Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 7, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Քրիս Պոհճալեանը

Pago-Chris-Bohjalian_83116

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 31 օգոստոսին ընդունած է «Թիւֆենկեան» բարեսիրական հիմնարկի պատուիրակութիւնը եւ ամերիկահայ նշանաւոր  գրող-հրապարակախօս Քրիս Պոհճալեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մշակութային ոլորտին:

Նախագահ Սահակեան ողջունած է Քրիս Պոհճալեանի Արցախ այցելութիւնը` նշելով, որ անոր աշխատանքները ծանօթ են արուեստասէր հանրութեան եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին արտաքին աշխարհին հայոց պատմութիւնը, յատկապէս` Մեծ եղեռնը ներկայացնելու առումով:

Chris-Bohjalian_83116

Ամերիկահայ նշանաւոր գրող-հրապարակախօս Քրիս Պոհճալեան Դիմատետրի իր էջին վրայ նշած է, որ այցելած է նաեւ ապրիլի արցախեան քառօրեայ պատերազմին մասնակցած Անտոն Աբգարեանի տունը: Ան գրառած է, թէ` «Ապրիլին Անտոնը կամաւորագրուած էր ռազմաճակատ մեկնելու, երբ Ազրպէյճանը յարձակած էր եւ կը փորձէր ներխուժել: Ան 19 օր անցուցած է խրամատի մէջ, մինչ Արեգնազն ու Վարսիկը հոգ կը տանէին փոքր տնտեսութեան եւ երեխաներուն»:

Ազգային Ժողովի Պատգամաւորները Այցելած Են Սահմանագիծ

ARF-Border_83116

Ինչպէս բոլոր տօներուն, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին առիթով ալ Արցախի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները առաջին հերթին շնորհաւորեցին անկախութեան երաշխաւորները` հայ զինուորները:

31 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան եւ պաշտպանութեան բանակի նախարարի հանրային խորհուրդի անդամ Ապրես Մարգարեան այցելած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի պաշտպանական դիրքեր` շնորհաւորելու սահմանապահ զինուորներն ու հրամանատարական կազմը:

Վահրամ Բալայեան երախտագիտութիւն յայտնած է զինուորներուն` հանրապետութեան սահմանները անառիկ պահելնուն եւ մարտական բարձր ոգի ցուցաբերելնուն համար: «Անկախութեան 25 տարիներուն հայ զինուորը իր երկրի տէրն էր: Հայ զինուորի արեան եւ ջանքերուն շնորհիւ ձեւաւորուեցաւ մեր պետականութիւնը: Եւ միայն այս ճանապարհով կրնանք պահպանել մեր պետականութիւնը, ազատութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ ըլլալ մրցունակ երկիր մը»:

Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ այցելութիւնները պէտք է ունենան պարբերական բնոյթ եւ ոչ թէ կատարուին միայն տօներու առիթով: «25-ամեայ մեր անցեալը պարտաւորեցնող է: Մեր անկախ պետականութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ մենք կարողացանք լուրջ հիմնաքար դնել եւ այդ հիմնաքարը այնքան ամուր է, որ գալիքը մեզի համար կանխատեսելի է», յայտնած է ան:

Պատգամաւորները շրջած են յենակէտերուն մէջ եւ ծանօթացած` զինուորներու ծառայութեան եւ կենցաղային պայմաններուն, վստահեցնելով, որ սահմանագիծը իշխանութիւններուն մնայուն ուշադրութեան առարկան է:

Լեռնային Ղարաբաղի Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցած Են «Թուֆէնքեան» Հիմնադրամի Ներկայացուցիչներուն Հետ

ARF_tufenkian1_83016

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ, 30 օգոստոսին խորհրդարանի հինգ խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցած են  «Թուֆէնքեան» բարեսիրական հիմնարկի ներկայացուցիչներուն եւ Արցախի մէջ գտնուող անոնց գործընկերներուն հետ:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, որ կարեւոր նկատած է նման հանդիպումներու կազմակերպումը:  «Մենք այս նախաձեռնութեամբ կը նպատակադրէինք մտքերու փոխանակութեան շնորհիւ նոր լիցք հաղորդելու  25 տարիներու  մեր  միասնական աշխատանքին», ըսած է ան:

Հանդիպման սկիզբը պատգամաւորները ներկայացուցած են Արցախի 25 տարիներու անցած ուղին:

Նշանաւոր գրող Քրիս Պոհճալեան մեծ պատիւ նկատած է Արցախի մէջ գտնուիլը, «որովհետեւ դուք ամէն օր կը պայքարիք յանուն ազատութեան, յանուն ժողովրդավարութեան եւ յանուն Արցախի բարգաւաճման: Արցախը սփիւռքահայերուս սրտին ու հոգիին մէջ է: Մենք ձեր թիկունքին կանգնած ենք», ըսած է ան:

Հիմնարկի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեանի  համաձայն, հնգօրեայ խմբային այցելութիւնը ծառայած է քանի մը նպատակներու, սակայն կարեւորագոյնը Արցախի ազատագրուած շրջաններ այցելութիւնը նկատած է: «Մենք  ծանօթացանք հոն առկայ հարցերուն, որոնք հիմք պիտի հանդիսանան նոր ծրագիրներու իրականացման», դիտել տուած է ան:

«Թուֆէնքեան» բարեսիրական հիմնարկը իր զանազան ծրագիրներով  մեծ աշխատանքներ կը տանի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազատագրուած տարածքներուն մէջ: Հիմնարկի ներկայացուցիչներուն համաձայն, այսօր հիմնարկը, առաջին հերթին, պէտք է աշխատի տնտեսական զարգացման ընթացքը արագացնելու ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով  ընկերային ցանցերուն վրայ շրջան ընող այն թիւր տեսակէտին, որ, իբր թէ, Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները  պատրաստ են  փոխզիջման, հանդիպման ներկայ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արտակ Բեգլարեան նշած է, որ ազատագրուած տարածքներուն մէջ հիմնարկին իրականացուցած ծրագիրները յաւելեալ երաշխիքներ են, որ ոչ մէկ զիջում պիտի կատարուի:

Հանդիպումը շարունակուած է հարց ու պատասխանի ձեւով:  Ներկայ բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները իրենց կուսակցութիւններուն տեսակէտներն ու դիրքորոշումները ներկայացուցած են Արցախի հիմնական հարցին, տնտեսական զարգացման ուղիներուն եւ շարք մը այլ հարցերու առնչութեամբ:

10 Արաբ Աշակերտներ Ուսում Պիտի Ստանան «Օրորա»-ի Եւ Միջին Արեւելքի Հիմնադրամի Միացեալ Նախաձեռնութեամբ

aurora_90716

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ Միջին Արեւելքի հիմնադրամի միացեալ  նախաձեռնութիւնը հանդիսացող եւ 7 միլիոն տոլարի ֆոնտ ունեցող «Երախտագիտութեան կրթաթոշակ» ստացած 10 ուսանողներ` Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն սեպտեմբերին պիտի սկսին իրենց ուսման` Աշխարհի միացեալ քոլեճներ (United World Colleges) ցանցի դպրոցներուն մէջ: Այս ուսանողները ընտրուած են իրենց ուսումնական բարձր յառաջդիմութեան հիման վրայ: Անոնք կա՛մ գաղթական են, կա՛մ տեղահանուած, կ՛ապրին ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններու մէջ կամ` առանց ծնողքի (խնամակալի): Ուսանողներէն եօթն պիտի ուսանին Հայաստանի Դիլիջանի Միջազգային քոլեճին մէջ, որ ուսանողներ ունի աշխարհի աւելի քան 60 երկիրներէ:

Ծրագրի տեւողութեան Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ հակամարտութիւններէ, տեղահանութիւններէ եւ աղքատութենէ տուժած 100 փոքրիկներու բացառիկ կարելիութիւն պիտի տրուի կրթութիւնը շարունակելու Աշխարհի միացեալ քոլեճներ միջազգային ցանցի դպրոցներուն մէջ: Ծրագիրը հիմնադրուած է իբրեւ երախտագիտութեան դրսեւորում Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք հարիւր տարի առաջ` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, օթեւան եւ սնունդ տուին հայ տարագրեալներուն:

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրները յայտարարած են նաեւ Ամալ Քլունիի անուան կրթաթոշակի շարունակութեան մասին: Արդէն երկրորդ տարին է, որ այս կրթաթոշակը կարելիութիւն կու տայ լիբանանցի ուսանողուհիի մը անվճար ուսանելու Դիլիջանի Միջազգային քոլեճին մէջ` հետեւելով երկամեայ միջազգային պսակաւորի աստիճանի:

Կրթաթոշակը կը տրուի այն ուսանողուհիին, որ լաւ արդիւնքներ ունի եւ հետաքրքրուած է մարդու իրաւունքներով ու միջազգային հիմնական հարցերով: Կրթաթոշակը հիմնուած է մարդու իրաւունքներու միջազգային պաշտպան Ամալ Քլունիի ի պատիւ` նպատակ ունենալով ամրապնդել միջմշակութային կրթութիւնն ու փոխըմբռնումը:

«Մենք հպարտ ենք, որ կրնանք ուսում եւ միջազգային փորձառութեան կարելիութիւն ընձեռնել Միջին Արեւելքի արժանի աշակերտներուն, որովհետեւ Միջին Արեւելքը ժամանակին դարձած է նաեւ մեծ թիւով հայերու տունը», յայտնած է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

«Աշխարհի տարբեր կողմերէ երիտասարդներուն համախմբելով` մենք կը փորձենք անոնց մօտ կանուխ տարիքէ միջազգային երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման մշակոյթ ստեղծել, երբ նոր-նոր կը ձեւաւորեն փոխյարաբերութիւնները եւ մարդու արժէքային համակարգը: Յոյսով ենք, որ այսպիսով մենք անոնց կը մղենք փոխըմբռնման, զիրար հասկնալու` նոյնիսկ դժուարին պահերուն», աւելցուցած է ան:

Ամալ Քլունիի կրթաթոշակառուն ընտրուած է աւելի քան 43 հոգինոց վերջնական ցանկէն, յատկապէս նկատի առնուած է անոր բացառիկ յառաջդիմութիւնը, լաւատեսութիւնն ու ընկերային պատասխանատուութիւնը, զորս ան կը ծրագրէ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել իրաւաբանական ուսման տարիներուն:

«Հպարտ ենք, որ կրնանք աջակցիլ գալիք սերունդի կին առաջնորդներու կայացման: Մենք շատ ուրախ ենք այն կարելիութիւններուն համար, որ այս կրթաթոշակը կ՛ընձեռէ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներու ուսանողուհիներուն առջեւ», ըսած է Ռուբէն Վարդանեան:

«Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»-ը Եւ Հայաստանի «Ֆուլեր Տնաշինական Կենտրոնը Տուն Են Կառուցել Գորիսում

VivaCell_Fuller-Center_

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի աշխատակիցներն ու ղեկավարները Սիւնիքի մարզի Գորիս շրջանին մէջ մասնակցած են Հասրաթեաններու կիսակառոյց տան շինարարութեան:

Կազմակերպութիւններուն կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրով, հնգամեայ համագործակցութեան շնորհիւ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ աջակցութիւն ստացած է 134 ընտանիք: Սիւնիքի մարզին մէջ ծրագիրէն օգտուած է 4 ընտանիք:

Հասրաթեան ընտանիքը տարիներ շարունակ ապրած է բնակարան ունենալու երազով: Ընտանիքին հայրը` Վարդանը, զինուոր է: Աշխատանքի բերումով, նաեւ տուն չունենալու պատճառով, Հասրաթեանները տարիներ շարունակ ապրած են վարձքով, Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ` Իջեւան, Կապան, Վայք:  2002-ին անոնք կրցած են կիսակառոյց-կիսաքանդ տարածք մը գնել Գորիսի թաղամասերէն մէկուն մէջ, սակայն չեն կրցած շինարարութիւնը աւարտին հասցնել եւ սեփական տանիք ունենալ:

«Ճակատագիրի բերումով բազմաթիւ տուներու մէջ ապրած ենք: Երեխաներս հասակ նետած են առանց զգալու տուն ունենալու բերկրանքը: Աղջիկս արդէն ուսանող է: Տղաս կը ծառայէ բանակին մէջ, փոքր որդիս դեռ աշակերտ է: Յոյս ունիմ, որ այլեւս ստիպուած չենք ըլլար տունէ տուն տեղափոխուելու: Հիմա, երբ մեր տարիներու երազը իրականութիւն կը դառնայ, իմ ուրախութիւնս արդէն աննկարագրելի է», ըսած է ընտանիքին մայրը` Նազելին:

2016-ին այս ծրագիրով կոկիկ բնակարան ունենալու երազը իրականացուց եւ պիտի իրականացնէ 41 ընտանիք. 21 ընտանիք պիտի աւարտէ կիսակառոյց տան շինարարութիւնը, իսկ 20 ուրիշներ պիտի նորոգեն եւ փուլ գալէ զերծ պահեն իրենց տուները:

«Բոլորն ալ իրենց կեանքին ընթացքին կ՛ունենան խնդիրներ, զորս յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ կամք եւ ժամանակ: Երբ մարդիկ կը զգան, որ մինակ չեն, աւելի ինքնավստահօրէն կը յաղթահարեն դժուարութիւնները: Այս ծրագիրը ունի երկու նպատակ: Առաջինը, որ երեւելի է, մարդոց կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւն ապահովելն է: Առաւել կարեւոր է երկրորդը` անտարբերութիւնը մերժելու փափաքը: Կեանքը կը պահանջէ բաց աչքերով նայիլ իրականութեան եւ համապատասխան  կերպով արձագանգել իրավիճակին: Եթէ կ՛ուզենք լուծուած տեսնել խնդիրները, պէտք է սորվինք սրտացաւ ըլլալ եւ համախմբուիլ», ըսած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

«Շինարարական աշխատանքներու ամէնէն աշխուժ փուլը արդէն աւարտին կը մօտենայ, եւ արդէն  կը հասնի բերքահաւաքի ժամանակը: Իրականութեան մէջ մեր ծրագիրն ալ իր բերքահաւաքը ունի, երբ արդէն վերջին աշխատանքները կը տարուին տարիներէ ի վեր կիսակառոյց ու աւարտուն ըլլալէ այնքան հեռու եղած տուներուն վրայ: Կը մօտենայ այն օրը, երբ տունը, բառին բուն իմաստով, գոյներ կը ստանայ, կը դառնայ կենդանի, եւ ընտանիքն ալ, վերջապէս, կը զգայ, որ այսքան տարիներու անթեղուած յոյսը վերջապէս կ՛իրականանայ: Ընտանիքներուն ապահով երդիք  ունենալու օրը կը մօտենայ», դիտել տուած է «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:

VivaCell-MTS_logotype_high

:

Նախորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Մարտակերտի Գրաւումը Եւ Շրջանի Բնակչութեան Բռնագաղթը

Յաջորդը

Զուիցերիա Բնակող Բարերարի Մը Աջակցութեամբ Գիւմրիի Մէջ Ընտանիք Մը Բնակարան Ունեցաւ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?