր առմամբ շատ քիչ բան է յայտնի եղել Հայաստանի մասին, թէեւ մշակութային առումով Եւրոպան պարտական է նրան շատ բաներում: Պատմութեան սաղմնաւորման ժամանակ Հայաստանը քաղաքակրթութեան ակունքներից մէկն է եղել: Քրիստոնէական շրջանից հազարամեակներ առաջ Հայաստանի տնտեսութիւնը, արուեստները եւ յայտնի աւանդոյթները այն աստիճանի են զարգացել, որ նրա մշակոյթը քաջալերել է Եգիպտոսին, Յունաստանին ու Հռոմին` նիւթապէս ու հոգեպէս»: Բարեբախտաբար այս տողերի հեղինակ...

Page 29 of 35 1 … 28 29 30 … 35

Արխիւներ