Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրօնական Խորհրդանիշները` Խնդրոյ Առարկայ

Յուլիս 19, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Կրօնի` խղճի ազատութիւնը մարդկային տարրական իրաւունքներէն է: Մեր պարագային, անկարելի է ազգը եւ կրօնը իրարմէ բաժնել: Սակայն արեմտեան իբր թէ ազատատենչ երկիրներ ազգային եւ կրօնական պատկանելիութիւնները կարծես` թէ վտանգաւոր կը նկատեն` ժողովրդավարութեան քողին տակ նսեմացնելով, չէզոքացնելով ատոնք: Այլ հարց է, որ  կրօնական խորհրդանիշները ներքնապէ՞ս, թէ՞ արտաքնապէս պէտք է կրել:

Ն.

Ինչո՞ւ Քաղաքական Գործիչի Մը Հետ
Մալալայի Այս Նկարը Քննադատուած Է
Մալալա Եուսաֆզայ` նկարուած` Քեպեքի կրթութեան նախարար Ժ. Ֆ. Ռոպերժի հետ

Քեպեքի կրթութեան նախարարը քննադատուեցաւ կրթութեան արշաւի նախաձեռնած Մալալայ Եուսաֆզայի հետ նկարուելուն համար:

Նոպէլեան մրցանակակիրը, որ կը կրէ  լաչակ, իրաւունք պիտի չունենար քանատական այդ նահանգին մէջ ուսուցանելու:

Քեպեք վերջերս հաստատեց վիճայարոյց օրէնք մը` արգիլելով քաղաքացիական ծառայութեան կարգ մը  պաշտօնեաներու, ներառեալ ուսուցիչներու, կրօնական խորհրդանիշներ կրել:

Ժան-Ֆրանսուա Ռոպերժ ըսաւ, որ օրիորդ Մալալայի հետ քննարկած է կրթութեան եւ միջազգային զարգացման առնչուող հարցեր:

Մալալայի գլխուն 2012-ին կրակած են Թալեպան շարժումի զինեալները, որովհետեւ ան յանդգնած էր դպրոց յաճախել: Այդ թուականէն ան միջազգայնօրէն ճանչցուած դէմք մը եղաւ աղջիկներու ուսման իրաւունքի նպատակով  արշաւ նախաձեռնելուն համար:

Յունիսին Քեպեք վաւերացուց աշխարհիկութեան օրէնսդրութիւն, որ կ՛արգիլէ քաղաքացիական ծառայողներուն, «հեղինակութեան» դիրքերու մէջ, աշխատելու ժամանակ կրելու խորհրդանիշներ, ինչպէս փաթթոց, լաչակ եւ այլն: Այս օրէնքը կը վերաբերի` դատաւորներու, ոստիկաններու, պետական պաշտօնատարներու, ուսուցիչներու եւ այլ քաղաքացիական պաշտօնեաներու:

Աշխարհիկութեան օրէնքը բողոքներ հրահրեց եւ բազմաթիւ բանավէճեր` նահանգին մէջ:  Օրէնքին կողմնակիցները կ՛ըսեն, որ ատիկա տրամաբանական քայլ մըն է, որ կը տանի Քեպեքի մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան անջատման:

Մինչ օրէնքը չ՛առանձնացներ որոշ կրօն մը, քննադատները կը պնդեն, որ ատիկա խտրական է, եւ կ՛ըսեն, որ անարդարօրէն կը թիրախաւորէ նահանգին մէջ իսլամ կիները, որոնք լաչակ կամ փաթթոց կը կրեն:

Առցանց մեկնաբանութիւններ ընողներէն ոմանք նախարարը կեղծաւոր անուանեցին օրիորդ Մալալային հետ նկարուելուն համար: Ռոպերժ, որ տեսակցեցաւ Մալալայի հետ, Ֆրանսայի մէջ, պաշտպանեց օրէնքը, երբ Թուիթըրի վրայ իրեն հարցուցին, թէ ի՞նչ պիտի պատասխանէ, եթէ Մալալայ ուզէ ուսուցանել Քեպեքի մէջ:

«Ես վստահաբար անոր պիտի ըսեմ, որ ատիկա մեծ պատիւ մը պիտի ըլլայ, եւ թէ Քեպեք, ինչպէս` Ֆրանսայի պարագային, եւ` այլ բաց, հանդուրժող երկիրներու մէջ, ուսուցիչները չեն կրնար կրօնական խորհրդանիշներ կրել  իրենց աշխատանքի ընթացքին», ըսաւ ան:

Քեպեք. Քաղաքացիական Պաշտօնեաները
Կրնա՞ն Կրօնական Խորհրդանիշներ Կրել

Տասնամեակէ մը ի վեր Քեպեքի մէջ բանավէճի նիւթ է պետական աշխարհիկութեան հաստատումը եւ ատոր տրամաբանական պատշաճեցումը` քանատական այդ նահանգին մէջ: Այժմ վաւերացուած է նոր օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ քաղաքացիական ծառայողներուն «հեղինակութեան, պատասխանատուութեան» դիրքերու վրայ կրել կրօնական խորհրդանիշներ աշխատանքի ժամանակ:

Օրէնք 21- ը կ՛արգիլէ դատաւորներուն, ոստիկաններուն, ուսուցիչներուն եւ այլ քաղաքացիական ծառայողներուն` աշխատանքի ժամանակ  կրել կրօնական այնպիսի խորհրդանիշներ, ինչպէս` կիփա (հրէական գդակ), փաթթոց կամ լաչակ:

Պետական աշխարհիկութիւն հաստատելու համար, վերջին տարիներուն կառավարութեան ներկայացուցած այլ օրէնքներուն նման, ատիկա առաջնորդած է բուռն բանավէճերու:

Օրէնքին ջատագովները ատիկա կը կոչեն տրամաբանական քայլ մը, որ նահանգին մէջ լայն զօրակցութիւն կը վայելէ: Քննադատները կ՛ըսեն, որ ատիկա խտրական է եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար աւելի պիտի դժուարացնէ համարկումը Քեպեքի հասարակութեան, եւ թէ` արդարօրէն կը թիրախաւորէ իսլամ կիները:

Նահանգային կառավարութիւնը կ՛ըսէ, որ ասիկա «տրամաբանական շարունակութիւնն է Լուռ յեղափոխութեան», ժամանակաշրջան մը` 1960-ականներուն, երբ Քեպեքի հանրութիւնը արագօրէն ողջունեց եւ ընդունեց պետական աշխարհիկութիւնը:

Քեպեքի նահանգային խորհրդարանը 35-ի դէմ 73 քուէով վաւերացուց օրինագիծը, որուն դէմ արտայայտուող վեց անձեր «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին իրենց կարծիքը:

«Խտրականութեան դասագիրքի սահմանում»

Ֆուրին Ահմետ ուսուցչուհի էր Քեպեքի մէջ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր եւ կ՛ըսէ, որ ինք յուսախաբ եւ զայրացած է նոր օրէնքէն: Իր աշխատանքը պահպանուած պիտի ըլլայ մեծ հօր յօդուածով, ներառուած` Օրէնք 21-ին, բայց այն իրողութիւնը, որ «ուսուցիչ մը, որ կը դասաւանդէ ինձմէ քանի մը մեթր անդին, ունի աւելի կարելիութիւններ, քան ես, պարզապէս իմ հագածիս համար, անարդար է», կ՛ըսէ ան:

«Ինչպէ՞ս կրնայ մէկը հոն նստիլ եւ ըսել, որ ասիկա խտրականութեան սահմանումի դասագիրքը չէ»:

Օրէնքը առաջարկողները ուշադիր եղած են նշելու, որ ատիկա ոչ մէկ կրօն կը թիրախաւորէ: Սակայն բազմաթիւ քննադատողներ պնդած են, որ ամէնէն շատ ազդուողները պիտի ըլլան իսլամ կիները:

Օրիորդ Ահմետ կ՛ըսէ. «Կը մաղթեմ, որ ասիկա ձեւով մը բոլոր կրօնական խորհրդանիշներուն համար ըլլայ, բայց չեմ կարծեր, որ այդպէս է»:

«Ես չեմ կարծեր, որ եթէ հիժապ կրող իսլամ կիներ հոն չըլլային` իրենց աշխատանքը ընելով, յաջող ըլլալով հասարակութեան մէջ (բայց` թերեւս քիչ մը տարբեր տեսք ունենալով, քիչ մը տարբեր հագուստով), չեմ կարծեր, որ այս արգելքը խօսակցութեան նիւթ կը դառնար»:

Օրիորդ Ֆուրի կ՛ըսէ, որ ինք «հպարտ» զգացած է, երբ իր դպրոցը, պատասխանատուները եւ Մոնրէալի քաղաքային խորհուրդը ընդդիմացած են Օրէնք 21-ին:

«Հիժապը հնազանդութեան արարք մըն է»

Զահրա Պուքերսի ֆրանսերէն կը դասաւանդէ Մոնրէալի սեփական նախակրթարանի մը մէջ, ուր անոր պիտի արտօնուի հիժապ կրել աշխատանքի ատեն: Բայց հակառակ իր հաւատքին` Զահրա միշտ մերժած է գլուխը ծածկել իսլամական որեւէ փաթթոցով:

Ան անհրաժեշտ չի նկատեր հաւատքի որեւէ արտաքին նշան կրել:

«Կրօնը ներքին, մտերմիկ բան մըն է: Ան անձնական է. Աստուծոյ եւ իմ միջեւ: Ես այդպէս կը նկատեմ», կ՛ըսէ Զահրա:

Եւ ան բնաւ հանգիստ չէ զգացած հիժապի խորհրդանշածէն:

«Կան կիներ, որոնք իսկապէս իրենց կամքով կը կրեն ատիկա: Բայց նոյնիսկ երբ այդպէս կ՛ընեն, ես ատիկա կը նկատեմ ենթարկուելու արարք մը», կ՛ըսէ ան:

Օրիորդ Պուքերսի յաճախ արտայատուած է Քեպեքի տեղեկատուուական միջոցներու մէջ աշխարհիկութեան իր զօրակցութեան մասին, համոզում մը, որ իր մէջ ծնած է իր երիտասարդութեան շրջանին, Ալճերիոյ մէջ:

1991-1999 քաղաքացիական պատերազմ մը իսլամականները կառավարութեան դէմ հանեց Ալճերիոյ մէջ եւ իսլամական քողը, որ արդէն բաւական բարդ պատմութիւն մը ունի այդ երկրին մէջ, պարտադիր դարձաւ:

«1980-ականներուն ես ուսանող էի: Ես կարճ փէշով կ՛ըլլայի: Ոչ ոքի հոգն էր, ատիկա բնական էր, նեղ տաբատ կամ շապիկ կրելը բնական էր», կ՛ըսէ ան:

«Տասը տարի ետք աղէտ էր. արմատական փոփոխութիւն»:

Ուրեմն օրիորդ Պուքերսի Օրէնք 21-ը կը նկատէ արդար վայր մը` «գիծ մը քաշելու» ընդդէմ հաւանական որեւէ նման կրօնական ազդեցութեան Քանատայի մէջ:

«Իմ հաւատքս բան մը չէ, որ ես կրնամ ձգել տան դրան առջեւ»

Իբրեւ երեխայ` Ամրիթ Քոր կը դիտէր իր ծնողները, որոնք համբերութեամբ կ՛օգնէին այլ երեխաներու դասերուն, եւ ասիկա իր մէջ հետաքրքրութիւն հրահրեց ուսուցչուհի ըլլալու:

Բայց այժմ Քեպեքի մէջ Սիխ համաշխարհային կազմակերպութեան փոխտնօրէնը կը մտածէ, թէ արդեօք իրեն համար տեղ կա՞յ Քեպեքի մէջ` իբրեւ ուսուցչուհիի, այն պահուն, երբ կ՛աւարտէ համալսարանը:

Ան ըսաւ. «Ինծի համար փաթթոց կրելը պարզապէս իմ ցեղային աւանդութեան անբաժանելի մէկ մասն է, եւ` իմ էութիւնս, որմէ չեմ կրնար խորթանալ: Իմ հաւատքս բան մը չէ, որ կրնամ տան դրան առջեւ ձգել: Ատիկա ամբողջովին անկարելի է»:

Ան կը մերժէ այն գաղափարը, թէ օրէնքը պիտի օգնէ, որպէսզի  ներգաղթեալները համարկուին հասարակութեան:

Ամրիթ Քոր նոր օրէնքին պատճառով կասկածներ ունի, որ կրնայ ուսուցչուհի ըլլալ Քեպեքի մէջ

«Մարդիկը, որոնց արգիլուած է իրենց աշխատանքին երթալ, Քեպեքի հասարակութեան ամէնէն համարկուած մարդիկն են: Անոնք ներգաղթեալներ չեն, որոնք նոր հասած են երկիր: Անոնք մարդիկ են, որոնք ուսանած են, երկրին լեզուն գիտեն, որոնք իրենց ստացածը ետ կու տան»:

Քոր կ՛ըսէ, որ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ կը զգայ, որ իրեն կը նային իբրեւ անձի մը, որ խնդիրներ կը պատճառէ:

«Եւ ասիկա իսկապէս տարօրինակ կը թուի», կ՛ըսէ ան:

Արտայայտուելու ազատութիւնը, կրօնի ազատութիւնը մարդկային տարրական իրաւունքներ են, կը պնդէ ան:

«Եւ ատիկա հիմա կ՛անտեսուի»:

«Բանավէճ մը` բոլորովին տարբեր երկու տեսլականներու միջեւ»

Նատիա Մապրուք` դասախօսուհի մը համակարգչային գիտութիւններու, մնայուն ջատագովը եղած է Քեպեքի մէջ աշխարհիկութեան:

Ան կը զօրակցի Օրէնք 21-ին, յատկապէս` այն յօդուածին, որ Քեպեքի մէջ ուսուցիչներուն արգիլած է կրել կրօնական խորհրդանիշներ, եւ կ՛ուզէ, որ նահանգին մէջ ցերեկային խնամքի ասպարէզի աշխատաւորները նոյնպէս ենթակայ ըլլան այդ օրէնքին:

«Ես քողին, լաչակին ընդիմացող չեմ: Ես կը խօսիմ դպրոցին մէջ ատոնց գործածութեան մասին, երբ աշակերտներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ են: Այդ ատեն մենք կ՛ըսենք, որ անոնք պէտք է չէզոք ըլլան», կ՛ըսէ Նատիա:

Ան կը համեմատէ ուսուցչուհիներուն ուղղուած կրօնական խորհրդանիշ չկրելու պահանջը, շարժուն գծանկարներէն, յատկապէս Լաքի Լիւքի բերնէն, ծխախոտը ընդմիշտ հեռացնելու պահանջին հետ:

«Լաքի Լիւք անընդհատ չէր ծխեր, ատիկա գծանկար էր, բայց կը նկատուէր երեխաներուն վրայ ազդեցութիւն մը», կը բացատրէ Նատիա:

Ան կ՛ըսէ, որ կին մը դասարանին մէջ երբ փաթթոց կը կրէ, «կրաւորական մարդորսութիւն է»:

«Ես չեմ ըսեր, որ ատիկա վարդապետութիւն, ուսուցում է: Չեմ ըսեր, որ մոնրէալցիները, որոնք իսլամ չեն, կ՛ուսուցանուին: Ես կ՛ըսեմ, որ ատիկա պայմանաւորում է յատկապէս իսլամ երիտասարդներու համար: Ատիկա կը փոխանցէ այն գաղափարը, որ իսլամ կին մը փաթթոցաւոր է», կը նշէ ան:

Նատիա կը մերժէ այն գաղափարը, որ նահանգին մէջ աշխարհիկութեան շուրջը երկարատեւ բանավէճը արդիւնքն է իսլամատեացութեան կամ այլատեացութեան (յաճախակի յղում մը` հարցի քննադատութեան մէջ):

Ան կը պնդէ, որ բազմաթիւ անձեր Քանատայի մէջ (ուր բազմամշակութայնութեան գաղափարը, իր խօսքով, «սուրբ» է) սխալ կը հասկնան աշխարհիկութեան համար Քեպեքի ցանկութիւնը:

«Ատիկա բանավէճ մըն է բոլորովին տարբեր երկու տեսլականներու միջեւ», կը շեշտէ Նատիա:

«Ընկերային միասնութիւնը տուժած է»

Թարան Սինխ կ՛ըսէ, որ օրէնքը յատկանշական շեղում է Լուռ յեղափոխութեան նուաճումներէն

Քեպեքի սիխ համայնքի ներկայացուցիչ եւ Քեպեք Ներփակում դաշինքի անդամ Թարան Սինխ հարցում մը ունի:

«Ի՞նչ է ընդգծուած փաստը այս անհրաժեշտութեան տակ»:

Ան Օրէնք 21-ը կը տեսնէ իբրեւ «բաժնող լուծում» խնդրին մէջ եւ կ՛ըսէ, որ ջատագովները չեն ներկայացուցած ուղղակի ապացոյցներ, որ կրօնական խորհրդանիշներ կրող քաղաքացիական ծառայողները կ՛ականահարեն եկեղեցուոյ եւ պետութեան անջատումը:

«Այստեղ ենթադրութիւն մը կատարուած է. խորհրդանիշ կրելը ձեւով մը մարդորսութիւն է», կ՛ըսէ ան:

Նախապէս առաջարկուած օրէնսդրական աշխարհիկութեան լուծումները վերջին տարիներուն նահանգային նախկին կառավարութիւններու կողմէ պատճառած են «ընկերային յարակցութիւն», տառապելու Քեպեքի մէջ», կ՛ըսէ ան:

«Օրէնք 21-ը  ինծի յստակ պատգամ մըն է, որ ես հաւասար մասնակից քաղաքացի մը չեմ այս հասարակութեան մէջ»:

«Ես չեմ  կրեր թի-շըրթ մը, որ կ՛ըսէ` Աստուած գոյութիւն չունի»

Տ. Ռանտ` հաւատարիմ աշխարհիկ եւ անաստուած մը, Օրէնք 21-ը կը կոչէ` «Կատարեալ տրամաբանական արգելք մը, նման անոնց, որոնք արդէն գոյութիւն ունին քաղաքացիական ծառայողներու համար, երբ հարցը կը վերաբերի աշխատանքի ատեն քաղաքական նախապատուութիւն ցուցադրելուն»:

Ռանտ քիչ համակրանք ունի անոնց հանդէպ, որոնք կը պնդեն, թէ իրենց դժուար որոշում տրուած է իրենց հաւատքին եւ ասպարէզին միջեւ:

«Անհրաժեշտ է որոշ տեսակի վերապահութիւն մը, որոշ տեսակի զգօնութիւն, դատողութիւն», կ՛ըսէ ան:

Տ. Ռանտ նոյնպէս կ՛աւելցնէ.« Ես չեմ  կրեր թի-շըրթ մը, որ կ՛ըսէ` Աստուած գոյութիւն չունի, երբ ես աշխատանքի երթամ քաղաքացիական ծառայութեան մէջ: Եւ ես կ՛ակնկալեմ նոյն savoir vivre-ը հիժապ կրող կնոջ մը կամ գլխուն կիփա ունեցող տղամարդու մը, որ անոնք վերցնեն այդ խորհրդանիշները եթէ քաղաքացիական ծառայութեան աշխատանքի կ՛երթան»:

 

Նախորդը

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Ծածկանուններու Բառարան»-ի Պատառիկներ

Յաջորդը

Դաւիթ Կարեճիի Խնդրի Լուծման Բանալին Արցախում Է

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին
Մշակութային եւ Այլազան

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ
Մշակութային եւ Այլազան

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?