«Ազդակ»` Իննսուամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Հայաստան` Գերիշխան Հանրապետութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բացայայտումը Հայրենիքի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային ուժերը 1990-ին գարնան խստացուցած էին արցախցիներու դէմ իրենց «պատժամիջոցները»: Շրջանէ շրջան երթեւեկը չափազանց սահմանափակուած էր, իսկ կրակմարի ժամերը երկարած էին: Կրճատուած էին նաեւ համագործակցականներու եւ ճաշարաններու աշխատանքի ժամերը: Արցախ իրարմէ մեկուսացած քանի մը գօտիներու բաժնուած էր: Հայ զինեալները կը յաջողէին մէկ գօտիէն միւսը անցնիլ, սակայն ժողովուրդը չէր կրնար մէկ շրջանէն միւսը անցնիլ: Ամբողջութեամբ մեկուսացած Արցախի մէջ հայկական...
















