Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Օգոստոս 23, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մայքրոսոֆթ Խոստովանած Է, Որ Ձայնային Հաղորդագրութիւնները Գաղտնալսած Է

Մայքրոսոֆթ ընկերութիւնը խոստովանած է, որ «Քորթանա» օգնականի եւ «Սքայփ թրանսլէյթըր» յաւելուածի միջոցով մարդոց   ձայնային հաղորդագրութիւնները գաղտնալսած է: Յայտարարութիւնը կատարուած է, երբ «Մատրպորտ»-ը յայտնաբերած է ընկերութեան կողմէ պայմանադիր կողմեր վարձելու փաստը` «Սքայփ»-ի հաղորդակցութիւններ գաղտնալսելու համար:

«Մատրպորտ»-ի կողմէ երկու ծառայութիւններու ձայնային հաղորդագրութիւնները, որոնց շարքին` Մայքրոսոֆթի աշխատակիցներու անձնական հաղորդագրութիւնները լսող պայմանադիր կողմերը գտնելէ ետք, ընկերութիւնը թարմացուցած է գաղտնիութեան իր քաղաքականութեան դրոյթները: Ըստ նոր դրոյթներու, Մայքրոսոֆթի աշխատակիցները կամ պայմանադիր կողմերը կրնան լսել «Քորթանա»-ի եւ «Սքայփ թրանսլէյթըր»-ի կատարած ձայնագրութիւնները:

«Հիմնուելով տրուող բազմաթիւ հարցումներու վրայ` մենք եկանք այն եզրակացութեան, որ աւելի լաւ կ՛ըլլար նշել այն փաստը, որ աշխատակիցները երբեմն կը նային ստացուող բովանդակութիւնը», ըսաւ Մայքրոսոֆթի մամլոյ քարտուղարը` գաղտնիութեան քաղաքականութեան մէջ դրոյթներու  փոփոխութիւնը մեկնաբանելով:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ֆէյսպուք նոյնպէս վարձած է պայմանադիր կողմեր ձայնային հաղորդագրութիւնները վերծանելու համար: Ընկերութենէն բացատրած էին, որ վարձու աշխատողները ստուգած են ձայնային հաղորդագրութիւններու վերծանման ստոյգ ըլլալը, որ կատարած է արհեստական բանականութիւնը: Ըստ անոր, գործածողները տեղեակ  չեն պահած այն մասին, որ իրենց հաղորդագրութիւնները կը տեսնեն այլ մարդիկ, քանի որ, ըստ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն, մարդիկ անոր համաձայնած են` «Մեսենճըր» յաւելուածին մէջ յատուկ կարգաւորումը ընտրելով:

Ամերիկացի Զինուորականները Կ՛աշխատին
«
Խելացի» Զինատեսակներ Ստեղծելու Ուղղութեամբ

Ամերիկացի զինուորականները կ՛աշխատին «խելացի» զինատեսակներ ստեղծելու ուղղութեամբ: C-DAEM տեսակի հրանօթային ռումբերը  կրնան անմիջապէս թռիչքի ժամանակ յայտնաբերել հակառակորդ թիրախը, ներառեալ` շարժող հրասայլերն ու զրահապատ կառքերը:

Զէնքի նոր տեսակը կը փոխարինէ քասեթային ռումբերով զինատեսակները, որոնք լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն խաղաղ բնակչութեան համար:

C-DAEM-ը հիմնուած է «Էքսքալիպըր» 155 միլիմեթրնոց հրանօթային ռումբի վրայ, որ կը կառավարուի GPS-ի կողմէ եւ կը խոցէ թիրախները քանի մը տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութենէն: Ըստ արտադրողին, այդ զէնքի ճշգրտութիւնը կը կազմէ մինչեւ 2 մեթր, որ բաւական է զրահապատ կառքերը  խոցելու համար:

Սակայն C-DAEM-ը շատ աւելի վտանգաւոր կ՛ըլլայ, քան` «Էքսքալիպըր»-ը: Օրինակ` ռումբը կը խոցէ ոչ միայն շարժող թիրախները, այլեւ` առարկաները, որոնց յստակ դիրքը յայտնի չէ: «Խելացի» զէնքի գործողութեան շառաւիղը կը կազմէ 60 քմ, իսկ այդ հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախին կը հասնի մէկ վայրկեանէն:

Տնային Մարդամեքենաները
Ընտանիքի Անդամներ Կը Դառնա՞ն

«Հուաուէյ» ներկայացուց  «Արհեստագիտութիւններու ապագայի տեսլականը» զեկոյցը:

Մարդիկ կը հարցնեն, թէ տնային մարդամեքենաներ ընտանիքի անդամներ կը դառնա՞ն, կամ` կարելի՞ է գործածել «ընդլայնուած ընտանիք» եզրը:

Մարդամեքենաներու հետ կեանքը ուսումնասիրողները մարդամեքենան կարեւորագոյն մեծ հակում կ՛անուանեն: Անոնց շնորհիւ` կեանքը աւելի դիւրին դարձած է:

Ընկերութիւնը կը նախատեսէ, որ 2025 թուականին արհեստական բանականութեան լայն կիրարկումով առաւել լայն տարածում կ՛ունենան մարդամեքենաներու 3 տեսակներ` պալատական, ուղեկից, հիւանդապահուհի եւ պիոնիք, այսինքն` մարմնի մասերը փոխարինող:

Մարդամեքենաները եւ նոր արհեստագիտութիւնները կ՛ազդեն գործունէութեան 17 տարբեր ասպարէզներու վրայ:

Ընկերութեան գլխաւոր փոփոխութիւնը կը կոչուի «Զիրօ սըրչ»: Հարցումներուն 90 առ հարիւրը կը մշակեն ձայնային օգնականները: Արտադրական գիծերը արագօրէն կը կազմաւորուին 5Ճ-ի անլար հաղորդակցութեան շնորհիւ, քաղաքականութեան եւ կառավարման մէջ կը դիտարկուին թուային համակարգումի ծրագիրները, քաղաքային փոխադրամիջոցը կը վերաձեւաւորուի արհեստական բանականութեան համակարգով: Գիտութիւնը, կրթութիւնը, հանգիստը, արուեստն ու զանգուածային լրատուամիջոցներու   աշխատանքը կը փոխուին` շնորհիւ  «յաւելեալ ստեղծագործութեան», երբ արհեստական բանականութիւնը կը վերածուի անփոխարինելի օգնականի:

Երեւանի Մէջ Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ
Նուագախումբը Կը Կատարէ Արհեստական
Բանականութեան Ստեղծած Մեղեդին

Երեւանի մէջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ նուագախումբը կը կատարէ արհեստական բանականութեան  ստեղծած երաժշտական ստեղծագործութիւնը: Երեւանի մէջ վերջերս  մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Առաջատար արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութեան (UATE) նախագահ Ալեքսանդր Եսայեան:

6 հոկտեմբերին Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովի (WCIT 2019) բացումէն օր մը առաջ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երեկոյեան ժամը 8:00-ին կը սկսի համերգ, որուն կը մասնակցեն 16 երկիրներէ երաժիշտներ:

«Կը ստեղծուի 70 արտասահմանցի եւ 30 հայ երաժիշտներէ  նուագախումբ` Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ նուագախումբը կը կատարէ արհեստական բանականութեան ստեղծած երաժշտական ստեղծագործութիւնը», ըսաւ ան`  աւելցնելով, որ համերգին նոյնպէս պիտի  մասնակցի աշխարհահռչակ տի ճէյ Արմին վան Պիւրենը:

«Ըրէ՛ Հայաստանի Նման.
Կովկասի Սիլիքոնային Հովիտը»

«Սի.Էն.Էն.»-ի յունական ծառայութենէն Քոսթաս Փլիաքոս 3 վայրկեաննոց հաղորդումի մը մէջ խօսած է  Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ասպարէզին` Հարաւային Կովկասի Սիլիքոնեան Հովիտին մասին, ներկայացնելով երկրին արհեստագիտական զարգացումները եւ նուաճումները` մայրաքաղաքի սկսնակ ընկերութիւններէն մինչեւ հեռաւոր շրջաններու մէջ գտնուող նորարարական կեդրոններ:

Այցելութեան  հիմնական նպատակն է մասնակցիլ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովին (WCIT), որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին,  Երեւանի մէջ:

Հաղորդումը վերնագրուած է` «Ըրէ՛ Հայաստանի նման. Կովկասի Սիլիքոնային Հովիտը»:

Հեղինակը Հայաստանը կ՛անուանէ  կովկասեան փոքր երկիր, որ «փոքր տնտեսական հրաշք» կը ներկայացնէ:

Այս հաղորդումին իրականացումը կարելի դարձած է Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ ՀԿ (EuFoA) եւ WCIT 2019-ի միացեալ ջանքերով: Անոնք վերջերս կազմակերպած էին եւրոպական լրագրողներու ուղեւորութիւն դէպի Հայաստան` նպատակ հետապնդելով սեւեռել միջազգային լրատու միջոցներու ուշադրութիւնը Հայաստանի մեծ ներուժ ունեցող տեղեկատուական արհեստագիտութիւններուն վրայ:

«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ»-ը Պրիւքսելի մէջ  հիմնադրուած հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որուն  նպատակն է կամրջել Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը: Կազմակերպութիւնը չ՛ազդեր կամ չի ներգործեր լրագրողներու ընտրած բնաբաններու, նիւթի բովանդակութեան, նորութիւններու խորագիրներու եւ լրատու միջոցներու վրայ, որոնք կը ներկայացնեն լրագրողները, կամ` որոնց հետ կը թղթակցին: Կազմակերպութիւնը նպատակ ունի ապահովելու շրջանին մէջ իրավիճակի առարկայական եւ անաչառ ներկայացում:

Ինսթակրամը Գործածողները Կրնան Նշումով
Առանձնացնել Ոչ Հաւաստի Հրապարակումները

Ինսթակրամի տնօրէնութիւնը կը մտադրէ ներկայացնել նոր գործառոյթ, որ թոյլ կու տայ գործածողներուն` նշումով առանձնացնել հրապարակումները, որոնք, ըստ անոնց,  վստահելի չեն: Այս մասին յայտարարեց Ֆէյսպուք ընկերութեան ներկայացուցիչ Սթեֆանի Օթուէյ, որուն կը պատկանի Ինսթակրամը:

Ոչ հաւաստի տեղեկատուութեան մասին առանձին նշումով հրապարակումները կը ստուգեն Ֆէյսպուքի գործընկերները` զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ ուսումնասիրող  ընկերութիւններու շարքէն: Ըստ  ընկերութեան, անոնք կրնան պարզել, թէ արդեօք հաւաստի՞ են նիւթերը` մատնանշելով, թէ արդեօք հրապարակումը «կը համապատասխանէ՞ իրականութեան», «հաւաստի՞ է» կամ «մոլորեցնո՞ղ»: Ամէն պարագայի, նշումով նիւթերը չեն հեռացուիր, այլ Ինսթակրամը միջոցներ կը ձեռնարկէ, որ աւելի փոքր թիւով մարդիկ ծանօթանան այդ հրապարակման: Այս պատճառով մասնաւորապէս կը հեռացուին որոշ բնաբանային նշումներ հրապարակման մէջ:

Օթուէյ կ՛ըսէ, որ այդ գործառոյթը արդէն մատչելի է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մօտ օրէն անիկա կը ներկայացուի ամբողջ աշխարհի մէջ:

Գիտնականներու Մշակումը Կրնայ
Փոխարինել Համրելու Ձայնալարերը

Չինաստանի Ցինհուա համալսարանի գիտնականները մշակած են WAGT իւրայատուկ համակարգ մը, որ կը վերարտադրէ խօսքը` ըստ կոկորդի շարժումներու: WAGT-ը արտաքնապէս նման է մանր պիտակի (1,5 x 3 սմ):

Սարքի զգայուն մասը պատրաստուած է յատուկ թաղանթէ եւ մաշկին կը փակի սովորական ջուրով: Լարերու միջոցով անիկա միացած է ոչ մեծ սարքին, որ կը զուգակցի մանր համակարգիչի: Ուշագրաւ է, որ պիտակը նոյնպէս կը գործէ իբրեւ բարձրախօս` 2 մմ հեռաւորութեամբ արտադրելով 75 տեսիպել:

Սարքին աշխատանքը պարզ է. համակարգը կը հաշուէ կոկորդի շարժումները, որոնք մարդը կը կատարէ բառեր արտաբերելու ատեն, եւ ապա կը վերարտադրէ ձայնային ձեւով:

Սարքին միջոցով առայժմ կարելի եղած է «հնչեցնել» առանձին բառեր եւ կարճ արտայայտութիւններ, սակայն գիտնականները մտադիր են շարունակելու իրենց ուսումնասիրութիւնները` աւելի շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախի Հետ, Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Ինճիրլիքի Դատական Գործը, Ամերիկեան Դատարանը Որոշում Է Կայացրել Յօգուտ Թուրքիայի Հանրապետութեան Կենտրոնական Եւ «Զիրաաթ» Դրամատների

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?