Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Եկեղեցիներու Պղծումը Կը Շարունակուի

Յուլիս 15, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Արդուինի Աւելի Քան 1100-ամեայ Հայկական Եկեղեցւոյ Կողքին Արտաքնոցի Շինարարութիւն` Գիւղապետի Նախաձեռնութեամբ

Լրագրող եւ գրող Օրհան Եաւուզ «ardvinden.com» կայքին ընդմէջէն կ՛ահազանգէ Արդուինի հայկական եկեղեցւոյ պղծումին մասին. այս մասին կը տեղեկացնէ «ermenihaber.am»-ը:

Օ. Եաւուզ կը գրէ. «2019-ի մայիս 12-ին ընկեր մը ինծի կապուեցաւ ու տեղեկացուց, որ Արդուինի կեդրոնական Համամլը (Դոլիսխան) գիւղին մէջ գտնուող 9-րդ դարու եկեղեցւոյ շէնքի հարեւանութեամբ հանրային արտաքնոցի շինարարութիւն կը նախապատրաստուի:

Ան խնդրեց, որ հետաքրքրուինք, թէ ճի՞շդ են արդեօք այդ լուրերը: Ան ուղարկեց նաեւ իր ստացած լուսանկարները, ուր կ՛երեւին հետեւեալները.  շինարարութեան նպատակով եկեղեցւոյ ներքեւ 20-30 պարկ թրծաշաղախ, երկու հատ զուգարանակոնք, եկեղեցւոյ մուտքի դրան ձախ կողմը` քանդուած սալայատակ, ինչպէս նաեւ կոյուղիի համար` երկու հատ խողովակ»:

Ան սկիզբը չէ հաւատացած, որ եկեղեցւոյ տարածքին արտաքնոց կառուցելու նախաձեռնութիւնը կրնայ իրականութեան համապատասխանել: Ան կարծած է, որ լուրերը չափազանցուած են, իսկ եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերուած շինանիւթերը, ենթադրած է, այլ վայրի մէջ օգտագործուելու համար են: Ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանալու նպատակով Եաւուզը կը հեռաձայնէ Արդուինի իր ընկերներուն եւ կը խնդրէ ստուգել այդ լուրերը` կարծելով, որ այդ լուրերը կրնան տարբեր միջկրօնական գժտութիւն հրահրելու նպատակով տարածուած ըլլալ:

«Բայց, ցաւօք, տարածքի կատարուած ուսումնասիրութիւնները հերքեցին իմ բոլոր լաւատեսական ենթադրութիւններս: Ստացուած տեղեկութեան համաձայն, Համամլը գիւղի գիւղապետը որոշած է եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ արտաքնոց կառուցել, այդ նպատակով, ինչպէս կ՛երեւի լուսանկարներուն մէջ, եկեղեցւոյ մուտքի ձախ կողմը` յատակին աղիւսներ շարել տուած է: Գիւղապետը հրաժարած է հանդիպիլ գիւղ եկած զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նահանգային վարչութեան տնօրէնին եւ ոստիկանին հետ», կը գրէ Եաւուզ:

Դար մը անց, տակաւին թուրքը կը շարունակէ իր զազրաբարոյ արարքները: Ահա, մեր դարաւոր եկեղեցւոյ դրան կողքին, վարդերու ու ծառերու փոխարէն` գիւղապետը բաղնիք մը կը «ցանէ»: Այս արարքը ո՛չ միայն անընդունելի է, այլ` աններելի ու անհանդուրժելի: Անոնց երեւակայութիւնը` պղծումի, բարբարոսութեան ու տմարդի արարքներու, անսանձ է: Անոնք մի՛շտ նոր գաղափարներ ունին` պղծելու մեր հայրենիքն ու սուրբ կառոյցները:

Մեր եկեղեցիները ախոռներու վերածելով ու անասուններու կղկղանքներով պղծելով չբաւարարուեցա՛ն. ահա անոնք իրե՛նց իսկ աղտով կու գան պղծելու մեր սուրբ տարածքները:

Նշուած եկեղեցին մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս  յատուկ պահպանման ենթակայ մշակութային արժէք: Արժէ՞ք. դարաւոր դասընթացքներ պէտք է ստանան, եթէ ըմբռնեն իմաստը. արժէքը հիւսի՛ս, իրենք հարա՜ւ… Արդեօք ծրագիրներ ունի՞ն նաեւ հնադարեան տաճկական մզկիթներու մուտքերուն ալ արտաքնոցներ կառուցելու: Խիղճ ու ամօ՞թ. հազարաւոր տարիներ առաջ ջնջած են այդ բառերը իրենց բառարանէն… Պատմութի՛ւնը վկայ:

Գանձագողերն Այլեւս Չփորուած Տեղ Չեն Ձգած Կարինի Հայկական Սուրբ Մինաս Եկեղեցւոյ Մէջ. Թրքական Իշխանութիւնները Կը Փորձեն Մեղքը Բարդել Հայերու Վրայ

Կարինի մէջ (թրքական անուանումը` Էրզրում) 1790-ականներէն մեր օրերը հասած հայկական պատմական Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ մէջ գանձագողերն այլեւս չփորուած տեղ չեն ձգած, իսկ եկեղեցւոյ մօտակայքը անօրինական շինարարութիւն  կը կատարուի: Այդ մասին, ըստ «Ակունք» կայքէջին, կը հաղորդէ թրքական ‹‹Իհլաս›› լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն, Էրզրում նահանգի Ազիզիյէ գաւառին մէջ 1790-ին հայերու կողմէ կառուցուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ գանձ որոնողները անօրինական կերպով փոսեր բացած են հայերու ոսկիները գտնելու համար: Թրքական աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Ազիզիէի գաւառապետարանը դիմած է գերմանաբնակ հայ Սապրի Էրկինին, որուն կը պատկանի այդ եկեղեցին, սակայն վերջինս համաձայնութիւն չէ տուած զայն վերականգնելու վերաբերեալ. ըստ աղբիւրին, տեղւոյն «փափկանկատ, հնութիւններ գնահատող ու մշակոյթի հանդէպ յատուկ սէ՜ր ունեցող» բնակիչները կը պահանջեն վերանորոգել եկեղեցին ու մաքրել անոր շրջակայքը:

Հարցը այնպէս մը կ՛արդարացուի, կարծէք, որովհետեւ հայը մերժած է վերանորոգել եկեղեցին, այդ վայրը դարձած է աւազակներու ապաստարան:

Տարօրինակ դէպք` «եկեղեցւոյ գանձագողը» մտահոգ է եկեղեցւոյ վիճակով:

Կը Թալանուին Խարբերդի 600-ամեայ Պատմական Կառոյցները. Անոնք Վերջնականապէս Անհետացման Եզրին Են

Խարբերդի Ալաճաքայա գաւառին ենթակայ Բաղին շրջանին մէջ գտնուող հայկական պատմական շինութիւնները կ՛ենթարկուին գանձագողերու աւերածութիւններուն: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին համաձայն, Ալաճաքայա գաւառէն 21 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մօտ 600-ամեայ պատմական բնակավայրը ամբողջութեամբ վերանալու վտանգի տակ է: Այդ շրջանին մէջ, ուր ենթադրաբար գտնուած են 2 հայկական եւ 1 մահմետական թաղամասեր, բացի բնակատեղերէն, կան նաեւ եկեղեցի, ջրաղաց եւ գերեզմաններ:

Ժայռոտ եւ ընդարձակ տարածքին վրայ կառուցուած այդ պատմական բնակավայրի կառոյցները բաւականին ուշագրաւ են եւ պահպանած են իրենց պատմական առանձնայատկութիւնները մինչ օրս:

Թրքական աղբիւրի մը համաձայն, տակաւին որեւէ գիտական ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած այդ տարածքին: Դարեր շարունակ բազմաթիւ բնական աղէտներ դիմակայած սոյն պատմական կառոյցները վերջին շրջանին սկսած են աւերուիլ գանձ որոնողներուն կողմէ, որոնք պատմութիւնը ոչնչացնելէ բացի, 600-ամեայ հայկական գերեզմանները բանալով` կը փորձեն գտնել ոսկիի նման արժէքաւոր մետաղներ:

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ բացուած գերեզմանները չեն փակուիր եւ այդպէս բաց կը մնան: Ըստ անոնց,  շրջակայ գիւղերու բնակիչները կը խնդրեն այդ պատմական շինութիւնները որքան կարելի է արագ պահպանման տակ առնել ու զանոնք վերականգնելով` փոխանցել հետագայ սերունդներուն: Սակայն փոխանցել որպէս ի՞նչ, թրքական հօրենական ժառանգութի՞ւն:

Ամփոփում. գողնալ, քանդել, այլափոխել, քիչ մը դերասանութիւն` մտահոգութիւն յայտնել, վերականգնել, թրքացնել եւ հպարտութեամբ, իբրեւ թրքական ժառանգ` փոխանցել:

Կեսարիոյ Սուրբ Պօղոս-Պետրոս Եկեղեցին Փլուզման Վտանգի Ենթակայ Է

Թուրքիոյ Կեսարիոյ նահանգի Տոմարածին (Թոմարզա) շրջանի հայկական Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է: Եկեղեցւոյ տանիքի քարէ սալիկները ճաթած ու կոտրուած են, իսկ պատերու ստորին հատուածներու ծեփերը` թափած:

Թոմարզայի մշակութային միութեան նախկին ղեկավար Հասան Կիւրպիւզը յայտնած է, որ եկեղեցին փլուզման վտանգի ենթակայ է:

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին կառուցուած է 1837 թուականին, տեղական քանդակագործական յատուկ արուեստով եւ աղիւսներով: 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք եկեղեցին օգտագործուած է որպէս պահեստարան եւ  շարժապատկերի սրահ, իսկ հետագային լքուած է: Անտարբերութեան մատնուած եկեղեցւոյ  քիւերը նոյնպէս կոտրուած են: Տանիքը խոտով ծածկուած է:

Նշուած է, որ Կեսարիոյ յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ, մշակոյթի եւ բնութեան ժառանգութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովին որոշումով զեկոյց պատրաստուած է, ուր ներկայացուած է եկեղեցւոյ վերականգնման ծրագիրը: Բայց պատմական եկեղեցին չէ վերանորոգուած:

Հողերու հայկականութիւնը փաստող յուշարձաններու անհետացման քաղաքականութիւնը այսպէ՛ս կը վարեն… ամենայն պաղարիւնութեամբ:

Ո՞ւր է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն… ո՞ւր են մշակութասէր եւրոպացիները… Արդեօ՞ք կ՛առաջարկեն, որ թրքական Սահմանադրական դատարանին դիմենք, ուր վստահաբար անսահման սիրով` կարմիր գորգով պիտի դիմաւորեն մեզ:

Հայոց մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Հայկական կառոյցները կը շարունակուին այլափոխուիլ, թրքացուիլ, թալանուիլ ու քանդուիլ: Գանձագողեր նոյնիսկ հայկական գերեզմանատուներու դամբարաններ կը բանան գանձ գտնելու նպատակով` խանգարելով առյաւէտ ննջածներու անդորրութիւնը: Ցայսօր ոչի՛նչ փոխուած է… Յանցագործը ազատ է, յանցագործութիւնները` անթիւ ու անհամար:

Ժամանակին յօշոտեցին ողջերը, այսօր կը յօշոտեն անոնց քարերը:

Տակաւին ի՞նչ պիտի տեսնենք…

——————

Օգտագործուած աղբիւրներ`

https://www.aravot.am/2019/07/09/1054804/

https://168.am/2019/05/16/1122855.html

http://akunq.net/am/?p=67238&fbclid=IwAR1l9-8VwT_2smb1akwvt6fpe0gYU-fnY5iWzdJkPyvFkhjsA-Mi-L5Eq8U

https://www.aravot.am/2019/07/04/1054007/

 

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ի՞նչ Կը Մտածեն Երեւանի Թաքսիի Վարորդները

Յաջորդը

Վերին Եփրատի Աւազանի Հայկական Գիւղերը Շարունակում Են Արտասուել

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?