Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքին Կառչած Աղքատները

Յուլիս 5, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդոց դիմագրաւած դժուարութիւնները  ընդհանրապէս արմատախիլ ընելու փոխարէն` ակներեւ է, որ մեծ պետութիւններ միշտ կ՛ուզեն հակամարտութիւններու տաք գօտիներ պահել եւ բազմացնել: Սակայն այդ վայրերուն մէջ բնակող մարդոցմէ ոմանք բոլոր ձեւերով կառչած են կեանքին: Փաքիստանի ամէնէն աղքատ նահանգը` Պալուճիստան, յաճախ կը յայտնուի լուրերու հաղորդումներուն մէջ, որովհետեւ այդ վայրին մէջ տեղի կ՛ունենան սպանութիւններ, անձնասպանական գործողութիւններ, անմեղներու առեւանգումներ: «Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակից Շումայլա Ժաֆերի այցելելով շրջան` գրած է պատմութիւնները վեց անձերու, որոնք կառչած են կեանքին:

Ն.

Պալուճիստանի Միւս Երեսը. Կեանքի
Վեց Պատմութիւններ` Հակամարտութեան Գօտիին Մէջ 
Պալուճիստանի մայրաքաղաք Քուեթայի մէջ մարդիկ կը փորձեն բնականոն ապրիլ` հակառակ վայրագութեան սպառնալիքին

Դրամատան տնօրէնի մը գաղտնի կեանքը

Եասիր գլխաւոր երգիչն է ընդյատակեայ ռոք խումբի մը` Մալհար: Ցերեկը դրամատան տնօրէն, բայց գիշերը` երգիչ, երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը քողարկելով, քանի որ ան կը բնակի պահպանողական իսլամական շրջանակի մը մէջ, ուր երգելը եւ պարելը բացարձակապէս արգիլուած են:

Եասիր եւ իր ընկերները գիշերները կը հաւաքուին տան մը ներքնայարկին մէջ եւ նախ ռոք կը նուագեն «քիչ մը տաքնալու համար», ապա Պոլիվուտի երգեր կ՛երգեն: Անոնց մեծ մասը ուսանողներ են, որոնք իրենց խնայած փոքր գումարով նուագարաններ եւ սարքեր գնած են:

«Դրամատան իմ յաճախորդներս պիտի չսիրեն ատիկա: Ես կը փորձեմ իմ ընկերային ցանցիս մէջ իմ երաժշտութեանս մասին չգրել` վախնալով, որ առեւտուրը կը կորսնցնեմ», կ՛ըսէ Եասիր:

Աթիֆ Ասլամի մէկ երգին եղանակը նուագելով` Եասիր կը խօսի երաժշտութեան հանդէպ իր սիրոյ մասին:

«Մեր հանրութիւնը խորապէս վիրաւորուած է վայրագութենէն: Երաժշտութիւնը նուագելու մեր նպատակը ժողովուրդին հաճելի ժամանց մը պարգեւելն է», կ՛ըսէ ան:

Մալհարի մէջ հանրային վայր մը չկայ, որպէսզի ելոյթ ունենան: Անցեալին անոնք հրաւիրուած են համալսարաններու կողմէ, բայց անոնց ելոյթներուն ընթացքին աջակողմեան խումբեր բուռն ցոյցեր ըրած են, եւ ամէն բան վերջ գտած է իրարանցումով:

«Մթնոլորտը յատկապէս երիտասարդներու համար լարուած է: Անոնք նոյնիսկ իրենց հագուստներուն ուշադիր պէտք է ըլլան», կ՛ըսէ Եասիր:

«Արեւմտեան» հագուստներ կրելը եւ երկար մօրուք չունենալը կրնան բարդութիւններ, նոյնիսկ խնդիրներ յառաջացնել:

Եասիր գիտէ, որ այստեղ երաժիշտներու համար կարելիութիւններ չկան, բայց իր երազը կ՛ապրի իր ներքնայարկի փորձերու սենեակին մէջ:

«Մենք պարզապէս կ՛ուզենք ժողովուրդը ուրախացնել, երջանկացնել»:

Կեանք եւ մահ իր ձեռքերուն մէջ

Տոքթ. Շելա Սամիր Կաքար առաջին բժիշկն է, որ շտապեց այն վայրը, ուր ահաբեկիչը անձնասպանական գործողութիւն մը իրականացուց Քուեթայի քաղաքացիական հիւանդանոցի մուտքին, օգոստոս 2016-ին:

Եօթանասուն անձեր, մեծամասնութիւնը` փաստաբաններ, այդ օր զոհուեցան:

«Արիւնի մեծ աւազան մը կար: Տասնեակներով մարդիկ սեւ վերարկուներով եւ սպիտակ շապիկներով յատակին պառկած էին»,  կը յիշէ Շելա:

Կիներու ծննդաբերութեան հարցերու բժշկուհին կ՛ըսէ, որ ինք չէր գիտեր` ինչ ընել: Ան այժմ կ՛աշխատի Քուեթայի առողջապահական կեդրոնին մէջ, սակայն յարձակումէն ետք տառապած է շարունակուող զգացական եւ մտային խանգարումներէ:

Տոքթ. Շելա կը հաւաստէ, որ իր կրօնական հաւատքը օգնած է իրեն` յաղթահարելու այս տագնապը:

«Մենք պէտք է ընկերութեան, հանրութեան մէջ ապրինք: Մենք կը գոյատեւենք ամէն օր յուսալով, որ այդ օրը բնականոն օր մը պիտի ըլլայ», կը հաստատէ ան:

Ան կ՛ըսէ, որ Փաքիստանի բոլոր մեծ քաղաքներն ալ, ոչ միայն Քուեթան, վայրագութեան փորձառութիւնը ունեցած են: «Երբ դուրսէն կը դիտէք, կը թուի, թէ մենք դժուար կեանք մը կ՛ապրինք: Բայց ես համաձայն չեմ: Զիս ամէնէն շատ մտահոգողը քաղաքին մէջ ցեղային մտածելակերպն է, կարգապահութեան չգոյութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Ըստ անոր, Պալուճիստանի մէջ կիներ անուս են եւ ազատ չեն:

«Ես ամբողջովին տեղեակ եմ ընտանիքի տղամարդոց կողմէ կիներու վրայ դրուած  սահմանափակումներուն, նոյնիսկ անոնց բուժման համար: Կիներ ամբողջական խօսք չունին», կը շեշտէ ան:

Բայց նոյնիսկ այս բոլոր սահմանափակումներով եւ բարդութիւններով Պալուճիստանի բազմաշերտ ցեղային կերտուածքն է, որ ամէնէն աւելի մարտահրաւէր է իրեն համար:

«Մենք Քուեթայի մէջ ունինք հազարա, պալոշ, փաշթուն, փունճապի, ուրտու, փաքիստանի եւ պարսկերէն խօսող համայնքներ: Բոլորն ալ տարբեր արժէքներ եւ աւանդութիւններ ունին, ուրեմն ես զիրենք բուժած ատենս պէտք է նկատի ունենամ իրենց մշակութային, քաղաքակրթական զգայնութիւնները», կ՛ըսէ ան:

Լրագրողը, որ կը դիմակայէ զինեալ յարձակում

Խալիլ Ահմետ նախագահն է Պալուճիստանի լրագրողներու ընկերակցութեան: Քուեթայի լրագրողական ակումբին մէջ իր գրասենեակը շրջափակուած է  փշաթելով եւ զինեալ պահակներ հսկողութիւն կը կատարեն:

Ան վտանգի ենթակայ է:

«Առեւանգումը աւանդութիւն չէ հոս: Դուն թիրախ կրնաս դառնալ, վրադ կը կրակեն, կը սպաննուիս եւ ընդմիշտ կը լռես», կը յայտնէ ան:

Երեսունութ լրագրողներ սպաննուած են Պալուճիստանի մէջ վերջին տասնամեակին:

Անոնք թիրախ դարձած են Թալեպան, Քայիտա եւ Պալոչ անջատողական եւ աղանդաւոր կազմակերպութիւններու կողմէ: Կան նաեւ պնդումներ, որ զինուորականները եւ պետական կառավարման մարմինները, առանց դատական հոլովոյթներու, լրագրողներ կը սպաննեն: Պաշտօնատարներ կը հերքեն ասիկա:

Այն պահուն, երբ Խալիլ բակին մէջն է, ուսանողները դուրսը ցոյց մը կազմակերպած են:

«Կարելի է միայն քանի մը սահմանափակ բառեր գործածել, կարելի չէ կարծիքներ, մտածումներ ազատօրէն արտայայտել», կ՛ըսէ ան:

Փաքիստանեան պետութեան ընդդիմացող պալոչ անջատողականներու տեսակէտին անդրադառնալը նոյնպէս կը դառնայ  փորձանք: Այսպիսի տեսակէտներ արտայայտելու պատճառով նահանգին մէջ տասնութ լրագրողներ, հակա-ահաբեկչական օրէնքներու հիմամբ, այժմ  դատավարութեան կ՛ենթարկուին:

Հակառակ կառավարութեան կողմէ կրկնուող խոստումներուն, այս դատերը տակաւին չեն փակուած:

«Անջատողականները եւ զինեալ խումբերը մեզի կ՛ըսեն, որ իրենք մեր երեխաներուն բոլոր տեղեկութիւնները ունին եւ կրնան անոնց վնաս պատճառել որեւէ ատեն», կ՛ըսէ Խալիլ:

Ան տասնութ տարիէ լրագրող է եւ կը մերժէ տեղի տալ, հրաժարիլ:

«Ատիկա մեր աշխատանքը, ասպարէզն է: Մեր ճակատագիրն է գիշեր մը գերեզմանի մէջ ըլլալ, ասիկա կարելի չէ փոխել, ուրեմն ինչո՞ւ  ատոր համար մտահոգուիլ», կը հաստատէ ան:

Մահուան շուքին տակ

Նասիմ Ճաւետ պարտադրուած է ապրիլ կեթոյի մը մէջ: Իբրեւ հազարա ցեղախումբին պատկանող եւ շիի` ան փոքրամասնութեան մէջ է: Հարիւրաւոր մարդիկ վերջին տասնամեակին իրենց կեանքերը կորսնցուցած են` թիրախ դառնալով սպանութիւններու եւ անձնասպանական գործողութիւններու:

Անոնք ապաստանած են Քուեթայի մօտ Մարիապատ բնակեցման վայրին մէջ, որ միայն մէկ մուտք ունի եւ ապահովական ուժերու հսկողութեան տակ կը գտնուի: Բայց նոյնիսկ ասիկա չէ կրցած դադրեցնել հազարայի արիւնահոսութիւնը:

«Շարժապատկերի սրահներ քանդուած են, շուկաներ փակուած են, արուեստի եւ թատերական սրահներ` աւերակ: Դժուար է նոյնիսկ շնչել այս մթնոլորտին մէջ», կ՛ըսէ Ճաւետ:

Մարդիկ երեկոյեան կը հաւաքուին բլուրի մը գագաթին վրայ գտնուող Քապրիստան Շուհտա, կամ «նահատակներու գերեզմանատան» մօտ: Անոնք կը խաղան աւանդական խաղ մը, որ կը կոչուի «սանկ կիրակ», կամ` քար նետել:

Մինչ ոմանք կը խաղան, ուրիշներ կը նստին արեւամուտին եւ կ՛ունկնդրեն պարսկերէն գրուած կրօնական բանաստեղծութեան մը արտասանութիւնը:

Նասիմ Ճաւետ տակաւին երիտասարդ է հաւաքին համար, սակայն ներկայ կ՛ըլլայ:

Մարդիկ կը հաւաքուին պարսկերէն բանաստեղծութիւն արտասանելու համար եւ կը ծծեն երեկոյեան արեւը

«Մենք կ՛ապրինք մահուան շուքին տակ», կ՛ըսէ ան:

«Անոնք, որոնք կրնային լքել երկիրը, արդէն արտագաղթած են: Երիտասարդները կը խորհին, որ ապագան մշուշոտ է: Անոնք միայն մէկ երազ ունին. այս վայրէն փախչիլ», կ՛ըսէ ան:

Ըստ Նասիմի, երբ կռիւներու, վայրագութիւններու դադար եղած է, իրենց յոյսերը մնայուն բարձրացած են, բայց ապա` կործանած:

«Մարդիկ կը խորհին, որ իրենք կրնան բնականոն կեանք մը վարել, բայց այլ թիրախաւորուած սպանութեամբ մը անոնք կը վերադառնան ամբողջական յուսալքումի», կը նշէ Նասիմ` աւելցնելով, որ իրենք կրնան միայն աղօթել, որ հարցերը բարելաւուին:

Ուսանող մը, որ կը յուսայ…

Քսաներեքամեայ Սեհնիրա Մանզուր, որ լրագրութիւն կ՛ուսանի, անկեղծ, համարձակ եւ ինքնավստահ է: Ան վատնելու  ժամանակ չունի:

Մանզուր կը հաւատայ, որ աշխարհը իր ոստրէն կ՛ըլլայ եւ ծանր կ՛աշխատի

«Իրավիճակը սկսած է բարելաւուիլ: Եթէ ես հոս կը նստիմ, իմ բազմաթիւ բարեկամներս եւ ընկերներս համալսարան կը մտնեն եւ աշխատանք կ՛ունենան, ատիկա ցոյց կու տայ, որ փոփոխութիւնը սկսած է», հաւաստեց ան:

Անշուշտ, Սեհնիլա, որ կ՛ուսանի Պալուճիստանի համալսարանին մէջ, գիտակից է վտանգներուն, բայց կը հաստատէ, որ ատոնք չեն կրնար զինք շեղել իր ուղիէն:

«Երբ կրկին ու կրկին բան մը կը պատահի, մարդիկ կը վարժուին ատոր հետ ապրիլ», կ՛ըսէ ան:

Բայց հաւատալը անպատեհութիւն կը յառաջացնէ իր ասպարէզին մէջ, կը խոստովանի Սեհնիլա:

«Երբ մենք մեզ կը համեմատենք այլ նահանգներու ուսանողներու հետ, անոնք այնպիսի մակարդակի մը վրայ են, ուր շատ դժուար է անոնց հետ մրցիլ աշխատանքի կարելիութիւններու համար», կ՛ըսէ ան:

Սեհնիլա կը հաւատայ, որ պահպանողական ցեղախումբային մտայնութիւնը աւելի մեծ արգելք մըն է կիներու զարգացման: Բայց ան տակաւին յոյս ունի հակառակ այն փաստին, որ երիտասարդներ կը լքեն Պալուճիստանը, քանի որ անոնք կը կարծեն, թէ իրենց տաղանդը պիտի մսխուի:

«Չինաստան-Փաքիստան» տնտեսական միջանցքը հոս է, առեւտուրը սկսած է բարգաւաճիլ, բազմաթիւ շինարարութիւններ կ՛ընթանան, եւ կրթական նոր համակարգ մը մշակուած է»:

Սեհնիլա կը յուսայ օգտուիլ ատկէ եւ օգնել ուրիշներուն` մնալ եւ վերակառուցել, փոխանակ  հեռանալու:

Հնակարկատը, որ կրնայ հեռանալ

Ասմաթուլլա Խան Քուեթայի հին քաղաքին մէջ խանութ մը ունի: Իր ընտանիքը այդ խանութին սեփականատէրն է 1982 թուականէն, եւ ինք խանութը ստանձնած է հօրը մահէն ետք:

Ամէն բան տեղին է Ասմաթուլլայի խանութին մէջ, բայց յաճախորդները` սակաւաթիւ

«Յաճախորդները հազուադէպ են եւ առեւտուրը` վատ: Խանութպանները եւ յաճախորդները անվախ էին աշխարհի մէջ», կ՛ըսէ ան` փայլեցնելով կնոջ մը կօշիկը:

Հաշմի շուկան, նախասիրուած գնումի կեդրոնն էր Փունճապ եւ Սինտի նահանգներէն եկող զբօսաշրջիկներուն, ինչպէս նաեւ  Խըւեթայի մէջ տեղակայուած զինուորականներու եւ պաշտօնատարներու ընտանիքներուն:

Բայց վերջին տասնամեակին վայրագութիւններու աճին պատճառով, զբօսաշրջիկներուն թիւը կտրուկ նուազեցաւ եւ զինուորականներու ընտանիքները մնացին զօրանոցներուն մէջ:

«Մենք օրական 780 տոլար կը շահէինք, բայց այսօր` միայն 7 տոլար»:

Զբօսաշրջիկներ կը վախնան Քուեթա այցելել

Ասմաթուլլա կ՛ըսէ, որ այժմ աւելի նուազ են յարձակումները, բայց մարդոց վստահութիւնը անհետացած է:

«Ամէն առտու, երբ ես դուրս կու գամ տունէս, մայրս Քուրանէն հատուածներ կ՛արտասանէ, որպէսզի անվտանգ վերադառնամ»:

Եւ ապագան տժգոյն է:

«Ես նոյնիսկ չեմ կրնար գոհացնել իմ երեխաներուս տարրական պահանջները», կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ. «Կեանքի որակը դաժանօրէն կործանած է: Եթէ բարելաւում չըլլայ, ես պիտի լքեմ եւ Տուպայ երթամ, որովհետեւ այլընտրանք չունիմ»:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1969)

Յաջորդը

Նախարար Ապու Ֆաուր Այցելեց «ten-ten» Հաստատութիւն, Որ 53 Տարիէ Մանուկներու Որակաւոր, Գեղեցիկ Եւ Մատչելի Կօշիկներու Արտադրութեան Լծուած Է

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?