Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վայրագութիւնը` Խաղերո՞ւ, Թէ՞ Զէնքերու Հետեւանք

Սեպտեմբեր 6, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Միայն օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ զանգուածային սպանութիւններու քանի մը դէպքեր պատահեցան կրկին հրահրելով երկրին մէջ զէնքի վաճառքի վէճը: Ոմանք վայրագ շարժապատկերները, շարժուն գծանկարները եւ վիտէօ-խաղերը մեղադրեցին, ուրիշներ` երկրին մէջ զէնքի վաճառքը: Այս հարցը բնականաբար յաճախ կ՛արծարծուի, սակայն արմատական լուծումներ չեն գտնուիր: «Ուաշինկթոն Փոսթ» թերթը քանի մը յօդուածներով վերջերս անդրադարձաւ այս կենսական խնդիրին:

Ն.

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ վիտէօ-խաղերու վայրագութենէն

Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ կրակոցներու պատճառով զանգուածային սպանութիւններէն ետք, նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեղադրեց վիտէօ-խաղերը, որոնք, ըստ նախագահին, «կը փառաւորեն վայրագութիւնը մեր հանրութեան մէջ»:

Ասիկա հին կրկներգ մըն է, իսկ խաղերը պատրաստողները եւ իրենց դաշնակիցները կը հակադարձեն` փաստեր մատնանշելով: «Մենք չունինք փաստեր, որոնք կը հաստատեն վիտէօ-խաղերու եւ վայրագութեան միջեւ կապը, ու թէեւ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ գտած են առնչութիւններ վիտէօ-խաղերու եւ յարձակողականութեան միջեւ, որ տարբեր է վայրագութենէն, ազդեցութիւնը շատ թեթեւ է»:

Մինչ ուսումնասիրութիւնները նշանակութիւն ունին, վէճին այս գիծը կարեւոր կէտ մը կ՛անտեսէ: Թէեւ կարգ մը վիտէօ-խաղեր անփոյթ, առանց մտածելու վայրագ են, բազմաթիւ ուրիշներ   վայրագութիւնը կ՛ուսումնասիրեն նրբերանգով, անիկա զետեղելով ընկերային պարունակի մէջ եւ խաղացողներուն առիթ տալով յայտնաբերելու բարոյական առեղծուածներ, որոնք բնաւ պիտի չդիմագրաւեն իրական կեանքին մէջ:

Արուեստի այլ ձեւերու նման` խաղալը պատմութիւն պատմելու միջոց մըն է, որ կ՛արտացոլացնէ եւ կը քննադատէ հանրութիւնը, որուն մէջ մենք կ՛ապրինք: Անոր յատուկ ուժը կը գտնուի այն խորապէս մխրճուած փորձին մէջ, որ ան կ՛առաջարկէ համեմատաբար այլ լրատուամիջոցներու` խաղացողներուն կարելիութիւն տալով անմիջականօրէն ազդել զիրենք շրջապատող աշխարհին վրայ:

Երբեմն ատիկա կը նշանակէ քննարկումներով եւ նրբերանգներով ուսումնասիրել զանազան կարգաւորումներ, նկարագիրներ եւ տրամաբանութիւններ, որոնք վայրագութիւն կը հրահրեն:

Շատ ժողովրդային «Grand Theft Auto IV»-ին մէջ, վերջերս ներգաղթեալ Նիքօ Պելիչ  հրապուրուեցաւ աշխատելու իբրեւ վարձկան զինեալ, հակառակ այն հանգամանքին, որ ան Եւրոպայի մէջ նման կեանքէ մը խոյս տուած էր: Եթէ ատիկա ինքնին ուժգին ընկերային մեկնաբանութիւն չէր, ողբերգութիւնը յանցաւոր ներգրաւուածութեան, ի վերջոյ, կը յանգեցնէ իր զարմիկին մահուան կամ անոր վիպական հետաքրքրութեան` կախուած խաղացողի ընտրութենէն:

«Uncharted» շարքը կը քննադատէ գանձեր որոնող Նաթան Տրէյքսի հետզհետէ աւելի կործանարար յաճախանքը իր կտակին հետ` իր եւ իր սիրելիները վտանգող մասնագիտութենէն հրաժարելու անկարողութեամբ: «Uncharted 4: A Thief՛s End»-ին մէջ խաղացողները քառակուսի կը տեղաւորուին Տրէյքի ներքին տագնապին կեդրոնին մէջ` պառակտուած իր  վերջին փախուստի յուզմունքին եւ կնոջ ուղղակի ստելու մեղքին միջեւ: Խաղին ընթացքը կը մղէ խաղացողները զգալու, թէ ի՛նչ կը զգայ Տրէյք եւ` աւելի լաւ պատկերացում կազմելու այն մոլուցքին մասին, որ նախապէս անոր ստիպած էր պաղիլ, օտարանալ կնոջմէ եւ յանգեցուցած էր առեւանգելու իր դաստիարակն ու հայրը:

Մինչ որոշ խաղեր կ՛օգտագործեն այդ բարոյական երկընտրանքները` հիմնականին մէջ ծրագիրը, դաւը յօրինելու համար, միւսները արմատաւորուած են բարոյականութեան բարդ համակարգերու մէջ, որոնք կ՛առաջնորդեն իրենց խաղային հոլովոյթը: Այս խաղերը մարդիկը կը դնեն շարք մը դժուար որոշումներու եւ պահանջներու առջեւ, երբ անոնք կը քննարկեն այն հանգամանքները, որոնք  կը յօրինեն իրենց իրականացնելիք վայրագութիւնները: Բարոյականութեան ամէնէն հետաքրքրական համակարգերը հեռու են բարիի եւ չարի պարզունակ երկուութենէն եւ կ՛երաշխաւորեն, որ խաղացողները զգան իրենց ընտրութեան հետեւանքները:

«Heavy Rain» հոգեբանական արկածախնդրական խաղաշարքին մէջ խաղացողներուն յանձնարարուած է որսալ մարդասպանը,  որ կ՛առեւանգէ եւ կը խեղդէ երիտասարդ տղաներ: Խաղին մէջ չորս կերպարներէն մէկը առեւանգուած երեխայի մը հայրն է, որ իր տղան փրկելու համար նշանակուած մարդասպանին կողմէ պէտք է ենթարկուի փորձութիւններու, ներառեալ` կատարէ պահանջ մը, որ խաղացողը սպաննէ մարդ մը, որ կասկածելի չէ: Խաղը 17 տարբեր աւարտներ ունի` ոճրագործը ձերբակալելէն, պատանդ բռնուած զաւակը ազատագրելէն, մինչեւ ամբողջական ձախողութիւն:

Մինչ «Heavy Rain»-ը թոյլ կու տայ դիտողներուն կատարելու իրենց ընտրանքները` ըստ իրենց դաւանած արժէքներուն, առանց զանոնք թեթեւօրէն մղելու դէպի որոշ ուղղութիւն մը, այլ խաղեր իրենց բարոյագիտական շրջանակները ունին եւ կը փորձեն քաջալերել խաղացողները որդեգրել զանոնք:

Խաղի կերպարը «Undertale»-ին մէջ երեխայ մըն է, որ ինկած է ընդյատակեայ շրջանակի, վայրի մը մէջ, կղզիացած աշխարհ մը, ուր կ՛ապրին հրէշներ, որոնք աքսորուած են երկրագունդէն, մարդոց հետ պատերազմէն ետք: Հրէշներու հետ տեսիլքներու բախումները կրնան լուծուիլ` կռուելով կամ գթալու միջոցով, եւ խաղի ձեւաւորումը կը քաջալերէ խաղացողները` ընտրելու խաղաղ միջնորդութիւնը: Ասիկա կրնայ ըլլալ յատկապէս դժուար ընտրութիւն, երբ խաղացողը կ՛ելլէ դէմը հակառակորդին, ինչպիսին է Ունտին, պահակ մը, որ կը փորձէ խաղացողին հրահրել ֆիզիքական դիմակայութեան մէջ: Բայց խաղը մեզ կը խրախուսէ քննարկել` ինչպէս հակազդել հակամարտութեան, յատկապէս լուսանցքայնացած հասարակութիւններու հանդէպ մեր վերաբերմունքի ծիրին մէջ:

Եւ «Fallout: New Vegas»-ը կը տեղադրէ բարոյական համակարգերու հետաքրքրական առանցք մը` օգտագործելով չափանիշներ, որոնք կը չափեն խաղացողին հեղինակութիւնը եւ անխուսափելի հետեւանքը` ատոնք լարուածութեան մէջ դնելով: Գերազանցօրէն տեղադրուած յետյայտնութենական Նեւատային մէջ (post-apocalyptic Nevada), խաղը կը ներկայացնէ պատերազմող խմբակներ: Հակամարտող կողմերու սպաննող անդամները կրնան աւելցնել խաղացողին անխուսափելի հետեւանքին գիտակցումը: Սակայն մեր հասարակութեան ահռելիօրէն ճշգրիտ արտացոլման պարագային, ատիկա  անշուշտ  կը բարելաւէ ձեր հեղինակութիւնը ձեր դաշնակիցներուն հետ, որովհետեւ  դուք բռնութիւն կը կիրարկէք անոնց շահերուն համապատասխանող եղանակներով:

Ոչ մէկ այլ միջոց իր լսարանին կու տայ նոյն կարելիութիւնը ուղղակի պայքարելու, թէ ինչպէ՛ս մենք կ՛արդարացնենք բռնութիւնը:

Եթէ մենք կ՛ուզենք, որ ամերիկացիները լրջօրէն մտածեն այս նիւթին մասին, աւելի լաւ կ՛ընենք, եթէ մեզմէ շատեր վիտէօ-խաղեր խաղան:

Ո՛չ Պարո՛ն Թրամփ, Զէնքերն Են
Զանգուածային
Սպանութիւններու Պատճառը

Էլ Փասոյի եւ Օհայոյի մէջ 3 եւ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններէն ետք, պահ մը նախագահ Թրամփ յոյս ներշնչեց, որ ինք պիտի ցնցէ Հանրապետական կուսակցութիւնը, որպէսզի մեղմացնեն զէնքի հսկողութեան ամէնէն ժողովրդային եւ ակներեւ միջոցներուն դէմ դրուած արգելքները:

Օգոստոսի սկիզբը տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններէն ետք, Թրամփ իր Թուիթըրի էջին վրայ գրեց, որ ինք կողմնակից է «նախադրեալներու ուժեղ ստուգումներու, որպէսզի այս ողբերգական դէպքերէն ծնի լաւ, եթէ ոչ` ՄԵԾ, բան մը»:

Շուտով նախագահը սկսաւ տեղի տալ, նահանջել: Ան կարդաց ճառ մը, որ ուղղուած էր մտային առողջութեան խնդիրներուն, վայրագ վիտէօ-խաղերուն եւ համացանցին` ատոնք նկատելով զէնքի վայրագութեան աճող արիւնալի մշակոյթի հիմնական գործօնները: «Մտային հիւանդութիւնը եւ ատելութիւնը կը քաշեն հրացանի բլթակը», ըսաւ Թրամփ:

Բայց մտային հիւանդութիւնը եւ ատելութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին, ինչպէս` վիտէօ-խաղերը: Յաճախակի զանգուածային սպանութիւնները յատուկ են Միացեալ Նահանգներուն: Պատճառը զէնքերն են, մասնաւորաբար` կիսաինքնաշխատ (semiautomatics):

Միացեալ Նահանգներու համար յատուկ է զանգուածային սպանութիւններ կատարելու միջոցներու մատչելիութիւնը:

Քոնկրեսը վերջին տարիներուն վաւերացուց մտային հիւանդութիւններու քաղաքականութիւնները: Ուսումնասիրութիւնը փոքր առնչութիւն ցոյց կու տայ վիտէօ-խաղերու մէջ գտնուող վայրագութիւններուն եւ իսկական կեանքին միջեւ:

Համացանցը կրնայ արագացնել ծայրայեղականութեան տարածումը, սակայն չի կրնար ստեղծել ծայրայեղականութիւն: Աւելին պէտք է կատարուի այս գծով: Բայց կարեւոր փոփոխելին զէնքերու մատչելիութիւնն է:

Թրամփ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը մէկ զէնքի առնչուած միջոցառումին, այսպէս կոչուած` ահազանգի օրէնքներու, որոնք թոյլ պիտի տան դատաւորներուն հրահանգելու հրացաններու ժամանակաւոր գրաւումը այն մարդոցմէ, որոնք կը ներկայացնեն անխուսափելի վտանգներ իրենց եւ ուրիշներուն համար:

Եթէ նախագահը իսկապէս լոպիինկ ըրած ըլլար Հանրապետական կուսակցութեան մէջ, որպէսզի հետեւի ասոր, ատիկա լաւ քայլ մը պիտի ըլլար:  Թէեւ զէնքի կողմնակից խումբերը կը կշտամբեն այնպիսի միջոցներ, ինչպիսիք են զէնքի բռնագրաւման միջոցները` առանց պատշաճ ընթացակարգի, դատաւորները վերջին որոշումը կու տան էական սպառնալիքներու ապացոյցներու հիման վրայ:

Այն նահանգները, որոնք կիրարկած են ահազանգի օրէնքները, վերջերս նշմարած են անձնասպանութեան արգելք հանդիսանալու հոլովոյթին մէջ բացայայտ յառաջդիմութիւն: Առնուազն մէկ զանգուածային սպանութիւն կանխոած է` ահազանգի օրէնքներուն շնորհիւ:

Բայց Թրամփ սովորութիւն ունի զէնքի հիմնական հսկողութեան մասին մեծ խօսելու` բայց չկարենալով հետեւիլ ատոր: Եւ նոյնիսկ այս պարագային, եթէ ան կը զարմացնէ, ահազանգի նոր օրէնք մը անբաւարար պիտի ըլլայ: Նախագահին  առաջին բնազդային արձագանգը` դաշնակցային նախադրեալներու ստուգումները խստացնելու համար, ճիշդ էր: Բոլոր հրացաններու վաճառքը եւ փոխանցումները պէտք է ենթակայ ըլլան ստուգումներու, բոլո՛րը, ոչ միայն ոմանք, ինչպէս է պարագան ներկայիս: Ճեղքը, փախուստի ճամբան, որ արտօնեց Չարլեսթընի եկեղեցւոյ ոճրագործին զէնքեր ձեռք ձգել, պէտք է փակուի: Եւ բարձրորակ զէնքերը, ինչպիսիք են զանգուածային սպանութիւններուն օգտագործուած զէնքերը,  որոնք զինեալներուն թոյլ կու տան հնձել զոհերը, պէտք է արգիլուին: Այսուհանդերձ, Քոնկրեսը օրինագիծեր ընդունեց նման բաներ ընելու համար, Թրամփի վարչակազմը ընդդիմութիւն ցոյց տուաւ, եւ կը թուի, որ հանրապետական ծերակոյտը հետաքրքրուած չէ:

Վիտէօ-խաղերու մասին ոչ մէկ խօսակցութիւն կրնայ շեղել այն փաստէն, որ Միացեալ Նահանգներու զէնքի մասին օրէնքները մեծ, մահացու խնդիր են:

Զանգուածային սպանութիւններու զոհերու համար ոչ մէկ  համակրանք կը փոխէ այն փաստը, որ երկրի վախկոտ հանրապետական ղեկավարները չեն կրնար ատոր դիմել:

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Զանգուածային
Սպանութիւններու 71 Զոհ`
Յունուարէն Օգոստոս Ամիսներուն

31 օգոստոս, Օտեսա, Թեքսաս – 7 զոհ, 21 վիրաւոր
4 օգոստոս, Տէյթըն, Օհայօ – 9 զոհ, 27 վիրաւոր
3 օգոստոս, Էլ Փասօ – 22 զոհ, 26 վիրաւոր
28 յուլիս, Կիլրոյ, Քալիֆորնիա – 3 զոհ
6 յուլիս, Ս. Լուիզ, Միսուրի – 3 զոհ
8 յունիս, Ուայթ Սուան, Ուաշինկթըն – 5 զոհ
31 մայիս, Վըրճինիա – 12 զոհ
15 փետրուար, Օրօրա, Իլինոյ – 5 զոհ
23 յունուար, Սեպրինկ, Ֆլորիտա – 5 զոհ

 

 

 

Նախորդը

Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակ. Անմահացած Կեանքեր

Յաջորդը

Քրմապետ Մը` Իմաստասիրութեան Մեհեանին Մէջ (Յիշելով Անմահանուն Դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը)

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?