Մշակութային եւ Այլազան

Քայլ Պահել Ապագայի Արհեստագիտութիւններուն Հետ

Քայլ Պահել Ապագայի Արհեստագիտութիւններուն Հետ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Գիտութեան, մասնաւորաբար արհեստագիտութիւններու մէջ եւս պատմութեան անիւը ետ չի դառնար եւ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ կը սուրայ: Եթէ երկվայրկեան մը աչքդ շեղես, գնացքը անցած կ՛ըլլայ եւ հետապնդելը, հասնիլը` անկարելի: 2019 թուականին արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ նորարարութիւնները շատ աւելի էին, քան` 2018-ին, եւ վստահաբար 2020-ին բաւական դժուար պիտի ըլլայ քայլ պահել նոր արհեստագիտութիւններուն հետ, եթէ պահ մը աչքերնիս շեղենք: «Ֆորպս»...

Ցոյցերը` Երկսայրի Սուրեր

Ցոյցերը` Երկսայրի Սուրեր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բարեփոխումներ պահանջելու եւ պարտադրելու ամէնէն տարածուած եւ ազդու միջոցներէն են ցոյցերը, որոնք յատկապէս վերջին տասնամեակին աւելի յաճախակի եղան եւ իրենց ծիրերը ընդարձակեցին: Ցոյցերուն յաճախ կ՛ընկերանան խռովութիւններ, բախումներ, որոնք մութ ուժերու կողմէ կ՛օգտագործուին այլազան նպատակներու համար: Երբեմն նոյնիսկ կը մոռցուին հիմնական պահանջները, եւ ժողովուրդներ, երկիրներ կը պառակտուին: «Փրեսփեքթիվ» կայքը վերջերս հրապարակած է երկու հոգեբաններու` Չայա Պենիամինի եւ Պերի...

Վայրագութիւնը` Խաղերո՞ւ, Թէ՞ Զէնքերու Հետեւանք

Վայրագութիւնը` Խաղերո՞ւ, Թէ՞ Զէնքերու Հետեւանք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միայն օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ զանգուածային սպանութիւններու քանի մը դէպքեր պատահեցան կրկին հրահրելով երկրին մէջ զէնքի վաճառքի վէճը: Ոմանք վայրագ շարժապատկերները, շարժուն գծանկարները եւ վիտէօ-խաղերը մեղադրեցին, ուրիշներ` երկրին մէջ զէնքի վաճառքը: Այս հարցը բնականաբար յաճախ կ՛արծարծուի, սակայն արմատական լուծումներ չեն գտնուիր: «Ուաշինկթոն Փոսթ» թերթը քանի մը յօդուածներով վերջերս անդրադարձաւ այս կենսական խնդիրին: Ն. Ի՞նչ կրնանք...

Միացեալ Նահանգներու Ամէնէն Աղքատ Հինգ Նախագահները

Միացեալ Նահանգներու Ամէնէն Աղքատ Հինգ Նախագահները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այնպէս կրնայ թուիլ, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրներէն մէկուն` Միացեալ Նահանգներու նախագահները եւս, մանաւանդ` իրենց պաշտօնավարութենէն ետք, բաւական կոկիկ գումար մը կ՛ունենան: Ներկայ ժամանակներուն հաւանաբար այդպէս է, մանաւանդ երբ նկատի առնէք ամէնէն ակներեւ օրինակները` անոնց ստացած թոշակները, կենսաթոշակները եւ զանազան առիթներով (դասախօսութիւն, յօդուած,հարցազրոյց) անոնց  գանձած գումարները: Պարաք Օպամա 30-45 վայրկեան տեւողութեամբ  իւրաքանչիւր դասախօսութեան համար կը ստանայ միջին...

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մայքրոսոֆթ Խոստովանած Է, Որ Ձայնային Հաղորդագրութիւնները Գաղտնալսած Է Մայքրոսոֆթ ընկերութիւնը խոստովանած է, որ «Քորթանա» օգնականի եւ «Սքայփ թրանսլէյթըր» յաւելուածի միջոցով մարդոց   ձայնային հաղորդագրութիւնները գաղտնալսած է: Յայտարարութիւնը կատարուած է, երբ «Մատրպորտ»-ը յայտնաբերած է ընկերութեան կողմէ պայմանադիր կողմեր վարձելու փաստը` «Սքայփ»-ի հաղորդակցութիւններ գաղտնալսելու համար: «Մատրպորտ»-ի կողմէ երկու ծառայութիւններու ձայնային հաղորդագրութիւնները, որոնց շարքին` Մայքրոսոֆթի աշխատակիցներու անձնական հաղորդագրութիւնները լսող պայմանադիր կողմերը...

Երեխայ Գաղթականէն Դէպի Նախագահ

Երեխայ Գաղթականէն Դէպի Նախագահ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ռիկա, 1942. Վայրա` 5 տարեկան, ան շուտով գաղթական պիտի ըլլայ Գաղթականութեան դառնութիւնները ճաշակած հայ ազգը ամէնէն լաւ գիտցողներէն է այն տառապանքը, որ կը դիմագրաւէ անհատը` այդ փորձանքին մէջ հասակ առնելով, եւ անշուշտ կ՛ուրախանայ, երբ մանաւանդ երեխային ծնողը վառ կը պահէ անոր մէջ ազգային պատկանելիութիւնը եւ գաղթականը, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու բարդոյթները,  կեանքի մէջ կը յաջողի, կը վերադառնայ...

«Հայրենիքը Կը Սկսի Սահմանէն»

«Հայրենիքը Կը Սկսի Սահմանէն»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար նորութիւն մը չէ այս միտքը, սակայն այս խօսքը համեստ եւ ինքնաբուխ գիւղացիէ մը լսելը, նուազագոյնը յուզիչ է: Հիւսիսային Հայաստանի Բերքաբեր գիւղը վերջերս իր վրայ հրաւիրած է ուշադրութիւնը օտար յօդուածագիր Ճոշուա Քուչերայի (Եուրաժիա) եւ հայ պլոկըր  Լիլիթ Խաչատուրեանի (Սփութնիք), որոնք, իրարմէ անկախ, այցելած են գիւղը եւ ներկայացուցած` իրենց տպաւորութիւնները, որոնցմէ կը հրապարակենք հատուածներ:  Ն. Սահմանամերձ Գիւղը Մեղմացում...

Հոլանտա.  Յովհաննէս Թումանեանը` Հոլանտերէն

Հոլանտա. Յովհաննէս Թումանեանը` Հոլանտերէն

Ինչպէս յայտնի է, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ  Յովհաննէս Թումանեանի եւ Մեծն Կոմիտասի  150-ամեակները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ներառած է հռչակաւոր մարդոց 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ: Հոլանտայի հայկական համայնքները  այս  ուղղութեամբ  զգալի աշխատանքներ կատարած են` տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպելով  մեր մշակութային մեծերուն նուիրուած զանազան ձեռնարկներ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՆԻՏԵՐԼԱՆՏԱԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ»-ը: Գլխաւորը,  այնուհանդերձ, հոլանտացի գրասէր հասարակայնութեան մեր մեծերը ներկայացնելու խնդիրն էր, որ  պատուով նախաձեռնեց Հոլանտայի...

Քիեւի Մէջ Լոյս Տեսած Է «Ուքրանիայի Տարածքում Հայերի Տաճարային Ճարտարապետութիւնը» Գիրքը

Քիեւի Մէջ Լոյս Տեսած Է «Ուքրանիայի Տարածքում Հայերի Տաճարային Ճարտարապետութիւնը» Գիրքը

Քիեւի մէջ լոյս տեսած է «Ուքրանիայի տարածքում հայերի տաճարային ճարտարապետութիւնը» գիրքը: Մարիա Արսէնեանի մենագրութեան մէջ ուսումնասիրուած է 160-էն աւելի հայկական շինութիւն, կը հաղորդէ «AnalitikaUA.net»-ը` ըստ «Հայերն այսօր»-ի: Հրատարակութիւնը կը պարունակէ ուսումնասիրուած աղբիւրներու հսկայական ծաւալ (աւելի քան` 450), անիկա կ՛ընդգրկէ Ուքրանիոյ տարածքին 9-19-րդ դարերուն հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութիւնը: Ան նաեւ կը բնութագրէ` հայկական տաճարային ճարտարապետութեան առանձնայատկութիւնները, քանդակագործութիւնը, խորհրդանիշերը եւ զարդանախշերը: Հեղինակը կը...

Ձախողիլ` Յաջողելո՞ւ Համար…

Ձախողիլ` Յաջողելո՞ւ Համար…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Յուշագրութիւններէ եւ առտնին ծառայութեան գիրքերէ մինչեւ նկարազարդ հմայիչ վէպեր, մեր թերութիւններու եւ ոչ կատարեալ ըլլալու մասին գրելը երբեք այնքան ժողովրդական չէ եղած:  Փիլիսոփաներ, մտաւորականներ եւ գրողներ այսօր տարբեր մօտեցումներով եւ չափանիշներով կ՛արծարծեն ձախողութիւնը` միշտ ուղղելով հետեւեալ հարցումը. «Բայց կրնա՞յ ձախողիլը երբեւէ յաջողութիւն ըլլալ»: «Քալչըր» կայքին մէջ Լինծի Պէյքըր հետաքրքրական յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ այս հարցին: Ն. Արդեօք Ձախողութիւնը...

Ընդհանուր Մշակոյթին Համեմուած Յաւելում. Հայատառ Թուրքերէն Խոհարարական Գրքերը

Ընդհանուր Մշակոյթին Համեմուած Յաւելում. Հայատառ Թուրքերէն Խոհարարական Գրքերը

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ Սիտար Էրկենի «Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան վերջին շրջանում օսմանեան խոհարարական մշակոյթում հայկական խոհանոցի դերը. հայատառ թուրքերէնով գրուած խոհարարական գրքեր» վերնագրով գիրքը հրատարակուել է «Լիպրա» հրատարակչութեան կողմից: Նա ներկայացնում է հայատառ թուրքերէնով գրուած խոհարարական գրքերի մշակութային ազդեցութեան եւ արաբատառ ու հայատառ թուրքերէնով գրուած խոհարարական գրքերի միջեւ եղած կապը: Սիտար Էրկենի հետ զրուցեցինք խոհանոցային մշակոյթի մասին` հիմք ընդունելով վերջինիս գիրքը: ՀԱՐՑՈՒՄ.-...

Կիւրինի Եկեղեցու Կենսագրութիւնը

Կիւրինի Եկեղեցու Կենսագրութիւնը

ԳԷՈՐԳ ԱՂՋԱՅԵԱՆ Մեր պատմական հայրենիքում կատարած իմ բազմաթիւ շրջագայութիւնների ընթացքում մեր հին եկեղեցիների աւերակներում ականատես եմ եղել ողբերգական եւ տարածուած տեսարանի. եկեղեցիները վերածուել են գոմերի, մզկիթների կամ ամբողջովին քանդուած են: Խիստ հազուադէպ այլ դէպքեր էլ են պատահում: 2013 թ., երբ ճանապարհորդում էի Մալաթիայից դէպի Կեսարիա, առիթ ունեցայ կանգ առնելու Կիւրինում: Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը Կիւրին քաղաքը, որը գտնւում է Սեբաստիա նահանգում, բազմաթիւ...

Կրօնական Խորհրդանիշները` Խնդրոյ Առարկայ

Կրօնական Խորհրդանիշները` Խնդրոյ Առարկայ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Կրօնի` խղճի ազատութիւնը մարդկային տարրական իրաւունքներէն է: Մեր պարագային, անկարելի է ազգը եւ կրօնը իրարմէ բաժնել: Սակայն արեմտեան իբր թէ ազատատենչ երկիրներ ազգային եւ կրօնական պատկանելիութիւնները կարծես` թէ վտանգաւոր կը նկատեն` ժողովրդավարութեան քողին տակ նսեմացնելով, չէզոքացնելով ատոնք: Այլ հարց է, որ  կրօնական խորհրդանիշները ներքնապէ՞ս, թէ՞ արտաքնապէս պէտք է կրել: Ն. Ինչո՞ւ Քաղաքական Գործիչի Մը Հետ Մալալայի Այս...

Ի՞նչ Են Սեւանայ Լիճին Կապտականաչ Գոյնին Պատճառները Եւ Ի՞նչ Են Լուծումները

Ի՞նչ Են Սեւանայ Լիճին Կապտականաչ Գոյնին Պատճառները Եւ Ի՞նչ Են Լուծումները

Վերջերս յաճախ կը խօսուի Սեւանայ լիճի որոշ հատուածներուն մէջ նկատուող կապտականաչ գոյնին մասին: Քանի մը օր առաջ Ազգային ժողովի նիստին այս մասին հարցում ուղղեց «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեանը, որ ուզեց գիտնալ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ լիճին մէջ, արդեօք պետական մակարդակով փորձագիտական քննութիւն կատարուա՞ծ է, իսկ ինչպէ՞ս կը նախատեսեն լուծել այս հարցը: Այս մասին պարզաբանումներ կատարեց շրջակայ միջավայրի նախարար...

Վերին Եփրատի Աւազանի Հայկական Գիւղերը Շարունակում Են Արտասուել

Վերին Եփրատի Աւազանի Հայկական Գիւղերը Շարունակում Են Արտասուել

ՀԱՆՐԻԵԹ ԹՈՓՈՒԶԵԱՆ ՊԱՇՕՂԼՈՒ Թարգմանեց` ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ Հայ Հոռոմները Երբ զբօսնում էինք Էղինի շրջակայ գիւղերով, հանդիպեցինք մի ժամանակաշրջան Արաֆում ապրած հայ հոռոմներին պատկանող եկեղեցիների: Որո՞նք էին այդ հայ հոռոմները: Յունական աղբիւրների համաձայն, նրանք հայերէն խօսող ու գրող յունական համայնքի ներկայացուցիչներն էին, որոնք յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան եկեղեցական ծէսերը կատարում էին հայերէն ու թուրքերէն: Նրանց ծագման մասին կան տարբեր տեսակէտներ: Դրանցից առաջինը յոյն...

Վերին Եփրատի Աւազանի Հայկական Գիւղերը Շարունակում Են Արտասուել

Վերին Եփրատի Աւազանի Հայկական Գիւղերը Շարունակում Են Արտասուել

ՀԱՆՐԻԵԹ ԹՈՓՈՒԶԵԱՆ ՊԱՇՕՂԼՈՒ Թարգմանեց` ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ Եփրատը Հայոց պատմութեան մէջ ամենահին բնակավայրերից մէկը` Վերին Եփրատի աւազանը, հեթանոսական ժամանակաշրջանից ի վեր մեծ կարեւորութիւն է ունեցել: Յատկապէս Քեմահ-Երզնկա-Թերճան գիծը հեթանոսական ժամանակաշրջանի կարեւոր կենտրոն է եղել. այդտեղ Անահիտի, Արամազդի, Միհրի, Նանէի տաճարներն են կառուցուել: Ներկայումս Անահիտի պաշտամունքը շրջանում իր կարեւորութիւնը տարբեր ձեւերով պահպանում է: ՆՔ 331թ. հայ իշխանները հռչակում են իրենց անկախութիւնը եւ...

Հայկական Եկեղեցիներու Պղծումը Կը Շարունակուի

Հայկական Եկեղեցիներու Պղծումը Կը Շարունակուի

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Արդուինի Աւելի Քան 1100-ամեայ Հայկական Եկեղեցւոյ Կողքին Արտաքնոցի Շինարարութիւն` Գիւղապետի Նախաձեռնութեամբ Լրագրող եւ գրող Օրհան Եաւուզ «ardvinden.com» կայքին ընդմէջէն կ՛ահազանգէ Արդուինի հայկական եկեղեցւոյ պղծումին մասին. այս մասին կը տեղեկացնէ «ermenihaber.am»-ը: Օ. Եաւուզ կը գրէ. «2019-ի մայիս 12-ին ընկեր մը ինծի կապուեցաւ ու տեղեկացուց, որ Արդուինի կեդրոնական Համամլը (Դոլիսխան) գիւղին մէջ գտնուող 9-րդ դարու եկեղեցւոյ շէնքի հարեւանութեամբ հանրային...

Արհեստագիտական Նորութիւններ Նաե՛ւ Հայաստանի Մէջ

Արհեստագիտական Նորութիւններ Նաե՛ւ Հայաստանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ ուրախալի երեւոյթ է, որ արհեստագիտական նորութիւնները, որոնք գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ ի յայտ կու գան եւ կը գործածուին, նոյն թափով ալ կը տարածուին Հայաստանի մէջ, ուր նորութիւններու հանդէպ բարդոյթը շատոնց յաղթահարուած է, գոնէ` կարեւոր հատուածի մը կողմէ:  «Սեւան Սթարթափ Սամիթ. 2019». Աւելի Քան 1000 Գործարար` Ամբողջ Աշխարհէն 28 յուլիսէն 3 օգոստոս Սեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ  տարեկան...

Կեանքին Կառչած Աղքատները

Կեանքին Կառչած Աղքատները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդոց դիմագրաւած դժուարութիւնները  ընդհանրապէս արմատախիլ ընելու փոխարէն` ակներեւ է, որ մեծ պետութիւններ միշտ կ՛ուզեն հակամարտութիւններու տաք գօտիներ պահել եւ բազմացնել: Սակայն այդ վայրերուն մէջ բնակող մարդոցմէ ոմանք բոլոր ձեւերով կառչած են կեանքին: Փաքիստանի ամէնէն աղքատ նահանգը` Պալուճիստան, յաճախ կը յայտնուի լուրերու հաղորդումներուն մէջ, որովհետեւ այդ վայրին մէջ տեղի կ՛ունենան սպանութիւններ, անձնասպանական գործողութիւններ, անմեղներու առեւանգումներ: «Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակից Շումայլա...

Ճիշդի Եւ Սխալի Պայքարը

Ճիշդի Եւ Սխալի Պայքարը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Դարերէ ի վեր փիլիսոփաներ, իմաստուններ, մտաւորականներ եւ նոյնիսկ իշխանաւորներ փորձած են ճիշդը սխալէն զանազանելու բարոյական ընդհանրական սկզբունքներ հաստատել: Տեսական գրութիւններով, պետական օրէնքներով ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած են որոշ ըմբռնումներ, որոնք շատերու համար հարցական կը մնան: Իսկ գոհացուցիչ պատասխաններ գտնելը, մանաւանդ` ներկայ խառնաշփոթին, արհեստագիտութեան յաւելեալ նորութիւններու եւ արհեստական բանականութեան սեմին, հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ: «Ֆիւչըր» կայքը յօդուածով մը...

Page 13 of 35 1 … 12 13 14 … 35

Արխիւներ