Մշակութային եւ Այլազան

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Թաէֆի Համաձայնութիւնը Եւ «Ջնջումի Պատերազմ»-ը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թաէֆի Համաձայնութիւնը Եւ «Ջնջումի Պատերազմ»-ը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արաբական լիկային կողմէ 1989-ի յունուարին Սէուտական Արաբիոյ, Ալճերիոյ եւ Մարոքի ներկայացուցիչներէն բաղկացած եռանդամ յանձնախումբ մը կազմուած էր, որ լիբանանեան տագնապի լուծման համար Քուէյթի մէջ լիբանանեան կողմերու միջեւ բանակցութիւններու ձեռնարկած էր: Բանակցութիւնները յանգեցան Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ կայացած խորհրդակցութիւններուն: Թաէֆի ժողովը բացուեցաւ 30 սեպտեմբեր 1989, լիբանանցի 62 երեսփոխաններու ներկայութեամբ, նախագահութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի եւ ներկայութեամբ եռանդամ յանձնախումբի...

«Օսքար» Մրցանակը Մերժե՞լ… Ընդունի՞լ

«Օսքար» Մրցանակը Մերժե՞լ… Ընդունի՞լ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արեւմտեան, մանաւանդ հոլիվուտեան մակերեսային բարքերէն հանդիսացող «Օսքար»-ներու մրցանակաբաշխութեան եւ հանդիսութեան կազմակերպիչները անշուշտ կը հետապնդեն նպատակներ, որոնցմէ տեսանելիները սպառողական շուկային մէջ քարոզչութիւնն ու...  դրամն են: Այս պայմաններուն մէջ, անշուշտ, մրցանակները շահողները անպայման ամէնէն որակաւորները կրնան չըլլալ, իսկ անուրանալի արժէքը, որակը, արդէն մրցանակէն եւ քարոզչութենէն կը խրտչի: Եթէ այս  համակարգը իր «պաշտպան հրեշտակները» ունի, անխուսափելիօրէն կան նաեւ «մերժող սատանաները»......

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. «Ազատագրութեան Պատերազմ»-ը Եւ Լիբանանի Ու Հայութեան Կրած Ծանր Կորուստները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տորայի վառելանիւթի ընդունարանին պայթումը 30 մարտ 1989-ին «Ազդակ»-ի շէնքը հարուածող բեկորը Պէյրութի արեւելեան շրջաններուն մէջ, բանակին եւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն միջեւ 1989 փետրուարի կռիւներէն ետք, զօրավար Միշէլ Աուն 1989 մարտի 14-ին  «բաց պատերազմ» յայտարարեց Սուրիոյ դէմ: Այսպիսով, Լիբանան դարձեալ ինկաւ ամբողջական տարողութեամբ պատերազմի ոլորապտոյտին մէջ: Արդարեւ, երեքշաբթի, 14 մարտ 1989-ի արեւածագին օդակայանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջաններուն մէջ ինկան քանի...

Ծնողներուն Կոչ Եղած Է Պոյքոթի Ենթարկելու «Վիթեք» Խաղալիքները

Ծնողներուն Կոչ Եղած Է Պոյքոթի Ենթարկելու «Վիթեք» Խաղալիքները

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Կասկած չկայ, որ առաջին մարդն իսկ իր նորածինը զբաղեցնելիք առարկայ մը փորձած է ստեղծել, մանուկին համար խաղալիք մը հնարել, բնազդաբար զգալով, որ երեխաներուն համար կենսական է խաղալը:Յաճախ նշմարած էք, որ նուէրը երբ տրուած է մանուկին, ան սկիզբը աւելի ժամանակ յատկացուցած է տուփին եւ ժապաւէնին, քան` մէջի խաղալիքին: Դարերու ընթացքին անշուշտ  խաղալիքները իրենց ձեւը, բնոյթն ու բովանդակութիւնը փոխեցին`...

«Վրիպակ 53»-ի Դէմ Զայրոյթը Կ՛աճի, Երբ Apple-ի Ծրագիրի Թարմացումը Կը Սպառնայ Սպաննել  Iphone 6-ը»

«Վրիպակ 53»-ի Դէմ Զայրոյթը Կ՛աճի, Երբ Apple-ի Ծրագիրի Թարմացումը Կը Սպառնայ Սպաննել Iphone 6-ը»

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Կարտիըն» թերթի յօդուածագիր Մայլզ Պրիկնալ անդրադարձած է  բջիջային նորագոյն սարքի թերութեան: «Վրիպակ 53»-ի զայրոյթը կ՛աճի, երբ Apple-ի համակարգչային ծրագիրի(software) թարմացումը կը սպառնայ սպաննել քու iPhone 6-դ: Ձեր բջիջային հեռաձայնը անարժէք կը դառնայ, եթէ ատիկա երրորդ կողմ մը նորոգէ: Բայց ո՛չ զգուշացում կայ, ո՛չ ալ նորոգութիւն: Apple-ի առաջին iPhone 6-ը գնող յաճախորդը երջանիկ էր... բայց ատկէ ի վեր...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Արեւմտեան Պէյրութի Կռիւները  «Բանակ-«Լիբանանեան Ուժեր» Հակամարտութիւնը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւմտեան Պէյրութի Կռիւները «Բանակ-«Լիբանանեան Ուժեր» Հակամարտութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ կռիւները անպակաս էին հակամարտ խմբակցութիւններուն միջեւ: 1985 ապրիլին Ամալ, ընկերվարական յառաջդիմականները եւ համայնավարները միանալով յարձակման անցան մուրապիթուններուն դէմ եւ յաջողեցան հաշուեյարդարի ենթարկել անոնց կռուող ուժերը: Այնուհետեւ սկսաւ գաղթակայաններու պատերազմը` Ամալի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ: Ամալի միացաւ նաեւ մեծամասնութեամբ շիիներէ բաղկացած լիբանանեան բանակի վեցերորդ զօրագունդը, որ կը գտնուէր զօրավար Ապտէլ Հալիմ Քանժի հրամանատարութեան տակ: Կռիւները մերթ սաստկացան,...

Քողարկուող Բռնաբարումներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ներգաղթեալներու թղթածրարի այլ էջի մը անդրադարձած է Իվար Արփի: Անոր յօդուածին խորագիրն է. «Միայն Գերմանիա չէ, որ կը քողարկէ  ներգաղթած այրերու զանգուածային սեռային յարձակումները... Շուէտի ցուցանիշը ամօթալի է»: Իվար Արփի կը գրէ, որ Սթոքհոլմի ոստիկանութիւնը զգուշացուցած է չնկարագրելու յանցագործները, որպէսզի  իրենք չամբաստանուին խտրականութեամբ: Օրեր տեւեց, մինչեւ որ ոստիկանութիւնը ընդունեց Ամանորի գիշերը Քէօլնի մէջ նշող կիներու վրայ կատարուած...

Կեղծ Ներգաղթեալներ…

Կեղծ Ներգաղթեալներ…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հետզհետէ առաւել սուր բնոյթ ստացող ներգաղթեալներու հրատապ թղթածրարը ժամանակի թաւալումին եւ աշխարհագրական ընդարձակման հետ կը դրսեւորէ բոլորովին նոր երեսներ, որոնք անակնկալի կը մատնեն «գիտուն» Արեւմուտքը: Աշխարհի ներկայի բազմաթիւ խնդիրներն ու հակամարտութիւնները լուծելու անատակ, այսպէս կոչուած, մեծ պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն համար ներգաղթեալներու տագնապի նոր դրսեւորումները կը բարդացնեն արդէն իսկ անելի մատնուած իրավիճակը: Ստեղծուած նոր կացութիւնը աւելի...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Հակահայ Իրերայաջորդ Արարքներ Եւ Սպանութիւններ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Իրերայաջորդ Արարքներ Եւ Սպանութիւններ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լեւոն Պէրպէրեան Յակոբ Պարսումեան Ներսէս Խիւտավերտեան Վարդգէս Տէր Կարապետեան Հայանուն վարձկան տարրեր ուրբաթ, 31 յունուար 1986-ի երեկոյեան Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ, Ալեք Մանուկեան ակումբին առջեւ փորձեցին առեւանգել Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Լեւոն Պէրպէրեանը, Ներսէս Խիւտավերտեանը եւ Յակոբ Պարսումեանը, որոնք Արա Երեւանեան ակումբէն իրենց տուները կ՛ուղղուէին քալելով: Զինեալները փորձեցին ինքնաշարժով մը առեւանգել զանոնք, որոնք սակայն դիմադրեցին առեւանգման փորձին, որուն վրայ...

Էրտողան` Կեանք Փրկող Նախագա՞հ

Էրտողան` Կեանք Փրկող Նախագա՞հ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Քարոզչութիւնը, ծանուցումը նոր երեւոյթ չէ: Պատմութեան ընթացքին ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ գործարարական շրջանակներ տարբեր դրսեւորումներով, երանգներով եւ խորութեամբ դիմած են քարոզչութեան: Ինքնաշարժի «Ֆորտ» ընկերութեան հիմնադիր Հենրի Ֆորտին (1863-1947) կը հարցնեն, թէ ի՞նչ կ՛ընէ, եթէ իր ամբողջ հարստութիւնը չքանայ եւ միայն 100 տոլար մնայ, Ֆորտ կը պատասխանէ. «90 տոլար ծանուցումի կը յատկացնեմ, 10 տոլարով գործ կը դարձնեմ»: Աշխարհի բոլոր...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Արագածի Կռիւները Եւ Յարութիւն Թէնքէրեանի Նահատակութիւնը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արագածի Կռիւները Եւ Յարութիւն Թէնքէրեանի Նահատակութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Պէյրութի «Դրօշակներու Պատերազմ»-ը Արագածի շրջանին մէջ շաբաթ, 24 օգոստոս 1985-ին միջադէպ մը պատահեցաւ հայ տղոց եւ տամուրցիներուն միջեւ: Միջադէպը սուր ծաւալ ստացաւ եւ վերածուեցաւ զինեալ բախումի: Արդարեւ, տամուրցի զինեալ մը հայերու նկատմամբ անպարկեշտ եւ վիրաւորական արտայայտութիւն կատարելէ ետք, զէնքը հայ տղոց վրայ ուղղեց, բայց հայ տղոցմէ մէկը աւելի արագ շարժելով կրակեց անոր ոտքերուն առջեւ: Այսպիսով կռիւը սաստկացաւ:...

Համաշխարհային Շարժապատկերի Աստղեր Հայերու Դերով

Համաշխարհային Շարժապատկերի Աստղեր Հայերու Դերով

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պարզ է, որ տեղեկատուական եւ քարոզչութեան մարզերուն մէջ շարժապատկերը շատ կարեւոր գործօն է, մանաւանդ երբ արուեստի մակարդակով եւ արժէքներով կը պատրաստուի: Հայաստան եւ ընդհանրապէս հայութիւնը շարժապատկերը իբրեւ այդպիսին տակաւին առաւելագոյնս չենք կրցած օգտագործել` հակառակ այդ մարզին մէջ մեր ունեցած հսկայական ներուժին: Ուրախալի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հպարտալի է, երբ օտար շարժապատկերներու մէջ համաշխարհային դերասաններ, աստղեր հայ տիպարներ...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Հակահայ Ոճրային Արարքներ Եւ Առեւանգումներ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Ոճրային Արարքներ Եւ Առեւանգումներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լեռնալիբանանի կռիւներէն եւ «Լիբանանեան ուժերուն Շուֆէն հեռացումէն ետք, արեւելեան շրջաններու ռմբակոծումը եւ փոխադարձաբար արեւելեան շրջաններէն դէպի Շուֆ եւ Ալէյ ռմբակոծումները կը շարունակուէին: Արեւմտեան Պէյրութ կը մնար բանակի հակակշիռին տակ եւ յարաբերաբար հանդարտ: Արեւմտեան Պէյրութի մէջ 6 փետրուար 1984-ին ծայր առած կռիւները նոր իրողական վիճակ մը ստեղծեցին: Զինեալ տարրեր կրկին հրապարակ իջնելով պատանդ պահեցին բանակային ուժերը: Հանրի Շեհապ զօրանոցին...

«Աղջիկները Եւ Տղաքը Պէտք Է Առաջնորդուին Մալալա Եուսաֆզայի Պայքարով Եւ Յանձնառութեամբ»

«Աղջիկները Եւ Տղաքը Պէտք Է Առաջնորդուին Մալալա Եուսաֆզայի Պայքարով Եւ Յանձնառութեամբ»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Եթէ ես շահիմ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, ատիկա շատ մեծ կարելիութիւն պիտի ըլլայ ինծի համար, բայց եթէ չստանամ այդ մրցանակը, կարեւոր չէ, որովհետեւ իմ նպատակս Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ ստանալը չէ, իմ նպատակս է խաղաղութիւն ունենալ, իմ նպատակս է   իւրաքանչիւր երեխայի կրթութիւնը տեսնել»: ՄԱԼԱԼԱ ԵՈՒՍԱՖԶԱՅ Մալալա Արեւմտեան աշխարհին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մեծ մասին մէջ ուսում ստանալու աղջիկներու...

Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը

Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Կարին (Կարինի Օրիորդաց վարժարան) 19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար: Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ ալ զրկուած էին: Հայ կնոջ ընկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարած առաջին գրագիտուհին եղած է Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901): Ան կը շեշտէր, որ կիները այրերու հաւասար կրթութիւն պէտք է ստանան:...

Սուրիոյ Մալալան

Սուրիոյ Մալալան

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մուզուն Մալալա Եուսաֆզա երբ երկու տարի առաջ ճամբորդեց Յորդանանի հետ Սուրիոյ սահման` հանդիպելու համար պատերազմէն փախչող գաղթականներու, ան լսեց աղջկան մը մասին, որուն  մարդիկ կ՛անուանեն` «Սուրիոյ Մալալան»: Պարմանուհի Մուզուն Ալմելլեհա գաղթակայանին մէջ վրանէ-վրան կը շրջագայէր` յորդորելով ջղագրգիռ ծնողները` իրենց դուստրերը դպրոց ղրկել, ամուսնացնելու փոխարէն: Գաղթակայանին մէջ, երբ Մալալա կը զրուցէր խումբ մը աղջիկներու հետ, անոր մօտեցաւ պարմանուհի...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Լեռնալիբանանի Կռիւները Եւ Քրիստոնեաներու Գաղթը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Լեռնալիբանանի Կռիւները Եւ Քրիստոնեաներու Գաղթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լեռնալիբանանի մէջ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն եւ ընկերվարական յառաջդիմական միլիսներուն միջեւ կռիւներու սաստկացումէն ետք, 1983-ին, Պէյրութի արեւելեան գօտին եւ արուարձանները յաճախակի ռմբակոծումներու թիրախ դարձան: Իսկ բանակի հակակշիռին տակ գտնուող արեւմտեան Պէյրութ ընդհանուր առմամբ խաղաղ կը մնար: Պհամտունէն «Լիբանանեան ուժեր»-ու հեռացումը Արեւմտեան Պէյրութի մէջ կեդրոնացած Ամալի, մուրապիթուններու եւ ընկերվարական  յառաջդիմական զինեալները 1983-ի օգոստոսի 29-ին յարձակումներ կազմակերպեցին բանակային դիրքերու եւ կեդրոններու դէմ:...

Եզրաբանութիւն Եւ… Ահաբեկչութիւն

Եզրաբանութիւն Եւ… Ահաբեկչութիւն

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արեւմտեան մամուլը եւ ընդհանրապէս լրատու միջոցները դժբախտաբար միշտ չէ, որ իսկապէս առարկայական եւ խորքային մօտեցում ցուցաբերած են մանաւանդ Միջին Արեւելքի տագնապներուն մասին իրենց հաղորդումներուն ընթացքին: Մեծ պետութիւններու շահերը յաճախ աւելի կարեւոր դասուած են, քան`  ժողովուրդներու տառապանքը: Լրագրողներ, մեկնաբաններ, հաղորդավարներ, առանց խղճի խայթի, օր ցերեկով ի նպաստ իրենց պետութիւններուն եւ տէրերուն, խեղաթիւրած են իրականութիւնները` ասպարէզի բացայայտ անպարկեշտութեամբ: Սեւին...

Բառեր… Նոր Բառեր… Նոր Եզրեր… Նո՞ր…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բառերը, երբեմն նոյնիսկ գիր մը կամ շեշտ մը, բաւական ներուժ ունին, զօրեղ են, եթէ մանաւանդ ճիշդ տեղին եւ պատշաճ կերպով օգտագործուին: Արուեստագէտ գրողները, բանաստեղծները, նաեւ բառաստեղծ են, մանաւանդ երբ տուեալ լեզուին մէջ չեն գտներ իրենց ներքին ապրումը կամ միտքը լաւագոյնս արտայայտող բառը, կը ստեղծեն նորը, եւ եթէ այդ բառը մարդիկ ընդունին ու օգտագործեն, կը ներառուի բառարաններուն մէջ`...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Պէյրութի Ապահովութեան Միջոցառումները Եւ Լեռնալիբանանի Կռիւները  – Աբօ Աշճեանի Առեւանգումը Եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Վախճանումը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութի Ապահովութեան Միջոցառումները Եւ Լեռնալիբանանի Կռիւները – Աբօ Աշճեանի Առեւանգումը Եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Վախճանումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի իշխանութեան շրջանի առաջին դահլիճը կազմուեցաւ Շաֆիք Ուազզանի վարչապետութեամբ, 7 հոկտեմբեր 1982-ին: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը, բազմազգեան ուժերուն ընկերակցութեամբ, ձեռնարկեց ապահովութեան միջոցառումներու, գխաւորաբար Պէյրութի արեւմտեան արուարձաններուն` Ռուէյսի, Հայ Սըլլոմի եւ Պուրճ Պարաժնէի մէջ: Ձերբակալուեցան մեծաթիւ օրինազանցներ, գլխաւորաբար` օտարահպատակներ: Գրաւուեցան զէնք, զինամթերք եւ հաղորդակցութեան յատուկ զանազան կազմածներ: Բանակային ուժերու հետապնդումներուն եւ խուզարկութիւններուն յաջորդ դաշտն էին Սապրա...

Page 29 of 33 1 28 29 30 33

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?