Ինչպէս յայտնի է, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Մեծն Կոմիտասի 150-ամեակները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ներառած է հռչակաւոր մարդոց 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ: Հոլանտայի հայկական համայնքները այս ուղղութեամբ զգալի աշխատանքներ կատարած են` տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպելով մեր մշակութային մեծերուն նուիրուած զանազան ձեռնարկներ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՆԻՏԵՐԼԱՆՏԱԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ»-ը:
Գլխաւորը, այնուհանդերձ, հոլանտացի գրասէր հասարակայնութեան մեր մեծերը ներկայացնելու խնդիրն էր, որ պատուով նախաձեռնեց Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Դեռ տարեսկիզբին դեսպան Տիգրան Բալայեանը հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ մշակութային եւ կրթական հարցերու քննարկման ժամանակ խոստացաւ այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր կատարել:
Ինչպէս հիմա կը տեղեկանանք, Թումանեանի հեքիաթներու հոլանտերէն հրատարակութեան նախագիծը իրականացման փուլի մէջ է: Թարգմանութիւնը արդէն կատարուած է հոլանտացի հայագէտ Աննա Մարիա Մաթաարի կողմէ, գիրքը ներառուած է «Ռուպընշթայն» հրատարակութեան աշնանային հրատարակութիւններու ցանկին մէջ: Նախագիծին հովանաւորն է Ամսթերտամի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Ռոբերտ Զիկը: Թարգմանութիւնը իրականացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան օժանդակութեամբ:
Թումանեանի հեքիաթներու հոլանտերէն տարբերակը հասանելի կ՛ըլլայ Հոլանտայի գրախանութներու եւ գրադարաններու մէջ: Այսպիսով, Թումանեանի ստեղծագործութիւնները, ի թիւս այլ լեզուներու, շուտով լոյս կ՛ընծայուի նաեւ հոլանտերէն: