Այստե՞ղ Է Գրաւոր Սպաներէնի Ծննդավայրը
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աւելի քան 1000 տարի առաջ Սպանիոյ Լա Ռիոխա շրջանին մէջ վանականներ նոթեր արձանագրած են լատինական գրութիւններու լուսանցքներուն վրայ: Լեզուաբաններ կը հաւատան, որ ասոնք գրաւոր սպաներէնի ծնունդի առաջին քայլերն են: Սան Միլան տէ լա Քոկոլլա փոքր գիւղին մօտակայ բլուրին վրայ կը գտնուի Սուսօ վանքը: Ճգնաւոր Սուրբ Միլան վանականին կողմէ վեցերորդ դարուն հիմնադրուած վանքը կարծես թէ կը զգայ, որ...



















