Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

ՀՅԴ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Սփիւռքի Նախարարին Հետ Մայիս 12-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչները` Վերա Եագուպեան` Լիբանան, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` Քանատա, Կարին Յարութիւնեան` Քանատա-Հայաստան, Սթիւ Տէտէեան` Արեւմտեան Ամերիկա, Վաչէ Շամլեան` Քանատա եւ Վահէ Թորոսեան` Իրան: Ողջունելով հիւրերը` Հրանուշ Յակոբեան մեծապէս արժեւորեց ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանցի Զոհուած Զինուորներու Ընտանիքներուն Տուն Պիտի Տրամադրուի Մայիս 2-ին Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին քաղաքապետը յայտարարած էր, որ երեւանաբնակ զոհուած զինուորներէն իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրուի 1,5 միլիոն դրամ` իբրեւ աջակցութիւն, հաշմանդամ դարձած երեւանաբնակ զինուորներուն` 1 միլիոն դրամ, իսկ վիրաւորներու ընտանիքներուն` 500 հազարական դրամ: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նշած է, որ վերջնական որոշումը տրուած է հիմնուելով ընտանիքներուն կարիքներու գնահատման...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը Հռոմի Պապին Գիւմրի Այցելութեան Մասին Տեղեկութիւն Հրապարակեց Յունիսի վերջաւորութեան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան այցելութեան ժամանակացոյցը տակաւին պաշտօնապէս չհրապարակուեցաւ, սակայն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը մանրամասնութիւններ հաղորդած է այս մասին: Կը նախատեսուի, որ պապը 25 յունիսին Ս. պատարագ մատուցէ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, ըստ ոչ վերջնական տուեալներու` Երեւանէն Գիւմրի պիտի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Անհրաժեշտ Շինանիւթը Տեղափոխուած Է Արցախ Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը, նախարարի տեղակալ Արմէն Ղուլարեանի գլխաւորութեամբ, 13 ապրիլին Հայաստանի շինարարներու միութեան եւ շինարարական որոշ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ մեկնած է Արցախ` 2-7 ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով Արցախի շրջաններուն հասած հսկայական վնասներու վերացման համար համապատասխան օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը, մնայուն կապի մէջ ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Շարլ Ազնաւուր Պիտի Մասնակցի «Աւրորա» Մրցանակաբաշխութեան Շարլ Ազնաւուր ապրիլին Հայաստան պիտի այցելէ: «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազնաւուրի մամլոյ քարտուղարը` Քրիստինա Սարգսեան: Ան դիտել տուած է, որ Շարլ Ազնաւուր ներկայ պիտի ըլլայ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան: Մուսա Լերան 40 Օրերը» Գիրքի Վերահրատարակուած Հունգարերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը 29 մարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցած է «Մուսա...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արարատի Մարզպետարանին Կը Յատկացուի 11 Միլիոն Դրամ Հայաստանի Արարատի մարզի Դիտակ համայնքի մանկապարտէզի օժանդակութեան նպատակով կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն Արարատի մարզպետարանին պիտի յատկացուի 11 միլիոն դրամ: Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան նշած է, որ «Հայ կանայք յանուն առողջութեան եւ առողջ շրջակայ միջավայրի» հասարակական կազմակերպութիւնը զուիցերիական «Սուրի վեր լ՛աւընիր» հիմնադրամին տրամադրած ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ Դիտակ շրջանին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Կը Քաջալերէ Աշակերտական Կազմակերպութիւնները «Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան խոցելի համայնքների դպրոցների աշակերտների համար» դասընթացքի ծիրին մէջ դրամաշնորհ տրուած է աշակերտական 12 հասարակական կազմակերպութիւններու: «Հայաստանի պատանեկան նուաճումները» կազմակերպութիւնը եղած է առաջինը, որ համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան վերաբերեալ գիտելիքները հանրակրթութեան ոլորտ ներմուծած է: Գաղափարը ուսումնասիրող աշակերտներուն համար ուսանելի օրինակ հանդիսացած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գործունէութիւնը: Այս նպատակով ալ 2011-ին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հռոմի Պապը Խորհրդանշական Քար Նուիրած Է Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ֆրանչեսկոս պապը Գիւմրիի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ նուիրած է խորհրդանշական քար մը` վերցուած Հռոմի Ս. Պետրոսի մայր տաճարի պատէն` իրբեւ նշան միութեան եւ հաղորդութեան: Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանին համաձայն, պապին անունով քարը ուղարկած է Վատիկանի Ս. Պետրոսի պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ, կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի`...

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հայոց Բանակի Կազմաւորման Մէջ Մեծ Դեր Ունի Նաեւ Կինը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկ` նախարար Սէյրան Օհանեանի ներկայութեամբ: Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին զինուած ուժերուն մէջ միեւնոյն ատեն ծառայող երեք զինուորներու մայրերը, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցող հասարակական կազմակերպութիւններու կին ներկայացուցիչներ, կին զինուորներ եւ ազատամարտիկներ, կին պատգամաւորներ: Այս առիթով կիները շնորհաւորելով` նախարար...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արմէն Մուրատեան Եւ Յարութ Սասունեան Քննարկած Են Մարդասիրական Օգնութեամբ Դեղերու Ներածման Կարելիութիւնը Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան ընդունած է Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեանը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարին` առողջապահական համակարգի արդիականացման եւ ժողովուրդի առողջութեան պահպանման ծառայող երկարամեայ աշխատանքին համար: Ան շեշտած է, որ իրականացուած աշխատանքը պատահական բնոյթ չի կրեր, այլ համակարգուած հսկայական գործընթաց է: Քննարկման...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Մահացած Է Պատմաբան Պետրոս Յովհաննիսեանը 72 տարեկանին մահացած է ականաւոր պատմաբան, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ Պետրոս Յովհաննիսեանը: Ծնած է 22 յունիս 1944-ին Գիւմրի քաղաքը, միջնակարգ կրթութիւնը աւարտելէ ետք ընդունուած է ԵՊՀ պատմութեան կաճառը, զոր աւարտելէն ետք` 1970-ին ընդունուած է ասփիրանթուրա` Հայոց պատմութեան ամպիոնի գծով: 1976-ին յաջողութեամբ պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը` «Միջնադարեան Հայաստանի ընկերային-տնտեսական...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Զօրավար Անդրանիկի Նուիրուած 65 Գործերու Ցուցահանդէս Ազգային Պատկերասրահին Մէջ 12 փետրուարին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը: Երեւանի քաղաքապետարանին, Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան Հայրապետական թեմին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, ինչպէս նաեւ Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած 130 ստեղծագործութիւններէն ընտրուած եւ այցելուներուն ներկայացուած են...

Հայրենի Լուրեր

Հայրենի Լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Իր Նուիրատուութեամբ Կը Քաջալերէ Ծնելիութիւնը Ռուսաստանաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեան այսուհետեւ 5000 տոլար պիտի տրամադրէ Արցախի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած չորրորդ երեխային համար: Դիմատետրի իր էջին մէջ այս մասին գրած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետի խօսնակ Արտակ Բեգլարեան: Այս մասին Արցախի կառավարութեան նիստին յայտարարած է նախագահ Բակօ Սահակեան: Իսկ հինգերորդ երեխային առիթով ալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ու Արցախի կառավարութիւնը բնակարան...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Ծառերու Յիշողութիւն» Ցուցադրութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Երկար Եւ Մանրակրկիտ Պրպտումներու Արդիւնք Է Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ 30 յունուարին բացումը կատարուեցաւ ամերիկացի լուսանկարիչ Քեթրին Քուքի «Ծառերու յիշողութիւն» լուսանկարչական ցուցադրութեան: Ան 2006 թուականէն ի վեր իր ծրագիրները կեդրոնացուցած է ցեղասպանութիւն կատարած պետութիւններու վրայ` Թուրքիա, Մերձաւոր Արեւելք, Ռուանտա: «Ծառերու յիշողութիւն» նախագիծը Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկար եւ մանրակրկիտ պրպտումներու արդիւնք է:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Պետութեան Զարգացման Երաշխիքներէն Մէկը Արհեստավարժ Մասնագէտներու Պատրաստութիւնն Է». Ա. Յարութիւնեան Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան 21 յունուարին այցելած է Արցախի պետական համալսարան, ուր ծաղիկներ զետեղած է արցախեան պատերազմին զոհուած ուսանող ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին առջեւ, ապա հանդիպում ունեցած է համալսարանի դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ: Օրակարգին համաձայն, 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է համալսարանի նախագահ Մանուշ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ Երկու Ընտանիք Նոր Տարին Դիմաւորեցին Նոր Տան Մէջ 2016 թուականը ուրախութեամբ, նոր յոյսերով, նոր կամ նորոգուած պատերու մէջ ընդունած է Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ բնակող 40 ընտանիք: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի համագործակցութեան շնորհիւ` Արմաւիրի մարզի Երուանդաշատ շրջանին մէջ 2015-ի տարեվերջին աւարտած է մէկ կիսակառոյց տան շինարարութիւնը եւ վերանորոգուած է մէկ տանիք: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է Արցախի 100-Ամեայ Բնակիչին Յոբելեանին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 յունուարին Ասկերան քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է նոյն քաղաքի բնակիչ Զմրուխտ Գէորգեանի 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած տօնական ձեռնարկին: Նախագահը կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւններ` աւելցնելով, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեն գործադրել առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական համապարփակ ծրագիրներ, որոնք կը միտին բարձրացնել քաղաքացիներուն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հայ Եկեղեցւոյ Բոլոր Տաճարներուն Մէջ Նոր Տարուան Գիշերը Կատարուեցաւ Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Նռնօրհնէք Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ամանորի գիշերը, ժամը 24:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներուն մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ նռնօրհնէք: Նշենք, որ նռնօրհնէքի համար նախատեսուած նուռը այս տարի մայր տաճարին ընծայած են Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները: ՀՕՄ-ականներ Այցելած Են Սահմանամերձ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՃԵԱՆ Հայաստանի Նախագահի Նստավայրին Մէջ Հիւրընկալուած Են Սահմանամերձ Համայնքներու Եւ Սուրիահայ Փոքրիկները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան` նախագահի նստավայրին մէջ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, հիւրընկալած են սահմանամերձ շարք մը համայնքներու, ինչպէս նաեւ առարկայական մրցոյթներու («Քանկուրու», «Մեղու») մրցանակակիր փոքրիկներ, սահմանափակ կարողութիւններով եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ փոքրիկներ: Փոքրիկ հիւրերուն ներկայութեամբ հանդիսաւորութեամբ վառած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Եռաբլուրի Մէջ Յարգած Են Արթուր Ղարիբեանի Եւ Վարդան Բախշեանի Յիշատակը Եռաբլուրի Մէջ Յարգած Են Արթուր Ղարիբեանի Եւ Վարդան Բախշեանի Յիշատակը Եռաբլուրի հերոսական բարձունքին վրայ 16 դեկտեմբերին հաւաքուած էին Վարդան Բախշեանի եւ Արթուր Ղարիբեանի մարտական ընկերները եւ հարազատները: 16 դեկտեմբեր 1991-ին Վարդան Բախշեան նահատակուած է Հասանաբադի մարտին, իսկ նոյն օրը Արթուր Ղարիբեան կը դառնար 48 տարեկան: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի վարչութեան...

Page 25 of 28 1 24 25 26 28

Արխիւներ